Փէեօ Եավորով (բուն մականուամբ՝ Քրազոլով,1 (13) Յունուար 1878[1], Չիրփան, Օսմանեան Կայսրութիւն[2][3][4] - 29 Հոկտեմբեր 1914(1914-10-29)[5], Սոֆիա, Պուլկարիայի թագաւորութիւն[5][6]), պուլկար յայտնի հրապարակագիր եւ բանաստեղծ։

Փէեօ Եավորով
պուլկար․՝ Пейо Яворов
Ծննդեան անուն պուլկար․՝ Пейо Тотев Крачолов
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Пейо Яворов, Джемо, И. Крачев, Отело եւ Пейчо
Ծնած է 1 (13) Յունուար 1878[1]
Ծննդավայր Չիրփան, Օսմանեան Կայսրութիւն[2][3][4]
Մահացած է 29 Հոկտեմբեր 1914(1914-10-29)[5] (36 տարեկանին)
Մահուան վայր Սոֆիա, Պուլկարիայի թագաւորութիւն[5][6]
Քաղաքացիութիւն  Պուլկարիա
Մայրենի լեզու Պուլկարերէն
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ, գրագէտ, լրագրող, Յեղափոխական, հեռագրիչ
Ամուսին Լորա Կարավելովա?
Ստորագրութիւն

Կենսագրական գիծեր Խմբագրել

Ծնած Չիրփան։ Ուսանած է Ֆիլիպէ, ժամանակ մը աշխատած է իբրեւ հեռագրական պաշտօնեայ։

Եղած է Պուլկարիոյ ազգային թատրոնի ու մատենադարանի քարտուղար, որ յայտնութիւն մը եղած է իր «Քալիոբա» քերթուածով։ «Ամպերու Ստուերներուն Ետեւէն» հատորին մէջ ամփոփուած են իր բոլոր բանաստեղծութիւնները։

Կանուխէն տոգորուած ընկերվարական գաղափարներով։ 1902-1913 Մակեդոնիա յաջորդաբար վարեց 5 թերթերու խմբագրութիւնը։

Պալքանեան պատերազմին, թունդ ախոյեան իր հայրենակիցներուն իրաւանց՝ ընդդէմ մեղադրեց Բ. Լօթթի։

Եավորով բանաստեղծ ու յեղափոխական իր «Հայեր» մեծասքանչ եղեռերգով պանծացուցած է հայ ազգը եւ վշտակցած է անցեալ դարու թրքահայութեան ողբերգութեան, հոգեպէս մաշելով հայ ժողովուրդին հետ։

«Հայեր» բանաստեղծութիւնը թարգմանած են Ար. Սեւան, Գէորգ Կառվարենց եւ ուրիշներ։

Եավորովին նուրիուած կիսանդրին Խմբագրել

Իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն սոֆիաբնակ հայութիւնը կանգնեցուցած անոր կիսանդրին՝ գործ արուեստագէտ Գրիգոր Ահարոնեանի, Ցար Բորիս պարտէզին մէջ 1935 թուականին։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել