Վարդենի Մոստիչեան

Վարդենի Մոստիչեան (անգլերէն՝ Varteni Mosdichian, 24 Յունիս 1953, Իսթանպուլ), ամերիկահայ նկարչուհի։

Վարդենի Մոստիչեան
Ծնած է 24 Յունուար 1953(1953-01-24) (71 տարեկան)
Ծննդավայր Պոլիս, Թուրքիա
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր Գալիֆորնիայի Արուեստի Համալսարանին
Կեդրոնական Ֆլորիտայի Համալսարան
Մասնագիտութիւն նկարչուհի
Կայքէջ varteni.com

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Վարդենի Մոստիչեանը ծնած է Սթանպուլի մէջ, Մանուկ Մոստիչեանի եւ Զեփիւռ Էլմայեանի ընտանիքին մէջ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Սթանպուլի մէջ։ 1969 թուականին տեղափոխուած է ԱՄՆ: Սորված է Գալիֆորնիայի Արուեստի Համալսարանին մէջ, եւ Կեդրոնական Ֆլորիտայի Համալսարանէն ստացած է արուեստի պաքալորիայի աստիճան։

Շուրջ 500 կտաւներու հեղինակ է։ 1974 թուականէն ԱՄՆ-ի մէջ մասնակցած է ցուցահանդէսներու, ցուցադրուած է նաեւ Գերմանիայի, Սպանիայի եւ Ֆրանսայի մէջ։[1]: 1979 թուականին ցուցադրուած է Երեւանի Ժամանակակից Արուեստի Թանգարանին մէջ։ Ունեցած է անհատական ցուցահանդէսներ Պոսթընի, Ֆիլատելֆիոյ, Սթանպուլի, Ուոթըրթաունի, Փարիզի եւ Քէմպրիճի մէջ։ Ամերիկայի Հայկական Թանգարանին մէջ բացուած է անոր «գիւղացիները հողին դէմ յանդիման» անհատական ցուցահանդէսը[2]: Ցուցադրուած կտաւներուն մէջ արտայայտուած է հայ ժողովուրդի ողբերգական անցեալը։

Վարդենին համարձակ վրձնահարուածներով կը կիրառէ վառ գոյներու յանդուգն համադրութիւն։ Վարդենիին համար գոյնը այն հիմնական միջոցն է, որով ան կը հասնի ինքնարտայայտման։ Կը ստեղծագործէ արուեստի վերացական ուղղութեամբ։ Անոր գործերուն մէջ գերակշիռ տեղ կը գրաւէ հայկական նիւթը։ Վարդենիի կտաւներէն նկարչուհիին յուզական աշխարհի[3] ջերմութիւնը կ'արտացոլայ:

Ստեղծագործութիւններէն կը գտնուին Երեւանի Ժամանակակից Արուեստի Թանգարանին մէջ, Ֆլորիտայի Կեդրոնական Համալսարանի գեղարուեստի քոլեճին եւ մասնաւոր հաւաքածուներու մէջ մանաւանդ[4][5][6]:

Մէջբերումներ Վարդենի Մոստիչեանէն Խմբագրել

  Ներշնչանքի եւ ոգեղէնի աղբիւրը ինծի համար իմ սեփական պատմութիւնս է: Հին Սթանպուլի Կետիկ-Փաշա ծովափնեայ թաղամասի առօրեան, աղքատ, բայց սրտամօտ, հասարակ, բարեացկամ համայնքը, տարրական դպրոցը, ուր ստացած եմ իմ նախնական կրթութիւնս, երկար եւ ոլորապտոյտ, տեղ-տեղ աստիճաններու վերածուող հնաշունչ փողոցները. Արեւելեան Անատոլիայէն գաղթած հայ գիւղացիները, անոնց գունեղ եւ աւանդական ապրելակերպը` այս ամէնը ուժեղ եւ խոր արմատներ ձգած է իմ մէջս: Իմ պապերուն հովանաւորող ջերմութիւնը, անոնց կենսափորձը, ընտանիքին մէջ բանաստեղծներու առկայութիւնը, ծովու հանդէպ հօրս անսահման սէրը եւ մօրս ազատութեան տենչանքը, այս ամէնը արգասաւորած են իմ հոգին արուեստի աշխարհի սիրով:
- Վարդենի Մոստիչեան
 


Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Յոյզի նկարիչը` Վարդենի, «Ազգ», 29 Սեպտեմբեր 1998, #180 (1683)
  2. The Armenian Weekly, December 15, 1990
  3. Երեւան, օրաթերթ, 1991, նոյեմբեր 6
  4. Պայքար շաբաթաթերթ, 1990, հոկտեմբեր 20, էջ 7
  5. The Armenian Guardian, 1990 December
  6. The Armenian Mirror-Spectator, 2000, April 1

Արտաքին յղումներ Խմբագրել