Վիթորիա Աղանուր

Աղանուր Վիթորիա Բոմբիլի «Vittoria Aganoor», (26 Մայիս 1855(1855-05-26)[2][3][4][…], Փատուա, Աւստրիական Կայսրութիւն[5][1][6] - 8 Մայիս 1910(1910-05-08)[4][5][1][…], Հռոմ, Իտալիա[5][6]) բանաստեղծուհի,

Վիթորիա Աղանուր
Ծննդեան անուն հայ.՝ Վիտորիա Աղանուրյան[1]
Ծնած է 26 Մայիս 1855(1855-05-26)[2][3][4][…]
Ծննդավայր Փատուա, Աւստրիական Կայսրութիւն[5][1][6]
Մահացած է 8 Մայիս 1910(1910-05-08)[4][5][1][…] (54 տարեկանին)
Մահուան վայր Հռոմ, Իտալիա[5][6]
Քաղաքացիութիւն  Իտալիոյ Թագաւորութիւն
Ազգութիւն Հայ[1][6]
Երկեր/Գլխաւոր գործ Leggenda eterna?
Տեսակ բանաստեղծութիւն
Մասնագիտութիւն բանաստեղծուհի

Ծնած է Բատուա, իտալահայ Աղանուրեան վաղեմի ազգատոհմէն, որուն նախնիք Պարսկաստանի Նոր Ջուղա քաղաքէն գաղթած են Հնդկաստան եւ անկից Վենետիկ (Տե՛ս Ալիշանի «Հայ-Վենետ»ի Յառաջաբանը էջ Ժ ծանօթութիւնը), Վիթորիա ծնած է իտալիա, կրթուած հոն անտեղեակ մայրենի լեզուին, սկսաւ գրել իտալերէն լեզուով, իր հայրը Եդուարդ Աղանուր Իտալիա գաղթելով ամուսնացած է ճոզէֆինա իտալուհւոյն հետ: Ուսուցիչները եղած են երկու նշանաւոր իտալացի քերթողներ: 1875-ին երբ իր անդրանիկ քերթուածով երեւցաւ Աղանուր, յայտնութիւն մը դարձաւ: Հեղինակած է «Legenda Etcrna» քերթուածներու գոհար հատորը, զոր Հ. Արսէն Ղազիկեան Հաւիտենական գրոյց վերնագրով աշխարհաբարի թարգմանեց եւ հրատարակեց 1905-ին: 1896-ին գրաբար լեզուով թարգմանած էր արդէն «Լռութիւնը» քերթուածը. Հ. Ղազիկեանի կը պարտինք Աղանուրի բազմաթիւ քերթուածներու հայերէն թարգմանութիւնը, հրատարակուած Տարեցոյցներու եւ թերթերու մէջ:

Աղանուր իր քերթուածներուն մէջ կը յայտնէ հայուհի մը ըլլալը. Կը զգար նաեւ ճակատագրին դառնութիւնը: Ատանայի որբերուն ի նպաստ հրատարակելի Գեղունիին մէջ գործուած վայրագութեան դէմ պիտի պոռթկար, բայց վաղահաս մահը հազիւ ժամանակ տուաւ բաց քարդով մը մասնակից ըլլալու իր ազգին մեծ սուգին (Տե'ս 1910-ին հրատարակուած «Գեղունի»ն:) Աղանուրի մահը (1910) ողբաց իտալական մամուլը, իսկ ամուսինը Բոմբիլի, անձնասպան եղաւ չդիմանալով իր սիրելի կնոջ մահուան առթած ցաւին:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել