Քութպ Մինար, ամէնէն բարձր քարէ փարոսն է ամբողջ աշխարհի տարածքին։ Կը գտնուի Հնդկաստանի մայրաքաղաք Նիւ Տելհիի հարաւ-արեւմուտքը[1]։ Փարոսը սկսած է կառուցուիլ Տելհիի սուլթանութեան կառավարիչներու քանի մը սերունդներուն կողմէ, 1192-ին[2]։ Ներառուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ[3]։

Քութպ Մինարը, Տելհի՝ Հնդկաստան:

Նկարագրութիւն Խմբագրել

Քութպ Մինարը կառուցուած է կարմիր աւազաքարէ եւ լուսաքարէ[4]: Փարոսը կը պարունակէ պարուրաձեւ 379 աստիճաններ[5]: Բազմաթիւ փորագրութիւններով հարուստ հինգ յարկանի վիթխարի այս աշտարակը ունի 73 մեթր բարձրութիւն, հիմքին լայնքը՝ 14.74 մեթր է, իսկ գագաթը՝ 3.05 մեթր[4][5]:

Քութպ Մինարը կը տարբերի Հնդկաստանի միւս աշտարակներէն, որովհետեւ անոր պատերուն վրայ չեն քանդակաուած կենդանի էակներ, այլ արաբական տառերով փորագրութիւններ կան, որոնք մէջբերումներ են իսլամական կրօնական բարոյախօսութենէն։ Այս զարդաքանդակները կը յիշեցնեն Սամարղանտի

աշտարակները։

Այսպիսի աշտարակները յատուկ են նաեւ Միջին Ասիոյ եւ Իրանի մէջ, ու հոնկէ ալ անցած են դէպի հիւսիսային Հնդկաստան։

Պատմութիւն Խմբագրել

Քութպ Մինարի պատմութիւնը կապուած է Մեծ Մոնկոլներու տիրապետութեան ժամանակաշրջանին հետ։ Պատմութենէն ծանօթ է, որ Ֆերկանայի Մուհամետ Պապուրի իշխանութեան ընթացքին, ԺԶ. դարուն, տեղի կ'ունենայ Հնդկաստանի գրաւումը եւ կը հաստատուի Մեծ Մոնկոլներուն իշխանութիւնը, որ կը տիրապետէ երկիրին (յատկապէս հիւսիսի մէջ) մինչեւ ԺԹ. դար (1859), մինչեւ որ Հնդկաստան կը գրաւուի անգլիացիներուն կողմէ։

Մեծ Մոնկոլներուն տիրապետութեան շրջանէն մնացած են ճարտարապետական հրապուրիչ կոթողներ, բերդեր, պալատներ, տաճարներ, դամբարաններ եւ աշտարակներ։ Վերջինէն ամէնէն շքեղն ու գրաւիչն է Քութպ Մինարը։

Աշտարակը կերտուած է պարսկական ոճով, բայց կառուցող Հնդիկ վարպետները, հոն շատ ներդրումներ ունեցած են։

Պատկերասրահ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Singh (2010).Longman History & Civics ICSE 7. Pearson Education India. p. 42. ISBN 978-81-317-2887-1. Retrieved 27 Հոկտեմբեր 2011.
  2. «Qutub Minar»։ qutubminardelhi.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 22 Յունիս 2015-ին-ին։ արտագրուած է՝ 15 Յունիս 2015 
  3. «WHC list»։ whc.unesco.org։ 2009։ արտագրուած է՝ 27 Հոկտեմբեր 2011 
  4. 4,0 4,1 «Qutb Minar Height»։ qutubminardelhi.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 29 Յունիս 2015-ին։ արտագրուած է՝ 15 Յունիս 2015 
  5. 5,0 5,1 Qutub Minar

Արտաքին յղումներ Խմբագրել