Վիրճինիա Ուոլֆ, (անգլերէն՝ Virginia Woolf, 25 Յունուար, 1882 Միացեալ Թագաւորութիւն - 28 Մարտ, 1941 Օուսի գետը, Միացեալ Թագաւորութիւն) Անգլիացի գրող, գրական քննադատող, մոտեռնիստական շարժումին մեծ մասնակից: Եղած է Գիտակցութեան հոսանքի գրականութեան ամենախոշոր եւ ազդեցիկ ներկայացուցիչներէն մէկը։

Վիրճինիա Ուոլֆ
անգլերէն՝ Virginia Woolf
Ծննդեան անուն անգլերէն՝ Adeline Virginia Stephen[1]
Ծնած է 25 Յունուար 1882
Ծննդավայր Լոնտոն, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութիւն[2][2]
Մահացած է 28 Մարտ 1941
Մահուան վայր Lewes, Միացեալ Թագաւորութիւն[3]
Քաղաքացիութիւն  Միացեալ Թագաւորութիւն
Մայրենի լեզու անգլերէն
Կրօնք Աթէիզմ
Ուսումնավայր Լոնտոնի Թագաւորական Գոլէճ[3]
Ազդուած է Jane Ellen Harrison?[4] եւ Ջորջ Էլիոթ?
Երկեր/Գլխաւոր գործ Դեպի փարոսը?, Միսիս Դելլոուեյ?, Օրլանդո?, Սեփական սենյակը? եւ Ալիքներ (վեպ)?
Տեսակ տրամա եւ արձակ
Մասնագիտութիւն վիպասան, ակնարկագիր, ինքնակենսագիր, վիպասան, օրագրի հեղինակ, գրաքննադատ, հրատարակիչ, գրագէտ, կանանց իրավունքների պաշտպան, հեղինակ
Ամուսին Լեոնարդ Վուլֆ?[3][5]
Ծնողներ հայր՝ Լեսլի Սթիվեն?[3][5], մայր՝ Julia Stephen?[3][5]
Ստորագրութիւն

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Վիրճինիա Ուոլֆը ծնած է 1882 թուականին Յունուար 25–ին, Լոնտոն՝ յայտնի Անգլիացի գրաքննադատ Լեզլի Սթիւընի ընտանիքին մէջ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է իր տունը՝ անոր ծնողներու ղեկավարութեամբ։ Վիրճինիան 13 տարեկանին կը կորսնցնէ իր մայրը, իսկ 1904 թուականին կը մահանայ անոր հայրը, եւ Ուոլֆը կը տառապի նեարդային թուլացումէ։ Սակայն այս տառապանքներուն կողքին ան կը շարունակ է իր կրթութիւնը եւ ուսումը Լոնտոնի իգական քոլէճներէն մէկուն մէջ։ Կը սորվի Յունարէն, Լատիներէն, Գէրմաներէն լեզուները, ինչպէս նաեւ կ'ուսումնասիրէ գրականութիւնն ու պատմութիւնը։ 1909 թուականէն սկսեալ, Վիրճինիան կը հրատարակէ գրաքննադատական բնոյթի յօդուածներ Լոնտոնի ամսագրերուն մէջ։ 1912 թուականին կ'ամուսնանայ գրող եւ լրագրող Լէոնարտ Ուոլֆի հետ։ 1917 թուականին ամուսինին հետ կը հիմնէ «Հոկարտ փրես» տպագրական հրատարակչութիւնը, որտեղ յետագային լոյս կը տեսնեն Ուոլֆի բոլոր ստեղծագործութիւնները։

Ուոլֆի ծնողքին մահը խիստ ժխտական ազդեցութիւն կ'ունենայ անոր հոգեկան աշխարհին վրայ եւ ան մի քանի անգամ կը փորձէ անձնասպան ըլլալ։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի սկիզբին, ամուսինին հանդէպ անոր վախը կը մեծնայ (որովհետեւ Լէոնարտ Ուոլֆը հրեա էր) եւ Ուոլֆի հոգեկան հաւասարակշռութիւնը աւելի կը խախտի, որուն արդիւնքին Վիրճինիա անձնասպան կ'ըլլայ 1941 թուականին Ապրիլ 18–ին:

Ստեղծագործութիւններ Խմբագրել

 
Ռոճեր Ֆրայ. Վիրճինիա Ուոլֆի դիմանկարը, մօտ 1917 թուականին:

Վիրճինիա Ուոլֆի ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են շուրջ 50 տարբեր լեզուներու։ Ան կը համարուի 20-րդ դարու ամէնաճանաչուած եւ հեղինակաւոր վիպագրերէն մէկը։ Անոր վէպերը իրենց բնոյթով փորձարարական ստեղծագործութիւններ են, որոնց մէջ հեղինակը կ'օգտագործէ Գիտակցութեան հոսանքի կերպերը՝ ուշադրութիւն դարձնելով անոր ստեղծած տիպարներու հոգեբանական զգացմունքային առանձնայատկութիւններուն վրայ։ Վիրճինիա Ուոլֆը իր առաջին ստեղծագործութիւնը «Ծովով հեռացում» վէպը գրած է թերեւս 1900 թուականին, սակայն այն լոյս տեսած է 1915 թուականին։ 1925 թուականին հրատարակուած «Տիկին Տալլուայ» վէպին մէջ Ուոլֆը կը դիտարկէ միջին դասակարքի պատկանող կնոջ հոգեբանական առանձնայատկութիւնները, իսկ 1927 թուականին լոյս տեսած «Փարոսի վրայ» գործին մէջ, ան կը վերլուծէ կնոջ ստեղծագործական ինքնութիւնը, սեռերու միջեւ հաւասարութիւնը եւ ընտանեկան յարաբերութիւններու խնդիրները։ Իսկ «Օրլանտօ» (1928) վէպին մէջ, հեղինակը կը փորձէ ներկայացնել երիտասարդ արիստոկրատի կենսագրութիւնը, որուն պատմական կենսագրութեան տեսակները կը միահիւսեն:

 
Վիրճինիա Ուոլֆի յուշակոթողը Լոնտոնի մէջ

«Ալիքներ» (1931) ստեղծագործութեան մէջ հեղինակը կը պատմէ վեց ընկերներու մասին, որոնց կերպարները կը ստեղծեն ալիքներու տպաւորութիւն։ Այս վէպը իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ Ուոլֆի ստեղծագործութիւններուն մէջ, որովհետեւ իր առանձնայատկութիւններով այն աւելի բանաստեղծութիւն է քան թէ վէպ։ 1933 թուականին լոյս տեսած «Ֆլաշ» վէպը Ուոլֆի կողմէ կը ներկայացնէ վիքտորեան ժամանակաշրջանի բանաստեղծուհի՝ Էլիզապեթ Պարրեթ Պրաունինկի կենսագրութիւնը: Վիրճինիայի վերջին ստեղծագործութիւնը՝ «Գործողութիւններու միջեւ» (1941) վէպը նուիրուած է մարդու արուեստի փոխակերպման եւ կեանքի անցնող խնդիրներուն։

Մահ Խմբագրել

Վիրճինիա կրկին կը սկսի տառապիլ նեարդային թուլացումէ: Իր բոլոր մտահոգութիւնները երկրորդ համաշխարհային պատերազմին եւ իր ամուսինին հանդէպ, կ'արգիլէին անոր կեդրոնանալու իր ստեղծագործութիւններուն եւ աշխատանքներուն վրայ[6]: Եւ 28 Մարտ, 1941 թուականին, Ուոլֆ իր վերարկուին գրպանները կը լեցնէ քարերով եւ ինքզինք կը նետէ Օուսի գետը որպէսզի խեղդուի, եւ ըլայ անձնասպան: Անոր մարմինը գտնուեցաւ 18 Ապրիլին, 1941 թուականին[7]: Ուոլֆի ամուսինը անոր մարմինը թաղեց անոնց հին տունի պարտէզին՝ Ռոտմէլ, Սուսէքսին մէջ։ Իր անձնասպանութեան նամակին մէջ որ ուղղուած է իր ամուսինին, ան կ'ըսէ:

 
Վիրճինիա Ուոլֆի անձնասպանութեան նամակը իր ամուսինին:
  Սիրելիս, կը զգամ թէ ես կրկին խելագար կը դառնամ: Կը զգամ թէ պիտի չկարենանք այս վատ ժամանակներէն ձերբաազատուիլ: Եւ այս անգամ, ես պիտի չբուժուիմ: Սկսած եմ ձայներ լսել, եւ կեդրոնացումս կը կորսնցնեմ: Այս պատճառով, ինձ թուող ամենալաւ լուծումը կը կատարեմ: Չեմ կարծեր ուրիշ երկու անձեր կարողէին մեզմէ աւելի ուրախ ըլլալ, բայց այս վատ հիւանդութինս քանդեց այս մէկը: Եւ ասոր դէմ չեմ կրնար պայքարիլ: Գիտեմ թէ ես քու կեանքդ կը խանգարեմ, բայց առանց ինծի դուն կարող ես աշխատիլ: Կը տեսնե՞ս, նոյնիսկ ճիշդ ձեւով չեմ կրնար գրել: Չեմ կրնար կարդալ: Կ'ուզեմ ըսել թէ, իմ կեանքի բոլոր ուրախութիւնս կը պարտիմ քեզի: Դուն ինծի եւ իմ հիւանդութեանս հանդէպ եղար շատ համբերատար եւ բարի: Եթէ մէկը կարող էր ինծի ազատել իմ տառապանքէս, այդ անձը դուն պիտի ըլլայիր: Ամէն ինչ խլուեցաւ իմ կեանքէս, բացի քու բարութիւնդ: Չեմ կրնար քու կեանքդ աւելի խանգարել: Չեմ կարծեր ուրիշ երկու անձեր կարող են մեզմէ աւելի ուրախ ըլլալ: Վ:[8][9]  


Մատենագիտութիւն Խմբագրել

  • 1915 - «Ծովով հեռացում» / The Voyage Out
  • 1919 - «Ցերեկ եւ գիշեր» / Night and Day
  • 1922 - «Ճեյքոպի սենեակը» / Jacob’s Room
  • 1925 - «Տիկին Տալլուայ» / Mrs. Dalloway
  • 1927 - «Փարոսի վրա» / To the Lighthouse
  • 1928 - «Օրլանտօ» / Orlando։ A Biography
  • 1931 - «Ալիքներ» / The Waves
  • 1933 - «Ֆլաշ. կենսագրութիւն» / Flush։ A Biography
  • 1937 - «Տարիներ» / The Years
  • 1941 - «Գործողութիւններու միջեւ» / Between the Acts
  • 1953 - «Գրողի օրագիրը» / A Writer’s Diary

Ֆիլմագրութիւն Խմբագրել

  • 1977 — «Հեշտ թոյն (ֆիլմ)»
  • 1982 — «Ալիքներ (ֆիլմ)»
  • 1983 — «Փարոսի վրայ (ֆիլմ)»
  • 1990 — «Սեփական սենեակ (ֆիլմ)»
  • 1992 — «Օրլանտօ (ֆիլմ)»
  • 1997 — «Տիկին Տալլուայ (ֆիլմ)»
  • 2002 - «Ժամերը (ֆիլմ)»

Վիրճինիա Ուոլֆի կերպարը Խմբագրել

  • Էտուարտ Օլպի, «Ո՞վ կը վախնայ Վիրճինիա Ուոլֆէն» (Who’s Afraid of Virginia Woolf?), 1962։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Blain V., Grundy I., Clements P. The Feminist Companion to Literature in English: Women Writers from the Middle Ages to the Present — 1990. — P. 1185.
  2. 2,0 2,1 Archivio Storico Ricordi — 1808.
  3. 3,0 3,1 3,2 3,3 3,4 3,5 3,6 3,7 Oxford Dictionary of National Biography / C. MatthewOxford: OUP, 2004.
  4. Blain V., Grundy I., Clements P. The Feminist Companion to Literature in English: Women Writers from the Middle Ages to the Present — 1990. — P. 495.
  5. 5,0 5,1 5,2 5,3 5,4 5,5 Kindred Britain
  6. Lee, Hermione: Virginia Woolf. Knopf, 1997.
  7. Panken Shirley (1987)։ «'Oh that our human pain could here have ending'—Between the Acts»։ Virginia Woolf and the "Lust of Creation": A Psychoanalytic Exploration։ SUNY Press։ էջեր 260–262։ ISBN 978-0-88706-200-1։ արտագրուած է՝ 13 August 2009 
  8. Jones Josh։ «Virginia Woolf’s Handwritten Suicide Note: A Painful and Poignant Farewell (1941)»։ Open Culture։ արտագրուած է՝ 28 August 2013 
  9. Rose Phyllis (1986)։ Woman of Letters: A Life of Virginia Woolf։ Routledge։ էջ 243։ ISBN 0-86358-066-1։ արտագրուած է՝ 24 September 2008 

Արտաքին յղումներ Խմբագրել