Ցաւ, ֆիզիքական կամ հոգեկան տառապանք, տհաճ զգացում[1]:

Գլխացաւ

Բնախօսութեան տեսանկիւնէն ցաւը մարմնի պաշտպանողական հակազդեցութիւններէն մէկն է, ցաւը ունի «տեղեկատուական» նշանակութիւն։ Սակայն, իր տեղեկութեան պաշտօնը կատարելէ ետք, ցաւը երբեմն կը ձուլուի ախտաբանական ընթացքին համեմատ, որուն պատճառով ցաւը աւելի վտանգաւոր կը դառնայ, քան բուն վնասուածքը։

Ցաւը կ'ուսումնասիրուի հոգեբանութեան, դեղագիտութեան եւ հոգեբուժութեան կողմէ։

Գիտնականները դիտարկած են, որ նախանձի եւ ցաւի զգացումները կ'արթննան ուղեղի միեւնոյն շրջանին մէջ։

Ֆիզիքական Ցաւի Տեսակներ Խմբագրել

Ցաւը կրնայ ըլլալ սուր կամ յամրընթաց. Սուր ըսել է միայն կը տեւէ կարճ ցաւամիջոցի մը մէջ։ Յամրընթաց ըսել է ցաւը կը տեւէ օրեր կամ աւելի երկար։

Ցաւը կրնայ զգացուիլ տարբեր վէրքերէ՝

  • Մորթային ցաւը կու գայ մորթին վնաս հասած ցաւէն։
  • Ընդհերային ցաւը կու գայ վնասներէն օրկաններուն ինչպէս ստամոքսին, սրտին, լեարդին, եւ այլըն։ Այս ցաւն է որ մարդ արարած կը զգայ երբ կը տարապի խոցէ:
  • Մարմնային ցաւը կու գայ տարբեր ազդակներէ մկաններէն, ոսկորներէն եւ ոսկրազօդներէն: Այս ցաւն է որ մարդ արարած կը զգայ երբ ան ոտքը կը «դարձնյ»:

Ցաւը նաեւ կրնայ զգացուիլ երբ ջիղերը սխալ ձեւով կ'աշխատին կամ վիրաւոր բաժին մը կայ ջիղերուն մէջ։ Այս ցաւը կը կոչուի ջղախտային ցաւ:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. «International Association for the Study of Pain: Pain Definitions»։ արտագրուած է՝ 12 January 2015։ «Pain is an unpleasant sensory and emotional experience associated with actual or potential tissue damage, or described in terms of such damage»  Derived from Կաղապար:Vcite journal