Փոլ (Պօղոս) Ֆարաճեան, (1910, Հաճըն, Կիլիկիա8 Յունուար 1979, Նիքէա (Քոքինիա) Յունաստան)․ հայազգի լուսանկարիչ։  Եղած է «Լուսանկարիչներու Համայունական Միութեան» հիմնադիրներէն եւ նախագահ «Փիրէայի Գեղարուեստ Լուսանկարիչներու Արհեստակցական Միութեան»։

Փոլ Ֆարաճեան․ նկար՝ 23 Մարտ 1953

Կենսագրական գիծեր Խմբագրել

Առաջին տարիներ Խմբագրել

Փոլ (Պօղոս) Ֆարաճեան, ծնած է 1910-ին Հաճըն, Մանուկ եւ Ալթուն (ծնեալ Շինիկեան) Ֆարաճեաններուն ընտանեկան բոյնին մէջ։  Փոքր Ասիոյ աղէտի օրերուն, ընտանիքը, ինչպէս մնացեալ քրիստոնեայ բնակչութիւնը, ֆրանսական բանակներու օգնութեամբ Ատանա կը փոխադրուի ու անկէ նաւով՝ Փիրէա։  Փոլին ընտանիքը կը հաստատուի Փիրէայի մերձակայ Լիբազմա (Տրափեցոնա) գաղթակայանը։

Պատանի Փոլ կը յաճախէ Լիբազմայի Ամերիկեան նախակրթարանը․ առաջին շրջանաւարտներէն կ՛ ըլլայ։  Ուսումը կը շարունակէ Սելանիկի «Անաթոլիա» ճեմարանը (գոլէճ), սակայն կիսատ կը ձգէ․ կը ստիպուի իր ընտանիքին ապրուստը հոգալ։ 

1927-ին, կը փափաքի լուսանկարչութեան արուեստը սորվիլ։  Մօտաւորապէս երկու տարի կ՛ աշակերտէ Փասքուալէ Սթելա լուսանկարիչին (Յունաստանի թագաւորական ընտանիքին լուսանկարիչը եղած է) մօտ, Փիրէա։  19291936 կ՛ աշխատի զանազան լուսանկարչատուներու մէջ։  Լուսանկարչութեան հանդէպ ունեցած սէրը, զայն կը ներշնչէ ու կը մղէ սերտել եւ մասնագիտանալ տեսողական արուեստին։  1937-ին կը բանայ իր անձնական լուսանկարչատունը, Նէա Քոքինիա (Նիքէա), Բողոց 8 (այժմ Փանաղի Ցալտարի բողոց) թիւ 140, ուր կը գործէ մինչեւ իր մահը։

Լուսանկարիչի գործին զուգահեռ, ազատ ժամերուն, Քոքինիոյ «Զաւարեան» ակումբի (տե՛ս Քոքինիոյ հայկական գաղութը) բեմէն հանդէս կու գայ զանազան դերերով տարբեր թատերախաղներու մէջ։  Ինչպէս նաեւ, բազմաթիւ առիթներով նոյն բեմէն կ՛ ասմունքէ։

Գերութեան տարիներ Խմբագրել

 
Քերացինիի Ելեկտրականութեան գործարանի ծխանը (ΔΕΗ)․ նկար՝ 2006

1941-ին, կը մահանայ Փոլին հայրը՝ Մանուկ եւ ընտանիքը Նիքէա կը փոխադրուի։

Բ․ Համաշխարհային Պատերազմին ընթացքին, գերմանական գերութեան տարիներուն, Փոլին լուսանկարչատունը գրագէտներուն եւ արուեստագէտներուն ժամադրավայրը կը հանդիսանայ։  Սերտ կապեր կը հաստատէ նկարիչ ու դերասան Միխալիս Նիքոլինաքոսին (Μιχάλης Νικολινάκος),  բանաստեղծ ու դերասան Եորղոս Մեցոլիսին (Γιώργος Μετσόλης) եւ Աթինոտորոս Փրուսալիս (Αθηνόδωρος Προύσαλης) դերասանին հետ։  Լուսանկարչատունը կը յաճախեն նաեւ գրագէտ Սթրաթիս Էւսթրաթեատիս (Σρατής Ευστρατιάδης), փորագրիչ-գծագրիչ Տիմիթրիս Թինիաքոս (Δημήτρης Τηνιακός), նկարիչ Գոսթաս Ղունարոփուլոս (Κώστας Γουναρόπουλος) եւ Քալքանի (Καλκάνη) երաժիշտներու ընտանիքէն անդամներ։  Անոնցմէ շատերուն հետ, Փոլ կը մասնակցի յունական դիմադրութեան, իբրեւ լուսանկարչական բաժնի անդամ։   Փոլ Ֆարաճեան եւ Միխալիս Նիքոլինաքոս, 13 Հոկտեմբեր 1944-ին Նիքէայէն մինչեւ Քերացինիի Ելեկտրականութեան գործարանը (ΔΕΗ) ճանապարհին, կը նկարահանեն ու կը տեղեկագրեն գործարանի բանուորներուն եւ Էլաս-ի (ΕΛΑΣ) մարտիկներուն միացեալ կռիւները գերմանական խափանարարական ուժերուն դէմ։

Յետ պատերազմեան տարիներ Խմբագրել

1950-ական տարիներուն, կ՛ աշխատի յունական շարժարուեստի բնագաւառին մէջ․ շարք մը ժապաւէններու լուսանկարիչն է, ինչպէս նաեւ լուսաւորման պատասխանատուն։ Օրինակ՝ «Դառն հացը» Το Πικρό Ψωμί։  Կը հետաքրքրուի լուսանկարչական տեսագիտութեամբ։  Այս տասնամեակին է որ հանրածանօթ կը դառնայ «Փոլ» անունով։

Ազատ ստեղծագործութիւն Խմբագրել

1930-ի տասնամեակի վերջերէն, կը հետաքրքրուի ազատ ստեղծագործութեամբ․ արուեստանոցի գեղարուեստագիտական կենդանագիր։  Իր գործերը կը գնահատուին։  Կը մասնակցի համաշխարհային ծաւալի լուսանկարչական բազմաթիւ ցուցահանդէսներու եւ պատուոյ վկակայականներ կը ստանայ՝ Ռիօ տէ Ժանէյրօ, Պրիւքսէլ, Շարլրուա, Անվերս, Պուտափեշտ, Լայնշեսթր, Սթոքհոլմ, Վարշաւա, Սան Սեպասթեան եւ Անգոնա։  Լուսանկարչական արուեստին նուիրուած օտար պարբերաթերթեր Փոլին լաւագոյն գործերը կը հրատարակեն, ինչպէս օրինակ՝ «Վերջաբանը», «Երկիւղ», «Տատամսում», «Տեսիլք»։ 

Գործերէն մեծ մաս մը եւ պատուոյ վկայականները կը պահուին ընտանեկան արխիւներուն մէջ։

Փոլ՝ արհեստակցականը Խմբագրել

Լուսանկարչութեան ասպարէզին զուգահեռ, Փոլ Ֆարաճեան կ՛ անդամակցի «Փիրէայի Գեղարուեստ Լուսանկարիչներու Արհեստակցական Միութեան» (ΣΚΦΠ)։  1966-էն մինչեւ իր մահը, Միութեան նախագահն է։ 

Իր նախագահութեան շրջանին, Փոլ Ֆարաճեան կը նախաձեռնէ ու կը յաջողի միացնել Յունաստանի տարածքին լուսանկարիչներու արհեստակցական միութիւնները եւ դերակատարն է «Արուեստագէտ Լուսանկարիչներու Ընկերակցութեան եւ Օգնութեան Հիմնադրամի Համայունական Միութեան» ստեղծման։   Ան 3․500,00 տրախմի նուիրատուութեամբ կը մասնակցի Լուսանկարիչներու արհեստակցական միութեան նստավայրի անշարժ գոյքին գնման համար։

Ընտանիք Խմբագրել

1938-ին կ՛ամուսնանայ Քոքինիոյ «Զաւարեան» վարժարանի ուսուցչուհի Ալիս Աշիկեանին հետ։  1940-ին կը բախտաւորուին մանչ զաւակով մը՝ Մանուէլ–Շահան։ 

Մահը Խմբագրել

8 Յունուար 1979-ին, կը մահանայ։  Յուղարկաւորութեան ներկայ կը գտնուին նաեւ «Փիրէայի Գեղարուեստ Լուսանկարիչներու Արհեստակցական Միութեան» անդամներ, որոնցմէ երեք հոգի դամփանականեր կը խօսին։

Յետ մահու Խմբագրել

29 Յունուար 1979-ին, «Փիրէայի Գեղարուեստ Լուսանկարիչներու Արհեստակցական Միութեան» համագումարին, յետ մահու Փոլ կ՛ անուանուի Միութեան Պատուոյ Նախագահ ու ոսկի մետալը կը յանձնուի իր այրիին՝ տիկին Ալիս Ֆարաճեանին։

Նոյն համագումարին ընթացքին, Միութեան գրասենեակը կ՛ անուանուի «Փոլ Ֆարաճեան Սրահ»։

[1] [2] [3] [4]

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Նիքէայի հին լուսանկարիչներ․ Մաս 1-ին․ Նիքէայի Հայ Լուսանկարիչները, 1922-1960 (Αρμένιοι Φωτογράφοι της Νίκαιας 1922-1960). հրատարակութիւն Նիքէայի քաղաքապետութեան (2020)
  • Ամէնուն Տարեգիրքը, Կարօ Գէորգեան, 1960
  • Ազատ Օր, «Տխրունի» Կ․Մ․ 12 Յունուար 1979
  • Շահան (Մանուէլ) Ֆարաճեան արխիւ

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Արտաքին յղումներ Խմբագրել

  1. «Դառն հացը» ժապաւէն(ֆր.)
  2. «Փիրէայի Գեղարուեստ Լուսանկարիչներու Արհեստակցական Միութեան» (ΣΚΦΠ)(յունարէն)
  3. Տիմիթրիս Թինիաքոս(յունարէն)
  4. Նիքոլինաքոս(յունարէն)
  5. Փրուսալիս(յունարէն)
  6. նկարիչ՝ Գոսթաս Ղունարոփուլոս(յունարէն)
  7. Էլաս (ΕΛΑΣ) - Յունական ազգային ազատագրական բանակի զինուորական կազմակերպութւիւն(ֆր.)
  8. Քերացինիի Ելեկտրականութեան գործարանի մարտերը(յունարէն)