Քըրսքի Ճակատամարտը

Քըրսքի ճակատամարտ, խորհրդային ու գերմանական զինուած ուժերու միջեւ տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւնները 1941-1945Հայրենական Մեծ պատերազմի ժամանակ՝ 5 յուլիս-էն 23 օգոստոս-ը, Քըրսքի ելուստի շրջանին։ Երկու փուլի կը բաժնուի, պաշտպանական՝ 5-23 յուլիս-ը, եւ յարձակողական՝ 12 յուլիս-էն 23 օգոստոս-ը։

Քըրսքի Ճակատամարտը
Երկրորդ համաշխարհային պատերազմ
Գերմանացի զինուորներ
Թուական 5 յուլիս, 194323 օգոստոս, 1943
Վայր Քըրսք, ԽՍՀՄ
Արդիւնք ԽՍՀՄ յաղթանակ
Հակառակորդներ
Նացիստական Գերմանիա
Հրամանատարներ
Էրիխ ֆոն Մանշտայն Կաղապար:Country data ԽՍՀՄ Կոնստանտին Ռոկոսովսկի
Կողմերու ուժեր
900,000 զինուոր 1,300,000 զինուոր
Կորուստներ
մօտ 400,000 զոհ մօտ 254,000 զոհուած կամ անյայտ կորսուած

Նախապատմութիւն Խմբագրել

1943 թ. գարնան խորհրդա-գերմանական ճակատին վրայ ռազմական գործողութիւնները ցոյց տուին, որ գերմանական զոօքերը իրենցմէ աւելի հզօր ուժ կը ներկայացնեն։ Գերմանական զօրքերու հակայարձակման հետեւանքով Հարաւային Խարկովի մէջ թշնամին ամուր պաշտպանութիւն գրաւեց, իսկ խորհրդային հրամանատարութիւնը խելամիտ համարեց իր զօրքերու խմբաւորումը կատարել՝ ժամանակաւորապէս հրաժարելով երկարատեւ գործողութիւններէն: Հակառակորդի նոր յարձակումը կրցան կեցնել միայն մարտի վերջը, իսկ ռազմական գործողութիւններու պատճառով այսպէս կոչուած Քըրսքի ելուստը ձեւաւորուեցաւ։

Խորհրդային զօրքերու գործողութիւնները հիւսիս-արեւմտեան ուղղութեամբ յաջող կ՛ընդանային։ 18 յունուար 1943-ին Լենինգրատի շրջափակումը ճեղքուեցաւ եւ անոր հետ վտանգը սկսաւ, որ գերմանական եւ ֆիննական զօրքերը արեւելքի մէջ Լադոգա լիճի մօտ կը միաւորուին։ Ցամաքային երկբայական վերականգնումը հնարաւորութիւն տուաւ ուժեղացնել Լենինգրադեան եւ Պալթիական ճակատներու զօրքերը։ Ստրատեգիական հնարաւորութիւնները խորհրդային զօրքերու կողմը անցան։

Գերմանական բանակ Խմբագրել

Իրավիճակի կայունացման համար գերմանական հրամանատարութիւնը ստիպուած եղաւ արեւելք տեղափոխել իր՝ Արեւմտեան Եւրոպայի եւ Ափրիկէի զօրքերէն 33 բաժանմունք, 3 կիսաբաժին, օդապարիֆի մէկ մասը եւ այլ ուժեր։ Մարտին խորհրդա-գերմանական ճակատին վրայ արիւնահեղ մարտերը հանդարտեցան։ Յաջորդ 3 ամիսներու ընթացքին աշխոյժ մարտեր տեղի չունեցան՝ հակառակորդները զօրքերը նոր մարդկային ուժերով եւ գեղարուեցատական գործողութիւննըրով կը համալրէին, միջոցներ կը կուտակէին, ամառային ռազմաշրջան։ Չնայած փոփոխուած ստրատեգիական իրավիճակի՝ Հիթլրը չէր ցանկար զիջիլ առաւելութիւնը եւ հերթկան անգամ որոշեց մարտեր սկսիլ։ Անոր համար ելուստ ընտրուեցաւ, որուն հետ արեւմտեան Քըրսքի գերմանական բանակներուն տեղաբաշխուածութիւն կը տրուէին 200 քմ ճակատով եւ 120 քմ խորութեամբ։ Ֆիւրերու 15 ապրիլ 1943-ի հրամանատարը կ՛ըսէ, որ «յարձակման նպատակն է հարուածային բանակով հասցնել կեդրոնցուած, որոշիչ եւ արագ հարուած մէկ կողմէն Բելգորդի շրջանէն, իսկ միւս կողմէն հարւային Օրյոլի շրջանէն եւ յարձակման համակեդրոնացման ճանապարհով շրջափակել Քըրսքի շրջանին մէջ գտնուող զօրքերը եւ ոչնչացնել զանոնք» («Ցիտադել» գործողութիւն)։ Անոր համար 900 000 մարդ, շուրջ 100 000 հրանոթ եւ ական, 2700 տանկ եւ գրոհի ական, աւելի քան 2000 ինքնաթիռ (6-րդ եւ 4-րդ օդային նաւատորմ) տրամադրուած էր։ Կադրային համալրման գերմանացիները յաջողեցան ընդհանուր կեդրոնացման միջոցով հասնիլ։ Գլխաւոր դերը առաջիկա յարձակման մեջ թանկային զօրքերը պիտի խաղային, սակայն գործողութեան ժամկէտները կը յետաձգէին (սկզբը մայիսի սկիզբ, ապա յունիսի կէս, վերջապէս յուլիս), որուն գլխաւոր պատճառը նոր տիպի մեքենաներու արագ արտադրութիւնն էր, որ պէտք էր որ ուժեղ խմբաւորման ստեղծման նպաստէր։ Նոր փորձարարական զրահամեքենաներ ստեղծուեցան «Ֆոկկէ-Բուլֆ-190A» եւ գրոհայիններ՝ «Հենկել-129»։

ԽՍՀՄ զօրքեր Խմբագրել

Խորհրդային ռազմական հետախուզութիւնը յաջողեցաւ գերմանական ուժերու պատրաստութիւնը կանխել Քըրսքի բնագիծի վրայ յարձակելու համար եւ նոյնիսկ յաջողեցաւ յարձակման օրը ճշդելու։ Վասիլեւսկու եւ Ժուկովի վկայութեամբ խորհրդային հրամանատարութիւնը՝ ծանր ու թեթեւ իրադրութիւնը ընելով եւ ռազմաճակատներու կարծիքը հարցնելով՝ որոշում ընդունեց՝ մտածուած պաշտպանութեան եւ անոցմէ ետք հակայարձակման անցնելու մասին։ Ինչպէս ցոյց տուին հետագայ գործողութիւնները Ստավկայի որոշումները այս անգամ եւս ճիշտ էին։ Կարծէս Խարկովի մօտ զօրքերու ձախողումը, որ նպաստեց 1942-ի մեծ անյաջողութիւններուն, փորձ հանդիսացաւ հետագայ գործողութիւններուն համար։

Խորհրդային հրամանատարութիւնը Քըրսքի ուղղութեամբ կեդրոնացուցած էր հսկայական ուժեր։ Քըրսքի հիւսիսային ճակատը Կեդրոնական ճակատը կը պաշտպանէր (հրամանատար Ռոկոսովսկի), Հարաւայինը՝ Վորոնեժեան ուղղութիւնն էր (հրամանատար Վատուտին)։ Անոնց մէջ 1 337 000 մարդ, 3306 թանկ եւ ինքնագնաց հրետանային մեքենաներ, շուրջ 20 000 հրանօթ եւ ական, 2900 ինքնաթիռ կը հաշւուէր։ Կեդրոնական եւ Վորոնեժեան ուղղութիւններու թիկունքը՝ Վերխովեայի, Լիվնիի, Հին Օսկոլի, Կանտեմիռովկայի մէջ Ստավկայի պահեստային միջոցները տեղաւորուած էին՝ միաւորուելով 10 յուլիս-էն Ստեպեան ճակատի հետ (հրամանատար Կոնեւ), որուն հաշիւին մէջ էին 580 000 մարդ, 1 500 թանկ եւ ինքնագնաց-հրետանային մեքենաներ, շուրջ 7 500 հրանօթ եւ ական։ Անոր հետ խորհրդային ուժերը զգալիօրէն կը գերազանցէին թշնամիին մարդկային եւ գիտարուեցստական ուժերով։

Անոր համար շարք մը միջոցառումներ պատրաստուեցան մեծ շարան մը կազմելու համար, որուն պաշտպանութիւնը ճակատի երկարութեամբ չէին կարող յաղթահարել թշնամիի թանկերը։ 8 պաշտպանական գիծ եւ շրջան ձեւաւորուեցաւ։ Քըրսքի ճակատամարտի այդ հանգրուանին համար (5-23 յուլիս-ը 1943) մեծ յաջողութիւններ խաղցան Կեդրոնական ճակատի զօրքերու դասաւորութիւնը, որ կարելի չէր Վորոնեժի ճակատի համար ըսել։

Ժամկէտներու հետաձգումը թշնամիի կողմէն խորհրդային հրամանատարութեան մէջ որոշ նյարդայնութիւն կ՛առանձնացնէին։ Յատուկ շտապողականութիւն կը դրսեւորէր Վորոնեժեան ուղղութեան հրամանատար Վատուտինը. «Կը քնենք մենք, բաց պահը չենք թողներ։ Եկէ՛ք թողնենք խրամապատումը եւ առաջին յարձակումը սկսինք։ Ուժերը անոր համար կը բաւարարեն»։ Սակայն Ստավկան որոշեց սպասել՝ տեղեկութեան վրայ հիմնուելով, որ թշնամին 6 յուլիսէն առաջ չէ յարձակիր։ 5 յուլիս-ի գիշերը կը ձեռբակալուին գերմանացի սակրաւորներ, որոնք ցոյց տուին, որ յարձակումը առաւօտեան ժամը 3-ին նախատեսուած է եւ գերմանական ուժերը արդէն յարձակողական դիրքերը գրաւած են։ Ռազմաճակատներու հրամանտարութիւնը որոշեց հրետանա-ավիացիոն հակապատրաստութիւններ կատարել։ Անոր հետ հանկարծակիութեան գործոնը, որուն վրայ յոյս դրած էին գերմանական հրամանատարութիւնը, կը վերանանր։ Միայն ժամը 5:30-էն ետք գերմանական 9-րդ բանակի յարձակողական խմբաւորումները, իսկ ժամը 6-ին թանկային բանակները եւ «Կեմպֆ» գործոն խումբերը յարձակման անցան։

Առաջին փուլ Խմբագրել

Օռլոուա-քըրսքեան ուղղութեամբ (կեդրոնական ռազմաճակատ) գերմանական բանակները 3 հարուած հասցուցին 40 քմ շրջագիծով։ Գլխաւոր հարուածի ուղղութեամբ թշնամին 500 թանկ կեդրոնացուցած էր։ Առաջինը յարձակման անցան «վագրները» 10-15 ավտոմեքենաներով։ Նրանց ուղեկցում էին գրոհային հրանոթներ «ֆերդինանտները»։ Նրանից հետո որոշ ժամանակ անց շարժվեցին 50-100 միջին չափերու թանկեր։ Ռազմական կանոնաւոր թանկային շարքերուն կ՛ուղղեկցէր հրետանին։ Օրուայ մէջ 4 անգամ գերմանական բանակները կը փորձէին ճեղքել խորհրդային պաշտպանութիւնը, սակայն ստիպուած կը նահանջէին: Մարտերը 2 կողմերէն ալ ծանր եւ դժուար բնոյթ կ՛ըստանար: 11 յուլիս-էն սկսեալ գերմանացիները, հսկայական կորուստներ տալով եւ յաջողութեան չհասնելով, յարձակումերը դադրեցուցին: Սակայն 6 օր յարձակումներու պատճառով թշնամին յաջողեցաւ խորանալ Կեդրոնական ճակատի մէջ 6-12 քմ։ Հրաման ունենալով ուժեղ դիմադրութեամբ թուլացնելու թշնամիի ուժերը եւ յարձակումները կտրելու՝ Կեդրոնական ռազմաճակատը առանց Ստավկայի միջոցներ օգտագործելու շարունկեց իր ընթազքը։

Պելգորոտ-Քըրսքի ուղղութեամբ (Վորոնեժեան ռազմաճակատ) թշնամին հարուածներ հասցուց Օբոեան եւ Կորոչիի ուղղութիւններով։ 5 յուլիս 1943-ին արդէն «Հարաւ» խմբաւորման հրամանատար Մանշտէյնը մարտերու մէջ մտցուց իր ուժերու մեծ մասը (մարտերուն 700 գերմանական թանկեր կը մասնակցէին)։ Եւ անոր հանդերձ ահռելի կորուստներու գնով թշնամին յաջողեցաւ 2 օրուայ ընթացքին սկզբը գլխաւոր (առաւել ամրացած), իսկ 7 յուլիս-ին պաշտպանութեան 2-րդ գիծերը կտրել եւ Օբոյանեան ուղղութեամբ 10-18 քմ խորանալ։ 9-11 յուլիս-ին թշնամին հիասթափուած կը շարունակէր փորձեր կատարել քըրսք դուրս գալու համար։ Ճեղքուածքի վտանգը չեզոքացնելու համար Ստավկան Վասիլեւսկիի խորհուրդով Վորոնեժեան ռազմաճակատը ուժեղացուց՝ իր պահեստային ուժերով (սկզբը 2 թանկային կորպուսներով, ապա ընդհանուր զօրքերով եւ թանկային բանակներով)։ Ցամաքային զօրքերուն մեծ օգնութիւն ցոյց կու տային գրոհային ինքնաթիռները։

10 յուլիս-ին մարտերու ամենաթէժ պահուն Սիցիլիա կղզիին մէջ անգլո-ամերիկեան մեծ արշաւանք իջուեցաւ։ Հիթլեր, իմանալով այդ մասին, յայտարարեց, որ «Ցիտադել» գործողութիւնը միեւնոյնն պիտի շարունակուի։ Կրիտիկական պահը դարձաւ 12 յուլիս-ը. Պրոխորովկա շրջանին մէջ թանկային մեծ մարտեր տեղի ունեցաւ, որուն ընդհանուր առմամբ 1100 թանկեր մասնակցեցան եւ ինքնագնաց հրանօթներ։ 2 կողմերն ալ ծանր կորուստներ կրեցին։ 13-15 յուլիս-ին թշնամին կը շարունակէր առանձին ուղղութիւններով շարժիլ, սակայն 17 յուլիս-ին Հիթլեր որոշեց դադարեցնել «Ցիտադել» գործողութիւնը, պատճառաբանելով այն խորհրդայն զօրքերու հակայարձակմամբ՝ 2-րդ թանկային բանակի կողմէն, պահեստային ուժերու բացակայութեամբ, անգլո-ամերիկեան բանակներու գործողութիւններով Սիցիլիոյ մէջ։ Գերմանական ծրագիրը, որ կը միտէր քըրսքի մէջ ջախջախել խորհրդային զօրքերը՝ չյաջողեցաւ։

Երկրորդ փուլ Խմբագրել

Քըրսքի ճակատամարտի 2-րդ փուլի հակայարձակումը կեւեց 12 յուլիս 1943-էն միչնեւ 23 օգոստոս-ը։ Անոր համար համեմատաբար յաջող իրավիճակ ստեղծուեցաւ թշնամիի խմբաւորման օռլովեան շրջանին մէջ։ «Կուտուզով» գործողութեան ստրատեգիական յարձակումները կ՛իրականացուէին Բրանսկեան (հրամանատար՝ Պապով), Կեդրոնական եւ Արեւմտեան (հրամանատար՝ Սակալովսկի) ռազմաճակատի մէկ մասի միջոցով (12 յուլիս-էն 18 օգոստոս)։ Յարձակման նպատակը կը կայանար այն բանին վրայ, որ մասնատէին թշնամական բանակները եւ մաս-մաս ջախջախեն զայն, որ առաջին հերթին պէտք էր, որ նպաստէր մեր զօրքերու չափազանց կեդրոնացուածութեան, իսկ երկրորդը՝ աւելորդ շտապողականութենէն, որուն հետեւանքով խորհրդային բանակները ոչ կարեւոր ուղղութիւններով մատերը կը սկսէին ոչ լրիւ պատրաստ վիճակի մէջ։ Թշնամիի շրջափակման ուղղուած գործողութիւնը չյաջողեցաւ։ Գերմանացիները ճկուն պաշտպանական տակտիկա գրաւած էին՝ մինչեւ երբ շրջանը մը կը պաշտպանուէր, միւսերը կը գրաւէին այլ շրջաններ 5-8 քմ հեռաւորութեան վրայ։ Թշնամին արդիւնավետ թանկային բանակներու հակայաձակումները կ՛օգտագործէին, լայնօրէն մանեվրներ կ՛ընդունէր ներքին պաշտպանական գիծերով։ Ժուկով իր յուշերուն մէջ Ստավկային «Կուտուզով» գործողութեան ընթացքին թշնամիին բանկի անկարողութեան մասին կըկը յիշեցնէ։ Ստալինկը գտնէր, որ «մեր խնդիրը այն է, որ պէտք է քշենք գերմանացիներուն մեր տարածքէն, իսկ իսկ մենք միայն կը շրջապատենք անոնց, երբ անոնք թոյլ կ՛ըլլան»։ Քաղաքական հաշուարկներու համաձայն այստեղ հաւանաբար անյաջողութիւններու փորձը կը խօսէր, որոնք տեղի ունեցած էին նոյեմբեր 1942-էն յունուար 1943 Ստալինգրադին մէջ Պաուլիւսի խմբաւորման շրջափակման վերացման ժամանակ։ 18 օգոստոս-ին 3 բանակներու զինուորները՝ շրջելով արեւմտեան ուղղութեամբ 150 քմ եւ թշնամիի ահռելի ուժերը ջախջախելով՝ օռլովեան հենակէտը չէզոքացուցին։ Արդիւնքը այն էր, ոդ իրադրութիւնը խորհրդա-գերմանական Կեդրոնական ուղղութեամբ միանգամից փոխեց՝ խորհրդային զօրքերու համար Բրեանսկեան ուղղութեամբ յարձակումը զարգացելու եւ Արեւելեան Պելոռուսիայի տարածքէն դուրս գալու համար հնարաւորութիւններ բացուեցան։

Փոքր այլ կերպ կը զարգանային, իրադարձութիւնները կապուած Պելգորոդ-Խարկովեան յարձակողական գործողութեան հետ («Ռումյանցեւ»)։ Այստեղ պաշտպանողական գործողութիւններու պատճառով Վորոնեժի ռազմաճակտի ուժերը մեծ կորուստներ կրեցին, իսկ հակառակորդը ամուր ամրացած շրջաններու անցաւ եւ պատրաստ էր հզօր գրոհ սկսելու։ Գործողութեան ընդհանուր նպատակը այն իրողութեան մէջ կը կայանար, որ ամուր ընդհանուր ռազմաճակատային հարուածով մասնատել թշնամիի ուժերը, շրջապատել եւ ջախջախել «Հարաւ» բանակային խմբաւորումը։ Գործողութիւնը կ՛իրականացնէին 3-23 օգոստոս Վարոնեժեան եւ Ստեպեան բանակներու զօրքերու միջոցով։ Անոնց գործողութիւնները կը համակարգուէր Ժուկովի կողմէ։ Այս պատճառով, 3-11-ի շրջանին հակառակորդի Խարկովեան խմբաւորումը 3 անգամ շրջապատուեցաւ։ Սակայն գերմանացիները խելացի գործողութիւններու պատճառով ներքին խմբաւորման ուժերը աւելի քան 10 բաժին (շուրջ 600 թանկ) կեդրոնացուցին Ախտիրկա եւ Պոգոդուխովա շրջաններուն մէջ եւ հակահարուած հասցուցին։ Դաժան մարտեր ծաւալուեցան լայնարձակ Խարկով քաղաքի արեւմտեան մասին մէջ։ 20 օգոստոս-ին խորհրդային հրամանատարութիւնը, մեծ օգնութիւն տանելով, յարձակման անցաւ եւ 23 օգոստոս-ին գիշերային յարձակման պատճառով Խարկովը ազատագրուեցաւ։ Երկու բանակներու զինուորները 150 քմ դէպի խորք շարժեցան եւ թշնամիի ամուր խմբաւորումը ջախջախեցին՝ պայմաններ ստեղծելով Աջափնեայ Ուքրանիայի ազատագրման եւ Դնեպր դուրս գալու համար։ Քըրսքի ճակատամարտը 50 օր շարունակուեցաւ 400-550 քմ ճակատով։ Երկու կողմերէն անոր ահռելի ուժեր կը մասնակցէին՝ շուրջ 300 բաժին (աւելի քան 4 միլիոն մարդ)։ Այս պատճառով ընդհատուեցաւ Գերմանիոյ վերջին փորձը իրականացնելու ստրատեգիական մեծ գործողութիւններ Արեւելեան ռազմաճակատին վրայ։ Սակայն թշնամին 30 յատուկ բաժանումներ կորսնցուց, որոնցմէ են 7 թանկային։ Գերմանական զօրքերու ոգին ինկաւ, Ստալինգրադի ռեւանշը վերցնելը չյաջողեցաւ։ Իսկ այդ մէկը կը նշանակէր, որ պատերազմի լաւ ընթացքը ԽՍՀՄ-ի հետ չկատարուեցաւ։

Կորուստներ Խմբագրել

Խորհրդային զօրքերու կորուստները այս ճակատամարտի ընթացքին ահռելի էին։ Անոնք 254,400 անվերադարձ կազմեցին եւ 608,800 առողջապահիկ վիճակով զոհեր։ Թշնամիի կորուստները ըստ գերմանացիներու տեղեկութիւններու 3,5 անգամ քիչ կազմեցին։ Արուեստագիտութեան մեջ խորհրդային ուժերը 6 000 թանկ կորսնցուցին 1600 ինքնաթիռ, մինչ այդ, գերմանացիները 1300 թանկ կորսնցուցին եւ 1000 ինքնաթիռ։ Թանկերու մեծ կորուստները այն բանով կը բացատրուէին, որ խորհրդային T-34 թանկերուն անհրաժեշտ էր աւելի ամուր փող, քան 76 մմ տրամագիծը։ Գերմանական «վագրերն» եւ «ֆերդինանտներն» ունէին աւելի մեծ սկզբնական արագութիւն եւ աւելի հեռու կը կրակէին, իսկ թանկերը եւ հրանօթները աւելի ամուր զրահով պատուած էին։ Խորհրդային զօրքերու կորուստներու պատճառը ունէր նաեւ այն իրողոթիւնը, որ հրամանատարութիւնը անհրաժեշտ չափի գիտելիքներ չունէր։ Անոնք արդէն հնացած մեթոտներ հանած էին եւ՛ պաշտպանութեան, եւ՛ յարձակողական գործողութիւններու ժամանակ։ Այդ ամէնը հակառակորդի գործողութիւններուն կը նպաստէին պաշտպանութեան մէջ եւ հնարաւորութիւն կու տային հակայարձակման դիմելու։ Այնուհանդերձ գերմանական զօրավարները ստիպուած էին ընդունիլ, որ 1943 թ. ամառային մարտերը մեծապէս զրկեցին իրենց զօրքերը պաշտպանուելու կարողութիւններիէնև եւ բացասաբար ազդեցին զինուորներու հոգեբանական իրավիճակի վրայ, «այն դէպքի ընթացքին, երբ թշնամիի զօրքերու ղեկավարութիւնը, զինումն ու սարքաւորումը, հակառակը, լաւացան»։

Արդիւնք Խմբագրել

Կարմիր Բանակի յաջողութիւններու շնորհիւ դաշնակիցները հնարաւորութիւն ստացան ռազմական գործողութիւններ իրականացնելու Իտալիոյ մէջ, որովհետեւ Քըրսքի մէջ ճակատամարտը ստիպեց գերմանական հրամանատարութեան, որ միջերկրածովեան թատերաբեմէն մեծաթիւ սաւառնագիտութեան խմբաւորումներ եւ զօրքերը տեղափոխէ այստեղ, ինչպէս նաեւ դուրս մեծալիւ մարտեր դուրս բերէ մարտական բաժիններ Ֆրանսայէն եւ Հոլանտիայէն։ Քըրսքի ճակատամարտի պարտութիւնը գերմանական բաժինի երկրներուն համոզեց, որ ուժերու հաւասարակշռութիւնը արմատապէս փոխուի Խորհրդային Միութեան կողմը։ Ուժեղացան Հունգարիոյ փորձերը սեպարատ հաշտութիւն կնքելու համար Արեւմուտքի հետ։ 1943-ի աշնան, Իսպանիոյ բռնակալ Ֆրանկոն դուրս կը բեռէ իր «Կապոյտ բաժինի» մնացորդները Լենինգրադէն։ Ճգնաժամը սկսաւ Գերմանիոյ եւ Ֆինլանտիայի յարաբերութիւններուն միջեւ։

Հայերու ճակատամարտին մասնակցութիւնը Խմբագրել

Քըրսքի ճակատամարտին մասնակցեցան Յ.Բաղրամեանի (Արեւմտեան եւ Բրեանսկի ռազմաճակատներու 11-րդ գուարդիական բանակի հրամանատար), Ս.Գալաջեւի (Արեւմտեան ռազմաճակատի քաղվարչութեան պետ), Հ.Թամանեըանի (Արեւմտեան ռազմաճակատի 12-րդ բանակի ռազմական խորհուրդի անդամ), Ս.Մարտիրոսեանի (Վորոնեժի ռազմաճակատի 28-րդ բանակի 50-րդ ջոկատի հրամանատար), Յ.Բաբաջանեանի (Արեւմտեան ռազմաճակատի 5-րդ թանկային բանակի մօտոմեքենայացուած կիսաբաժինի հրամանատար), U.Ղազարեանի (Արեւմտեան ռազմաճակատի 38-րդ բանակի 74-րդ բաժինի հրամանատար) գլխաւորութեամբ գործող զօրամասերը եւ հայ ժողովուրդի բազմաթիւ զաւակներ՝ տարբեր միաւորումներու մէջ։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։