Ֆիլմը, բեմադրուած է Ալֆրետ Հիչքոքի կողմէ. ան գրած է Ճոզէֆ Սթէֆանօ:

Ֆիլմին կարեւորագոյն երկու դերասաններն են Անթընի Փըրքինզ, ստացած է իր հռչակը այս ֆիլմի մէջ իր Նորմըն Պէյթս դերով եւ Ճանըթ Լայ, նոյնպէս, թէպէտ նախապէս ան դերեր ունեցած է ուրիշ Հիչքոքի տարբեր ֆիլմերու մէջ, սակայն Psycho-ն անոր շնորհած է հռչակը, որովհետեւ այս ֆիլմը ամէնէն շատ գիտցուած ֆիլմն է արդի ֆիլմի պատմութեան մէջ:

Խօսելով նիւթին մասին, պատմութիւնը կը սկսի զոյգով մը, որոնք կ’արծարծեն իրենց ամուսնութեան ծրագիրները, նշելով ինչպէս բաւարար գումար չունին ամուսնութեան իրենց ծրագիրները իրականացնելու: Շարունակութիւնը կը ներկայացուի, երբ զոյգէն Մէրյընը աշխատանքի ժամանակ կը ստանայ 40,000 տոլար իր վարպետէն, որպէսզի զայն տեղադրէ դրամատուն յաճախորդի մը համար: Առիթը օգտագործելով, Մէրյըն կը գողնայ այդ մեծ գումարը ու կը քշէ Արիզոնա նահանգէն դուրս դէպի Գալիֆորնիա: Ան նոյնիսկ ինքնաշարժը կը ծախէ ու կը քնէ նոր ինքնաշարժ մը, որեւէ մէկ պարագայի ոստիկանային վտանգէ հեռու մնալու համար: Ճամբան անոր աչքերը գոցուիլ կը սկսին, որուն պատճառաւ ան ճամբուն վրայ առաջին իր տեսած պանդոկը կը մտնէ: Պանդոկին անունն է Պէյթս Մոթէլ: Այնտեղ, կը ծանօթանայ Նորմըն Պէյթսի, որ կը հրաւիրէ Մէրյընը ընթրիքի: Զայն իր տունը կը հրաւիրէ, որ կը գտնուի պանդոկին կողքին, սակայն, Նորմըն իր մօր հետ կը վիճաբանի, որովհետեւ Նորմընի մայրը բնաւ համաձայն չէ, որ Նորմըն կիներ ներս բերէ իրենց տունէն: Նորմըն այդ հարցը լուծելու համար կը նստի պանդոկին գրասենեակը եւ այնտեղ կ’ընթրեն, կը խօսակցին ու զիրար կը ծանօթանան: Պատմութեան վերջը չյայտնելու համար, պատմութեան նիւթը պիտի չշարունակեմ, սակայն շատ տարօրինակ ձեւով մը կը վերջանայ: Ֆիլմը զգայացունց եւ սսարսափ պատճառող ժանրի ֆիլմ մըն է, սակայն այդ վաղ ֆիլմերու նոր ծնունդի թուականին համար հիանալի որակով ֆիլմ մըն է արտադրութեամբ, դերակատարութեամբ, բեմադրութեամբ եւ թատերագրութեամբ:

Ֆիլմը կը ներկայացուի անգլերէն լեզուով, կ’երկարի մէկուկէս ժամ եւ ունէր պիւտժէ մը 800,000 տոլարի, սակայն ֆիլմին շահոյթն էր 50 միլիոն տոլար, որ այսօրուան դրամարժէքով կը համապատասխանէ 593 միլիոն տոլարի:

Առաջին անգամ ցուցադրուած է 16 Յունիսին Ֆիլմի Փառատօնի մը ընթացքին եւ հրապարակուած՝ 8 Սեպտեմբերին: Ֆիլմը արտադրուած է Paramount Pictures եւ Universal Pictures արտադրական ընկերութիւններու կողմէ: