Տիգրան Չէօկիւրեան

Տիգրան Չէօկիւրեան (1884[1][2], Կիւմուշխանէ, Տրապիզոնի վիլայեթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1915[1][2], Այաշ, Անգարայի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն, Մեծ Եղեռնի զոհ), գրող եւ հասարակական գործիչ։

Տիգրան Չէօկիւրեան
Ծնած է 1884[1][2]
Ծննդավայր Կիւմուշխանէ, Տրապիզոնի վիլայեթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1915[1][2]
Մահուան վայր Այաշ, Անգարայի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ուսումնավայր Պէրպէրեան Վարժարան
Տեսակ արձակ
Մասնագիտութիւն գրագէտ, հանրային գործիչ, ուսուցիչ
Աշխատավայր Ոստան

Ծնած է Կիւմիւշխանէ, արեւմտեան Անատոլիոյ մէջ։ Մանկութիւնը անցուցած է Տրապիզոն, ուր ծնողները կը զոհուին 1896-ի ջարդերուն: Քանի մը տարի կը մնայ որբանոց. նախ գաւառները, ապա Պոլիս։ Կը յաճախէ ու կ'աւարտէ Պէրպէրեան վարժարանը, հոն եւ Սկիւտարի ճեմարանին մէջ դառնալով ուսուցիչ։

Մամուլի մէջ կը հրատարակէ գրական-վերլուծական յօդուածներ, նաեւ պատմուածքներ։ Կը կատարէ թարգմանութիւններ եւրոպական գրականութենէն՝ Կի տը Մօփասան, Լէոնիտ Անտրէեւ եւ այլն։ Կը ճամբորդէ Ֆրանսա եւ Իտալիա։

Կ'ունենայ գրական-հրապարակագրական գործունէութիւն։

1911-1912-ին կը խմբագրէ «Ոստան» եռամսեայ պարբերաթերթը՝ Միքայէլ Շամտանճեանի հետ։ Կը հրաստարակէ «Վանքը» վէպ1914-ին։

Կը ձերբակալուի եւ կը նահատակուի 1915-ին։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել