Քրտական Աշխատաւորական Կուսակցութիւն

Քրտական Աշխատաւորական Կուսակցութիւն, (քրտերէն՝ Partiya Karkerên Kurdistan կամ PKK), ռազմատենչ քրտական կազմակերպութիւն մըն է հիմնադրուած 1970-ական թուականներուն եւ ղեկավարուած Ապտուլլահ Օճալանի կողմէ, որ ներկայիս ցմահ բանտարկուած է թրքական բանտի մը մէջ։

Քրտական Աշխատաւորական Կուսակցութեան դրօշը

Կազմակերպութիւնը յեղափոխական մարքսիստ գաղափարախօսութեան եւ քրտական ազգայնականութեան կը հետեւի։ «Քրտական Աշխատաւորական Կուսակցութեան» նպատակն է ստեղծել ազատ, անկախ եւ ընկերավարական քրտական հանրապետութիւն մը՝ Քիւրտիստանի մէջ, զոր պատմական տարածքներ ունի Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան, Իրաքի հիւսիս-արեւելեան, Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան եւ Իրանի հիւսիս-արեւմտեան շրջաններուն մէջ, ուր քիւրտ ժողովուրդը մեծամասնութիւն կը կազմէ։ Ներկայ նպատակը վերածուած է մշակութային եւ քաղաքական իրաւունքներու պահանջումը, քիւրտերու եւ Թուրքիոյ հանրապետութեան միջեւ։[1]

Աղբիւրներ Խմբագրել

  1. (անգլերէն) Tahiri, Hussein. The Structure of Kurdish Society and the Struggle for a Kurdish State. Costa Mesa, California: Mazda Publications 2007. pp 232 ff