Կաղապար:Կէտադրական նշաններ Վերջակէտը հայերէնի կետադրական նշաններէն մէկն է, որը կը դրուի աւարտուած նախադասութեան վերջը։ Այն նաեւ կը գործածուի հին վրացերէն գրութիւններու մէջ[1]:

Պատմութիւն Խմբագրել

5-9-րդ դարերու հայերէն քերականական աշխատութիւններու եւ ձեռագրերու մէջ վերջակէտն արտայայտուած է մէկ քառակուսի կամ քառանկիւնի կէտով, ինչպէս այսօր միջակէտն է։ Սակայն գործածութեան տեղով եւ մասամբ ձեւով տարբերուած է միջակէտէն։ Վերջակէտի իմաստով այն գրուած է տողէն վերեւ, իսկ միջակէտի եւ ստորակէտի իմաստով՝ տողի վրայ։ Վերջակէտը դրուած է պարզ եւ բարդ նախադասութիւններու վերջը, եւ արտայայտած խօսքի աւարտը, վերջնական դադարը, կամ ըստ հին քերականներու՝ «խորհուրդի վախճանը»։

Տասներորդ դարէն հայերէն գրութիւններու մէջ գրիչներու մեծ մասը գործածած են կրկնակէտն (։) որպէս վերջակէտ։ Այս դարէն վերջակէտը կը դրուի տողի վրայ, իսկ որոշ ձեռագրերու մէջ կը յայտնուի որպէս քառանկիւնի գիծեր։ Կրկնակէտը վերջակէտի դերին մէջ նաեւ յայտնուած է վաղ շրջանի ռուսական ձեռագրերու մէջ տասնչորրորդ դարէն։

Այժմեան երկու կէտով վերջակէտի գործածութիւնն աւելի կանոնաւոր, հաստատուն ու համատարած կը դառնայ ԺԱ-ԺԲ դարերէն սկսեալ, եւ կը շարունակուի մինչ այժմ։

Վերջակէտը կոչուած է նաեւ կէտ աւարտեալ։ Ոմն անանուն մեկնիչ եւ հետագային այլ քերականներ, այդ շարքին Վարդան Արեւելցին վերջակէտը կոչած են արքա, իսկ Ստեփանոս Սիւնեցին ութերորդ դարին այն կը համարէ խոստումն կամ վախճան։ Ձեռագրի մը մէջ այն նաեւ համարուած է վճար եւ հանգիստ բանին[1]:

Գործածութիւն Խմբագրել

Վերջակէտը հայերէնի մէջ տրոհութեան նշան է. կը դրուի աւարտուած նախադասութիւններու վերջը, եւ կ'արտայայտէ մեծ դադար[2]:

Օրինակ՝

  • Արդէն գիշեր է։ Իմ քնանալու ժամն է։
  • Մեր պարտեզին մէջ արեւածաղիկ կ'աճի։
  • Աշնան դեղին տերեւները ծառէն խոնաւ հողին վրայ կը թափին։

Վերջակէտն ամիջապէս կը յաջորդէ նախորդ բառին՝ առանց բացատի, իսկ վերջակէտէն յետոյ կը դրուի մէկ բացատ։ Վերջակէտին յաջորդող բառը (բացատէն յետոյ) կը սկսի գլխագիրով։

Եունիքոտի մէջ Խմբագրել

Վերջակէտը համակարգչային Եունիքոտ ստանդարտին մէջ կը ներկայացուի U+0589 նիշով։

Ուինտոուզի լռելեայն հայերէնի դասաւորութեան խնդիրներէն մէկն է այն, որ վերջակէտն արտահայտող Եունիքոտի U+0589 նիշի փոխարեն գործածուած է անգլերէն երկուկէտն արտայայտող U+003A նիշը։ Թէեւ երկու նիշերն իրարու բաւականին նման են, սակայն քոտաւորման տեսակէտէն խնդիրներ կը յառաջացնեն, քանի որ հայերէն վերջակէտը կ'արտայայտէ նախադասության աւարտն, իսկ անգլերէն երկուկետը՝ ոչ։

Աղբիւրներ Խմբագրել

  1. 1,0 1,1 Մխիթարյան, Հ.Մ. (1960)։ «Հին հայերէնի կետադրությունը»։ Պատմաբանասիրական հանդես (4): 162-178 
  2. «Հայոց Լեզվի Տրոհության նշանների ուղեցույց»։ արտագրուած է՝ 2011 թ․ հուլիսի 7 

Արտաքին յղումներ Խմբագրել