Ստեփանոս Տարօնեցի Ասողիկ

Ստեփանոս Ասողիկ, յայտնի է նաեւ որպէս Ստեփանոս Տարոնեցի, 11-րդ դարու հայ պատմիչ։ Սարգիս կաթողիկոսի հրամանով գրած է Տիեզերական պատմութիւն երկը, որ բաղկացած է երեք գիրքերէ:

Առաջին երկու գիրքերուն մէջ կը ներկայացնէ Հայաստանի պատմութիւնը աշխարհի պատմութեան մէջ՝ սկսած հին ժամանակներէն մինչեւ 9-րդ դարու կէսերը։ Օգտուած է հայ եւ օտար աղբիւրներէ՝ Աստուածաշունչէն, Եվսեբիոս Կեսարացի, Մովսես Խորենացիի գործերէն, եւ այլն։ Նաեւ արժէքաւոր է «Տիեզերական պատմութեան» երրորդ գիրքը, ուր ներկայացուած են 885-1004 թուականներու

պատմական անցքերը։ Յայտնի է նաեւ որպէս աշխարհագրագետ։

Գործեր եւ թարգմանութիւններ

Խմբագրել

Գրականութիւն

Խմբագրել