Վիկտոր Իսիտորի Տոլիձէ (վրաց.՝ ვიქტორ ისიდორეს ძე დოლიძე, 18 (30) Յուլիս, 1890, Օզուրգեթ, Վրաստան - 24 Մայիս, 1933, Թիֆլիս, Վրացական ԽՍՀ, ԽՍՀՄ), վրացի երգահան։

Վիկտոր Տոլիձէ

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Վիկտոր Տոլիձէ ծնած է Քութայիսի նահանգի Օզուրգեթ քաղաքին, աղքատ ընտանիքի մը մէջ։ Ուսանած է Թիֆլիսի առեւտրական ուսումնարանին մէջ։

1910-ին գրաւած է մանտոլինահարներու մրցոյթին առաջին դիրքը ։

Ուսումնարանը աւարտելէ ետք, ընդունուած է Քիեւի առեւտրական հիմնարկը, ուր ուսանելու զուգահեռ յաճախած է երաժշտական դպրոց եւ հետեւած՝ ջութակի եւ երգահանի դասարաններու։ 1917-ին աւարտած է ուսումնարանը եւ վերադարձած՝ Վրաստան, ուր սկսած է զբաղիլ երաժշտութեամբ։

Վիկտոր Տոլիձէ գրած է շարք մը օփերաներ, որոնցմէ են՝ վրացական առաջին կատակերգական օփերան՝ «Քեթօ եւ Կոտէ», զորս գրած է 1919-ին, «Աւքսենտի Ցագարելիի Խանումա» կատակերգութեան հիման վրայ։ Մասնագիտական գրականութեան մէջ այդ ստեղծագործութիւնը կը կոչուի «նաեւօպերետ»։

1920-ական թուականներուն վերջը եւ 1930-ական թուականներուն սկիզբը զբաղած է օսեթական երաժշտական բանահիւսութեան նմուշներու հաւաքման ու ձայնագրման աշխատանքներով։ Գրած է նուագախմբային մանրակերտներ («Օսեթական լեզգինկա», «Հրաւէրի պար»՝ «Խոնկա-կաֆթ» եւ այլն)։ 1931-ին սկսած է աշխատիլ «Զամիրա» օփերային վրայ, զորս գրած է օսեթական «Չերմեն» ու «Զամիրա» ազգային բանահիւսութիւններու հիման վրայ (օփերան մնացած է անաւարտ)։

Մահացած է 24 Մայիս 1933-ին Թիֆլիսի մէջ[1]։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել