Ֆրանսախօսութիւն

Ֆրանսախօսութիւն (ֆր.՝ La Francophonie), միջազգային կազմակերպութիւն, ֆրանսախօս երկիրներու համագործակցութիւն։ Կը միաւորէ 58 անդամներ՝ երկիրներ կամ երկիրներու մասեր։ Կազմակերպութեան մաս կը կազմեն նաեւ 26 դիտորդ անդամներ։ Երկրին մէջ ֆրանսերէն լեզուին տիրապետելու մակարդակը եւ Ֆրանսայի հետ ձեւաւորուած մշակութային կապերը կազմակերպութեան անդամագրուելու նախապայման չեն հանդիսանար: Ներկայի իր կարգավիճակով Ֆրանսախօսութեան կազմակերպութիւնը կը գործէ 1970-էն սկսեալ։ Կազմակերպութեան կարգախօսն է «Հաւասարութիւն, փոխլրացում, համերաշխութիւն» (ֆր.՝ «égalité, complémentarité, solidarité»):

Քարտէսը ցոյց կու տայ Ֆրանսախօսութեան Միջազգային Կազմակերպութեան անդամ երկիրները (կապոյտ եւ կանաչ)

Անուն Խմբագրել

Ֆրանսախօսութիւն, Ֆրանսախօս եւ Ֆրանսախօս տարածք, շարութային արտայայտութիւններ են, որոնք երբեմն սխալ կը հասկցուին: Անոնք կրնան հոմանիշներ ըլլալ, սակայն շատ պարագաներու կը լրացնեն զիրար:

  • "francophonie" (ֆրանսախօսութիւն), փոքրատառ "f", կը վերաբերի բնակչութեան եւ մարդոց, որոնք ֆրանսերէն կը խօսին իրենց առօրեայ կեանքին մէջ[1]։
  • "Francophonie" (Ֆրանսախօս), մեծատառ "F", կը վերաբերի կառավարութիւններու, կառավարական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու կամ ղեկավար պաշտօնեաներու, որոնք իրենց աշխատանքին մէջ կ՛օգտագործեն ֆրանսերէն[1]։
  • "Francophone space", "Francosphere" (Ֆրանսախօս տարածք), կը ներկայացնէ ոչ միայն լեզուական կամ աշխարհագրական իրականութիւն, այլեւ մշակութային ամբողջութիւն, օրինակ`կը նկարագրէ անհատ, որ կը նոյնականացուի ֆրանսախօս մշակոյթներէն մէկու հետ՝ սլաւոններ, լատիներէն, գաղթողներ, Հիւսիսային Ամերիկա կամ Ովկիանիա[2][3]:

Տես նաեւ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. 1,0 1,1 «Qu’est-ce que la Francophonie ? - Organisation internationale de la Francophonie»։ www.francophonie.org։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-12-05-ին։ արտագրուած է՝ 2018-10-11 
  2. «Données et statistiques sur la langue française - Organisation internationale de la Francophonie»։ www.francophonie.org։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-03-23-ին։ արտագրուած է՝ 2018-10-11 
  3. L'année francophone internationale, Québec, ACCT, 1994