Օդակայան, օդակայանի հիմնական մասը հսկայական թռիչքադաշտն է, ուրկէ կը մեկնին եւ վայրէջք կը կատարեն ինքնաթիռները։ Սովորաբար, օդակայանները կը շինուին քաղաքներէն բաւական հեռու, ուր ինքնաթիռներու աղմուկը չի խանգարեր քաղաքի բնականոն կեանքը, եւ չեն գրաւեր քաղաքներու կենսականօրէն անհրաժեշտ տարածքները։

Սէուտական Արաբիոյ գլխաւոր օդակայանը

Միջազգային օդակայանները Խմբագրել

Անոնք կ'աշխատին օր ու գիշեր սպասարկելով ինքնաթիռներուն եւ ժամանող ու մեկնող ճամբորդներուն։ Աշխարհի մեծագոյն օդակայաններուն մէջ իւրաքանչիւր շաբթուան ընթացքին, կ'անցնին աւելի քան կէս միլիոն ճամբորդներ։ Օդակայաններու մեծ մասին մէջ, ստեղծուած են իրենց ուղերթին սպասող ճամբորդներւն սպասարկման, գնումներու, պանքի ծառայութիւններէն օգտուելու, սնունդ առնելու եւ այլ հնարաւորութիւններ։ Շատերը, հանդերձուած են վիթխարի փոխադրիչներով, որոնք ուղեւորները կը փոխադրեն մէկ շէնքէն միւսը կամ անցագրային կէտ, ուր անոնք կ'ուղղուին դէպի ինքնաթիռ։ Պեթոնէ, ապակիէ ու մետաղէ կառուցուած շէնքը օդակայանի կայարանաշէնքն է։ Աշտարակը հրամաններ արձակելու գլխաւոր վայրն է՝ կարգավարական կէտը, ուր կարգավարը (դիսպետչեր) ձայնասփիւռով կապ կը հաստատէ օդանաւերուն հետ, ցուցումներ կու տայ, թէ որ թռիչքի ուղիին մէջ, վայրէջք կը կատարեն կամ երբ թռիչքը կը սկսին, կը հաղորդէ եղանակի տեսութիւնը։ Ձայնասփիւռ խօսողը էկրաններու վրայ, կարգավարը շրջապատի օդային տարածութիւնը կը տեսնէ քանի մը քիլոմեթր շառաւիղով։ Անոր կ'օգնէ ղեկավարելու ինքնաթիռի վայրէջքը, եթէ օդաչուներուն կը խանգարէ խիտ մառախուղը կամ ամպամածութիւնը։ Թռիչքադաշտին մէջ, գտնուող շարք մը խայտաբղետ տնակները, նոյնպէս ձայնասփիւռներ են, որոնի ց ուղարկած ազդանշաններու օգնութեամբ օդաչուերը կը գտնեն դէպի օդակայան տանող երթուղին։ Կայարանաշէնքի առջեւի պեթոնածածկ ընդարձակ հրապարակին, կանգնած են ինքնաթիռները, որոնցմէ մի քանիներու կողքին վառելիքով բեռնաւորուած վիթխարի ինքնաշարժներ, որոնք ինքնաթիռը կը լիցքաւորեն վառելիքով։ Այլ ինքնաթիռներու մօտ, կանգնած են բեռնատար ինքնաշարժներ ու փոխակրիչներ, որոնց ժապաւէնով դէպի ինքնաթիռ կը սողան բեռները։ Ճաբորդները ինքնաթիռին կը մօտենան փոխադրող ինքնաշարժներով կամ անմիջապէս՝ կայարանաշէնքի յատուկ ելքերով։

Միջազգային օդանակայաններուն մէջ, կ'աշխատին հազարաւր բանուորներ, որոնք զբաղուած են շէնքերը եւ շրջակայքը մաքրելով, ինքնաթիռները վառելանիւթով լիցքաւորելով եւ ճարտարագիտական օժանդակութիւն սպասարկելով, բեռներն ու ուղեբեռները բեռնաթափելով ու բարձելով, ինչպէս նաեւ՝ թռիչքի մեկնող Ճաբորդներու համար ուտելիք եւ անհրաժեշտ պարագաներ պատրաստելով։ Օդակայանի այլ ծառայողներ ուղեւորներուն կը սպասարկեն մինչեւ թռիչքը։ Օդակայանին մէջ, կը գործեն յատուկ ծառայութիւններ՝ կարգավարական կէտը, ներգաղթի եւ անձնագրային հսկողութիւնը, մաքսատունը, բժշկական սպասարկումը։ Անվտանգութեան ծառայութիւնը կը զննէ ուղեւորները, կը ստուգէ ուղեբեռները կամ թմրանիւթեր յայտնաբերելու նպատակով։

Հայաստանի Օդակայաններ Խմբագրել

Հայաստանի մէջ կը գործեն Զուարթնոց, Էրեբունի, Շիրակ եւ այլ օդակայաններ։

Միջազգային մեծ Օդակայաններ Խմբագրել

  • Աշխարհի մէջ, ամենամեծը Սէուտական Արաբիոյ մէջ գտնուող «Քինկ Հալիդ» միջազգային օդակայանն է, որուն տարածքը՝ 225 քմ2 է։
  • Ամենամեծ թողունակութիւնը ունի ԱՄՆ«Չիքակօ» միջազգային օդակայանը, որ ամէն տարի կը սպասարկէ աւելի քան 67 միլիոն ուղեւորի։
  • Տարածքներու պակասութեան պատճառով Հոնքոնկի միջազգային օդակայանը ստիպուած կառուցած են ծովէն նուաճուած հողատարածքի վրայ։
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։