Քաղցկեղը մարմինի հիւսկէններու բջիջներուն անկանոն, արագընթաց, անհակակշռելի բազմացման, աճման եւ զարգացման հիւանդութիւնն է[1][2], որ կը յառաջացնէ անբնական եւ ախտային ուռեր: Քաղցկեղը կրնայ յառաջանալ մարմինի որեւէ մէկ հիւսկէնի կամ օրկանի մէջ։ Ան կը հարուածէ ամբողջ մարդկութիւնը, առանց խտրութեան մարդոց՝ գոյնին, տարիքին, սեռին, ցեղային եւ ընկերային պատկանելիութեան ու տնտեսական իրավիճակին: Հիփփոկրատ, բժշկութեան նախահայրը, որ ապրած է քրիստոսէ առաջ (460-370) յիշած է եւ նկարագրած է իր գրութիւններուն մէջ զանազան տեսակի ուռեր եւ քաղցկեղի պարագաներ: Ան արձանագրած է carcinos յունարէն բառը, որ կը նշանակէ խեցգետին (crab) կամ ծովախեցգետին (crabfish): Celsus քրիստոսէ ետք (25-40) թարգմանած է carcinos բառը լատիներէնէն cancer բառով: Galen երկրորդ դարէն ետք լաւորակ (benign) ուռերը կոչած է encos բառով, որ լատիներէն ուռեցք կը նշանակէ: Իսկ վատորակ (malignant) ուռերը ան կոչած է carcinoma: 1600 տարիներ առաջ Եգիպտոսի մէջ նկարագրուած է քաղցկեղը եւ անոր վիրահատումը:

Լեարդի քաղցկեղ

Քաղցկեղի Զարգացումը Խմբագրել

Քաղցկեղային ուռ մը կը սկսի աննշմար եւ գաղտագողի, առանց որեւէ ազդանշանի: Ընդհանրապէս 5-10 տարիներ ետք անիկա շօշափելի չափի կը հասնի, որովհետեւ քաղցկեղի բջիջները զարգանալու եւ յայտնուելու համար պէտք ունին երկար տարիներու: Ուրեմն՝ տարեցները համեմատաբար աւելի քաղցկեղ կ'ունենան քան երիտասարդները: Քաղցկեղային ուռերուն մեծամասնութիւնը կը սկսի 25-40 տարիքի միջեւ եւ երբեմն շատ աւելի կանուխ, նոյնիսկ փոքր տարիքի:

Համաշխարհային բժշկական կազմակերպութիւններու ուսումնասիրութիւններուն համաձայն, քաղցկեղի պարագաները անցնող 100 տարուան ընթացքին մեծ համեմատութեամբ շատցած են: Ներկայիս աշխարհի բնակչութեան 1/3-ը կը տառապի քաղցկեղէ: 1901-ին այս համեմատութիւնը եղած է 1/8000:

 
Աղիքի քաղցկեղ

Մարմինի բջիջներուն բազմացումը, աճը եւ զարգացումը տեղի կ'ունենան բջիջներու կիսուելու գործընթացով մը, որ կը կոչուի mitosis: Այս գործընթացը կը գտնուի յատուկ ծիներու հսկողութեան ներքեւ եւ կ'ընթանայ յստակ կանոնաւորութեամբ, ուր ամէն մէկ բջիջ կիսուելով կը ստեղծուի երկու նոյնանման նոր բջիջներ, որոնք կ'ունենան համահաւասար ժառանգական բաղադրիչով (DNA) հարուստ երփնամարմիններ (chromosomes) եւ ծիներ (gens): Երբ այս ծիները այլափոխուին (mutate) բջիջներու բնական եւ կանոնաւոր բազմանալու գործընթացը կը խախտի եւ կը փոխարինուի անբնական բազմանալու գործընթացով մը, ուր կը յառաջանան թերի եւ ախտաւոր բջիջներ, որոնք կը կոչուին քաղցկեղային բջիջներ:

Քաղցկեղային բջիջները բազմանալու, աճելու եւ զարգանալու աւելի կարճ ժամանակամիջոց ունին, քան առողջ բջիջ մը: Անոնք կ'ապրին երկար ժամանակ, կը ծաւալին անկաշկանդ եւ անօրէն, կը բազմանան արագօրէն եւ կը կազմեն քաղցկեղային ուռեր (tumor):

Ծիներու այլափոխումին հետ կրնայ պատահիլ նաեւ երփնամարմիններու այլափոխումը, որ տեղի կ'ունենայ զանազան ձեւերով.

  1. Երփնամարմինի մէկ մասը կ'անյայտանայ (delete).
  2. Երփնամարմինը կը տեղափոխուի (translocation).
  3. Երփնամարմինը կ'ունենայ իր նոյնապատկերը (duplication):

Այլափոխուած երփնամարմիններն ալ պատճառ կը դառնան կարգ մը քաղցկեղներու զարգացման:

Ժառանգական բաղադրիչով հարուստ ծիները եւ երփնամարմինները կ'այլափոխուին, երբ անոնք ենթակայ ըլլան վնասակար եւ այլափոխութիւն յառաջացնող նիւթերու, որոնք կը կոչուին քաղցկեղածին նիւթեր (carcinogens, cancerogenic):

Կարգ մը քաղցկեղաբաններ (cancerologist) կ'ըսեն, թէ ամէն մարդ իր մարմինին մէջ ունի քաղցկեղի բջիջներ, սակայն անոնք անտեսանելի կը մնան մինչեւ որ անոնց թիւը հասնի պիլլիոններու: Երբ կ'ըսուի, որ անհատ մը ազատ է քաղցկեղի բջիջներէ այդ մէկը կը նշանակէ, որ մասնագէտ ախտաբանը չէ կրցած քաղցկեղի բջիջներ տեսնել իր քննութեան ընթացքին: Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր կեանքին ընթացքին կը զարգացնէ իր մէջ քաղցկեղի բջիջներ, սակայն դիմադրողականութեան ուժականութիւնը կը քանդէ եւ կը փճացնէ զանոնք ու արգելք կը հանդիսանայ անոնց բազմանալուն եւ ուռի կազմաւորման:

Անուանում Խմբագրել

Քաղցկեղի անուանակոչումը հիմնուած է անոր սկզբնական տեսակէն: Քաղցկեղներու մեծամասնութիւնը, մօտաւորապէս 90 առ հարիւրը, կը կոչուին Carcinoma, որ կը ծագի մարմինի բազմաթիւ օրկաններու մակերեսային բջիջներէն:

Sarcoma կոչուած քաղցկեղները հազուագիւտ են եւ անոնք կը ծագին ընդհանրապէս մկաններու, ոսկորներու, կռճիկներու եւ թելաւոր հիւսկէններու մէջ։ Սպիտակարիւնութիւնը (leukemia) կը զարգանայ արիւնաստեղծ բջիջներէ, իսկ աւշային ուռը (lymphoma) կը զարգանայ աւշագեղձերու մէջ:

Ուռերուն Յատկութիւնները Խմբագրել

Քաղցկեղային ուռերը ունին երեք յստակ յատկութիւններ.

  1. Անհակակշռուած բջիջներու աճ, բազմացում եւ զարգացում,
  2. Մօտակայ հիւսկէններու ներխուժում (invasion),
  3. Հեռաւոր օրկաններ եւ վայրեր՝ տարածում-տեղաշարժ (metastasis):

Քաղցկեղային բջիջները կը տարածուին մօտակայ եւ հեռաւոր վայրեր արեան եւ աւշային անօթերու (lymphatics) միջոցաւ: Կազմաւորուած քաղցկեղային ուռի մը միլիոնաւոր բջիջները շուտով կը մտնեն արեան շրջանառութեան: Սակայն այս բջիջներուն մեծամասնութիւնը կ'ոչնչանայ եւ քանի մը հատը միայն արեան անօթներէն դուրս սպրդելով կը ներխուժեն որոշ հիւսկէն մը կամ օրկան մը:

Աստիճանաւորում Խմբագրել

Քաղցկեղաբաններ նկարագրած են քաղցկեղային ուռերը տարբեր-տարբեր դասակարգումներով եւ աստիճանաւորումներով (staging): Անոնց դասակարգումը խիստ կարեւոր է դարմանումի եղանակի որդեգրման եւ ապաքինման տարողութիւնը գիտնալու համար: Այս աստիճանաւորումնէն մէկը նկատի կ'առնէ քաղցկեղային ուռին չափը, անոր կապակցութիւնը մօտակայ եւ հեռաւոր աւշագեղձերուն հետ եւ անոր տարածումը մարմինի հեռաւոր վայրերը: Ուրիշ մէկ տարբերակով քաղցկեղի դասակարգումը կը նկարագրուի հանգրուաններով.

  • Առաջին հանգրուան՝ ուր քաղցկեղային ուռը առաւելագոյնը 2 սմ. է, առանց հեռաւոր տարածումի: Այս հանգրուանին ախտաճանաչուած քաղցկեղը դարմանելի է լաւ արդիւնքով,
  • Երկրորդ հանգրուան՝ ուր քաղցկեղային ուռը 2 սմ.է աւելի մեծ է եւ հեռաւոր տարածումի նշաններ ունի,
  • Երրորդ հանգրուան՝ քաղցկեղային ուռը ա'լ աւելի մեծ է եւ տարածուած է հեռաւոր վայրեր,
  • Չորրորդ հանգրուան՝ ուր քաղցկեղային ուռը աւելի ծաւալած է եւ անշարժ է: Այս հանգարուանին ուռը կարելի չէ հատել:

Ազդակներ Խմբագրել

Քաղցկեղի յառաջացման հիմնական ախտապատճառը քաղցկեղածին նիւթերն են, որոնք այլազան են եւ կը գտնուին զանազան ձեւերու եւ պայմաններու տակ:

Հետեւեալները կարեւոր քաղցկեղածին նիւթեր եւ ազդակներ են.

Թունաւոր քիմիական նիւթեր Խմբագրել

  • Formaldahyde, որ անգոյն թունաւոր կազ մըն է,
  • Vinyl chloride եւ PVC,
  • Բորակատներ (nitrites), որոնք կը գործածուին բազմաթիւ պատրաստ կերակուրներու մէջ,
  • Paradichlorobenzene, որ կը գտնուի լուացարաններու եւ բաղնիքներու հականեխիչ հեղուկներու մէջ,
  • Միջատասպան (pesticides) դեղեր,
  • Perchloroethylene, որ կը գտնուի գորգեր մաքրելու դեղերուն մէջ,
  • Ներկերու զանազան տեսակներ,
  • DDT, որ ուժեղ միջատասպան մըն է,
  • Հականեխիչ հեղուկներ,
  • Մազի գունաւորման ներկեր,
  • Պատրաստ կերակուրներու մէջ գործածուած յաւելուած նիւթէր (additives):

Մետաղներ Խմբագրել

  • Զառիկ (arsenic), որ թունաւոր սրճագոյն նիւթ մըն է,
  • Կտաւաքար (asbestos),
  • Benzene եւ Gasoline,
  • Cadmium, Nickel եւ Սնթիկ (mercury):

Շողարցակում (radiation) Խմբագրել

  • «Ք» ճառագայթներ (X-Ray),
  • Աթոմական եւ հիւլէական ուժանիւթ,
  • Արեւու ճառագայթ, անդրմանիշակագոյն ճառագայթ (UVL):

Միջավայրային ազդակներ Խմբագրել

  • Ապականացում (pollution),
  • Մշուշախառն մուխ (smog):

Ներազդակներ (hormones) Խմբագրել

Կենցաղային ազդակներ Խմբագրել

Վերոյիշեալ նիւթերու կողքին կան հազարաւոր քաղցկեղածին նիւթեր, որոնք կը գտնուին մեր տուներուն մէջ գործածուած բազմաթիւ նիւթերուն եւ առարկաներուն մէջ, օրինակ՝ լուացքի դեղեր, հականեխիչ հեղուկներ, սննդեղէններ, գորգեր, կահ կարասի, հակաքրտնաբեր եւ մազի ջրթոցներ (spray), օճառ, մանուկներու հեղուկ օճառ եւ ցանցափոշի (talcum powder):

Ըմպելի ջուրը կրնայ պարունակել քաղցկեղածին նիւթեր, եթէ անոր հասնի կոյուղիի ապականած աղտոտութիւնները:

Խորովածի պատրաստութեան ընթացքին արտադրուած թունաւոր կազեր եւ նիւթեր կրնան պարունակել քաղցկեղածին նիւթեր:

Կարգ մը ցպիկներ (bacteria), ժահրեր (virus), մակաբոյծներ (parasite) եւ որդեր ունին քաղցկեղածին յատկութիւններ:

Չափազանց ճարպի գործածութիւնը աւելի հակամէտ կը դարձնէ քաղցկեղի զարգացման:

Ըստ կարգ մը հետազօտութիւններու,

  • ընդհանրապէս տղամարդոց մօտ միզամանի եւ շագանակագեղձի քաղցկեղը տարածուած է: Անոնք կաթնեղէնէն հեռու պէտք է մնան, որովհետեւ կաթնեղէնին մէջ գտնուող իւղը լաւորակ չէ: Այս հիւանդները կրնան մեծ քանակութեամբ սոխ եւ սխտոր գործածել, որոնք անթիպայոթիք են եւ կրնան նուազեցնել շագանակագեղձի քաղցկեղը:
  • Կիներու պարագային, տարածուած են կուրծքի եւ արգանդի քաղցկեղները: Ասոր գլխաւոր պատճառը կարմիր միսին մէջ գտնուած իւղն է: Պէտք է կարմիր միս, հաւ եւ ձուկ ուտել:
  • Աղիքներու քաղցկեղին պարագային պատճառը պնդութիւնն է, երբ մարդիկ պէտք եղած չափով բանջարեղէն չեն ուտեր եւ ջուր չեն խմեր:
  • Ստամոքսի  քաղցկեղին պատճառը շատ կծու եւ աղի կերակուրներն են, ինչպէս նաեւ պահածոյ տուփեղէններն ու տապկոցները:
  • Լեարդի քաղցկեղին պատճառը այն է, երբ անհատը իր հասակին համեմատ շատ աւելի կշիռք ունի եւ երբ պէտք եղած չափով ինսիւլինը իր պարտականութիւնը չի կատարեր[3]:
Ինչպէ՞ս կանխարգիլել Խմբագրել

Մասնագէտներ կը յանձնարարեն սպառել մեծ քանակութեամբ կանաչեղէն եւ պտուղ` պաշտպանուելու համար քաղցկեղային հիւանդութիւններէ.

  • Փոխանակ 400 կրամ կանաչեղէն եւ պտուղ սպառելու, քանակը պէտք է բարձրացնել 600 կրամի: Բուսատեսակները հարուստ են կենսանիւթերով, հանքային աղերով եւ բնաթելով, որոնք հիմնական սնունդը կը կազմեն մարմինի բջիջներու բնականոն գործունէութեան համար: Անոնք նաեւ կը պարունակեն օգտակար նիւթեր, ինչպէս` փոլիֆենոլները (Polyphenoles), որոնք կ'օգնեն բջիջներէն վանելու թունաւոր տարրերը, որոնք կրնան փոփոխութիւններ յառաջացնել բջիջներուն մէջ: Այս գործողութիւնը կը կատարուի լեարդին կողմէ` բնախմորները (enzymes) զօրացնելու համար: Իսկ այլ բուսատեսակներ կը գործեն իբրեւ հականեխիչներ: Օրինակ` կաղամբին մէջ տարրեր գոյութիւն ունին, որոնք քաղցկեղի քնացած բջիջներուն մէկ անգամ ընդմիշտ կ'արգիլեն մեծնալ եւ աճիլ: Իսկ սխտորը ուղղակի դէմ կը դնէ քաղցկեղային բջիջներու գործունէութեան:
  • Պտուղի եւ բանջարեղէնի տեսակներ սպառելը օգտակար է եւ դէմ կը դնէ քաղցկեղի, սակայն անոնց սպառումը պէտք է կատարել բնականոն ձեւով` զանոնք բաժնելով ճաշաբաժիններու, որովհետեւ իւրաքանչիւրին պարունակութիւնը եւ օգտակարութիւնը կը տարբերի միւսէն: Խաղողը, բրքուկը (broccoli) եւ թութը կը կազմեն ցանկին գլխաւորները: Իսկ չոր բանջարեղէնն ու ընդեղէնները պէտք է առօրեայ ճաշացուցակին մաս կազմեն շաբաթը քանի մը անգամ: Նախընտրելի է, որ ընդեղէնները սպառել իրենց ամբողջական վիճակին մէջ, քանի որ անոնց մէջ կայ մեծ քանակութեամբ բնաթել, որ կ'օգնէ մարմինի բջիջներէն վանելու թոյները[4]:

Քաղցկեղի կարգ մը տեսակներու անհետացման նախատեսում Խմբագրել

  • Ծխախոտէն հրաժարելով կարելի է յաղթահարել թոքերու քաղցկեղը: Այս ոլորտին մէջ կատարուած բազմաթիւ հետազօտութիւնները կը հաստատեն, որ ծխախոտի ծուխն է, որ քաղցկեղի յառաջացման կը յանգեցնէ:
  • Յառաջիկայ տարիներուն կրնայ անհետանալ նաեւ լեարդի քաղցկեղը` ոգելից ըմպելիէն հրաժարելու պարագային: Այս շարքին կը դասուի նաեւ հաստ աղիքի քաղցկեղը: Գիտնականները կը նշեն, որ լեարդի քաղցկեղի յարուցիչ «Հեփաթիթ Պէ»-ն կարելի է յաղթահարել պատուաստման միջոցով:
  • Ըստ փորձագէտներու, կարելի է նաեւ յաղթահարել արգանդի վզիկի քաղցկեղը, եթէ յաղթահարուի անոր յարուցիչը` մարդու «Փափիլոմա» ժահրը, որուն կարելի է հասնիլ պատուաստման միջոցով: Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ 13-14 տարեկանին համապատասխան պատուաստում ստացած դեռահաս աղջիկները 10 տարի ետք աւելի հազուադէպ հակում կ'ունենան նման հիւանդութեան նկատմամբ, քան անոնց չպատուաստուած հասակակիցները[5]:

Տե'ս Նաեւ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • «Asbarez» օրաթերթ, Յօդուածներ, դտկ. Կարպիս Հարպոյեան, 17 Օգոստոս, 2012:
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։