Վալանթին Մազլում

Վալանթին Մազլում (1914 կամ 1913[1], Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 2000[1], Պոլիս, Թուրքիա), դաշնակահար։

Վալանթին Մազլում

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Նախակրթութիւնը Պէզազեան վարժարանին մէջ ստանալէ ետք, երկրորդական ուսումը շարունակած է ֆրանսական վարժարանին մէջ։ Ապա անցած է Փարիզ՝ կատարելագործելու համար իր երաժշտական ուսումը։ Միաժամանակ հետեւած է Սորպոնի համալսարանի գրականութեան դասընթացքներուն։ Աւարտած է «École Normale de Musique»ը եւ ստացած ուսուցման լիսանս։

1939-ին վերադարձած է Իսթանպուլ։ Փարիզի եւ Իսթանպուլի մէջ մասնակցած է երաժշտական ձեռնարկներու եւ տուած է համերգներ, եւ մասնակցած՝ հեռատեսիլի յայտագիրներու։

1952էն ի վեր նուիրուած է երաժշտական ուսուցման։ Երաժշտական գործունէութեան կողքին, ան զբաղած է նաեւ գրականութեամբ։ Իր արձակ գրութիւններով աշխատակցած է «Քուլիս» ամսաթերթին: Գրութիւններէն մաս մը ամփոփուած է Երազի Նման... խորագրեալ գրքոյկի մը մէջ։ Իր ջանքերով եւ Երուանդ Կոպէլեանի խմբագրութեամբ 1995-ին լոյս տեսան իր քրոջ, ողբացեալ նկարչուհի-գրագիտուհի՝ Ֆիմի Մազլումի արձակ էջերը՝ Բանախօսութիւններ եւ թարգմանածոյ աշխատասիրութիւնները՝ «Անձեր Եւ Անցքերը»։

Իր հրատարակած գործերէն՝ «Երազի Նման...» (արձակ էջեր), Իսթանպուլ, 1993[2]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 1,2 Identifiants et RéférentielsABES, 2011.
  2. Կարօ Աբրահամեան, Ժամանակակակից իսթանպուլահայ գրողներ, հ. Ա (խմբ. Պէպօ Սիմոնեան), Անթիլիաս, «Տպարան Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ», 2004։