Բիրէա

(Վերայղուած է Փիրէա-էն)

Բիրէաս, (յուն․՝ Πειραιάς), նաւահանգիստ Յունաստանի Ատիկէ նահանգին մէջ։

Քաղաք - նաւահանգիստ
Բիրէա
յուն․՝ Πειραιάς
հին յուն․՝ Πειραιεύς
Երկիր Յունաստան
Քաղաքապետ Եանիս Մորալիս
Տարածութիւն 10․865 քմ²
ԲԾՄ 2 մեթր
Բնակչութիւն 163 688 (2011-ի մարդահամար) մարդ
Հեռախօսային ցուցանիշ 210
Փոստային ցուցանիշ 185 00–185 99
Շրջագայութեան պետ-համարագիր BE, BZ, YI, YK, YM, YN, ZN եւ ZP
Սուրբ բարեխօս Սուրբ Սփիրիտոնաս
Պաշտօնական կայքէջ piraeus.gov.gr

Բիրէան Յունաստանին ամենամեծ նաւահանգիստն է, Աթէնքէն եւ Սելանիկէն ետք 3-րդ քաղաքը:

Եւրոպայի առաջին երեք նաւահանգիստներէն է:

Ըստ 2011 մարդահամարին, Բիրէա քաղաքին բնակչութեան թիւն է՝ 163.688 (առանց արուարձաններուն):

Աթէնք-Բիրէա Քաղաքային Տարածաշրջանին Բիրէայի Շրջանային Միաւորին բաժնին մէջ գտնուող քաղաք մըն է։

Բիրէայի ընդլայնուած տարածաշրջանը ունի 448 997 բնակչութիւն, Բիրէայի Շրջանային Միաւորը կը կազմէ եւ կ՛ընդգրկէ բացի համանուն Փիրէա քաղաքապետութենէն նաեւ ուրիշ չորս քաղաքապետութիւններ․ Նիքէա-Այ․Իոաննիս Ռենտի, Քորիտալլօ, Քերացինի-Տրափեցոնա եւ Փերամա։ [1][2]

Փիրէա․ Զէա կամ՝ Մարինա Զէաս

Անունին ստուգաբանութիւնը

Խմբագրել

Բազմաթիւ հին յոյն հեղինակներ, նշելու համար Բիրէային կղզեաբնակ նկարագիրը, «Բիրէեւս» անունը կը ստուգաբանեն «բերէեւս» բառէն յուն․ ε-ե եւ ει-ի հնչիւններուն թաւալումով։ Բիրէեւս կը նշանակէ փորթմեւս πορθμεύς՝ նեղուցէն անցընողը (յուն․՝ περαιόω = դիմաց կ՛ անցնիմ). այսինքն, ան որ յանձն կ՛առնէ ճամբորդները նաւակով անցընելու Ֆալիրոյի ափէն՝ Բիրէա կղզիին (այդ ժամանակուան) ափը։ Հին յունարէն լեզուին մէջ՝ քաղաքը կը կոչուի Բիրէեւս եւ կամ՝ Բիրէոս։  Այս ստուգաբանութեան հետ կը համաձայնին Ստեփան Բիւզանդացին Στέφανος ο Βυζάντιος, ինչպէս նաեւ J. Schmidt եւ K. Wahrman (1929)։ Առաւել, Բիրէոս կը կոչուէր նաեւ հին Կորնթոսին նաւահանգիստը (որ πορθμεύς կը նշանակէ)։

Զանազան Անուանումներ

Խմբագրել
 
Փիրէա․ Առիւծի յուշարձանը

Հին տարիներէն մինչեւ մեր օրերուն Փիրէան հետեւեալ անունները ունեցած է․-

  • Բիրէեւս Πειραιεύς․ հին տարիներու եւ ժամանակակից անուանումը,
  • Բիրէաս Πειραιάς․ Ստեփան Բիւզանդացին տուած անունը եւ այսօրուան ժողովրդային լեզուով անուանումը,
  • Բիրէայի Նաւահանգիստ Λιμήν του Πειραιώς կամ պարզապէս Նաւահանգիստ Λιμήν՝ հնագոյն տարիներուն (հնագէտներուն վերջին կարծիքով),
  • Քանթարոս Κάνθαρος կամ՝ Քանթարոյի Նաւահանգիստ Λιμήν Κανθάρου («քանթարոս» բառին իմաստները․ միջատ մը եւ կամ նաեւ հին տարիներու յունական լայն բերանով անօթ),
  • Քոֆոս Նաւահանգիստ Κωφός λιμήν (բառացի թարգմ․ «քոֆոս»՝ խուլ)․ Պեղոպոնեզեան պատերազմներէն ետք (հնագէտներուն վերջին կարծիքով),
  • Աթէնքի նաւահանգիստ
  • Athenarum portus հռոմէական շրջանին, Porto dei Setine, Portus de Sithines եւ կամ պարզապէս՝ Սիթինես Sithines միջնադարին,
  • Առիւծին Նաւահանգիստը Λιμήν Λέοντος․ նաւային քարտէսներուն մէջ ծանօթ իբրեւ Πόρτο Λεόνε (Porto Leone)։ Թուրքերը թարգմանելով կոչեցին Ասլան Նաւահանգիստ մինչեւ 1821։ ԺԴ․ դարէն մինչեւ ԺԷ․ դար, նաւահանգիստին մուտքին առիւծի հսկայ յուշարձան մը կար․ ճամբորդները ատիկա կը տեսնէին հազիւ նաւահանգիստ կը մտնէին։  Այժմ  բնօրինակը կայ, որովհետեւ նախատիպը 1688 Ֆրանցեսքօ Մորոզինին Francesco Morosini գողցաւ եւ այժմ Վենետիկ կը գտնուի։
  • Վիշապի Նաւահանգիստ․ Քաթալոններուն գրաւման ընթացքին, թուրքերը թարգմանելով կոչեցին Էնճեր լիմանի․
  • Աթէնքի Բորթօն (Աթէնքի Դուռը) ԺԷ․ դար,
  • ԺԷ․ դարուն ընթացքին Բիրէան նաեւ կը կոչուի Մախեստրիա եւ կամ Արեւելքին Մաղեսդրիա (այսինքն Մանչէսթըր) անոր նաւային եւ երկաթուղային կառոյցներուն համար։[3][4][5][6][7][8]
 
Փիրէայի Շրջանային Միաւորի քաղաքապետութիւնները․ 1- Փիրէա, 2 -  Քերացինի-Տրափեցոնա, 3 - Քորիտալլօ, 4 - Նիքէա-Ռենտի, 5 -  Փերամա

Աշխարհագրական Դիրքը

Խմբագրել

Բիրէան կը գտնուի Ատիկէի (նաեւ ծանօթ իբրեւ Աթէնքի Քաղաքային Տարածաշրջան կամ՝ Ատիկէի Աւազանը) դաշտին հարաւ-արեւմտեան մասը։  Իր դիրքին պատճառաւ կը կոչուի նաեւ ցամաքակղզի։

Բիրէան կը շրջապատեն՝ հիւսիս արեւմուտքէն Էղալէօ լեռը, հարաւ-արեւմուտքէն Սարոնիքոս Ծոցը եւ արեւելքէն եւ հիւսիս արեւելքէն Աթէնքի Քաղաքային Տարածաշրջանին մնացեալ մասը։

Նաւահանգիստները

Խմբագրել

Բիրէան ճամբորդներու երթեւեկութեան եւ առեւտուրի աշխարհի ամենամեծ նաւահանգիստներէն է։ Ունի երեք նաւահանգիստներ․ արեւելքէն արեւմուտք՝ Միքրոլիմանօ Μικρολίμανο (հին անունով՝ Մունիխիա),  Զէա Ζέα- Zéa (կամ Passalimani) եւ Քանթարոս Κάνθαρος Kantharos (Mega Limani, Kentrikos Limenas, Porto Draco) մեծ նաւահանգիստը։ Միքրոլիմանօ եւ Զէան զբօսանաւերու նաւակայքեր են։

Վերջին տարիներուն, նաւահանգիստին ընդլայնման եւ զարգացման համար հսկայ ներդրումներ եղած են եւ կ՛ըլլան։  Մանաւանդ մայր նաւահանգիստին՝ ճամբորդներու երթեւեկութեան եւ առեւտուրի բաժնին․ կ՛ ընդարձակուի դէպի հիւսիս։[9]

Բիրէայի կլիման ենթարեւադարձային բարեխառն է, Միջերկրականի հիւսիսային աւազանի երկիրներուն նման։  Գլխաւոր յատկութիւնն է կիսաչոր կլիման․ տաք ամառներ։ Ցամաքային Եւրոպայի ամենատաք շրջանը կը հանդիսանայ։[10]

Պատմական անդրադարձ

Խմբագրել

Բիրէան հին տարիներուն Իփոթոօնտիտաս Ιπποθοωντίδας թաղապետութիւնն է։  Ք․Ա․ Զ․դարուն Հին Աթէնքի մէջ, Քլիսթենիս կը կիրարկէ ժողովրդավարական հաւասարութիւնը։ Հին «ցեղերու» դրութիւնը կը փոխարինէ արուեստականով՝ Ատիկէի հողատարածքը կը բաժնէ քաղաքային, միջերկրեայ եւ ծովափնեայ շրջաններու ու կը հիմնէ 10 թաղապետութիւններ «ցեղեր» եւ վերոնշեալ երեք շրջաններու ամէն մէկ «ցեղ»ի բնակիչները կը բաժնէ, իւրաքանչիւրին հաւասար իրաւունքներ տալով։ [11][12]

Հին Քաղաքը

Խմբագրել

Բիրէան Աթէնքի հողատարածքի ծովափնեայ շրջանի քաղաքն է։  Մունիխիա Բլուրը (այժմ Քասթելլա Բլուր) հաւանաբար քաղաքին կեդրոնը եղած է․ յատկապէս բլուրին գագաթը, արեւելեան լանջը եւ անոր առջեւի ծոցիկը՝ Մունիխիային նաւահանգիստը, այսօր՝ Միքրոլիմանօ Μικρολίμανο։ Իսկ բլուրին հիւսիս-արեւելեան լանջին կը գտնուի Զէա Ζέα նաւահանգիստը։ Երկուքն ալ ռազմական օգտագործումի համար էին եւ Մունիխիանինը աւելի ապահով կը սեպուէր։

 
Աքթի․ վայրը՝ քարտէսին վարի ձախ մասը․

Թեմիսթոքլիս, Փիրէայի տնտեսութեան հիմնադիրը

Խմբագրել

Թուքիտիտիս, իր «Պատմութիւն գիրք»ին մէջ կը նշէ թէ Թեմիսթոքլին հասկնալով նաւահանգիստին կարեւորութիւնը, կ՛ուզէ Փիրէան Աթէնքին կեդրոնը դարձնել, սակայն չի յաջողիր։  Նաեւ Արիստոթելին կը գրէ թէ 18 տարեկան երիտասարդները իրենց զինուորական պարտականութիւնը Փիրէայէն կը սկսէին․ անոնք կը ներկայանային Փիրէա եւ Աքթի։

Նաեւ Թեմիսթոքլիին իշխանութեան օրերուն Լաւրիոնի հանքերուն մէջ կը յայտնուին նոր հանքային խաւեր, որոնք կ՛արագացնեն Փիրէայի ամրացումին եւ նաւային կառուցումներուն աշխատանքները։  Այս ձեւով նաւային շինարաններուն մէջ կը կառուցուի հսկայ նաւատորմիղը որ պարսիկներուն պիտի յաղթէ Սալամինայի նաւամարտին (Ք․Ա․ 480)։

Աթէնքին գլխաւոր նաւահանգիստը կը դառնայ։

Թեմիսթոքլիս նաեւ ծրագրողն է Բիրէան Աթէնք կապող Երկար Պարիսպներուն, որոնք սակայն կ՛իրականանան անոր Աթէնքէն խեցեվճիրէն (տասնամեայ աքսոր) ետք, (Ք․Ա․ 471)։

Դասական շրջան

Խմբագրել

Բիրէան ալ Աթէնքի նման, կ՛ապրի իր ոսկեդարը։ Կը դառնայ առեւտուրի կեդրոն։ Երկար պարիսպները կը կառուցուին Ք․Ա․ 461 – 456։  Ք․Ա․ 451-ին քաղաքը կը վերակառուցէ Իփոտամոս Միլիսեցի* Ιππόδαμος ο Μιλήσιος Hippodamus of Miletus ճարտարապետը։

  • Միլիթոս – Յունական գաղթօճախ, Փոքր Ասիոյ արեւմտեան ափերուն։

Մեղարա եւ Կորնթոս քաղաք-նաւահանգիստները կասկածամտութեամբ եւ նախանձով կը դիտեն Բիրէայի զարգացումը։  Պելոպոնեսեան պատերազմին ընթացքին (որ յառաջացաւ գլխաւորաբար տնտեսական պատճառներէ) այս թշնամութիւնները մէջտեղ կ՛ելլեն․ վերոնշեալ քաղաքները Սփարդիին կողմը կ՛առնեն։

Հելլենիստական եւ Հռոմէական շրջան

Խմբագրել

Հելլենիստական շրջան

Խմբագրել
 
Jacob von Falke 1887․  Հին Բիրէա, պատկերացում, խորին՝ պարսպապատ Փիրէոս պողոտան որ Աթէնքը Փիրէային կը միացնէր

Հերոնիայի ճակատամարտին (Ք․Ա․ 322) Բիրէան կ՛անցնի Մակետոնական իշխանութեան տակ։Քաղաքը կը վերածնուի զանազան մշակութային բնոյթի կառոյցներով։ 

Հելլենիստական շրջանին Մունիխիա Բլուրին վրան Անտիբաթրոսին (Մեծն Աղեքսանտրի զօրավարներէն) կողմէն կը տեղադրուի մնայուն պահակագունդ։ 

Հռոմէական շրջան

Խմբագրել
 
Փիրէա, 1837 թ․ մաքսատունը։  Ջրանկար՝ Պավարացի նաւավար Ludwig Köllnberger

Հռոմէացի Սուլա Sulla զօրավարը քաղաքը կը գրաւէ եւ կը քանդէ (Ք․Ա․ 87-86)։ 

Քաղաքին վերջնական հարուածը Կոթերը կու տան (395)։ 

Միջնադար

Խմբագրել

Բիւզանդական շրջանին Բիրէայի նաւահանգիստը պարբերաբար կ՛օգտագործուի բիւզանդական նաւատորմիղէն։

Վենետիկցիները Բիրէան կ՛ անուանեն Սիթինես Sithines (այսինքն՝ Աթէնքին) Նաւահանգիստ եւ ԺԴ․ դարուն առաջին անգամ Առիւծ բառին կը հանդիպինք, երբ անոր հսկան արձանը կը տեղադրուի նաւահանգիստին մուտքին։  Հետագային կ՛անուանուի Πόρτο Λεόνε Porto Leone (թարգմ․՝ Առիւծի Նաւահանգիստ)։

Օսմանեան շրջան

Խմբագրել

1456-ին օսմանցիները Բիրէան կը գրաւեն եւ քաղաքը ծանօթ կը դառնայ իբրեւ Ասլան Լիման Aslan Liman (թարգմ․՝ Առիւծի Նաւահանգիստ)։

 
1892 թ․ Փիրէա նաւահանգիստը

Վենետիկի Հանրապետութիւնը կը պայքարի Աթէնքին տիրանալու եւ ԺԷ․ դարուն Վենետիկի եւ թուրքերու միջեւ վեցերորդ պատերազմի ընթացքին, Վենետիկցիները գլխաւորութեամբ Ֆրակիսքօ Մորոզինիի Փիրէան կը գրաւեն եւ Մորոզինի հետը կը տանի Առիւծի յուշարձանը եւ Վենետիկի Արսենալ համալիրին Arsenale di Venezia կը տեղադրէ։

Օսմանեան տիրապետութեան ժամանակաշրջանին Բիրէան գրեթէ կ՛ամայանայ, բացի Սուրբ Սբիրիդոն վանքէն (հիմնուած 1590-ին) եւ մաքսատունէն։

Երկու անգամ անյաջող փորձեր կ՛ըլլան նոր քաղաք վերակառուցել։ Նախ 1792-ին Իտրա կղզիէն բնակիչներ բերելով եւ Յունաստանի անկախութեան պատերազմներուն ընթացքին (1825) Բսարա կղզիէն։ 

1827-ին Յունաստանի անկախութեան պատերազմին ընթացքին Մունիխիա բլուրը բերդի դեր կը կատարէ եւ անկէ յունական ուժերը Աթէնքի Աքրոփոլիին պաշարման օգնութեան կը հասնին։ 

Քաղաքը սկզբնական շրջաններուն կը զարգանայ իբրեւ ձկնորսներու քաղաք, հեռու իր վաղեմի հմայքէն։

 
2011 թ․ Փիրէա քաղաքին արեւմտեան մաս - նաւահանգիստը․ 

Նորագոյն շրջան

Խմբագրել

Յունաստանի անկախութեան առաջին տարիներուն 1832-ին Աթէնքը մայրաքաղաք կը հռչակուի։  Բիրէան, որ դեռ կը կոչեն Բորթօ Լէոնէ կամ՝ Վիշապի Նաւահանգիստ Porto Draco կը սկսի զարգանալ ու դառնալ վաճառականութեան եւ ճարդարարուեստի գլխաւոր կեդրոն։  Էգէական Ծովուն կղզիներէն գաղթականներուն հոսքը չի դադրիր։ 1835-ին Բիրէայի քաղաքապետութիւնը կը հիմնուի, ընդամէնը 300 բնակիչներով։

Քաղաքը արագ թափով կ՛աճի եւ կը դառնայ Յունաստանի երկրորդ քաղաքը։ Այս աճման մեծ դեր կը խաղան 1869-ին Բիրէա-Աթէնք երկաթուղագիծի կառուցումը, 1860-ական թուականներուն ճարտարարուեստի զարգացումը եւ 1893-ին Կորնթոսի Ջրանցքին բացումը։ Այս եղելութիւնները կը ցուցնեն Բիրէա քաղաքին ռազմական կարեւորութիւնը։

1869-ին բանկչութեան թիւն է՝ 11 000, 1895՝ 50 000։

Նոր շէնքեր կը կառուցուին, հաստատութիւններ կը հիմնուին, օրինակ՝ կրթական հիմնարկներ, եկեղեցիներ, Սակարանը, Քաղաքապետարանը, Նամակատունը, Կեդրոնական Շուկան եւ բարեսիրական հաստատութիւններ։ Նաւահանգիստը, Մաքսատունը եւ անոնց ափամերձ թաղերը կը նորոգուին, նաեւ նոր թաղեր կը կառուցուին։

ԺԹ․ դարու վերջաւորութեան, քաղաքին բնակչութիւնը 51 020 հոգի կը հաշուէ։

 
Փիրէա․ Նաւահանգիստը - խորին՝ կ՛երեւին նաւահանգիստին զուտ բեռնատար/բեռնարկողներու բաժնի կառոյցները

1915-ին Հայոց եւ 1917-ին Պոնտոսի յոյներուն Ցեղասպանութիւններէն եւ մանաւանդ Փոքր Ասիոյ աղետէն (1919-1922 յունաթրքական պատերազմին հետեւանքները) ետք վերապրողներու եւ հետագային Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ժողովուրդի փոխանակութեան պայմանագրով՝ Լոզանի Դաշնագիր, գաղթականներու հսկայ հոսքին մէկ մասը Բիրէա կը հասնի․ 1920-ին բնակչութեան թիւը կը կրկնապատկուի 133 482 հոգի, իսկ 1928-ին կը հասնի 251 659։ Քաղաքին շրջակայքը, արուարձանները կը լեցուին յոյն եւ հայ գաղթականներով (տե՛ս Քոքինիոյ հայկական գաղութը)․ Նիքէա, Քերացինի, Տրաբեցոնա եւ Քորիտալոս։ 

Գաղթականները մեծապէս կը սատարեն քաղաքին զարգացման։

Բ․ Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին Բիրէա քաղաքը նաւահանգիստ ըլլալով ռմբակոծումներէն ծանր վնասներ կը կրէ։ 1955-էն ետք, կրկին արագօրէն կը զարգանայ։ 

Ժամանակակից շրջան

Խմբագրել

Բիրէան այժմ մաս կը կազմէ Աթէնքի Քաղաքային Տարածաշրջանին (ինչպէս յաճախ կ'որակուի Ատիկէի Շրջանը) իբրեւ Բիրէայի Շրջանային Միաւորը իր արուարձաններ-քաղաքներով։  

Բիրէայի Միջազգային Նաւահանգիստը Յունաստանի ամենամեծն է, Եւրոպայի առաջին երեք եւ աշխարհի գլխաւոր տասը նաւահանգիստներէն է։ [13][14][15][16][17][18][19][20][21][22][23][24]

Նաւային Ճարտարարուեստ

Խմբագրել

Բիրէան նաւային ճարտարարուեստին կեդրոնն է։ Յունական նաւային բնագաւառին մէջ առեւտրական երախակալն է։ Գրեթէ բոլոր յոյն նաւատէրերը իրենց գրասենեակները հոն ունին։Յոյն Նաւատէրերու Առեւտրական Նաւուժը Hellenic Merchant Marine կը հսկէ աշխարհի նաւային առեւտուրը․ նաւային բնագաւառէն ներս առաջին տեղը կը գրաւէ։ [25][26] [27] [28][29]

Մշակոյթ

Խմբագրել

Տեսարժան վայրեր եւ Թանգարաններ

Խմբագրել
  • Սիրակիոյ Σηράγγιο կամ՝ Բարասքեւային Քարայրը։ Բնական քարայր ստորերկրեայ անցքերով։ Կը գտնուի Վոցալաքիա ծովափին ետեւի ժայռերուն մէջ։
  • Արեթուսա Քարայր, կը գտնուի Քասթելա Բլուրին վրայ։
  • Իէթիոնիա Դուռը Πύλης της Ηετιωνείας -Eetioneia Gate in Piraeus․ մայր նաւահանգիստին մուտքին արեւմտեան մասին։
  • Քումունտուրու կղզիակը Νησίδα Κουμουνδούρου կամ՝ Բարասքեւային կղզիակը, կը գտնուի Միքրոլիմանօ եւ Զէա նաւակայքերու միջեւ։
  • Յունաստանի Նաւային Թանգարանը Ναυτικό Μουσείο της Ελλάδος -Hellenic Maritime Museum․ կը գտնուի Բիրէայի հարաւ-արեւելեան Ֆրէադիտա Φρεαττύδα Freattyda շրջանը։
  • Բիրէայի Հնաբանական Թանգարանը․ կը գտնուի Միքրոլիմանոյին եւ Թերբսիթէային միջեւ։
  • Էքաթերինի (թարգմ․՝ Կատարինէ) Լասքարիտի Հիմնարկ․ հերթաբար կը հիւրասիրէ մշակութային, պատմական, նաւային եւ դաստիարակչական բնոյթով ցուցադրութիւններ։
  • Ելեկտրական երկաթուղագծի Թանգարան Μουσείου Ηλεκτρικών Σιδηροδρόμων -Electric Railways Museum of Piraeus․ Կը գտնուի Բիրէայի երկաթուղագիծի կայարանին մէջ։
  • Գծագրութեան եւ Բեմադրութեան Թանգարան Panos Aravantinos Decor Museum - Μουσείο Ζωγραφικής και Σκηνογραφίας․ կը գտնուի Բիրէայի Քաղաքապետական Թատրոնին մէջ։
  • Բիրէայի Քաղաքապետութեան Պատկերասրահ Δημοτική Πινακοθήκη Πειραιά - Municipal Art Gallery:

Թատրոններ

Խմբագրել

Բիրէային մէջ այժմ կը գործեն հետեւեալ թատրոնները․-

  • Բիրէայի Քաղաքապետական Թատրոն Δημοτικό Θέατρο του Πειραιά -Piraeus Municipal Theatre ․ հիմնուած է 1895-ին եւ կը գտնուի քաղաքին կեդրոնը։
  • Բիրէայի Վէաքիօ Թատրոն Βεάκειο Δημοτικό Θέατρο ․ Բաց թատրոն, հին յունական թատրոններու նման, կը գտնուի Քասդելա Καστέλλα բլուրին (Փրոֆիդի Իլիա Προφήτη Ηλία) վրայ եւ հիմնուած է 1969-ին։
  • Մենանտրիոյ Թատրոն Μενάνδρειο Δημοτικό Θέατρο (նախկին անունը՝ Տելֆինարիոյ Δελφινάριο)․ բաց քակտելի թատրոն, նման՝ հին յունական թատրոններու, կը գտնուի Խաղաղութեան եւ Բարեկամութեան Մարզադաշտին կից։

Եղած են ուրիշ թատրոններ ալ, սակայն այժմ չեն գործեր։

Մարզական

Խմբագրել
 
Նկարուած Իմիթոս լեռէն․ խորին՝ Փիրէա եւ Սալամինա կղզին

Բիրէայի տարածքաշրջանը Յունաստանի մարզական կեանքին մէջ մեծ աւանդութիւն ունի։ Կան բազմաթիւ ակումբներ։ Կը պարծենայ իր ոտնագնդակի, կողովագնդակի, վոլլէյ-պոլի, ձեռնագնդակի եւ դասական մարզանքի ակումբներ-խումբերով։ Նաեւ՝ Քարայիսքաքիս Karaiskakis Stadium -Στάδιο Γεώργιος Καραϊσκάκης եւ Խաղաղութեան եւ Բարեկամութեան Στάδιο Ειρήνης και Φιλίας - Stadio Eirinis kai Philias մարզադաշտերով։ Երկու ակումբներ՝ Էթնիքոս եւ Օլիմպիաքոս, իրենց հիմնումէն (1920) մինչեւ այսօր քաղաքին եւ անոր շրջակայ քաղաքներուն բնակչութեան համակրանքը կը վայելեն։ Անոնց «water-polo»ի խումբերը յունական եւ եւրոպական ախոյանութեան առաջին դիրքերը կը գրաւեն։ Իսկ Օլիմպիաքոսին ոտնագնդակի եւ կողովագնդակի խումբերը յունական եւ եւրոպական ախոյեանութեանց մէջ գլխաւոր դերակատարներէն են։

Քարայիսքաքիս մարզադաշտ. Հիմնուած է 1895-ին իբրեւ Հեծելարշաւի մարզադաշտ, հետագային կ՛օգտագործուի ոտնագնդակի խաղերու համար եւ 1964-ին կը վերակառուցուի։ Այժմ Օլիմպիաքոս ոտնագնդակի խումբին նստատեղին է։ Հիւրասիրած է հետեւեալ միջազգային եւ համաշխարհային բնոյթով մարզախաղերը՝

  • 1896-ին Աթէնքի մէջ կայացած Ա․ Ողիմպիական խաղերուն ընթացքին հեծելարշաւի խաղերը,
  • 1969- Համաեւրոպական Մարզական Ախոյանական Խաղերը European Athletics Championships։

Խաղաղութեան եւ Բարեկամութեան Մարզադաշտ. Բացումը կատարուեցաւ 1985-ին։ Կը գտնուի Ֆալիրիքօ ծովափին, Քարայիսքաքի մարզադաշտին դիմացը։ Բացման տարին կը հիւրասիրէ Եւրոպայի 16-րդ Փակ Դաշտի Մարզախաղերը European Athletics Indoor Championships։ Գործեց իբրեւ Յունաստանի Հոքէյի ախոյանութեան մրցաշարքի մարզադաշտ․ միակը Յունաստանի տարածքին։ 1991-ին անոր արդի կառոյցներուն համար կը շնորհուի IAKS (International Working Group for the Construction of Sports and Leisure Facilities) Ոսկի Մրցանակը։ 1991-1992 մարզական տարեշրջանէն մինչեւ այսօր Բիրէայի միջազգային համբաւ ունեցող Օլիմպիաքոս կողովագնդակի խումբին նստատեղին է, ուր կը հիւրասիրէ անոր յունական եւ եւրոպական ախոյեանութեանց խաղերը։ Հերթաբար հիւրասիրած է Ըմբշամարտի, Գործարանաւոր ու Չափական Մարզանքի եւ Ծանրամարտի համայունական, միջազգային եւ համաշխարհային բնոյթով մարզախաղեր։ Հիւրասիրած է նաեւ հետեւեալ միջազգային եւ համաշխարհային բնոյթով մարզախաղերը՝

Դասական մարզախաղեր

Խմբագրել

Համաեւրոպական Դասական խաղերու Ախոյանութեան մրցաշարքը (1985

Կողովագնդակի մարզախաղեր

Խմբագրել
  • Եւրոպական Կողովագնդակի Ախոյեան խումբերու մրցաշարքին աւարտական խաղերը (1985
  • Համաեւրոպական Կողովագնդակի Ախոյանութեան մրցաշարքը (1987
  • Եւրոպայի Կողովագնդակի Բաժանակակիր խումբերու ախոյեանութեան մրցաշարքին աւարտական խաղերը (1989
  • Եւրոպայի Կողովագնդակի ախոյեան խումբերու Բաժակի ախոյեանութեան մրցաշարքին աւարտական խաղերը (Final Four), 1993։
  • Համաշխարհային Կողովագնդակի մրցաշարքը, 1998։

Ձեռնագնդակի մարզախաղեր

Խմբագրել
  • 1986 եւ 1996․ Եւրոպայի Բաժանակակիր խումբերու Բաժակի ախոյեանութեան մրցաշարքին աւարտական խաղերը (Final Four)։
  • 1989․ Եւրոպայի Ախոյեան խումբերու մրցաշարքին աւարտական խաղը
  • 1992 եւ 1993․ Եւրոպայի Ախոյեան խումբերու աւարտական խաղերը (Final Four
  • 1994․ Համաշխարհային մրցաշարքը
  • 1995․ Համաեւրոպական Ախոյանութեան մրցաշարքը
  • 2004․ Ողիմպիական խաղերուն Ձեռնագնդակի մրցաշարքերը
  • 2005․ Եւրոպայի Բաժանակակիր խումբերու Բաժակի ախոյեանութեան մրցաշարքին աւարտական խաղերը (Final Four

Քոքինիոյ Հ․Մ․Ը․Մ․

Խմբագրել

1925 թուականէն, Բիրէայի Շրջանային Միաւորին մէջ կը գործէ Քոքինիոյ Հ․Մ․Ը․Մ․ (Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն) իր մարզական եւ սկաուտական խումբերով․ պաշտօնական վաւերաթուղթերուն մէջ արձանագրուած է Արմենիքի Փիրէոս Αρμενική Πειραιώς եւ այս անունով ծանօթ է յունական շրջանակներուն մէջ։ Նստատեղին Քոքինիոյ «Զաւարեան» ակումբն է։

Մինչեւ 2018-ին ունէր ոտնագնդակի խումբ, որ կը մասնակցէր Բիրէայի Շրջանային Ախոյեանական մրցաշարքերուն։ Ժամանակի ընթացքին այս խումբէն ելան տաղանդաւոր հայ մարզիկներ որոնք անուն ձգած են Յունաստանի ոտնագնդակի պատմութեան մէջ՝ Գ․ Յաբէթեան եւ Գրիգոր Աղանեան։

Այսօր, Յունաստանի Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Քոքինիոյ մասնաճիւղը (տե՛ս Քոքինիոյ հայկական գաղութը) աշխուժ գործունէութիւն կը ցուցնէ իր Սկաուտական բաժինով ու Մարզական խումբերով (Վոլլէյպոլի՝ փոքրերու, պատանիներու, մեծերու երկսեռ բաժիններ)։

Եկեղեցիներ

Խմբագրել

Բիրէան կարեւոր թիւով եկեղեցիներ ունի։ Գլխաւորներն են՝ Ս․ Երրորդութեան եւ Ս․ Սբիրիտոնա եկեղեցիները։ Վերջինը քաղաքին բարեխօսն է։ Քոքինիոյ հայ համայնքին Սուրբ Յակոբ Առաքելական եկեղեցին՝ հիմնուած 1936-ին, կը գտնուի Բիրէայի Քաղաքապետութեան սահմաններուն մէջ։

[30][31][32] [33] [34][35][36]

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Կրթական հաստատութիւններ

Խմբագրել

Բիրէայի Շրջանային Միաւորին մէջ կը գործեն պետական 146 Մանկապարտէզներ, 146 Նախակրթարաններ, 62 Միջնակարգեր, 58 Երկրորդական վարժարաններ, 2 համալսարաններ՝ Բիրէայի Համալսարանը եւ Յունաստանի Նաւային Կաճառը։ Ասոնց քով, կը գործեն Նաւային Երկրորդական վարժարանը, Երաժշտութեան Միջնակարգ-Երկրորդական վարժարանը, Մարզական Երկրորդական վարժարանը, երկու Իրիկուան Երկրորդական վարժարաններ, 7 Արհեստավարժական Երկրորդական վարժարաններ: [37][38][39]

Փոխադրական միջոցներ

Խմբագրել
 
Փիրէա․ 2003-2004 թ․ Աթէնք-Փիրէա երկաթուղագիծին վերանորոգուած կայարանը․

Ցամաքային փոխադրամիջոցներ

Խմբագրել

Քաղաքը ունի խիտ, ընդարձակ, իրարու հաղորդակցող լայնածաւալ հանրային փոխադրամիջոցներ․ հանրակառքային՝ trolleybus - autobus, երկաթագծային պարզ, թէ արագընթաց՝ métro, tramway, որոնք կապուած են նաւային եւ օդային փոխադրամիջոցներուն։ Նաեւ՝ թաքսի taxis։ Փոխարկող երկաթուղագիծը Athens Suburban Railway կամ՝ Proastiakos Athens կը գործէ շրջանային գետնի վրայ եւ Ատիկէի մարզի դրացի շրջանները (Վիօթիա Beotia Βοιωτία, Էվիա Evia Εύβοια, եւ Կորսնթոս Corinthia - Κορινθία) կը կապէ Աթէնք-Փիրէա տարածքաշրջանի նաւային, ցամաքային եւ օդային փոխադրամիջոցներուն։

Նաւային փոխադրամիջոցներ

Խմբագրել

Նաւային փոխադրամիջոցը 24 ժամուան հետեւողականութեամբ կը կատարուի։ Անոնց կապուած են ցամաքի փոխադրամիջոցները։[40][41][42]

Եղբայրացած քաղաքներ

Խմբագրել

Փիրէան եղբայրացած է հետեւեալ քաղաքներուն հետ․-

[43]

Բնակչութիւն

Խմբագրել

Բիրէա քաղաք-նաւահանգիստը, ըստ 2011 մարդահամարին, 163 688 բնակչութեամբ Յունաստանի 5-րդ քաղաքն է։ Բիրէայի ընդլայնուած տարածաշրջանը 448 997 հոգիի բնակչութեամբ, Բիրէայի Շրջանային Միաւորը կը կազմէ եւ կ՛ընդգրկէ բացի համանուն Բիրէա քաղաքապետութենէն նաեւ ուրիշ չորս քաղաքապետութիւններ․ Նիքէա-Ռենտի, Քորիտալլօ, Քերացինի-Տրափեցոնա եւ Փերամա։[44]

Տարի Բնակչութիւն
1951 186 014 մարդ [45]
2001 181 933 մարդ
Տարի Բնակչութիւն
2001 175 697 մարդ [46]
2011 163 688 մարդ [47][48]
Տարի Բնակչութիւն
2021 168 151 մարդ [49]

Տեղանուններ - Փիրէային թաղերը

Խմբագրել
 
Մունիխիա Բլուրը (այժմ Քասդելլա)

Բիրէային հին ու նոր թաղերը կը կրեն անուններ գլխաւորաբար՝ Փոքր Ասիոյ գաղթականներուն կողմէն տրուած (ի պատիւ իրենց ծննդավայրերուն), շրջանի երկրաբանական տիպէն, նախկին հողատէրերէ, հինէն եկած անունէն եւ կամ ալ շրջանին մայր եկեղեցւոյ անունէն։

  • Սուրբ Վասիլիոս․ Կէլլիպոլի եւ Ֆրէաթիտայի միջեւ,
  • Սուրբ Նեղոս․ Խածիքիրիաքիօ շրջան,
  • Սուրբ Սոֆիա,
  • Ամֆիալի,
  • Վալթոս կամ Վուրլիես, Սուրբ Տիոնիսիոս շրջան,
  • Վրիոնի․ Միաուլի ծովեզրին, կեդրոնական նաւահանգիստին շրջան, անունը առած է հոն բնակութիւն հաստատած մեծահարուստ Ռուսիայէն յոյն վաճառականի մը,
  • Տրափեցոնա եւ Քերացինի (այժմ միացեալ քաղաքապետութիւն)․ առաջինին անունը առաջ եկած է Տրափէ Ձոնա ձորակէն,
  • Էվղենիա կամ՝ Էվղենիա եւ կամ՝ Աւղիանա․ Քերացինիի շրջան, ուր մեծ տարածքներ ունէր այդ անունով Աթենացի գեղջուհի մը,
  • Թէոսփիդա (թարգ․՝ աստուածաշէն, որովհետեւ ժայռի մը վրայ քանդակուած կամարներ գտնուած են եւ քարայրներ, ուր հաւանաբար հին աստուածներու աղօթատեղիներն էին)․ Փիրայիքի թերակղզիին, Նոր Կէլլիպոլին եւ Նաւային Կաճառին միջեւ շրջան,
  • Իփոտամիա հրապարակ եւ փողոց․ ի պատիւ Փիրէա հին քաղաքին (Ք․Ա․ Ե․ դար) ճարտարապետ եւ Փիլիսոփայ Իփփոտամօ Միլիսեցիին,
  • Քամինիա (թարգմ․՝ բուխերիկ)․ հոն ԺԹ․ դարուն կը գտնուէին աղիւսակերտութեան բուխերիկները,
  • Քարաւաս․ անուանումը առաջացած է Փիրէային հիւսիս-արեւմտեան կողմի երկու յաջորդական բլուրներուն եւ Քերացինիին ու Քոքինիոյ միջեւ գտնուող հողատարածքներուն տիրոջ անունէն,
     
    Փիրէա․ Միքրոլիմանօ
  • Քարւունիարիքա․ նոյն անունով նաւահանգիստին հիւսիս-արեւմտեան եւ արեւելեան (Մանիքա կոչուած) ծայրամասեր, ուր Բ․ Համաշխարհային Պատերազմին ընթացքին բնածխաջրատները կը կուտակէին,
  • Քասդելա․ հին Մունիխիա նաւակայքին, աւելի ուշ Թուրքոլիմանօ եւ այժմ Միքրոլիմանօ ու համանուն բլուրին շրջան,
  • Քերադոփիրղոս․ Քերացինիի ծոցիկին արեւմտեան մասին հրուանդան, ուր մինջեւ այսօր գոյութիւն ունի միջնադարեան բերդը,
  • Քերքցինի․ համանուն ծոցիկին շուրջ տարածուող շրջան,
  • Քոփի․ Տրափեցոնայի շրջան ուր կը գործէր գոլորշիի գործարան,
  • Լաքա Վաւուլա․ Քասդելա բլուրին հիւսիս-արեւմտեան մասին տարածքներուն երբեմնի հողատիրոջ անունը,
  • Լեֆքա․ անունը առած է համանուն ծառերուն անունէն,
  • Լեմոնատիքա․ Քարայիսքաքի քարափին երկարող շրջան,
  • Մանիադիքա․ անուանուած Պեղոպոնեզի հարաւային Մանի հրուանդանէն հաստատուած բնակիչներէն,
  • Աքթի Մանինա․ Քոֆոս Նաւահանգիստին մօտ, անունը առած է Մանինա ալիւրի ջաղացքէն,
  • Տափա․ նաւահանգիստին նախամասը,
  • Աքթի Քսաւիերու․ Ի․ դարասկիզբին իտալացի Սթելա Քսաւիերոյի նաւաշինութեան վայրը,
     
    Փիրէա․ Հին Քոքինիա, Սուրբ Անարղիրի եկեղեցին
  • Փասալիմանի․ օսմանեան իշխանութեան շրջանին օսմանցի կառավարիչի հսկողութեան տակ նաւակայք,
  • Թամպուրիա․ Քերացինիի եւ նաւահանգիստին միջեւ շրջան,
  • Աքթի Ծելեփի․ Աթենացի Եանաքու Ծելեփին հոն ապարանքը կառուցած էր,
  • Դինանիոս Քիփոս․ անունը առաւ ֆրանսացի նաւապետ Պարպիէ Տը Դինան,
  • Դրուպա․ նաւահանգիստին հարաւը,
  • Իտրէիքա․ Փիրէային հարաւային շրջան Քոֆոս Նաւահանգիստին մօտ, ուր Իտրա կղզիէն բնակիչներ կայք հաստատեցին 1838-ին,
  • Ֆանարի․ Միքրոլիմանոյին շրջանին հին անունը, որուն ծոցիկին հիւսիսային կողմը կար նաւարկուող լապտեր մը,
  • Բարլամա․ Բանաղիցա եկեղեցւոյ շրջակայքը,
  • Քոքինիա (հին ու նոր)․ մեծ շրջան տարածուած Քարաւա բլուրին եւ Փեթրու Րալի պողոտային միջեւ։ Այդպէս կոչուած է, որովհետեւ ատենին կակաչներով, սոճիներով, բարտիներով լեցուն, հարուստ մարգագետիններով շրջան էր եւ կամ՝ հողին կարմիր գոյնին պատճառով։ Հին Քոքինիան այժմ մաս կը կազմէ Նիքէա-Այ․Իոաննիս Ռենտի քաղաքապետութեան, իսկ Նորը՝ Փիրէային։[50][51]

Փիրէային հայերը

Խմբագրել

Տե՛ս բուն արձանագրութիւնը՝ Քոքինիոյ հայկական գաղութը

Բիրէայի Շրջանային Միաւորին մէջ հայերը նախքան ցեղասպանութիւնը, քանի մը տասնեակ կը հաշուէին։ Փոքր Ասիոյ աղետէն հոն ապաստանած հայերը արագօրէն կազմակերպուեցան եւ այսօր աշխուժ գործունէութիւն ունին։ Անոնց գործունէութեան գլխաւոր կեդրոնը Քոքինիան է։

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Քոքինիա

Փիրէային տղաքը (երգ)

Աթէնք

Սելանիկ

Փաթրա

Կորնթոս

Սիրոս

Կրետէ

Աղեքսանտրիա

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Աթէնք քաղաքի Հնագիտութիւնը – Փիրէաս (յունարէն)
  2. Ռիզոսփասդիս թերթ, Փորդօ Լէոնէ կամ՝ Մախեսդրիա 26-2-2008 էջ 27 (յունարէն)
  3. Փիրէայի քաղաքային քարտէսագրում, Pagkrati & Millioni 7-3-2019 (անգլերէն)
  4. Փիրէային կապուած Դէպքեր (յունարէն)
  5. [(յունարէն)]
  6. Նաւային պատմութիւնը, Spyros M. Polemis (անգլերէն)
  7. Մունիխիա (գերմ.)
  8. Գրական Եզրեր, Փորդօ Լէոնէն մինչեւ Արեւելքի Մախեսդրիան, Միխելի Լիզա 1988թ․, Աթէնք՝ Դէպքեր էջ 5-7 (յունարէն)
  9. «ΟΛΠ– Փիրէայի Նաւահանգիստի Գործարանաւորութիւն, Փիրէայի նաւահանգիստը կ՛ ընթարձակուի, 3-2-2020(յունարէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-03-01-ին։ արտագրուած է՝ 2020-03-06 
  10. Յունաստանի Կլիմայի Քարտէս, 1971-2000 (անգլերէն)
  11. Փիրէան Հնագոյն տարիներուն (յունարէն)
  12. Քլիսթենիսին տասը ցեղերը ստեղծեցին Հին Աթէնքը (յունարէն)
  13. Անկման դարերը
  14. Երկրաբանութիւն – Փիրէա, Աթէնքի հին կղզին․ Յունիս 1, 2011, Jean-Philippe Goiran,,Kosmas P. Pavlopoulos, Eric Fouache, Maria Triantaphyllou, Roland Etienne (անգլերէն)
  15. Ատիկէի քաղաքական կազմակերպումը, John S. Traill, Աթէնքի Ամերիկեան Դպրոցին Դասական Ուսումի բաժին, 1975․ (անգլերէն)
  16. Մունիխիա (գերմ.)
  17. Թուքիտիտիս, Պատմութիւն, Գիրք Η (7) (յունարէն)
  18. Արիստոթելիս, Աթէնքի նահանգապետութիւնը- 42 (յունարէն)
  19. Թուքիտիտիս․ Պեղոպոնեզեան Պատերազմը, գիրք 1 (ֆր.)
  20. Պղուդարխոս․ Թեմիսդոքլիս - կեանքը (ֆր.)
  21. Սալամինայի նաւամարտը(ֆր.)
  22. Լատինները եւ Լեւանդները, Ուիլիամ Միլլըր, 19058 թ․, էջ՝ 245(անգլերէն)
  23. Յունաստանի պատմութիւնը, Oliver Goldsmith, թարգմ․՝ Տիմիդրիու Աղեքսանտրիտու Իադրու եւ Աղեքսանտրու Կ․ Կարփոլա, 1809 եւ 1838, էջ 222 (անգլերէն)
  24. Փիրէային զաւակները․ շարժունութիւններ, անձնական ծիրեր եւ ազգային ինքնութիւն – Յունաստան 19րդ դարուն, նիւթ Լիլի Ազգային Աշխատանոցին, Ֆրանսա 2007թ․ (ֆր.)
  25. Փիրէա Նաւահանգիստը դարերուն ընթացքին, Yannis E. Hadjimanolakis
  26. Նաւային լուրեր․ Փիրէան աշխարհի 10 գլխաւոր նաւահանգիստներէն մէկը (անգլերէն)
  27. Յունաստանի Նաւային պատմութիւնը, Յունաստանի Ազգային Դրամատուն (յունարէն)
  28. Liberal- Համաշխարհային առաջնութիւններ յոյներուն նաւային բնագաւառին համար, 25-10-2018 (յունարէն)
  29. Naftemporiki – Յունաստանի առաջնութիւն նաւային համաշխարհային մարզին մէջ (յունարէն)
  30. Փիրէայի տեսարժան վայրեր (անգլերէն)
  31. Քաթիմերինի օրաթերթ, 5-2-2012 ,Փիրէայի Քաղաքապետութեան Թատրոնը (յունարէն)
  32. Քարայիսքաքի մարզադաշտը, 1895 – 1964 – 2003 թուականներու վերանորոգումներով (յունարէն)
  33. Էպրոս մարզական թերթ, 29-2-1964 Քարայիսքաքի մարզադաշտին կառուցումը (յունարէն)
  34. UEFA-ի (Category 4 Stadiums) Մարզադաշտեր (անգլերէն)
  35. Գոքինիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 85-ամեակ - Հ.Մ.Ը.Մ.ը հիմնելու նախաքայլերը Յունաստանի մէջ, 9-3-2012
  36. Արմենիքա պարբերաթերթ, Գրիգոր Աղանեան
  37. Փիրէայի եկեղեցիները (յունարէն)
  38. Փիրէայի Բարձրագոյն Վարժարաններ (յունարէն)
  39. «Փիրէայի վարժարաններուն ցանկը (յունարէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-02-10-ին։ արտագրուած է՝ 2020-03-06 
  40. Փիրէա (յունարէն)
  41. Յունաստանի Նաւային Փոխադրամիջոցներ (անգլերէն)
  42. Փիրէա Նաւահանգիստին Վարիչ Մարմինը (յունարէն)
  43. Փիրէայի Քաղաքապետարան - եղբայրացած քաղաքներ (յունարէն)
  44. «Յունաստանի Հանրապետութիւն, Վիճակագրութեան գրասենեակ․ 2011-ի մարդահամար (յունարէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-06-09-ին։ արտագրուած է՝ 2020-03-06 
  45. http://dlib.statistics.gr/portal/page/portal/ESYE/showdetails?p_id=10095559&p_derive=book&p_topic=10007862
  46. http://www.ypes.gr/UserFiles/f0ff9297-f516-40ff-a70e-eca84e2ec9b9/D_diairesi.xls
  47. https://web.archive.org/web/20131225194213/http://www.statistics.gr/portal/page/portal/ESYE/BUCKET/General/resident_population_census2011.xls
  48. http://www.tovima.gr/files/1/2012/12/28/apografi2011.pdf
  49. (unspecified title)
  50. Փիրէային տեղանունները, թաղերը (յունարէն)
  51. փիրէային թաղերը (յունարէն)

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
  1. Πειραιάς Ιπποθοωντίδας Hippothoontides(յունարէն)
  2. Թեմիսդոքլիս(ֆր.)
  3. Թուքիտիտիս(ֆր.)
  4. Կորնթոսի Ջրանցքը(անգլերէն)
  5. Գրիգոր Աղանեան(յունարէն)
  6. Փիրէայի Հնագիտական թանգարան(ֆր.)
  7. Երկար Պարիսպները(անգլերէն)
  8. Իփոտամոս Միլիսեցի(անգլերէն)