Քափթըն Ամերիկա (անգլերէն՝ Captain America), բուն անունով՝ Սթիվըն Ռոճըրզ[1] (անգլերէն՝ Steven Rogers) - Marvel Comics ընկերութեան «հերոս»ը (անգլերէն՝ Superhero)։ Ան ստեղծուած է գրող Ճօ Սայմընի (անգլերէն՝ Joe Simon) եւ արուեստագէտ Ժագ Քըրպիի (անգլերէն՝ Jack Kirby) կողմէ եւ առաջին անգամ յայտնուած է «Captain America Comics #1» երգիծական երկին մէջ՝ Մարտ 1941-ին։ Այս ընթացքին աշխարհի 75 երկիրներու մէջ վաճառուած է աւելի քան 210 միլիոն «Captain America» երգիծական երկ:

Հերոսը կը կրէ ամերիկեան դրօշակին տեսքով զգեստ մը եւ կ'օգտագործէ անխորտակելի վահան մը:

«Քափթըն Ամերիկա»ն հայրենասէր հերոս մըն է։ Յաճախ կը նկարագրուի, իբրեւ Ֆաշիստական Գերմանիոյ դէմ պայքարող անձ մը։ Ան նշանաւոր կը դառնայ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին ընթացքին[1], սակայն երբ պատերազմը վերջ կը գտնէ, 1950-ին իր անունն ալ մոռացութեան կ'ենթարկուի։ 1953-ին անյաջող վերածնունդ մը կ'ապրի։ Իսկ 1964-ին կը յայտնուի Վրիժառուներ (անգլերէն՝ The Avengers) կատակերգութեան մէջ։

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Սթիվըն Ռոճըրզ ծնած է 4 Յուլիս 1917-ին Նիւ Եորքի մէջ՝ իրլանտացի գաղթական Սառի եւ Ժոզէֆ Ռոճըրզներու ընտանիքին մէջ։ 1940-ի սկիզբը, մինչ Ամերիկայի մէջ յայտնուիլը, Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին Ռոճըրզ տկար եւ նիհար ուսանող- գծանկարիչ մըն էր։ Վրդովելով Հիդլերի իշխանութեան գլուխը անցնելուն՝ Ռոճըրզ կը փորձէ բանակին միանալ, բայց կը մերժուի իր ֆիզիքական տկարութեան պատճառով։ Ամերիկեան բանակի սպայ մը՝ Տօքթ. Էրսքին (Dr. Erskine) հնարաւորութիւն կու տայ անոր ծառայելու իր երկրին մէջ՝ ընդունելով մասնակցութիւնը բարձրագոյն գաղտնիութեան պաշտպանութեան նախագիծին («Վերածնունդ»), որուն նպատակն էր պատրաստել համարձակ եւ ուժեղ զինուորներ[2]։ Ռոճըրզ ապացուցելով իր արտասովոր քաջութիւնը, խելքն ու խիղճը, կը համաձայնի, որ առաջին փորձարկումը իր վրայ կատարուի եւ այսպիսով ան սովորական մարդ մը ըլլալէ կը դադրի եւ կը դառնայ «հերոս» մը (անգլերէն՝ Superhero). շիճուկի բաժին մը ընդունելէ ետք, իր թոյլ մարմինը անսպասելիօրէն բարձր կարողութիւններով կ'օժտուի եւ կը դառնայ «Super-Soldier» եւ կը վերածնի իբրեւ Քափթըն Ամերիկա: Բայց Քափթըն Ամերիկա ըլլալը իր գինը ունի, որովհետեւ ան կը փորձէ ոչնչացնել պատերազմ հրահրողն ու ահաբեկչական կազմակերպութիւնը[3]:

Երբ Տօքթ. Էրսքին կը սպաննուի Նացիստական ​​Գերմանիոյ գաղտնի HYDRA հետազօտական ​​բաժանմունքին գործակալի մը կողմէ (կը ղեկավարէր Եոհան Շմիդտը, որ կը կոչուէր Կարմիր գանկ), Ռոճըրզը սկիզբը կը չարաշահեն քարոզչական առումով, սակայն, երբ իր ընկերները իր օգնութեան կարիքը կ'ունենան, Ռոճըրզ յաջող արկածախնդրութիւն մը կ'ապրի, որ զինք կը դարձնէ իսկական Քափթըն Ամերիկա եւ անկէ ետք կը սկսի իր պատերազմը՝ Շմիդտի դէմ:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. 1,0 1,1 «Steve Rogers»։ Marvel Cinematic Universe Wiki (անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2021-12-23 
  2. «Captain America (Steve Rogers) | Characters | Marvel»։ Marvel Entertainment (անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2021-12-23 
  3. Քափթըն Ամերիկա