Տիկնիկային Թատրոն

Տիկնիկային թատրոն, թատերական ներկայացումներու տեսակ, ուր գործող հերոսները տիկնիկներ են։ Տիկնիկները կ՛ըլլան տափակ, ծաւալային եւ կիսածաւալային։ Զանոնք կը խաղցնեն դերասան-տիկնիկավարները։

Պատմութիւն Խմբագրել

Թատրոնի այս տեսակը սկզբնաւորուած է հնագոյն ժամանակներուն, ակունքներով կապուած է հեթանոսական ծիսակատարութիւններու, կրօնական-խորհրդախաղ ներկայացումներու հետ։

Տիկնիկային թատրոններ կային Հին Եգիպտոսի, Չինաստանի, Հնդկաստանի, Յունաստանի եւ հին աշխարհի միւս երկիրներուն մէջ։ Հին աստուածներու (արեւու, ջուրի, պատերազմի, որսորդութեան եւ այլն) արձանիկները պատրաստած են փայտէ, ծեփած կաւէ կամ ձեւած կաշիէ եւ ճրագի լոյսի տակ՝ քաշուած պաստառի վրայ ցուցադրած են ստուերապատկերներ։ Որոշ, յատկապէս Հարաւային Ամերիկայի, Ափրիկէի, Հարաւարեւելեան Ասիայի երկիրներուն մէջ կը շարունակեն ցուցադրել այնպիսի ներկայացումներ, որոնք մասամբ ծիսակատարութիւններ են, մասամբ՝ տիկնիկային թատրոն։

11-րդ դարէն եկեղեցիներուն եւ մենաստաններուն մէջ տիկնիկներով ներկայացուած են Աստուածաշունչի առանձին տեսարաններ, ուր գլխաւոր կերպարը Կոյս Մարիամն էր. այստեղէն ալ՝ խաղատիկնիկ (ռոմանա-գերմանական լեզուներով կը նշանակէ թատերական տիկնիկ) անուանումը։ 16-րդ դարու վերջը Իտալիոյ մէջ վերջնականապէս կազմաւորուած է ժողովրդական երգիծական տիկնիկային թատրոնը՝ Պուլչինելլա հերոսով, 17-րդ դարուն նմանօրինակը ունեցած են նաեւ Ֆրանսայի մէջ (հերոսը՝ Պոլիշինել), Անգլիոյ մէջ (Պանչ), Գերմանիոյ մէջ (Հանսվուրստ, յետագային՝ Կաշպեռլէ), Չեխիոյ մէջ (Կաշպարեկ), Ռուսաստանի մէջ (Պետրուշկա) եւ այլուր։ 16–17-րդ դարերուն եւրոպական շարք մը երկիրներու մէջ կազմակերպուած են տիկնիկային թատրոններ, ուր մինչեւ 20-րդ դարը ցուցադրուած են հեքիաթներ, առակներ, զուարճալի ու երգիծական տեսարաններ, հարուստներու, եկեղեցւոյ, իշխանաւորներու, նաեւ հանրայայտ դոկտոր Ֆաուստի, Տոն Ժուանի եւ ուրիշներու մասին պատմութիւններ[1]։

Տիկնիկներ Խմբագրել

20-րդ դարու առաջին քառորդին մասնագիտացած տիկնիկային թատրոններ ստեղծուած են մանուկներու ու մեծերու համար։ Տիկնիկային արուեստը ներկայ է նաեւ այսօր։ Տիկնիկները կը խաղցնեն 2 դերասան-տիկնիկավարներ, 4 եղանակով՝ մատներով, թելերով, ձողերով եւ ստուերապատկերներով։ Մատներով խաղացուող տիկնիկը դերասանը կը հագցնէ մատներուն եւ կը խաղցնէ վարագոյրու ետեւը, որու վրայ ալ կ՛երեւի անոր ստուերապատկերը։ Թելերով խաղցուող տիկնիկները կը կոչուին մարիոնէտներ (խամաճիկներ)։ Դերասանի ձեռքը 2, 3, 4 խաչաձեւ փայտիկներ են, որոնք թելերով ամրացուած են տիկնիկի գլուխին, ուսերուն, արմունկներուն եւ ծունկներուն։ Դերասանը կը քաշէ թելերը կամ կը պտտցնէ փայտիկները, եւ տիկնիկը կը քալէ, կը թափահարէ ձեռքերը, կը շարժէ գլուխը, նոյնիսկ կը պարէ։ Ձողերով տիկնիկը դերասանը կը պահէ իր գլխավերեւը եւ վարագոյրի ետեւէն անոր կը խաղցնէ այնպէս, ինչպէս մատներուն հագցուցած տիկնիկին։ Հանդիսականները սովորաբար չեն տեսներ ձողերը, որովհետեւ անոնք ծածկուած են տիկնիկին հագուստներով։ Ստուերապատկերներու համար նախատեսուած տիկնիկները տափակ են՝ 15 սմ-էն մինչեւ մէկ մարդահասակ եւ աւելի մեծութեան (կը ձեւեն կաշիէ եւ գոյնզգոյն կը ներկեն)։ Կը խաղցուին յատուկ շիւղերու օգնութեամբ. լուսաւորուած վարագոյրին վրայ կը ցուցադրուին անոնց ստուերապատկերները։ Ծաւալային տիկնիկներ կ՛օգտագործեն նաեւ շարժապատկերին մէջ, հեռուստատեսութեան գեղարուեստական եւ էսդրատայի տիկնիկային ծրագրերուն մէջ։

Ստուերային տիկնիկային թատրոնը հայ իրականութիւն մուտք գործած է ուշ միջնադարուն, իսկ կարագէօզ (թրքերէն է. կը նշանակէ սեւաչեայ, նաեւ ներկայացման տիկնիկ-հերոսն է) անուանմամբ տարածուած է յատկապէս 19-րդ դարուն, ձեռք բերելով իր իւրայատկութիւնները՝ սեփական աւանդոյթներու, կենցաղի ու բարքերու հիման վրայ։

Դաստիարակչական նշանակութիւնը Խմբագրել

Երուանդ Մանարեանի խօսքերը տիկնիկային թատրոնի մասին.

  Տիկնիկավարը երբ ձեռքը մտցուց տիկնիկին մէջ ու բռնեց տիկնիկին թելերը, տիկնիկը արդէն կենդանի արարած է, թողեց թելերը՝ իր է, առարկայ է։ Մեծ հրաշք է, երբ երեխան կը խաղայ կամ կը շփուի տիկնիկի հետ։ Երեխան հարցեր կ՛առաջադրէ, կու տայ տիկնիկին, իբր թէ այդ հարցերը տիկնիկէն կը լսէ ու ինքն ալ կը սկսի պատասխանել իր տուած հարցին։ Այսպիսով, տիկնիկի միջոցով շատ բարդ ու համակողմանի վերլուծութիւններ տեղի կ՛ունենան երեխայի գիտակցութեան ու հոգեբանութեան մէջ։ Տիկնիկը երեխային համար կը դառնայ կեանքի հետ շփուելու, շատ հարցերու պատասխանները այդ շփման միջոց։ Այնպէս որ, այն ծնողները, որոնք իրենց երեխաներուն յաճախ կը բերեն տիկնիկային թատրոն, նախ կ՛ազատին երեխաներու բարձրացուցած շատ հարցերուն պատասխանները տալէ, միաժամանակ օգնելով յետագայ կեանքին ինքնուրոյն յաղթահարել շատ խոչընդոտներ։ Տիկնիկայինի մէջ դաստիարակուած երեխան փառաւոր պատկերացումներ ունի, հաւատ ունի իր գործի նկատմամբ եւ գիտէ, որ իր կողքին կան իր նման մտածող այլ երեխաներ։  


Հայաստանի մէջ գործող տիկնիկային թատրոններ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. «Դպրոցական Մեծ Հանրագիտարան, Գիրք II, Տիկնիկային թատրոն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-10-25-ին։ արտագրուած է՝ 2018-10-21