Օտրի Հեփպըրն (անգլերէն՝ Audrey Hepburn , 4 Մայիս 1929, Պրիւքսել - 20 Յունուար 1993, Զուիցերիա), անգլիացի եւ ամերիկացի դերասանուհի, պարուհի, նկարչութեան նորաձեւութեան աստղ եւ բանասէր:

Օտրի Հեփպըրն
անգլերէն՝ Audrey Hepburn
Օտրի Հեփպըրն «Հռոմէական արձակուրդ» շարժանկարին մէջ
Ծննդեան անուն անգլերէն՝ Audrey Kathleen Ruston
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Edda van Heemstra
Ծնած է 4 Մայիս 1929
Ծննդավայր Պրիւքսել
Մահացած է 20 Յունուար 1993
Մահուան վայր Տոլոշենազ, Morges District, Վո, Զուիցերիա[1]
Քաղաքացիութիւն Մեծ Բրիտանիա
Մայրենի լեզու հոլանդերեն?
Երկեր/Գլխաւոր գործ Սաբրինա?, Funny Face?, Հռոմեական արձակուրդներ?, The Nun's Story?, Նախաճաշ Թիֆանիի մոտ?, Charade?, My Fair Lady? եւ Wait Until Dark?
Մասնագիտութիւն Դերասանուհի
Աշխատավայր 1948–1989
Վարած պաշտօններ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի բարի կամքի դեսպան[2][3]
Ամուսին Անտրէա Տոթի
(ամուսնալուծուած)
(1 երեխայ),
Մել Ֆերեր
(ամուսնալուծուած)
(1 երեխա),
Ռոպըրթ Ուոլթըս
Ծնողներ հայր՝ Ջոզեֆ Վիկտոր Էնթոնի Հեփբերն-Ռաստոն?[4], մայր՝ Էլլա Վան Հեեմստրա?[2]
Երեխաներ 2 երեխայ
Կայքէջ [http://Script error: The function "url" does not exist.]
Ստորագրութիւն

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ծնած է Պելճիքայի մէջ` Օտրի Քեթլին Ռասթըն անուամբ, հետագային իր հայրիկի կողմէն արձանագրուած է որպէս Օտրի Քեթլին Հեփպըրն-Ռասթըն: Մանկութիւնը եւ պատանեկութիւնը անցուցած է Հոլանատայի մէջ։ Ապրած եւ գործած է ԱՄՆ-ի մէջ, Ֆրանսայի մէջ, Մեծն Բրիտանիոյ եւ այլ երկրներու մէջ, իր փայլուն գործունէութեան արդիւնքով դառնալով բոլոր ժամանակներու ամենաերանելի աստղերէն մէկը եւ որպէս տեսաժապաւէնի գեր-աստղ, եւ որպէս նորաձեւութեան աշխարհի դիցուհի, ինչպէս նաեւ որպէս ԵՈՒՆԻՍԵՖ կազմակերպութեան բարի կամքի դեսպան:

Մանկութեան տարիներուն սորուած է Լոնտոնի մէջ, ուր նաեւ զբաղուած է թատերապարով` նպատակ ունենալով դառնալ պարուհի, եւ մեծ դառնութեամբ հետագային հրաժարած էր իր երազանքէն երբ պարզուած է, որ բնագիտական տուեալներով չի բաւարարեր թատերապարուհիի պահանջները: Դերասանական առաջին փորձերը կատարած է նկարահանուելով անգլիական քանի մը երաժշտական շարժանկարներու մէջ : Հոլիուուտեան տեսաժապաւէնի իր առաջին իսկ գլխաւոր դերի համար Օտրի արժանացած է ԱՄՆ տեսաերիզ-ակադեմիայի Օսքար մրցանակի, Հոլիուոտեան «Ոսկէ Գնդակ» մրցանակի եւ բրիտանական տեսաերիզ-ակադեմիայի «BAFTA» մրցանակի:

 
Օտրի Հեփպըրն

«Սաբրինա» շարժանկարի նկարահանման ժամանակ ծանօթանալով ֆրանսացի նորաձեւութեան վարպետ կոմս Հուպըրթ Ճիվենշիի հետ, դարձած է «Ճիվենշի» ապրանքանիշի ներկայացուցիչն ու քարոզողը եւ Հուպըրթ Ճիվենշիի մտերիմ ընկերն ու մուսան: Իսկ Ճիվենշի դարձած է Օտրիի միակ գործընկերը հետագայ բոլոր շարժանկարներու նկարահանման ժամանակ, ինչպէս նաեւ անոր անձնական զգեստներու մեծ մասի ձեւաւորողը, եւ իր առաջին` L'Interdit օծանելիքը ստեղծած է Օտրի Հեփպըրնի համար:

Օտրի Հեփպըրնի անունը ընդգրկուած է միջազգային լաւագոյն զգեստակիրներու ցանկին մէջ եւ Ամերիկեան տեսաերիզ-ադեմիայի կողմէն հրապարակած Ամերիկեան բոլոր ժամանակներու ժապաւէններու 100 մեծագոյն աստղերու ցանկին մէջ պատուաւոր 3-րդ տեղը:

1980-90 ական թուականներուն Օտրի Հեփպըրն իր ժամանակի մեծ մասը նուիրած է ԻՒՆԻՍԵՖ կազմակերպութեան` աշխատելով Ափրիկէի, Հարաւային Ամերիկաի եւ Ասիոյ առաւել կարիքաւոր երկիրներուն մէջ, որու համար 1992 թուականին արժանացած է ԱՄՆ-ի Ազատութեան նախագահական շքանշանին:

Մահացած է քաղցկեղէն 1993 թուականին 63 տարեկան հասակին, Զուիցերիոյ իր տան մէջ:

Կեանքը երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Խմբագրել

Օտրի յաճախած է մասնաւոր դպրոցներ Անգլիոյ եւ Հոլանտայի մէջ։ Անոր մայրը շատ խիստ էր, իսկ հայրը լքած էր ընտանիքը երբ Օտրին դեռ փոքր էր։ Հետագային ան հօր հեռանալը գնահատած էր որպէս իր կեանքի ընթացքին ստացած ամենամեծ հարուածը: Տարիներ անց ան գտած է հօրը, եւ նամակագրական կապի մէջ եղած է անոր հետ, ինչպէս նաեւ դրամական օգնութիւն ուղարկած: 1935 թուականին ծնողներու ամուսնալուծումէն ետք ան կ'ապրէր մօր հետ Արնհեմի մէջ։ Երբ սկսաւ երկրորդ համաշխարհայինը եւ Գերմանացիները ներխուժեցին Աւստրիա, ան փոխեց իր եւ մօր փաստաթուղթերը, կոչուելով Էտտա Վան Հեմսթրա, քանի որ անգլերէն հնչող ազգանունը վտանգաւոր կը համարուէր: Սակայն այդ երբեք իր օրինական անունը չէ եղած, թէեւ հետագային շփոթութիւն յառաջացուցած է եւ որոշ կենսագրականներու մէջ անոր անունը նշուած է որպէս Էտտա:

Պատերազմի վերջը իրավիճակը Հոլանտայի մէջ խիստ սրած էր։ Ֆաշիստական զօրքերը առգրաւած էին հոլանտացիներու առանց ուրիշ սահմանափակ մթերային եւ ջեռուցման պաշարները: Մարդիկ կը մահանային սովէն եւ ցրտահարումէն իրենց տուներուն եւ փողոցներուն մէջ։ Արնհեմը նաեւ մեծապէս տուժած էր ռմբակոծումներէն Շուկայի Այգի գործողութեան ժամանակ: Թերի սնունդի հետեւանքով Օտրի առողջական լուրջ խնդիրներ ունեցաւ: Այդ տարիներուն ան կը պարէր թատերապարի խումբին մէջ, եւ այդպիսով դրամ կը հաւաքէին ընդյատակեայ շարժումին օգնելու համար: Սովը կը ստիպէր սնուիլ բոյսերու արմատներով: Այս ամէնը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ իր աշխարհայեացքի եւ արժէհամակարգի վրայ:

Աստղային վերելք Խմբագրել

 
Օտրի Հեփպըրն եւ Մել Ֆերեր

Պատերազմէն յետոյ Օտրի մօր հետ տեղափոխուեցաւ Լոնտոն, ուր շարունակեց թատերապար սորվիլ, աշխատիլ որպէս նորաձեւութեան տիպար, եւ 1951 թուականին սկսաւ նկարահանուիլ շարժանկարներու մէջ` հիմնական երկրորդական դերերով, արդէն որպէս Օտրի Հեփպըրն: Ան սկսաւ նկարահանուիլ դրամ վաստակելու նպատակով, որպէսզի մայրը ստիպուած չըլլայ աշխատելու իրենց պահելու համար: Անոր առաջին մեծ դերը «գաղտնի մարդիկ» շարժանկարին մէջ էր, ուր ան հանդէս եկաւ որպէս թատերապարուհի: Մանկութենէն թատերապարով զբաղիլը օգնեց արժանանալու քննադատներու հաւանութեան: Սակայն թատերապարերու ուսուցիչները անոր համարեցին չափազանց բարձրահասակ արուեստագէտ պարուհի դառնալու համար, քանի որ 170 սմ հասակով ան նոյնիսկ կը գերազանցէր շատ տղամարդ պարողներու:

Այնուհետեւ ան ընտրուեցաւ Պրոտուէյեան «Ճիճի» ներկայացման դերին համար կարեւոր, որ բացուեցաւ Նոյեմբերի 24, 1951 թուականին, եւ մեծ յաջողութեամբ անցուց Նիւ Եորքի մէջ վեց ամիսներու ընթացքին: Այս դերին համար ան ստացաւ «թատրոնի աշխարհ» մրցանակը:

Այդ նոյն թուականին Օտրի առաջարկութիւն ստացաւ խաղալ Կրեկորի Փէքի հետ` Հոլիուուտեան «Հռոմէական արձակուրդներ» շարժանկարին մէջ։ Փէքը, նկատելով անոր տաղանդը, պնդեց որ գովազդային վահանակներու վրայ Օտրիի անունը գրուի վերնագրին մէջ` իր անուան հետ միասին, եւ չսխալեցաւ․ այս դերին համար Օտրի ստացաւ 1953 թուականի Օսքար մրցանակը` որպէս լաւագոյն դերասանուհի: Տարիներ անց, երբ անոր հարցուցին թէ ո՞րն է իր սիրած շարժանկարը, ան առանց վարանելու նշեց «Հռոմէական արձակուրդները», քանի որ անոր շնորհիւ ան դարձաւ աստղ:

Այդ շարժանկարէն յետոյ ան նկարահանուեցաւ «Սապրինա»-ին մէջ, Համֆրի Պոկարտի եւ Ուիլիըմ Հոլտընի հետ միասին: 1954 թուականին ան վերադարձաւ թատրոն, խաղալով Մել Ֆերերի հետ միասին, որու հետ ամուսնացաւ նոյն թուականին: Այս դերին համար նոյն թուականին ան ստացաւ «Թօնի» մրցանակը, որպէս լաւագոյն դերասանուհի: Օսքարէն ընդամէնը վեց ամիս անց ստացուած այս մրցանակը ամրապնդեց անոր համբաւը որպէս տեսաժապաւէնի եւ բեմի աստղ:

ՀԵտագայ գործունէութիւնը շարժանկարի մէջ Խմբագրել

 
Օտրի Հեփպըրն տեսաժապաւէնի նկարահանման ժամանակ

Դառնալով հոլիուուտեան ամենահանրածանօթ աստղերէն մէկը, Օտրի նկարահանուեցաւ այլ աստղերու հետ․ Ֆրետ Ասթըր հետ «Զուարճալի մռութը» շարժանկարին մէջ, Համֆրի Պոկարթի եւ Գերի Քուպէրի հետ «Սէրը կէսօրէն յետոյ» շարժանկարին մէջ, Ճորճ Փեփըրտի հետ «նախաճաշը Թիֆընիի մօտ», Քերի Կրանտի հետ, Ռեքս Հարիսընի հետ «Իմ չքնաղ լէյտի» շարժանկարին մէջ, Փիթըր Օ'թուլի հետ «Ինչպէս գողնալ միլիոն» տեսաերիզին մէջ եւ Շոն Քոններիի հետ «Ռոպին եւ Մարիան» շարժանկարին մէջ:

Այս դերասաններէն շատերու հետ ան մտերմացաւ: Ռեքս Հարիսըն անոր անուանեց իր ամենասիրելի կին գործընկերը, Քերի Կրանթը կը սիրէր կատակել անոր հետ կապուած, եւ մէկ անգամ ըսաւ․ «Նոր տարուայ համար իմ միակ ցանկութիւնս Օտրի Հեփպըրնի հետ եւս մէկ շարժանկարի մէջ նկարահանուիլն է», իսկ Կրեկորի Փէքի հետ ընկերութիւնը շարունակուեցաւ Օտրիի ամբողջ կեանքի ընթացքին մէջ։ Օտրիի մահէն յետոյ Փէքը հարցազրոյցի ժամանակ ասմունքեց Օտրիի սիրած բանաստեղծութիւնը` «Չվերջացող սէրը»:

 
Օտրի Հեփպըրն " Նախաճաշ Թիֆընիի մօտ" տեսաերիզին մէջ

«նախաճաշ Թիֆընիի մօտ» շարժանկարին մէջ «Հոլի Կոլայթլի» դերակատարման արդիւնքով ստեղծուեցաւ 20րդ դարու ԱՄՆ շարժանկարի ամենապաշտելի կերպարներէն մէկը: «Էլիզա Տուլիթըլ»ի դերին համար «Իմ չքնաղ լէյտին» շարժանկարին մէջ անոր մրցակիցն էր Ճուլի Էնտրուզը, որ այդ դերը կը կատարէր Պրոտուէի մէջ, բայց այդ դերին մէջ Ճուլիի թեկնածութիւնը հանուած էր մինչ Օտրիի փորձելը: Օտրին սկիզբէն հրաժարուած էր այդ դերէն, եւ խնդրած Ճէք Վերնըրէն այդ դերը տալ Ճուլի Էնտրուզին, բայց երբ անոր ըսած են, որ Ճուլին այլեւս չի դիտարկուիր այդ դերին համար, եւ իր հրաժարուելու դէպքին այն կ'առաջարկուի Էլիզապէթ Թէյլըրին, ան որոշեց մասնակցիլ: Նոյն թուականին Ճուլի Էնտրուզը նկարահանուեցաւ հանրայայտ «Մերի Փոփինս» շարժանկարին մէջ, որուն համար շահեցաւ այդ տարուան Օսքարը, իսկ Օտրիի դերը «Իմ չքնաղ լէյտի»ին մէջ նոյնիսկ թեկնածուներու ցանկին տեղ չգտաւ, զորս մեծ աղմուկ յառաջացուց մամուլին մէջ։ Սակայն երկու դերասանուհիներն ալ կը պնդէին, որ այս դէպքերը ոչ մէկ կերպ չանդրադարձան իրենց լաւ յարաբերութիւններուն վրայ:

«Իմ չքնաղ լէյտի» շարժանկարին մէջ երգերը սկիզբէն ձայնագրուեցան Օտրիի կատարմամբ, սակայն հետագային որոշուեցաւ անոր ձայնը փոխարինել արուեստագէտ երգչուհի Մարնի Նիքսընի կատարումով: Ան սկիզբը զայրացուց Օտրիին, բայց յաջորդ օրը ան համաձայնեցաւ շարունակել նկարահանումները: Օտրիի կատարմամբ քանի մը երգերու ձայնագրութիւնները պահպանուած եւ ներառուած են շարժանկարի DVD հրատարակման մէջ:

1967 թուականէն ետք, տասնհինգ տարուայ յաջող դերասանական փորձ ունենալով, Օտրի հազուադէպ կը նկարահանուէր: Մել Ֆերերի հետ ամուսնալուծուելէն ետք ան ամուսնացաւ իտալացի հոգեբան Անտրէա Տօթթիի հետ, եւ աշխարհ բերաւ իր երկրորդ որդին, ծանր յղիութենէ յետոյ, որ կը բացառէր նկարահանումները: Տօթթիէն բաժանուելէն ետք ան փորձեց վերադառնալ սինեմաշխարհ, 1976 թուականին նկարահանուելով Շոն Քոննըրիի հետ «Ռոպինը եւ Մարիանը» շարժանկարին մէջ, որ մեծ յաջողութիւն չունեցաւ: Զարմանալիօրէն ան հրաժարեցաւ թատերապարի պարուհիի խոստումնալից դերէն «Շրջադարձային կէտ» շարժանկարին մէջ:

Հետագային Օտրին սինեմաշխարհ վերադառնալու եւս քանի մը անյաջող փորձ կատարեց, որոնցմէ վերջինը 1988 թուական Սթիվըն Սփիլպըրքի «Միշտ» շարժանկարին մէջ հրեշտակի դերակատարումն էր:

Աշխատանքը Իւնիսեֆի մէջ Խմբագրել

 
Օտրի Հեփպըրն եւ Ռոնալտ Ռեյկըն

Օտրիի վերջին դերէն ժամանակ մը ետք ան նշանակուեցաւ ՄԱԿ–ի Մանկական Հիմնադրամի (ԻՒՆԻՍԵՖ) յատուկ դեսպան: Պատերազմի դաժան տարիներէն շնորհակալութեան զգացում տածելով այս կազմակերպութեան նկատմամբ, ան կ'աշխատէր այս հիմնադրամի հետ դեռ 50-ականներէն, բայց 80-ականներու վերջաւորութեան ան իր ողջ ժամանակը նուիրեց այս աշխատանքին, մինչեւ իր կեանքի վերջը: Այդ տարիներուն հիմնադրամի ծրագիրներու շրջանակին մէջ ան այցելեց տարբեր երկիրներ՝ Ափրիկէի եւ հարաւային Ասիոյ մէջ։ Ան աշխատեցաւ այս երկրներուն մէջ մինչեւ իր կեանքի վերջին ամիսները: 1992 թուականին ԱՄՆ նախագահը անոր շնորհեց ԱՄՆ-ի Նախագահական Ազատութեան շքանշանի, եւ, յետմահու` ԱՄՆ տեսաերիզ-ադեմիայի Եան Հերշոլթի անուան մարդասիրական մրցանակի:

Կեանքի աւարտը Խմբագրել

 
Օտրի Հեփպըրնի Հոլիուուտեան աստղը

1992 թուականի վերջաւորութեան ստամոքսի ցաւերու հետ կապուած հետազօտութիւններու արդիւնքով յայտնաբերուեցաւ հազուադէպ տեսակի քաղցկեղ, որ սկսած էր կոյրաղիքէն: Օտրիին վիրահատեցին Լոս Անճելըսի հիւանդանոցին մէջ, բայց քաղցկեղը շարունակեց տարածուիլ: Հուպըրթ Ճիվենշիի օգնութեամբ անոր տեղափոխեցին Զուիցերիա, ուր ան մահացաւ 20 Յունուար 1993-ին` 63 տարեկան հասակին, շրջապատուած ընտանիքի անդամներով: Անոր շիրիմը կը գտնուի է Թօլօջենազի գերազմանատան մէջ։ Իր աւագ որդին` Շոնը, իր յուշերուն մէջ կը մէջբերէ մահէն առաջ Օտրիի վերջին խօսքերը` «Ոչ, բայց ես չեմ կրնար հասկնալ․․․ ինչու է այսքան չարչարանք․․․ երեխաներուն․․․»:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Գրականութիւն Խմբագրել

  • հեփբերն-ֆերրեր (Hepburn-Ferrer) շոն (Sean) (2003)։ Օտրի Հեփբերն, Նրբագեղ Ոգի: որդու յուշերը (Audrey Hepburn, An Elegant Spirit: A Son Remembers)։ ատրիայ (Atria)։ ISBN 0671024787  (անգլերէն)
  • վեռլայ(Verlhac) պիեռ-հենրի(Pierre-Henri) (2007)։ Օտրի Հեփբերն: պատկերազարդ կենսագրութիւն (Audrey Hepburn: A Life in Pictures)։ Pavilion։ ISBN 1862057753 (անգլերէն)

Արտաքին յղումներ Խմբագրել