«Լինտթ» տուրմի գործարան

Լինտթ, զուիցերիական տուրմի ընկերութիւն, որ հիմնադրուած է 1845-ին: Հիմնուած է Քիլխպերկի մէջ, ուր կը գտնուի անոր հիմնական գործարանն ու թանգարանը։ Լինտթը զուիցերիական տուրմի մեծագոյն արտադրողներէն է[1]։ Գործարանը ներկայիս կը գտնուի Ցիւրիխի մէջ:

«Լինտթ»ի արտադրութիւններէն

Խմբագրել
 
 
 
 

Տուրմի թանգարանը

Խմբագրել
 

13 Սեպտեմբեր 2020-ին, տուրմի այս նշանաւոր վաճառանիշը բացումը կը կատարէ տուրմի յատկացուած իր թանգարանին: Այս «Տուրմի տան» 1500 քառակուսի մեծ տարածքին վրայ սրահներուն մէջ այցելուները կրնան ծանօթանալ տուրմի 5000 տարուան պատմութեան, ինչպէս նաեւ անոր պատրաստութեան բոլոր գաղտնիքներուն:

 

Թանգարանին գլխաւոր գործը անոր 9 մեթր բարձրութիւն ունեցող տուրմի աղբիւրն է: Այդ աղբիւրէն մօտաւորապէս 1000 լիթր իսկական տուրմ կը բխի: Ճիշդ է, որ աղբիւրը տպաւորութիւնը կու տայ օդին մէջ կախուած զարնելու գործիքի մը, որմէ կը թափի տուրմը, սակայն անոր շինութիւնը կարօտած է մեծ աշխատանքի, յատուկ նիւթերու եւ մանրակրկիտ ծրագրումի: Ան կը կշռէ երեք թոն` անոնց մէջ հաշուելով տուրմի 1500 քիլոները, որոնք կը հոսին ամէն երկվայրկեան մէկ քիլօ արագութեամբ: Ընդամէնը 94 մեթր երկար խողովակներու դրութիւնն է, որոնք տուրմի աղբիւրին 9,3 մեթր հասակը կու տայ[2]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել