Քրուասան (ֆրանսերէն՝ croissant՝ կիսալուսին), կարագային խմորով պատրաստուած թխուածք՝ կիսալուսնի տեսքով։ Քրուասանի խմորը թթխմորով շերտաւոր խմոր է՝ պատրաստուած առնուազն 82% իւղայնութեամբ կարագով։ Շատ տարածուած է Ֆրանսայի մէջ, ուր այն կը մատուցեն նախաճաշին ՝ սուրճի կամ տաք տուրմի հետ։

Ստեղծման պատմութիւնը Խմբագրել

Կիսալուսնաձեւ բլիթերը (գերմաներէն՝ Kipferl) կը թխէին Աւստրիոյ մէջ առնուազն 13-րդ դարէն սկսեալ։ Սակայն մերօրեայ քրուասաններու ժողովրդականութիւնը սկսաւ 1839 թուականին, երբ աւստրիացի սպայ Օկուսթ Ցանկ Փարիզի մէջ բացաւ «Վիեննական փուռը», ուր կըթխէին նման բլիթներ։

Ըստ աւանդութեան, 1683-ին վիեննացի հացթուխ Փիթր Ուենտլերը (գերմաներէն՝ Peter Wendler) առաջին անգամ բլիթներ պատրաստեց՝ ի պատիւ Օսմանեան կայսրութեան դէմ Աւստրիոյ տարած յաղթանակին։ Օսմանեան զօրքերը պաշարած էին Վիեննան․ հացթուխները, որ գիշերները կ՛աշխատումէին եւ քաղաքացիներուն համար մինչեւ առաւօտ բլիթներ կը պատրաստէին, քսելով պաշարման ձայնը, լուր տարածեցին, որ թուրքերը քաղաքի պատերէն այն կողմ թունել փորած էին եւ այդպիսով խանգարած թշնամիին ծրագիրները։

1770-ին քրուասանը առաջին անգամ յայտնուեցաւ Ֆրանսայի մէջ՝ շնորհիւ Մարի Անթուանետթի այնտեղ տեղափոխուելուն։ Փաստօրէն, Մարի Անթուանէթը դարձաւ ֆրանսական աւանդական նախաճաշի հիմնադիրը։

Աւստրական եւ ֆրանսական քրուասանները ամբողջութեամբ տարբեր են։ Քրուասանին միայն տեսքը եկած է Վիեննայէն, իսկ շերտաւոր խմորով քրուասանը առաջին անգամ պատրաստած են ֆրանսացի խոհարարները՝ 20-րդ դարուն։

Քրուասանը այնքան արագ ժողովրդականութիւն սկսաւ վայելել, որ շուտով զարգացաւ նման ձեւի թխուածքներու ամբողջ «ընտանիք» մը։

Սկզբնական շրջանին քրուասան գնողները զայն կ՛ընկալէին իբրեւ նորաձեւութեան հերթական տարր, սակայն հետագային այն դարձաւ ֆրանսական խոհանոցի անբաժան խորհրդանիշներէն մէկը։

Քրուասաններու արգելքը Սուրիոյ մէջ Խմբագրել

Սուրիոյ մէջ հակակառավարական ապստամբները 2013-ին արգիլեցին քրուասաններու ներկրումը Հալէպի՝ իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ։ Անոնց կը բացատրէին այդ քայլը վերը նշուած աւստրական աւանդութեամբ։[1]

Տեսակները Խմբագրել

Յաճախ քրուասանները կը պատրաստուին մարգարինով եւ կ՛անուանուին «սովորական» (ֆր.՝ ordinaire) , կամ մարգարտինի ու կարագի խառնուրդով ` «հրուշակային» (ֆր.՝ patissier)։ Այդ քրուասանները կրնան ունենալ կիսալուսնի տեսք։ Երբ պատրաստուած են բացառապէս կարագով ապա ունին ուղիղ ձեւ եւ կը կոչուին «մաքուր կարագ» (ֆր.՝ pur beurre)։

Միջուկները Խմբագրել

Քրուասանները կրնան ըլլալ ինչպէս առանց որեւէ միջուկի, այնպէս տուրմով կամ ամենատարբեր միջուկներով՝ պանիրով, ապուխտ- պանիրով, տարբեր սերերով, անուշներով։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Claire Groden. Syrian Rebels Ban Croissants in Aleppo. Թայմ, 2 Օգոստոս 2013։

Արտաքին յղումներ Խմբագրել