Ուուտրօ Ուիլսըն

(Վերայղուած է Վուտրօ Ուիլսոն-էն)

Ուուտրօ Թոմաս Ուիլսըն (անգլերէն՝ Woodrow Thomas Wilson, ամերիկացի քաղաքական գործիչ, ԱՄՆ 28-րդ նախագահ (1913-1921), դեմոկրատական կուսակցութենէն։ Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր (1919)։ Յայտնի է նաեւ որպէս պատմաբան եւ քաղաքագէտ: 1890-1902 թուականներուն եղեր է Փրինսթոնի համալսարանի փրոֆէսոր, իսկ 1902-1910 թուականներուն՝ նոյն համալսարանի պետ (rector)։

Վուտրօ Ուիլսըն
Thomas Woodrow Wilson
Ծննդեան անուն Woodrow Wilson
Ծնած է 28 Դեկտեմբեր 1856
Ծննդավայր Woodrow Wilson Birthplace, Սթոնթոն, Վիրճինիա, ԱՄՆ
Մահացած է 3 Փետրուար 1924(1924-02-03)[1][2][3][…] (67 տարեկանին)
Մահուան վայր Woodrow Wilson House, Ուաշինկթըն, Քոլումպիայի շրջան, ԱՄՆ
Քաղաքացիութիւն  ԱՄՆ
Ազգութիւն Սկովտիա-իրլանտական ծագումով ամերիկացիներ
Մայրենի լեզու ամերիկեան անգլերէն
Կրօնք փրեսպիթերականներ
Ուսումնավայր Դեվեդսոն քոլեջ?
Փրինսթընի Համալսարան
Ճոնս Հոփքինսի Համալսարան
Վիրջինիայի համալսարան?
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ, ակադեմիկոս եւ պետական գործիչ
Աշխատավայր Փրինսթընի Համալսարան
Ուեսլեական համալսարան?
Վիրջինիայի համալսարան?
Բրին Մոր քոլեջ?
Վարած պաշտօններ ԱՄՆ նախագահ[4], Governor of New Jersey?, president of Princeton University?, Ֆիլիփինի Ընդհանուր Կառավարիչ եւ Ընտրեալ նախագահ ԱՄՆ-ի
Անդամութիւն Ամերիկեան Փիլիսոփայական Ընկերութիւն, Արուեստներու եւ գիտութիւններու ամերիկեան կաճառ, Լինչէի Ազգային կաճառ, Ամերիկյան պատմական ասոցիացիա?, Արուեստի եւ գրականութեան ամերիկեան ակադեմիա եւ Թուրինի գիտութիւններու կաճառ[5]
Կուսակցութիւն Դեմոկրատական կուսակցութիւն
Ամուսին Էտիթ Ուիլսըն եւ Էլըն Ուիլսըն
Ծնողներ Ժօզէֆ Ռաքլզ Ուիլսըն , Janet Woodrow?
Երեխաներ Մարկըրէթ Վուտրօ Ուիլսըն, Ճեսսի Վուտրօ Ուիլսըն եւ Էլէոնօր Ուիլսըն Մաքատու
Ստորագրութիւն
Ուուտրօ Ուիլսըն 1880 թուականին

1911-1913 թուականներուն՝ Նիւ ճըրզի նահանգի նահանգապետ։

1914-1918 թուականներու առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ հանդէս եկած է (1917 թուականէն) Անտանտի կողմէն։ 1917 թուականին Միացեալ Նահանգները մտեր է Առաջին համաշխարհային պատերազմի մէջ Անտանտի կազմի մէջ։ 1918 թուականի Յունուարին առաջ քաշեր է խաղաղութեան ծրագիր՝ իր նշանաւոր տասնչորս կէտերով։ Առաջին աշխարհամարտին Գերմանիայի, Աւստրօ-Հունգարիայի եւ Թուրքիայի պարտութենէն յետոյ, գլխաւորած է ԱՄՆ-ի պատուիրակութիւնը Փարիզի խաղաղութեան վեհաժողովին, 1919-1920 թուականներուն, որու արդիւնքները, սակայն, անբարենպաստ եղան Ուիլսընի համար։

ԱՍՆ Ծերակոյտը հրաժարեցաւ վաւերացնել Վերսալի հաշտութեան պայմանագիրը։ Մեծն Բրիտանիան եւ Ֆրանսան պահպանեցին իրենց առաջատար դերը համաշխարհային, յատկապէս եւրոպական քաղաքականութեան մեջ, որ իր արտայայտութիւնը գտաւ նաեւ Ուիլսընի նախաձեռնած Հայաստանի մանդատով (1920 թուականին ԱՄՆ-ի ծերակոյտը մերժեց զայն) եւ Սեւրի հաշտութեան պայմանագրով ստեղծուելիք հայկական պետութեան սահմաններու որոշման հարցին մէջ։ Նախագահութեան ժամկէտը աւարտելէն յետոյ (1921) հեռացեր է քաղաքական գործունէութենէն։

Ուիլսընը եւ Հայկական հարցը

Խմբագրել

Ուիլսընը Հայկական հարցի հայանպաստ լուծման եւ անկախ հայկական պետութեան հզօրացման ջատագով էր։ Կը պաշտպանէր ԱՄՆ-ի կողմէ Հայաստանի մանդատը ստանձնելու գաղափարը։ Սեւրի դաշնագրի իրողութիւները ամրագրելու նպատակով Ազգերու լիկայի յանձնարարութեամբ Ուիլսընի կողմէ գծուեցաւ թուրք-հայկական նոր սահմանագիծը (յայտնի է Ուիլսընի իրաւարարական պայմանակարգ կամ Ուիլսընի իրաւարար վճիռ անուններով)։ Սակայն արագ փոփոխուող միջազգային կացութիւնը, Անտանտի երկիրներու միջեւ հակասութիւններու սրումը, Խորհրդային Ռուսաստանի հզօրացումը եւ հակագրոհը, այդ նպատակով անոր մերձեցումը Քեմալական Թուրքիայի հետ, որուն հետեւանքով դադրեցաւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան գոյութիւնը՝ ձախողելով ո՛չ միայն Սեւրի պայմանագրի, այլեւ Ուիլսընի իրաւարար վճռի իրագործումը։

 
«Քառեակը» Վերսալեան վեհաժողովէն առաջ

Ուուտրօ Ուիլսընի 14 կէտերը

Խմբագրել
  1. Խաղաղութեան պայմանագրերու կնքում։
  2. Ծովերու մէջ նաւագնացութեան բացարձակ ազատութիւն։
  3. Առեւտուրի ազատութիւն՝ մաքսային պատնէշներու վերացում։
  4. Զինաթափման երաշխիքներ։
  5. Գաղութային հարցերու անկանխակալ կարգաւորում։
  6. Գերմանիայի կողմէ ռուսական բոլոր բռնագրաւուած տարածքներու ազատագրում։
  7. Պելճիքայի ազատագրում եւ պետութեան վերականգնում։
  8. Գերմանիայի կողմէ բռնագրաւուած ֆրանսական տարածքներու վերադարձ՝ ներառեալ Էլզաս-Լոթարինկիան։
  9. Իտալիայի սահմաններու ճշգրտում։
  10. Աւստրօ-Հունգարիայի ժողովուրդներուն ինքնիշխանութեան տրամադրում։
  11. Գերմանիայի կողմէ բռնագրաւուած Ռումանիայի, Սերպիայի եւ Չեռնոկորիայի տարածքներու ազատագրում, Սերպիային դէպի ծով ելքի տրամադրում։
  12. Օսմանեան տէրութեան թրքական մասերու ինքնուրոյն գոյութիւն եւ ազգային երկրամասերու ինքնիշխանութիւն։
  13. Լեհաստանի անկախ պետութեան ստեղծում։
  14. Ազգերու համընդհանուր միութեան (Ազգերու լիկա) ստեղծում՝ տարածքային ամբողջականութեան եւ մեծ ու փոքր պետութիւններուն հաւասարապէս քաղաքական անկախութեան երաշխիքներու տրամադրման նպատակով։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել