Բանաստեղծներ եւ գրագէտներ բազմաթիւ անգամներ արտայայտուած են «օ» տառին մասին: Անշուշտ այս տառին մասին ուրիշ բաներ եւս գրուած են: «Օ» տառը 1922 -ին (իբրեւ անպէտ տառ) արեւելահայերէնի այբուբենէն դուրս դրուեցաւ: Օ-ն այդպէս վտարանդի մնաց մինչեւ 1940, ապա վերադարձաւ՝ իր երբեմնի կիրարկութիւններէն զգալիօրէն մերկացած:

Բայց անոր ծնունդէն սկսինք:

Գրեթէ ամէն արեւմտահայ գիտէ, թէ Օ-ն գրաբարեան «աւ» տառակապակցութեան ծնունդն է, սակայն շատ քիչեր գիտեն, թէ ճիշդ ո՛ր աւ-ի ծնունդն է, քանի որ արդի հայերէնի մէջ գրաբարէն եկող ու «աւ» բովանդակող բազմաթիւ բառեր ունինք, օրինակ՝ իրաւ, հաւան, հաւաք, հաւատ, հաւ, նաւ, կաւ, բաւ, դաւ, մանաւանդ, արգաւանդ, աւանդ, սակաւ, այլեւ շատ ու շատ ուրիշներ, որոնք իրենց աւ-ը օ-ի չեն վերածած: Ինչպէ՞ս նման կիսկատար հնչիւնափոխութիւն կրնար յառաջանալ, որով որոշ աւ-եր «օ» դառնային, իսկ շատ ուրիշներ անփոփոխ մնային:

Այսպէս է, քանի որ միայն բաղաձայնանախորդ աւ-ը «օ» հնչիւնի վերածուած է, այսինքն՝ այնպիսիները, որոնց բաղաձայն մը յաջորդած է կամ որոնք բաղաձայնէ մը առաջ գտնուած են. օրինակ՝ աւրաւր- օրօր, արաւտ- արօտ, ամաւթ- ամօթ, աւրէնք-օրէնք, հաւտ- հօտ, հաւր- հօր, կարաւտ- կարօտ, մաւտ- մօտ, նարաւտ- նարօտ, արդեաւք- արդեօք, փառաւք- փառօք, իրաւք- իրօք եւլն. այս դիրքերուն վրայ աւ-ը երկբարբառային էր եւ «աու» կ'արտասանուէր, ահա այս աու-ն է, որ սկսաւ կամաց-կամաց «օ» արտասանուիլ: Աւ>աու>օ հնչիւնափոխութենէն խուսափած են ընդամէնը երկու բառեր աղաւնի եւ նաւթ, որոնք իրենց երկար պատմութիւնը ունին, որ այս յօդուածի ծիրէն ներս շատ շահեկան չեն: Իսկ հոն ուր աւ-ին ձայնաւոր մը կը յաջորդէ կամ բառը աւ-ով կը վերջանայ, ինչպէս վերը բերուած առաջին խումբի բառերն են, ապա այդ դիրքերուն վրայ աւ-ը կ'արտասանուի ավ եւ ուրեմն երկբարբառային չէր, այսպիսիները անփոփոխ մնացած են՝ առանց «օ» արտասանութեան հասնելու: Առաւաւտ բառը այս երկու ելոյթները շատ լաւ կը ցոլացնէ. առաջին աւ-ը անփոփոխ մնացած է, որովհետեւ իրեն ձայնաւոր մը կը յաջորդէ, իսկ երկրորդ աւ-ը Օ դարձած է, քանի իրեն բաղաձայն մը կը յաջորդէ, որով ստացուած է առաւօտ:

Այս հանգրուանին՝ հետեւեալ երկու կանոնները բանաձեւենք, քանի որ Օ-ն միմիայն բաղաձայնէ մը առաջ ծնունդ կրնար առնել, հետեւաբար՝

ա) Օ տառին որեւէ ձայնաւոր չի կրնար յաջորդել,

բ) Օ-ով հայերէն բառ չի կրնար վերջանալ, իրեն անհրաժեշտօրէն պէտք է յաջորդէ բաղաձայն մը:

Այս երկու կանոնները ծնունդ կ'առնեն Օ-ին էութենէն եւ որեւէ կամայականութեան ենթակայ չեն կրնար ըլլալ, բացի օրինազանցութենէ: Ուրիշ ամէն «կանոն» կեղծ ու պատիր է, որ արդի հայը կը բանաձեւէ բառավերջի Օ-ին անունով: Այդպիսի Օ ըստ օրինի չի կրնար գոյութիւն ունենալ:

***

Միջնադարեան բարենորոգիչներն ու մատենագիրները այս «աւ» երկբարբառին «օ» արտասանութիւնը արձանագրելու կամ արտայայտելու համար բաւական զառածեցան:

Քանի որ մեսրոպեան Ո տառը նոյնութեամբ կը նշէ յունալատինական «օ» հնչիւնը, անոնց հակումը եղաւ «օ» արտասանուող աւ-ը փոխարինել Ո-ով: Ո-ին կողքին, ուրիշներ աւ երկբարբառը փոխարինեցին ∞ նշանով եւս, որ ոմանք այս նշանը կը դնէին ուղղակի աւ-ին վրայ՝ առանց ջնջելու զայն, որով կը հասկցուէր, թէ աւ-ը պէտք արտասանել «օ»:

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, Պէյրութ, 2014, Էջ 9-10