Տիգրան Փէշտիմալճեան

Տիգրան Փէշտիմալճեան (1837, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 3 Դեկտեմբեր 1894(1894-12-03), Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ բժիշկ, հասարակական եւ քաղաքական գործիչ, հրապարակախօս, փաշա։

Տիգրան Փէշտիմալճեան
Ծնած է 1837
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 3 Դեկտեմբեր 1894(1894-12-03)
Մահուան վայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Ուսումնավայր Փարիզի Համալսարան
Մասնագիտութիւն բժիշկ, հասարակական գործիչ

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ծնած է Խասգիւղի մէջ։ Հայրը՝ Սահակ աղա Փեշտիմալճեան, պոլսահայութեան յայտնի էր իր ուսումնասէր եւ ազգօգուտ գործերով։

Տիգրան, նախնական կրթութիւնը Ս. Ներսէսեան վարժարանի մէջ ստանալէն ետք՝ 1851-ին, կ՛երթայ Փարիզի Մուրատեան վարժարանը, ուր Գաբրիէլ Վ. Այվազովսկիի տեսչութեան տակ իր շրջանը աւարտելով 4 տարիի չափ ալ Լուի լը Կրան Լիւսիէնի մէջ աշակերտլով 1858-ին կը ստանայ գիտութեանց Պաչըլրիէի աստիճանը. ապա՝ 1861-ին, Փարիզի բժշկական Համալասարանին դասընթացքին հետեւելով 1867-ին տոքթորութեան վկայագիրն ստացաւ, յաջող կերպով անցնելով իր test-ը։

Գործունէութիւն Խմբագրել

Անմիջապէս Պոլիս վերադարնալով 1869 Փետրուար 19-ին Պոլսյ կայսերական բժշկական ընկերութեան անդամ ընտրուած է, որուն նախագահի պաշտօնը վարած է 1877 Փետր. 15-էն մինչեւ 1878 Փետուար 15։ Անդամ էր Գաղզիոյ Առողջաբանական ընկերութեան։ Փէշտիմալճեան գեղեցիկ ու խղճամիտ գործունէութիւն մը ունեցած է թէ՛ բժշկութեան եւ թէ՛ հանրային ու ազգային կեանքին մէջ ու գնահատուած ո՛չ միայն Ազգային շրջանակին մէջ, այլ բոլոր օտարազգի պաշտօնակիցներէ եւ հասարակութիւններէ։

Երկար տարիներ Ազգ. Երեսփոխան եղած է եւ քաղաքական ժոլովոյ անդամ՝ 1872-ի ՎԱրչութեան մէջ։

Տոքթ. Փեշտիմալճեանի կենսագրութեան ամէնէն ուշագրաւ դրուագներէն մէկն ալ, անկասկած, իր ունեցած առաջնակարգ դերակատարութիւնն էր Թուրք Կարմիր մահիկի ծննդոցին մէջ։ 1877-ին, իր յամառ ջանքերուն շնորհիւ է, որ կը հիմնուի Թուրք Կարմիր մահիկը, որ այդ օրերուն կը կոչուէր «Հիլալի ահմեր», իսկ այժմ վերանուանուած է «Թիւրք գզըլայ»[1]:

Կայսրը գնահատելով Փէշտիմալճեանի տաղանդը 1884-ին իր խորհդատու բժիշկը անուանած եւ 1892-ին փաշայութեան (միրիմիրան) տիտղոսը շնորհած է։

Միշտ սատարող եղած է բարենպատակ հաստատութեանց. մասնաւոր գուրգուրանք մը ունէր իրեն ծննդավայր Խասգիւղի եւ Նէրսէսեան վարժարանին վրայ։

Հրատարակութիւններ Խմբագրել

Աշխատած է Թրքահայ եւ Ռուսահայ թերթերու եւ ունի 3 հեղինակութիւններ որոնք են՝

  1. These de Doctirat,1867
  2. Առողջապահութիւն եւ տածումն առաջին եւ երկրորդ մանկութեան, 3 հատոր 1880։
  3. Պատմութիւն մարդկային պատուաստման, 1883։

Մահացած է 1894Դեկտեմբեր 3-ին եւ թաղուած՝ Շիշլիի Գերեզմանատունը։ Իր մահը խորհրդաւոր պարագաներու մէջ տեղի ունեցած է եւ ինք նկատուած է Համիտեան զոհերէն մէկը։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Աղբիւր Խմբագրել

  • Յիշատակարան, Վ.Գ. Զարդարեան, Ա. հատոր, Կ. Պոլիս 1910, էջ 84: