Ստեփան Միսքճեան

Սետփան Միսքճեան (1850/1852, Կոստանդնուպոլիս - 5 Օգոստոս 1915), հայ բժիշկ։

Սետփան Միսքճեան
Ծննդավայր Կ.Պոլիս
Մահացած է 5 Օգոստոս 1915(1915-08-05)
Մահուան վայր Անգարա, Անգարայի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Կրթութիւն Կ. Պոլ­սոյ Օս­մա­նեան կայ­սե­րա­կան բժշկա­կան վար­ժա­րա­ն
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ծնած է 1850/1852 թուականին, Կոստանդնուպոլ­սում` հայ կա­թո­լիկ ընտա­նի­քի մէջ։ Դե­ղա­գործ Գրի­գոր Միսք­ճեա­նի եղ­բայրն է։

Նախ­նա­կան կրթու­թիւնն ստա­ցած է Կ. Պոլ­սոյ Մի­ջա­գիւղ թա­ղա­մա­սի վար­ժա­րա­նէն ներս։ 1878 թուականին աւար­տած է Կ. Պոլ­սոյ Օս­մա­նեան կայ­սե­րա­կան բժշկա­կան վար­ժա­րա­նը եւ ստա­ցած է բժշկական վկա­յա­կան։ Մաս­նա­գի­տա­ցած է ման­կա­բար­ձու­թեան եւ վի­րա­բու­ժու­թեան գիծով։ 1880-89 թթ., որպէս՝ դայեակ (ծննդաբեր կիներու բժիշկ), վի­րա­բոյժ, գլխա­ւոր բժիշկի տե­ղա­կալ աշ­խա­տած է սուրբ Փրկիչ հայոց ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ։ Բնակ­ած է Կ. Պոլ­սոյ Մի­ջա­գիւղ թա­ղա­մա­սին մէջ։ Եղած է Մի­ջա­գիւ­ղի կա­թո­լիկ եկե­ղե­ցւոյ թա­ղա­կան խորհուր­դի ան­դամ։

Եղած է բժշկա­կան եւ կրթա­կան եռան­դուն գոր­ծիչ։ 1915 թուականի Ապ­րի­լին, եղ­բօր` դեղագործ Գրիգորի հետ, ձերբակալուած եւ բանտարկուած է Կ. Պոլսոյ կեդրոնական բանտին մէջ, ապա՝ աքսորուած Չանղըրը։ Անունը փորագրուած է Չանղըրըի բանտին մէջ հաւաքուած համրիչի՝ 99 հատիկներէն 6-րդին վրայ։ 1915 թուականի Օգոս­տո­ս 5-ին Կ. Պոլսոկ Օրթագիւղ թաղամասէն դարձեալ աքսորուած է։ Գոնիայէն 2 ժամ հեռաւորութեան վրայ գտնուող վայրի մը մէջ, Անգարայի մօտ, սրախողխողի ենթարկուած է բժիշկ եղբօր՝ Գրիգորին հետ, 64 տարեկան հասակին։ Երուանդ Օտեան անոր անունը յիշատակած է՝ Օգոստոսի 5-ին ձերբակալուածներու մէջ։

1921 թուականի ընթացքին Կ. Պոլսոյ «Ճա­կա­տա­մարտ» թերթի մի քանի թիւերուն մէջ հարազատները յայտարարութիւններ տպագրած են, զինք գտնելու յոյսով, որովհետեւ անոնց համար մութ մնացած է բժշկի ողբերգական ճակատագիրը։ Անոր անունը ընդրկուած է նաեւ Արշակ Ալպօյաճեանի 303 նահատակներու անուանացանկին մէջ։

Գրականութիւն Խմբագրել

  • Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Կ. Պոլիս, 1919։
  • Կը փնտռուին, «Ճա­կա­տա­մարտ», Կ. Պոլիս, 05-011921, ապա Մայիս, Յունիս, Սեպտեմբեր, Նոյեմբեր։
  • Պալաքեան Գրիգորիս ծ. վրդ., Հայ գողգոթան, Վի­են­նա, 1922։
  • Ազգային հիւանդանոցի մէջ պաշտօնավարած բժիշկները, Ընդարձակ տարեգիրք Ազգային հիւանդանոցի, Սթանպուլ, 1939։
  • Կարոյեան Գասպար, Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատգամները), Պոսթըն, 1957։
  • Շամտանճեան Մ., Հայ մտքին հարկը Եղեռնին, Ան­թի­լի­աս, 1965։
  • Թէոդիկ, Յուշարձան նահատակ մտաւորականութեան, Բ. տպագրութիւն, Երե­ւան, Ապրիլ 24, 1985։
  • Պալաքեան Գրիգորիս ծ. վրդ., Հայ գողգոթան, Երեւան, 1991։
  • Յարման Արսէն, Հայերը Օս­մա­նեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի (թուրքերէն), Սթամպուլ, 2001։
  • Աւագեան Կարինէ, Եղեռնայուշ մասունք կամ խոստովանողք եւ վկայք խաչի, Երեւան, 2002։
  • Աւագեան Կարինէ, «Չան­ղը­րըի 1915 թ. ապ­րի­լի 11, Յի­շա­տակ»… Թանգարանային ցուցանմոյշը, «Հան­դէս Ամ­սօ­րե­այ», 2008, հ. 1-12
  • Միրտանօղլու Զաքարիա, Կը փնտռուին, «Ակօս», Սթամպուլ, 23-04-2010

Աղբիւրներ Խմբագրել

Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։