Տիգրան Սարաֆեան (Հ.Մ.Մ.)

Տիգրան Սարաֆեան, երկարամեայ ազգային գործիչ: Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան երկարամեայ անդամ, Հայ Մարմնամարզական Միութեան (Հ.Մ.Մ.) երկարամեայ ատենապետ եւ Հ.Մ.Մ.-ի պատմագիրքերու հեղինակ: Ան Միջին Արեւելքի Հայ համայնքներէն ներս երկար տարիներ ծառայեց սփիւռքահայ երիտասարդութեան հայրենասիրական դաստիարակութեան գործին:Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, ան դրական չէզոքութեան քաղաքականութեան կնքահայրերէն մին էր, որուն պատճառով լիբանանահայութիւնը եւ հայկական թաղամասերը նուազագոյն վնասով դուրս եկան[1]:

Տիգրան Սարաֆեան
Ծնած է 1927-
Ծննդավայր Պէյլան
Մահուան վայր Լոս Անճելըս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու
Ազգութիւն Հայ
Կարողութիւն կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան անդամ
Գործունէութիւն Հայ Մարմնամարզական Միութեան (Հ.Մ.Մ.) երկարամեայ ատենապետ,
Աշխատավայր Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան երկարամեայ անդամ
Կուսակցութիւն Ս.Դ.Հ.Կ.-ի շարքեր
Ամուսին Վարդուհի Սարաֆեան-Թաթուլեան
Երեխաներ Որդին՝ Համբիկ կամ Համբարձում Սարաֆեան, դուստր՝ Հուրի Սաթեան-Սարաֆեան եւ դուստր՝ Նորա Միհրանեան-Սարաֆեան

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Տիգրան Սարաֆեան ծնած է Պէյլան, 1927-ին, փոքր տարիքէն անդամակցելով Հ.Մ.Մ.-ի եւ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի շարքերուն[1]: Ան 20 տարիներ ստանձնած է Հ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետի պաշտօնը, իսկ 1985-2009 տարիներուն հինգ Կեդրոնական Վարչութիւններու Ատենապետ, իր միութենական առաքելութեամբ ան գտնուած է Հ.Մ.Մ.–ի կազմակերպական գրեթէ բոլոր շրջանները եւ լուրջ աշխատանք տարած է անոր բազմազան յանձնախումբերէն ներս, ամենայն բծախնդրութեամբ եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ[1]: Ան իր կեանքին մեծ մասը անցուցած է ՀՄ.Մ.-էն ներս, գլխաւորաբար ծառայելով սկաուտական եւ երիտասարդական շարքերուն:

Տիգրան Սարաֆեան եղած է կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Լիբանանի շրջանի Վարչական մարմնի երկար տարիներու անդամ:

Տիգրան Սարաֆեան Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան եւ ազգային համերաշխութեան մթնոլորտի պահպանման գծով, յատկապէս հայկական կուսակցութիւններուն կողմէ «պատերազմի միացեալ մարմինի» ատենապետն էր[2]:

Կեանքի վերջին տարիներուն Ընկ. Սարաֆեան հասցուց գրելու Հ.Մ.Մ.-ի պատմութիւնը` երկու հատորներով:

  Հայաստանի անկախացումէն ետք, Տիգրան Սարաֆեան իր ծանօթութիւներուն բերումով կարեւոր դեր ունեցաւ հիմնելու Հ.Մ.Մ. Հայաստանի մէջ։
- Հ.Մ.Մ.–ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ ՄԻՍԱՔ ՆԱՃԱՐԵԱՆ
 


Վեթերան ընկեր, երկարամեայ ազգային գործիչ Տիգրան Սարաֆեան մահացաւ 7 Հոկտեմբեր 2020-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ:

  Տարբեր ժամանակներու, տարբեր արժէքներու, տարբեր մտքի եւ իմացականութեան, հարուստ փորձառութեան եւ հանդարտաբարոյ նկարագրի տէր լիարժէք հայ մարդ: Յարգանք իր յիշատակին: Կը խոնարհիմ:  


Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել