1821 թուական, ոչ նահանջ տարի, 19րդ դարու 21րդ տարին

Դէպքեր Խմբագրել

  • 21 Մարտ՝ 1821-ի սկիզբ Յունաստանի Յեղափոխութեան: Յոյն ապստամբները կը գրաւեն Քալավրիթա աւանը (Պեղոպոնեզ)։
  • 23 Մարտ՝ 1821-ի Յունաստանի Յեղափոխութիւն: Քալամաթա քաղաքին ազատագրում (Պեղոպոնեզ)։
  • 25 Մարտ՝ 1821-ի Յունաստանի Յեղափոխութեան ծագման աւանդական թուական։ Պաշտօնապէս ճանչցուած իբրեւ օսմանեան կայսրութեան դէմ Յունաստանի ապստամբութեան ծագման օր։
  • 27 Մարտ՝ 1821․ Յոյները կը յաղթեն օսմանցիներուն Քարիթենա կռիւին (Պեղոպոնեզ)։
  • 3 Ապրիլ՝ 1821․ Սփեցես կզղիին բնակիչները կ՛ապստամբին։
  • 10 Ապրիլ՝ 1821․ Յոյներու ապստամբութեան դէմ օսմանցիները կը հակադարձեն։ Կախաղանով մահապատիժի կ՛ենթարկեն․ Պոլսոյ մէջ Տիեզերական Պատրիարք՝ Ղրիղորիոս Ե․ եւ յաջորդաաբար՝ Նիքոմիտիոյ Աթանասիոս, Եփեսոսի Տիոնիսիոս եւ Աղիալուի Էվղենիոս առաջնորդները։ Էգէական Ծովուն արեւելեան կողմը գտնուող Փսարա կղզին ապստամբութեան դրօշ կը բարձրացնէ։
  • 24 Յունիս՝ օսմանցիները Կրետէ կղզիին մայրաքաղաք Իրաքլիոյի բնակչութեան ջարդը կը ձեռնարկեն
  • 28 Յուլիս՝ 1821․ Փերուն իր անկախութիւնը կը յայտարարէ։
  • 15 Սեպտեմբեր՝ 1821․ Կուաթեմալա, Էլ Սալվատոր, Հոնտուրաս, Նիքարակուա եւ Քոսթա Րիքա երկիրները կը ձերբազատուին Սպանիոյ լուծէն եւ իրենց անկախութիւնը կը հռչակեն։
  • 27 Սեպտեմբեր՝ 1821․ Մեքսիքօն իր անկախութիւնը կը հռչակէ։

Ծնունդներ Խմբագրել

  Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1821 ծնունդներ

Մահեր Խմբագրել

  Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1821 մահեր

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել