Քերքիրայի հայերը

Քերքիրայի հայերը, ԺԶ. դարէն հայեր ապրած են Քերքիրա։ Քերքիրա կը գտնուի Յոնիական Ծովուն մէջ, Յունաստանի հիւսիսային եւ արեւմտեան ծայրամասի ամենամեծ կղզիներէն է։

Քերքիրա

Հայերուն հետքերուն փաստը այժմ կայ միայն անուանակոչումներով այն բոլոր վայրերուն, ուր հայերը բնակած ու գործած են։

Պատմական անդրադարձ

Խմբագրել

Հայ ժողովուրդը իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին ունեցած է զանգուածային գաղթեր եւ կամ՝ բռնի տեղափոխութիւններ դէպի այլ երկիրներ։

Գաղթականները՝ Քերքիրա

Խմբագրել

Փոքր Ասիոյ եւ արեւելեան Թրակիոյ շրջաններէն հայ գաղթականներուն մեծ հոսքը շուրջ մէկ ու կէս միլիոն (յոյն գաղթականներուն հետ), տեղի կ'ունենայ 1922-ի ամրան եւ աշնան (յունական բանակի նահանջին հետ)։

Քերքիրա կը հաստատուին 3 000 հայեր եւ 5 000 որբեր վատառողջ պայմաններու մէջ։ Կղզին պատրաստ չէր եւ յարմարութիւնները չունէր այսքան մեծ թիւով գաղթականներ ընդունելու համար։ Շուտով որբերուն մեծ մասը կը փոխադրուի այլ երկիրներ շնորհիւ «Lord Mayorr’s Fund» հաստատութեան ջանքերուն։ Այսպէս, 1923-ին գարնանամուտին, Քերքիրայի հայ որբերուն թիւը 1 778 է։

Հոգատարութիւն

Խմբագրել

1906-ին (հայ գաղթականներուն Քերքիրա ժամանումէն 16 տարիներ առաջ), Արեւմտեան Հայաստանի Կամախի շրջանէն Մարկոսեան եղբայրները եւ Ծարուկեան Պօղոս քաղաքին մէջ կը հաստատուին։ Անոնք Քերքիրա մայրաքաղաքին կեդրոնը կ՛ունենան իրենց սուրճի գործարանը եւ ակամայ կը կազմեն Ի. դարու առաջին կիսուն Քերքիրայի հայ համայնքին կորիզը. անոնք է որ 1922-ի Նոյեմբեր եւ Դեկտեմբեր ամիսներուն կղզի հասնող հայ գաղթականներուն հոգ կը տանին եւ անոնց ի նպաստ ներդրում կ՛ունենան տեղական մարմիններուն մօտ։

3 000 գաղթականներուն 2/3 կին ու երեխայ է, առանց որբերը հաշուելու։ Անոնք Կեսարիա, Քոնիա եւ Ակսեր շրջաններէն են։

Գաղթականներուն (հայ, յոյն, Պոնտոսի յոյն) ընդհանուր թիւը 22 000 է։ Ասոնցմէ 5 000՝ որոնցմէ 400 հայ, յունական պետութեան կարգադրումով կը մեկնին դէպի Թեսալիա (Յունաստանի կեդրոնական շրջան)։

Քերքիրայի տեղական մարմինները իւրաքանչիւր գաղթական ընտանիքի կու տան 20-40 ք․մ․ հողատարածք, որպէսզի անոնք հողագործութեամբ զբաղին։ Հայերը կը տարածուին քաղաքին թաղամասերը, Փոթամօ գիւղը եւ քանի մը ընտանիքներ աւելի հեռաւոր գիւղեր, ինչպէս Սինարատես։ Սակայն, գաղթականներէն շատեր, աքսորի ճամբուն վրայ արդէն կորսնցուցած իրենց առողջութիւնը, յաջորդող ամիսներուն կը մահանան։

Քերքիրայի հայ համայնքի ստեղծում

Խմբագրել
 
Ահիլիօնի ուսուցչախումբը․ Ձախէն աջ՝ Պ․Ճերմակեան, Յ․Արսէնեան, Փրօֆ․Ս․Խաչատուրեան, Լ․Թիւթիւնճեան, Պ․Եէմէնիճեան, Յ․Ասպետ, Գ․Գարակիւլեան, Թէոդիկ, Ա․Ալպօյաճեան, Ա․Տէր Յակոբեան, Ն․Պէշիկթաշլեան, Վ․Չագմագճեան, Հ․Փանոսեան, Ս․Վարդանեան, Մ․Գասապեան, Գ․Փանոսեան եւ Ալպօյաճեան որդի։

Հայ որբերուն եւ գաղթականներուն հետ կը ժամանեն նաեւ հայ մտաւորականութեան ծանօթ դէմքեր, որոնք կը ստանցնեն որբերուն հայեցի դաստիարակութիւնը եւ միաժամանակ տեղւոյն հայկական «կորիզ»ին հետ կը հիմնեն «Հայ համայնքին Մարմին»ը, որպէսզի առաջին հերթին կարգադրուին գաղթականներուն ձեւակերպութեան թուղթերը եւ անոնց բաժանուի կեդրոնէն հասած օգնութիւնը։ Անոնք են որ 1923-ին կղզին կը պտտին եւ կ՛արձանագրեն Քերքիրայի մէջ 1550-էն մինչեւ 1920-ի տասնամեակին Քերքիրայի հայերուն պատմութիւնը (տես Թէօդիկ, 1924 տարեցոյց[1]

Այս մարմինը հետագային կը կազմակերպուի իբրեւ «Հայ Համայնքի Խորհուրդ»․ նախագահ՝ Գառնիկ Մոմճեան, գանձապահ Պօղոս Ծարուքեան եւ ատենադպիր՝ Գէորգ Կառվարենց։ Ապրիլ 11, 1924-ին Խորհուրդը Այիոն Թաքսիարհոն եկեղեցուոյ մէջ կը կազմակերպէ 1915-ի Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին ձեռնարկ մը, ուր ներկայ կը գտնուին հոծ բազմութիւն, տեղական պատկան մարմիններուն ներկայացուցիչներ, օտար երկիրներու ներկայացուցիչներ՝ հիւպատոսներ։ Կեդրոնական դասախօսն է բանաստեղծ Վահան Թէքէյեան։ Կը մասնակցի Քերքիրա քաղաքապետութեան նուագախումբը եւ հայ որբերուն երգչախումբը։ Նաեւ, Քերքիրայի եւ Փաքսոն Արքեպիսկոպոս Աթինաղորաս, հայերուն տրամադրութեան տակ կը դնէ Իփափանտիս եկեղեցին, որպէսզի հայերը կատարեն Աւագ Շաբթուան արարողութիւնները․ հայ գաղթականներուն հետ ժամանած էին նաեւ հայ հոգեւորականներ։

Օտար Բարեսիրական հաստատութիւններ, հիմնարմներու որբանոցներ եւ արհեստանոցներ

Խմբագրել

Շնորհիւ Բարեսիրական հաստատութիւններուն ներդրումին հայ գաղթականները եւ որբերը կը կարողանան 1922-ի ձմեռուան դժուար ամիսները՝ աղքատութիւն, առողջապահական վատ պայմաններ եւ անօթութիւն, բարւօք անցընել։ Բարեսիրական հաստատութիւններուն հետ զուգահեռ, կղզիին մէջ կը գործեն նաեւ անգլիական եւ ամերիկեան տնօրէնութեանց տակ տղոց եւ աղջկանց որբանոցներ։ Այս որբանոցներուն մէջ ալ կը դասաւանդեն հայ մտաւորականներ, որոնք փրկուած էին հալածանքներէն եւ որբերուն ու գաղթականներուն հետ Քերքիրա հասած։

Ամերիկեան Կարմիր Խաչ

Խմբագրել

Այս կազմակերպութիւնը առաջինն է որ հայ գաղթականներուն կ՛աջակցի։ 1924-ի ամրան անոնք գաղթականներուն դեղօրեաք եւ ուտեստեղէն կը բաժնեն։

Անգլիական Ընկերներու Միութիւն

Խմբագրել

Միութեան տնօրէնուհի օր․Պերճըս, 1922 թուականին, Պոլսոյ Միչըն Հաուզ ձերարուեստի 20 հայ երիտասարդ ուսանողուհիներուն հետ քաղաքէն կը մեկնի։ Քերքիրա կը հաստատուին Ալեփու գիւղին առանձնատան մը մէջ։ Երիտասարդուհիները իրենց ուսումը կը շարունակեն եւ միաժամանակ կը մասնակցին հաստատութեան բարեսիրական աշխատանքներուն։

Լորտ Մէյորս հիմնարկը

Խմբագրել

Հաստատութեան պատասխանատուները եւ նախագահը՝ Տոքթ․ Քենետի, Քերքիրա կը հասնին 750 հայ որբերով։ Որբանոցին տղոց բաժնին պատասխանատու է Սըր Ռոպերթ Քրեվսի, իսկ մանկավարժ – երաժիշտ  Գէորգ Կառվարենց ութը ամսուան համար տնօրէնութիւնը կը ստանցնէ․ անոր կը յաջորդէ ուսուցիչ Ս․ Խաչատրեան։ Աղջիկներուն բաժնի պատասխանատուն է տիկին Ֆենզի, իսկ ուսուցչուհին տիկին Տիրացեան։

Դասաւանդութիւններուն զուգահեռ, պր․Մ․Ֆրետ արհեստի դպրոցներ կը հիմնէ, ըստ ամերիկեան չափանիշներու, ուր հայ որբերը արհեստ կը սորվին՝ կօշկակարութիւն, դերձակութիւն, ատաղձագործութիւն եւ կ՛աշխատին։

Հաստատութեան տնօրէնը, 1922-1923 ձմեռուան ընթացքին, կարիքաւորներուն համար լուրջ գումար մը կը դրամադրէ ուտեստեղէնի եւ հագստեղէնի համար։

Ֆապր տղոց տունը

Խմբագրել

Պոլսոյ Սկիւտարի շրջանին մէջ գործող պզտիկ որբանոցին 16 հայ որբերը գլխաւորութեամբ անգլիացի սակայն հայախօս տիկին Նոյեմիին եւ տնօրէն պր․ Յակոբ Ալոճեանին անձայն կը հեռանայն, երբ քաղաքին մէջ կը սկսին խռովութիւնները։ Որբերը Քերքիրա կը հաստատուին։ Ութը ամիս շարունակ ամէն օր տաք ապուր կը հայթաթէին նաեւ շրջակայքի գաղթական ընտանիքներուն։

Գորգի գործարան

Խմբագրել

Բացի որբերուն հոգատարութենէն ու կրթութենէն, օտար բարեսիրական կազմակերպութիւնները կը հոգան անոնց աշխատանքի վերականգման համար․ առօրեայի ապրուստը։ Մանտուքի շրջանը գորգի գարծարան մը կը հիմնեն։ Ծախսերը կը հոգան Քերքիրայի Անգլիոյ հիւպատոսը եւ դեղագործ պր․ Մարքօ Քեշիշեան (Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն)։ Հոն կ՛աշխատին 300 հայուհիներ եւ գորգերը կ՛արտադրուին Ամերիկա եւ Քանատա։ Գորգերուն նախշերը ներշնչուած են հայկական մանրանկարչութենէն եւ պատասխանատուն է նկարիչ Արմենակ Տէր Յակոբեան։

Արարատ կրթարան

Խմբագրել

Կաթոլիկ հայ հոգեւորական Կիւրեղ Զօհրապեան (տե՛ս Քոքինիոյ հայկական գաղութը՝ Հայ Կաթողիկէ Սրբուհի Թերեզա Եկեղեցին), իր անձնական ջանքերով կը ստեղծէ 1923 Մայիսին Քերքիրա մայրաքաղաքին մէջ «Արարատ» կրթարանը։ Հոն կը դասաւանդեն Near East Relief որբանոցին հայ ուսուցիչները․ որբանոցին մէջ հայ որբերուն թիւը նուազելով հոն կը դասաւանդեն միայն 2 հայ ուսուցիչներ։ Կրթարանը կը դիմանայ 3 ամիս նիւթականի անբաւարարութեան պատճառով․ պահեստի գումարը կը տրամադրուի շէնքի վարձքերուն, դպրոցի կահ-կարասիին եւ ուսուցիչներու չնչին ամսավճարներուն։

Հայկական թատրոն

Խմբագրել

Անհրաժէշտ կը նկատուի հայ գաղթականներուն դուրս բերել թշուար կեանքէն։ Գէորգ Կառվարենցի եւ բանաստեղծ Նշան Պէշիկթաշլեանի նախաձեռնութեամբ, Մայիս 1922-ին Փուիքլիոն թատրոնին մէջ Չարշըլը Արթին Աղա թատերախաղ-օփերան կը ներկայացուի։ Դերակատարները կ՛ըլլան թատերասէր հայ գաղթականներէն եւ որբերէն օրիորդներ եւ երիտասարդներ, որոնք կը հետեւին վերոնշեալ երկու հայ ուսուցիչներուն ուղղութիւններուն։ Հակառակ թէ մեծ յաջողութիւն կ՛ունենայ, այս նախաձեռնութիւնը չի շարունակուիր։ Ծախուած տոմսերուն գումարով հազիւ կը վճարուին պետութեան հանդէպ տուրքերը եւ Քերքիրայի հայ գաղթականութիւնը չի կրնար յանձն առնել թատրոնի մը մատակարարման ծախսերը։ 

Near East Relief

Խմբագրել
 
Հայ որբեր իրենց ուսուցիչին ընկերակցութեամբ Ահիլիօ կ՛այցելեն

Ամերիկեան հիմնարկին նախաձեռնութեամբ, 1922-ի ամրան արագօրէն կը հաւաքուին Պոլսոյ որբանոցներուն մէջ պատսպարուող որբերը եւ Յունաստան կը փոխադրուին։ Կը մխրճուին նաւերուն մէջ եւ Յունաստան կը հասնին, շատեր ալ՝ ցամաքի միջոցաւ։

Նաւերով Քերքիրա հասնողները, առաջին ամիսներուն տեղի չգոյութեան պատճառով կը թափառին ոտաբոպիկ, առանց սնունդի կամ անկողնի։

Որբերուն ուղեկցող հիմնարկին պատասխանատուներուն շարունակ դիմումներուն շնորհիւ, Ֆրանսայի Հայ Ազգային Խորհուրդը Վահան Թէքէյեանը պատասխանատու կը նշանակէ։ Որբերուն թիւը 5 000 է։ Ան անմիջապէս գործի կ՛անցնի եւ Եգիպտոս կ՛երթայ, որպէսզի Քերքիրայի հայ որբերուն թափառման վերջնական լուծում տրուի։ 

Որբերուն տեղափոխումը
Խմբագրել

Սկզբնական շրջանին որբերը կը հաստատուին Ահիլիօ Պալատը իրենց ուղեկցող 27 հայ ուսուցիչներուն հետ։ 1923 Փետրուարին կը սկսի չափահաս որբերուն յառաջատաբար տեղափոխումը Գավալա (հիւսիսային Յունաստան), Սիրոս եւ ուրիշ տեղեր, ուր հոն անոնց աշխատանքը ապահոված է, իսկ անոնցմէ շատեր կ՛ընդունուին Քերքիրայի արհեստագիտական ուսումնարաններուն մէջ։ Լաւագոյն աշակերտները կ’ ուղարկուին հայկական բարձրագոյն ուսումնարաներ․ Կիպրոս, Պէյրութ եւայլն։

Քանի մը ամսուան ընթացքին, Քերքիրա կը մնան 150 որբեր եւ միայն 2 հայ ուսուցիչներ։ Անոնց կը միանան 4 յոյն ուսուցիչներ, որպէսզի երեխաները յունարէն ալ սորվին, քանի Յունաստան կը մնան։ Այս որբերէն շատեր մեծնալով Քերքիրայէն չեն հեռանար, խառն ամուսնութիւններ կ՛ընեն, սակայն կը պահեն իրենց ինքնութիւնը։

Հայ համայնքին նոսրացում

Խմբագրել

Հայ գաղթականներուն մեծամասնութիւնը կը գաղթէ Յունաստանի ուրիշ վայրեր եւ կամ կ՛արտագաղթէ։

1923-ի սկիզբներուն, 400 հայեր միանալով յոյն գաղթականներու դէպի Թեսալիա շրջանը կը մեկնին։

1935-ին հայ գաղթականներու մեծ թիւ մը կղզիէն կը մեկնի ու կը հաստատուի Մարսէյլ, Լիբանան, Սուրիա եւ Ամերիկա։ Փոքր թիւ մըն ալ՝ Յունաստանի տարածքին հայահոծ քաղաքները։

1938ին յունական կառավարութեան դիմումին ընդառաջելով, յունահայոց Ազգային Կեդրոնական վարչութիւնը մարդահամար կը կազմակերպէ այն շրջաններէն ներս, ուր հայեր կ՚ապրին։ Քերքիրայի հայկական համայնքը կը հաշուէ 150 հոգի։

Այժմ, համայնքը, իր կազմակերպուած իմաստով գոյութիւն չունի։ Քերքիրա կան մէկ ձեռքի վրայ համրուած հայ ընտանիքներ։

Մոռցուած հայկական գիւղ մը

Խմբագրել
 
Ռահթատես․ Գ․ Կառվարենց (վարը աջին) եւ հայ մտաւորականներ շրջապատած եւ նկարուած յունացած Արմենիս մականունով հայերուն հետ։

Հայ որբերուն հետ ժամանած մտաւորականները, երբ տեղացիներէն կը լսեն թէ Արմենատես անունով գիւղ մը կայ, Քերքիրա քաղաքէն 32 քմ․ դէպի հիւսիս, անունին ստուգաբանութենէն մղուելով կը հետաքրքրուին ու գիւղը կ՛այցելեն իմանալու համար եթէ իսկապէս ծագումով հայեր հոն կը բնակին։ Անոնք Քերքիրային զանազան վայրերը կը շրջին եւ տեղեկութիւններ կը հաւաքեն Քերքիրա հաստատուած 1550 թուականէն հայերուն մասին։ Անոնց մասին կը վկայէ Թէոդիկ, իր 1924 Տարեցոյցին մէջ։

Այցելութիւն Արմենատես եւ Ռահթատես գիւղերը

Խմբագրել

1923 աշնան, Քերքիրայի հայ համայնքէն ուսուցիչներու խումբ մը Արմենատես գիւղը կ՛այցելէ։ Հոն, անոնք կ՛իմանան թէ հայկական հին համայնքի շառաււիղները կ՛ապրին քիչ մը աւելի անդին գտնուող Ռախթատես լեռնային հին գիւղին մէջ, ծովէն 1 ժամ հեռաւորութեամբ։ Գիւղին ուսուցիչը՝ Ս․ Քուրթելեսի (Σ. Κουρτελέση) կը վկայէ թէ Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին բնակող քրիստոնեաներէն թիւ մը՝ հայեր, յոյներ եւ ուրիշ, Քերքիրա կը հասնին փրկուելու համար Օսմանցիներու հալածանքներէն՝ Ճելալիներու շարժում։

Հարուստ տեղացիները, անոնց կ՛աշխատցնեն իրենց ձիթենիներու անտառակներուն մէջ։ Կամաց կամաց գաղթականները կը կազմակերպուին գիւղերու մէջ, ինչպէս՝ Արքատատես (Արքատիա-Պելոպոնես), Տուքատես (Ալպանիա), Սֆաքերա (Կրետէ), եւայլն։ Հայերը սկզբնական շրջանին կը հիմնեն Արմենատես գիւղը, սակայն ժամանակ մը ետք Խաչակիրներ Քերքիրա կը ժամանեն եւ կ՛ապրին Ռահթատոն բարձր բլուրին վրայ։ Արմենատես գիւղէն հայեր իբրեւ վարձկան զինուոր անոնց մօտ կը ծառայեն։ Երբ խաչակիրները Քերքիրայէն կը մեկնին, հայերը կը հաստատուին Ռահթատես, անոնց բնակարաններուն մէջ։

Հանդիպում «հին հայերուն» հետ

Խմբագրել

1923-ին աշնան, հայ մտաւորականներուն խումբը, ներառեալ՝ Թէոդիկ, Գ․ Կառվարենց, կը հանդիպի 500 տարի ետք այլեւս յունացած «հին հայերուն», որոնք սակայն գիտեն որ հայու շառայիղներն են եւ բոլորն ալ իբրեւ երկրորդ անուն կամ մականուն կը կրեն «Արմենիս» Αρμένης անունը*։ Անոնք կը զբաղին այգեպանութեամբ, ձիթահանութեամբ եւ անասնապահութեամբ։ Ունին իրենց եկեղեցին, որուն գաւիթը իբրեւ դպրոց կը ծառայէ։ Աղջիկները կ՛ամուսնանան 25 տարեկանէն ետք։

  • Աղջիկները երբ կ՛ամուսնանան, իրենց զաւակներուն կու տան նաեւ Արմենիս անունը։ Այս սովորութիւնը մնացած է 1550 թուականէն․ հայ ծնողներուն կողմէ պատուէր կամ պայման՝ իրենց հարսնցու աղջիկներուն։

Պատմութեան մէջ ծանօթ է Փեթրոս Վրայլաս Արմենիս անձնաւորութիւնը (քաղաքագէտ եւ լրագրող, եղած է Յունաստանի Խորհրդարանի անդամ)։ Անոր մայրը, երբ հարս կ՛երթայ Քերքիրացի երեւելի Վրայլա ընտանիքին, իր երկու զաւակներուն՝ Իոաննիս (Յովհաննէս) եւ Փեթրոս (Պետրոս), կու տայ նաեւ Արմենիս մականունը։

Այժմ կղզիին մէջ տարածուած է Արմենիս մականունը։

[2] [3] [4] [5] [6] [7][8][9]

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
  1. Փեթրոս Վրայլաս Արմենիս, քաղաքագէտ եւ լրագրող(յունարէն)