Ֆրետերիք Արման Ֆէյտի (15 Ապրիլ 1908(1908-04-15)[1], Փարիզի 7-րդ շրջան, Փարիզ[2] - 11 Մայիս 1991(1991-05-11)[1], Փարիզի 15-րդ շրջան, Փարիզ[2]), ֆրանսահայ հայագէտ, լեզուաբանական գիտութեան գագաթին հասած հեղինակութիւն, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր (1973), դեսպան հայ մշակոյթին։

Ֆրետերիք Ֆէյտի
ֆրանսերէն՝ Frédéric Feydit
Ծնած է 15 Ապրիլ 1908(1908-04-15)[1]
Ծննդավայր Փարիզի 7-րդ շրջան, Փարիզ[2]
Մահացած է 11 Մայիս 1991(1991-05-11)[1] (83 տարեկանին)
Մահուան վայր Փարիզի 15-րդ շրջան, Փարիզ[2]
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա
Ուսումնավայր Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկ
Բարձրագոյն հետազօտութիւններու գործնական դպրոց
Փարիզի Կաթոլիկ Հիմնարկ
Մասնագիտութիւն լեզուաբան, հայագէտ
Աշխատավայր Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկ
Վարած պաշտօններ Արեւելեան լեզուներու Հայկական Բաժանմունքի Ամպիոն

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Պատանեկութեան օրերուն Ֆէյտի վայելած է պարկեշտ հայ ընտանիքի մը դրացնութիւնը, որոնց հեռացումէն ետք տան մէջ մոռցուած երկու գիրքերը հետաքրքութիւն յառաջացուցած են իր մէջ։ Գիրքերէն մէկն է՝ Յ. Գազանճեանի «Քերականութեան առաջին ընթացք»ը, միւսը՝ Եղիա Տէմիրճիպաշեանի «Ֆրանսերէն-հայերէն» փոքր բառարան մը։

Պատանի Ֆէյտէ այդ բառգիրքին շնորհիւ յաջողած է կարդալ Հայերէն լեզուն եւ Յ. Գազանճեանի քերականութիւնը։ Իր հայագիտական կոչումին սկզբնական եւ մեծագոյն ուսուցչապետը եղած է Կրանսէյն Տ'Օդրիւ (Gransaignes d'Hauterives):

Ֆրետերիք Ֆէյտի հետեւած է Արեւելեան Լեզուներու վարժարանի դասընթացքներուն։ Աշակերտած է հայագէտ Ֆրետերիք Մաքլէրին։ Միաժամանակ արձանագրուած է Institut Catholique, ուր կը դասախօսէր հայր Մարիէս։ Հետեւած է նաեւ École des Hautes Études-ի մեծահամբաւ հայագէտ Մէյէի դասախօսութիւններուն։

Արեւելեան լեզուներու վարժարանը հիմնադրուած էր 1798-ին, ֆրանսական յեղափոխութեան Directoire-ին կողմէ։ Նոյն տարին Նափոլէոն Պոնափարթի անձնական պահանջքով հայերէն լեզուի ամպիոն մըն ալ բացուած է վարժարանին կից։

  • 1937-ին Ֆէյտէ Ս. Ղազարի կաճառին անդամ ընդունուած է։
  • Ֆէյտէ եղած է հայերէն լեզուի ամպիոնի ութերորդ վարիչը եւ 28 տարի անընդհատ վարած է նոյն պաշտօնը (1949-1977):
  • Հայերէն լեզուով առաջին հրապարակային դասախօսութիւնները տուած է Փարիզի մէջ, 1937-ին Հեթում պատմիչի մասին։
  • 1941-ին աւարտած է Սորպոնի համալսարանը, որմէ ետք գիտական հետազօտութիւններու կեդրոնին մէջ մինչեւ 1949 նուիրուած է հայ գրականութեան եւ հայոց պատմութեան մարզերէն ներս գիտախուզական աշխատանքներու։
  • 1949-ին ստանձնած է Արեւելեան լեզուներու վարժարանի եւ Սորպոնի համալսարանի հայկական վարչութիւնը, զոր պահած է մինչեւ 1977:

Իր աշակերտներէն են Շարլ Տէվսէթ, Նինա Կարսոյեան, հայր. Հ. Քոլվենպախ եւ Ժան Փիեռ Մահէ: Վերջինս զինք փոխարինած է իբրեւ վարիչ հայագիտական ամպիոնին եւ իբրեւ խմբագիր Revue des Études Arméniennes-ի։ Արժանացած է ֆրանսական պետութեան Docteur en Lettres et Sciences Humaines տիտղոսին։ Մասնակցած է Հայաստանի մէջ բազմաթիւ հայագիտական համագումարներու կամ սեմինարներու։

Գործեր եւ ուսումնասիրութիւններ Խմբագրել

  • Առաջին գործը եղած է «Հայոց Լեզուի Քերականութիւն Արեւմտեան Աշխարհաբարի» (1935):
  • Հրատարակած է «Հայոց Լեզուի Ձեռնարկ Արդի Արեւմտահայերէնի» (1948), որ վերատեսութեամբ վերահրատարակուած է 1969-ին։
  • 1957-ին հիմնաւորուած գրական վերլուծութեան ենթարկած է «Հայ ժողովրդական բանահիւսութիւնը»:
  • Պատմագիտական ուսումնասիրութիւն նուիրած է Փաւստոս Բիւզանդ «Հայոց Պատմութիւն» գիրքի առնչութեամբ։
  • 1961-ին Ե. Օտեանի «Ընկեր փանջունի, Առաքելութիւն մը ի ծապլվար» գիրքը թարգմանած է ֆրանսերէնի։
  • 1964-ին գրած է «Խոհեր Մեսրոպի Այբուբենի մասին», որ վերամշակուած է 1982-ին։
  • 1964-ին լոյս տեսած է իր David de sasoun Սասունցի դաւիթ համահաւաք բնագիրի թարգմանութիւնը, որ նոյն տարին UNESCO-ի «Դիւցազնավէպերու մրցանք»-ին մասնակցած ու ստացած է պատուոյ ցանկին առաջին տեղը եւ արժանացած հրատարակութեան UNESCO-ի ծախսերով։
  • Ֆէյտէ ուսումնասիրութիւններ ունի Յակոբ Պարոնեանի, Երուանդ Օտեանի, Վարուժանի եւ Ա. Չոպանեանի նուիրուած։ Ունի նաեւ մեծ թիւով ուսումնասիրութիւններ հայկական բարբառներու մասին։
  • 1976-ին լոյս տեսած է Ֆէյտիի «Դասական հայերէնի հոլովման համակարգը» գործը։
  • 1986-ին «Բուժանքներ Քրիստոնեայ Հայաստանի» գործը։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Աղբիւներ Խմբագրել

Արտաքին յղումներ Խմբագրել

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։