Վիգէն Տիշչէքէնեան

Վիգէն Տիշչէքէնեան (Vicken Dishgekenian, 25 Հոկտեմբեր 1968(1968-10-25), Պէյրութ, Լիբանան[1]), լիբանանահայ երգիչ, հայրենասիրական (յեղափոխական) երգերու կատարող։ Համազգայնական: Հայկական եւ արաբական վարժարաններու քիմիագիտութիւն ուսուցիչ։

Վիգէն Տիշչէքէնեան
Ծնած է 25 Հոկտեմբեր 1968
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Ազգութիւն Հայ
Ուսումնավայր Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարան
Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան
Կարողութիւն Երգիչ
Մասնագիտութիւն Քիմիագիտութեան Պսակաւոր Գիտութեանց (BS Chemistry) տիտղոս
Աշխատավայր Ուսուցիչ
Ծնողներ Լարա Աւագեան-Տիշչէքէնեան
Երեխաներ Արա եւ Լոռի

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Վիգէն Տիշչէքէնեանի հայրը՝ Գրիգոր, Պհեսնիլցի, իսկ մայրը՝ Արմէնուհի Պերթիզլեան, Մարաշցի: 1986-ին աւարտած է Պէյրութի Նազարեան եւ Յովակիմեան AGBU Վարժարանները: Համալսարանական կրթութիւնը ստացած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ (A.U.B.), արժանանալով Քիմիագիտութեան Պսակաւոր Գիտութեանց (BS Chemistry) տիտղոսին:

Աւելի քան 25 տարիէ ի վեր ուսուցչութեամբ կը զբաղի` քիմիագիտութիւն դասաւանդելով բարձր դասարաններուն, 3 վարժարաններու մէջ՝ արաբական CTI դպրոցը, հայկական Միացեալ Ազգային Վարժարան եւ Հայ Աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան High school:

Վիգէն Տիշչէքէնեան 27 Դեկտեմբեր 2003-ին պսակուած է Լարա Աւագեանի հետ եւ ունին 2 զաւակ, որոնք կը յաճախեն Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան, Պէյրութի Էշրեֆիէի շրջանը։

Երաժշտական ճանապարհը

Խմբագրել

Համալսարանի օրերէն արդէն կ'ունենայ իր նուագախումբը եւ կը մասնակցին խրախճանքներու եւ այլ ուրախ առիթներու:

1996 թուականին կ'ունենայ իր առաջին անձնական երգը՝ ազգային երգ նուիրուած ընկեր Մհեր Չուլհաճեանի յիշատակին, որ նահատակուեցաւ Արցախի մէջ: Մհերին հետ բաւական մօտ էր, որովհետեւ ան դասաւանդութեամբ կը զբաղէր Չաթալպաշեան վարժարանին մէջ։ Իր մահէն ետք, Վիգէն խորապէս ազդուած էր, եւ խնդրած էր օրիորդ Շահանդուխտէն, որ իր մօրաքոյրն է, Մհերի յիշատակին բանաստեղծութիւն մը գրէ եւ Շանթ Տիշչէքէնեանը՝ իր հօրեղբօրը տղան յօրինած է երաժշտութիւնը: Այս էր իր առաջին երգը, որ արձանագրած է Խաչիկ Մալխասեանի ձայնագրութեան տաղաւարին մէջ (studio) մէջ, որմէ ետք կ'ունենայ բաւական երգեր՝ ազգային եւ հայրենասիրական, ինչպէս նաեւ ժողովրդական եւ Էսդրատային:

Ան տարիներ հետեւած է ձայնամարզութեան Լիբանանի երաժշտանոցի conservatoire ուսուցիչներու հետ: 1997-էն մինչեւ 2000 եղած է Համազգայինի Գուսան Երգչախումբի անդամ:[1]

Իր երգերու մեծամասնութեան հեղինակն է: Աշխատած է ուրիշ հեղինակներու հետ, ինչպէս՝ օրիորդ Շահանդուխտին, Պրն. Վաչէ Պօզոյեանին, Պրն. Սարգիս Քէլ Խաչերեանին հետ, իսկ երաժշտութեան համար կարգ մը երգեր ինք յօրինած է: Աշխատած է ուրիշ երաժիշտներու հետ ալ, օրինակ՝ Շանթ Տիշչէքէնեանին, Զարեհ Քէշիշեանին, Սեդօ Պաղտասարեանին եւ Վահրամ Էմմիեանին հետ:

նախաձեռնած եւ հրապարակած ձայնասկաւառակները եւ տեսահոլովակները

Խմբագրել

վերջին 25 տարիներու ընթացքին հրապարակած է աւելի քան 10 CD եւ 12 տեսահոլովակներ: Երգերը` ազգային, սիրային, հայրենասիրական, էսդրատային եւ յեղափոխական են:

Վերջին տեսահոլովակը եղաւ 2019-ին, հայրենիքի մէջ 8 լիբանանահայ երգիչներով: Երգին խորագիրը «Հայրենիք-սփիւռք», հեղինակն է Յասմիկ Բալայեան, դաշնաւորումը Տարօն Աւետիսեանի:

  Այս երգին համար ունէինք 3 հովանաւորներ՝ Պրն. Յարութ Խաչատուրեան (ԳՈՀԱՐ), Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը եւ Մարաշի Հայրենակցական Միութիւնը: Լիբանանէն 8 երգիչներ գացինք հայրենիք Հայաստան մէկ շաբաթ, ուր կարողացանք արձանագրել երգը եւ պատրաստել սքանչելի տեսահոլովակ մը, որ կրնաք տեսնել երգը՝ (Hayrenik-spurk) վերնագրով You Tube –ի վրայ:
- Վիգէն Տիշչէքէնեան
 


Նախընտրած երգի ժանրը եւ ելոյթները

Խմբագրել

Ան իր Ելոյթներուն կը ներկայանայ տարբեր լեզուներով՝ հայերէն, արաբերէն, յունարէն, անգլերէն, իտալերէն … Ամէն տեսակի միութենական եւ անձնական ձեռնարկներու եւ եթէ պէտք ըլլայ ազգային կամ յեղափոխական երգերով կը փակեն տուեալ ելոյթին վերջին բաժինը:

Լիբանանէն դուրս ունեցած է շարք մը ելոյթներ եւ համերգներ տարբեր երկիրներու մէջ, օրինակ` Արժանթին, Պրազիլ, Ուրուկուէյ, Գանատա, Յորդանան, Եգիպտոս, Իրաք, Կիպրոս, Հայաստան, Հոլանտա, Փարիզ, Քուէյթ .. գրեթէ 80 առ հարիւրը միութենական ձեռնարկներ են, միայն 20 առ հարիւրը անձնական խրախճանքներ:

  Ամէն հայկական գաղութ ունի իր հաճելի մթնոլորտը եւ շատ զգալի է, ինչպէս բոլոր գաղութներուն մէջ, բոլոր միութիւնները կ’աշխատին հոգւով ու սրտով որ 100 առ հարիւրը յաջող անցնի իրենց ձեռնարկը:
- Վիգէն Տիշչէքէնեան
 


Հայոց ցեղասպանութեան քայլարշաւ

Խմբագրել

Հայոց ցեղասպանութեան կեդրոնական ձեռնարկին` ժողովրդային քայլարշաւին նախօրեակին, 23 Ապրիլ 2020-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Միշել Մըր»-ի անուան մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ հսկումի երեկոյ մը, կազմակերպուած` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի երիտասարդական մարմինին կողմէ: Ներկայացուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի քարոզչական մարմինին նախաձեռնութեամբ յօրինուած` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած միացեալ երգ մը` «Հոգեհանգիստ»-ը, որուն առաջին բաժինը կը պատկանի Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի, իսկ երկրորդ բաժինը` Աշոտ Բագրատունիի:

Միացեալ երգի՝ «Հոգեհանգիստ»-ը երաժշտութիւնը կը պատկանի Սեդօ Պաղտասարեանի: Երգին մեկնաբանութիւնը կատարուեցաւ Գառնիկ Սարգիսեանի, Վիգէն Տիշչեքենեանի, Կարօ Կապուտակեանի եւ Պերճ Նաքքաշեանի կողմէ: Գառնիկ Սարգիսեան երգին կատարումին ներկայ չէր, ան իր մասնակցութիւնը բերաւ նախապէս արձանագրուած ձայնով[2]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 Ռատիո ԱՅԳի հարցազրոյցը հանրածանօթ երգիչ Վիգէն Տիշչէքէնեանի հետ[permanent dead link]
  2. Լիբանանահայ Երիտասարդութիւնը Յայտարարեց Մինչեւ Վերջ Պայքարիլ Հայութեան Իրաւունքներու Վերատիրացման Վճռակամութեամբ

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել