Ֆեռնան Քոնթանտէն

Ֆեռնան Քոնթանտէն (ֆրանսերէն՝ Fernand Joseph Désiré Contandin, 8 Մայիս 1903, Մարսիլիա - 26 Փետրուար 1971, Փարիզ[5]), մականուանեալ Ֆեռնանտէլ, ֆրանսացի դերասան, երգիծաբան, երգիչ եւ բեմադրիչ։


[[Պատկեր:|720px]]
Ծննդեան անուն ֆրանսերէն՝ Fernand Joseph Désiré Contandin
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Fernandel
Ծնած է 8 Մայիս 1903
Ծննդավայր Մարսիլիա
Մահացած է 26 Փետրուար 1971 (67 տարեկանին)
Մահուան վայր Փարիզի 16-րդ շրջան, Փարիզ, Փարիզի շրջան[1][2]
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա
Ազգութիւն Ֆրանսա Ֆրանսա
Կրօնք Կաթոլիկութիւն
Մասնագիտութիւն Դերասան, երգիծաբան, երգիչ եւ բեմադրիչ
Աշխատավայր Q99194988?
Banque nationale de crédit?[3]
Անդամութիւն 93e régiment d'artillerie de montagne?[4]
Ամուսին Էնրիէթ Ֆելիսի Մանս
Ծնողներ Հայր՝ Տընի Քոնթանտէն, մայր՝ Տէզիրէ Պէտուէն
Երեխաներ Ժոզէթ, Ժանին եւ Ֆրանք
Կայքէջ fernandel.online.fr(ֆր.)

Երգասրահներէն կտրուկ իր վերելքը կատարած՝ ան դարձաւ ֆրանսական շարժարուեստի խոշորագոյն աստղը, որու վրայ սեւեռուած էին աւելի քան 200 միլիոն դիտողի նայուածքները։

Ան կը խորհրդանշէ ֆրանսական շարժարուեստը նախքան Բ.Աշխարհամարտը եւ անկէ ետք, իր դերակատարութեամբ երիզները դարձած են դասական ինչպէս Լը Շփունց, Կարմիր Իջեւանատունը, Ալի Պապա եւ Քառասուն Աւազակները, Կարագով Խոհարարութիւն։ Իր կերտած Տոն Քամիլլօ աբեղային կերպարը կը նոյնանայ իր անձին հետ։ Զուարճամիտ դերերու կողքին ստանձնած է նաեւ աւելի սրտայոյզները, ինչպէս Նայիս, Կովը եւ Բանտարկեալը, եւ Երանի՜ Ուլիսին։

Սիրուած երգիչ՝ Ֆեռնանտէլ ձայնագրած է բազմաթիւ նուագասալեր։

Իր համբաւը զօրավար տը Կօլին 1968-ին վկայել կու տայ, որ Ֆեռնանտէլ ամէնէն ճանչցուած ֆրանսացին է իրմէ ետք։ Երգիծաբան Մարսէլ Փանըօլ իր կարգին զինք կը սեպէ դարուն ամէնէն խոշոր եւ սխրալի դերասաններէն, որ միայն Չարլի Չափլինին կրնայ բաղդատուիլ։

Կենսագրական Խմբագրել

Երիտասարդութիւն Խմբագրել

Ֆեռնան Ժոզէֆ Տեզիրէ Քոնթանտէն ծնած է Մարսիլիա։ Հայրը՝ Տընի Քոնթանտէն տոմարակալ եղած է սակայն ատոր զուգահեռ երգիծաբան երգիչ։ Մայրը՝ Տէզիրէ Պէտուէն, եղած է նոյնպէս սիրող դերասանուհի։

Ծնողքն է որ կանուխէն յայտնաբերած էին զաւկին դերասանական շնորհը։

Շուտով պատանի Ֆեռնանը դեռատի երգիչներու մրցոյթին առաջին մրցանակը կը շահի։

Վարժարանէն ելած՝ խոնարհ եւ առաւել դիպուածաւ գտած գործերու գլուխը կ'անցնի՝ ոչ մէկ տեղ տեւապէս մնալով եւ յաճախակի ճամբուելով։

Բացառութիւնը կը կազմէ օճառի գործատունը, ուր ինք կը պաշտօնավարէ մինչեւ 1925, երբ զինուորութեան կը կոչուի։ Զինուորութիւնը դժուարութիւն չի ստեղծեր իրեն համար, քանի որ ծառայութեան իր վայրը Մարսիլիա ըլլալով՝ Ֆեռնանտէլ ամէն գիշեր տունը կը դառնայ։ Զինուորութեան անմիջապէս ետքն է, որ կը ստորագրէ առաջին իր պայմանագրութիւնը իբրեւ երգիչ։ Իր անդրանիկ ելոյթը 1927-ին կը կատարէ, Պորտոյի մէջ։

Փարիզեան Տարիները Խմբագրել

1928-ի վերջաւորութեան Ֆեռնանտէլ առաջին իր ելոյթները կ'ունենայ Փարիզի մէջ։ Անոնցմէ մէկը, որ նաեւ խօսք ու զրոյցէն եւ պարէն կազմուած է, կը հիացնէ բեմադրիչ Մարք Ալէկրէ, որ Ֆեռնանտէլին դեր մը կ'առաջարկէ Սաշա Կիթրիի հետ մէկտեղ ստեղծելիք Ճերմակը եւ Սեւը շարժապատկերին մէջ։

1930-ին է որ Ֆեռնանտէլ կը նետուի շարժարուեստի ասպարէզը։

1932-ին աւելի կարեւոր դեր մը կը ստանձնէ Տիկին Հիւսոնի Վարդաստան երիզին մէջ, որ բեմադրուած է Կի տը Մօփասանի նորավէպի մը հիման վրայ։

Շարժապատկերները Խմբագրել

Շարժապատկերի դերասանի իր փառքը կը շողայ մանաւանդ Մարսէլ Փանըօլի երիզներու մէջ. Անժէլ (1934), Վերանուաճում (1937), Լը Շփունց (1938), Ջրհօր Փորողի Աղջիկը (1940), աւելի ուշ՝ Թոփազը (1951).

Շարժապատկերի շլացնող յաջողութիւնը արգելք չի յարուցաներ երգիչի իր գործունէութեան։ Ֆեռնանտէլ կը մասնակցի երաժշտական բազմաթիւ կատակերգութեանց, որոնցմէ շատերը շարժապատկերի վերածուած էին այնուհետեւ։

 
Օրէնքը օրէնք է (շարժապատկերէն տեսարան մը)

1937-ին կը հրապարակէ առաջին իր յուշագրութիւններն ու թերթօնները, զորս տպագրող համայնավար օրաթերթ «Ce soir» ձեռքէ ձեռք կը խլուէր։

1939 զօրակոչի կ'ենթարկուի Գերմանիոյ դէմ հռչակուած պատերազմին պատճառով եւ զինուորութիւնը Մարսիլիոյ մէջ կը կատարէ։ Շուտով սակայն կ'արձակուի, երբ կը ստորագրուի զինադադարը։

Այդ միջոցին է, որ կը ձայնագրէ հռչակաւոր դարձած հայրենասիրական իր Ֆրանսին երգը, որ մարտահրաւէր կը նետէ գերման քարոզչութեան։ 1940-ականներուն նկարահանուած իր շարժապատկերները, որոնցմէ երկուքը՝ Սեմփլէ (1942) եւ Ատրիէն (1943) Ֆեռնանտէլ անձամբ կը բեմադրէ, անըմբռնելիօրէն մաս կը կազմեն «Continental-Films» ընկերութեան արտադրութեան, ընկերութիւն մը, որ գերման ներդրումներով կը սնանի։

Ինչպէս Գրաւումի շրջանի կարգ մը արուեստագէտները ելոյթ կ'ունենայ թէ՛ ազատ, թէ՛ գերման բանակի գրաւած շրջաններու մէջ։

Տոն Քամիլլօ Խմբագրել

1950-ականներուն Ֆեռնանտէլի աստղը կրկին կը շողայ Կարմիր Իջեւանատունը (1951) եւ Ալի Պապա եւ Քառասուն Աւազակները (1954), ինչպէս նաեւ Կովը եւ Բանտարկեալը երիզներու մէջ։ Վերջինս բեմադրուած է հայազգի Անրի Վերնոյի ձեռքով 1959-ին։

Սաշա Կիթրիի գործի մը վրայ հիմնուած Ատեմար կամ Բախտի Խաղալիք շարժապատկերը /1951/ կը բեմադրէ Ֆեռնանտէլ անձամբ։

Սակայն իր փառքին պսակը կը մնայ Տոն Քամիլլօ հատուածաշարը՝ Ճովանինօ Կուարեսքիի վիպակերէն ներշնչուած։ Իտալական փոքր գիւղին քահանային եւ համայնավար գիւղապետին արտաքնապէս քօղարկուած, սակայն ներքուստ՝ կատաղի մրցակցութիւնը դիտողներու ուշադրութիւնը կը սեւեռէ Պաղ պատերազմի այդ տարիներուն։

Հատուածաշարը վեց երիզէ բաղկացած է. Տոն Քամիլլոյի Պզտիկ Աշխարհը (1951), Տոն Քամիլլոյի Վերադարձը (1953), Տոն Քամիլլոյի Մեծ Կռիւը (1955), Տոն Քամիլլօ Եպիսկոպոս (1961), Տոն Քամիլլօ Ռուսիոյ մէջ (1965) եւ վերջապէս Տոն Քամիլլօ եւ Մրցակիցները, որ 1970-ին սկսած՝ Ֆեռնանտէլ չ'ամբողջացներ վերահաս խլիրդին պատճառաւ[6]։

1953-ին երբ դերասանը իր դստեր Ժանինի հետ Հռոմ կը գտնուի, Պիոս Է Պապը կը հրաւիրէ զիրենք՝ փափաքելով ճանչնալ «քրիստոնեայ աշխարհի՝ Պապէն ետք ամենէն ճանչցուած հոգեւորականին հետ»։ Ֆեռնանտէլի մոմէ արձանը հոգեւորականի սքեմով զետեղուած է Փարիզի Կրեւէն թանգարանի մէջ։

Ֆեռնանտէլի ձայնագրած Ալֆոնս Տօտէի երկերը նոյնպէս գնահատանք կը գտնեն Ֆրանսայի մէջ։

1963-ին Ժան Կապէնի հետ կը հիմնէ Կաֆեր արտադրիչ ընկերութիւնը, որու անունը կազմուած է երկուքին անունի վանկերէն։ Ընկերութեան անդրանիկ արտադրանքը կ'ըլլայ «Ժիլ Կրանժէի ապերախտ տարիքը» երիզը

Վախճանը Խմբագրել

 
Ֆեռնանտէլի դամբարանը, Փասիի գերեզմանոց

Ֆեռնանտէլ կը տառապէր խլիրդէ, սակայն ընտանիքը գաղտնի կը պահէր իր վիճակը մինչեւ վերջ։ Փետրուար 26 1971-ին հիւանդութենէն այլեւս սպառած դերասանը կը մահուան ամբողջովին մարմարաշէն իր յարկաբաժինի մէջ որ կը գտնուի 44 avenue Foch Փարիզի 19րդ թաղամասին մէջ։ Կը թաղուի Փասիի գերեզմանոցը[7]։

Անձնական կեանքը Խմբագրել

Ֆեռնանտէլ երկու եղբայր ունեցած է. Օկիւստ-Մարսէլ, իրմէ 6 տարի երէց, որու հետ կը գործակցէր յետագային եւ Ֆրանսիս, 11 տարի իրմէ կրտսեր, ինչպէս նաեւ քոյր մը։

1925-ին՝ 22 տարու կ'ամուսնանայ Էնրիէթ Ֆելիսի Մանսի հետ (1902-1984), որ իր բարեկամ Ժան Մանսի քոյրն էր[7]։ Ամոլը երեք զաւակ կ'ունենայ. Ժոզէթ, Ժանին եւ Ֆրանք։

Ֆեռնանտէլ կեղծանունին հեղինակը զոքանչն է, որ զինք այդպէս կոչած է Fernand d'elle «իր Ֆեռնան» ըսել է[8][9]։ Կարելի է սակայն, որ Ֆեռնանտէլ փրովանսերէնով պզտիկ Ֆեռնան ըսել է։

Մակերեսային մամուլը որ ծանօթ անձերու անձնական կեանքը պեղելու հետամուտ է, երբեք չէ յաջողած որ եւ է գայթակղութիւն յայտնաբերել Ֆեռնանտէլին կապուած։ Ժան Կապէն իր կարգին ալ կը վկայէ դերասանին ազնուութիւնն ու շիտակութիւնը թէ՛ գործերու, թէ բարեկամութեան մէջ։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել