Ամսուան ՅօդուածըԶաքինթոս (յուն․՝Ζάκυνθος)․ մայրաքաղաքը՝ Զաքինթոս։ Յոնիական Ծովուն կեդրոնական կղզիներէն, Յունաստան։ Վենետիկցիներուն նախասիրած կղզին․ անոնք կղզիին տուած են Ֆիորօ թու Լեվանթէ ( Φιόρο του Λεβάντε․ թարգմ․՝ Արեւելքին ծաղիկը) եւ Ծանթէ անունը։ Տարածքով Յունաստանի 11-րդ կղզին է։ Իսկ Յոնիական կղզիներուն՝ երրորդը եւ բնակչութեամբ՝ երկրորդը։ Անոր ծովափները Յոնիական կղզիներուն լաւագոյններէն են։ Մայրաքաղաք Զաքինթոս, արեւմտեան Եւրոպայի մեծագոյն բնական նաւահանգիստն է․ կը գտնուի հսկայ ժայռի մը ստորոտին, ուր Տիոնիսիոս Սոլոմոս գրած է «Երգն Ազատութեան» Յունաստանի ազգային ոգերգը։ Զբօսաշրջիկութիւնը շատ զարգացած է եւ ամէն տարի հազարաւոր զբօսաշրջիկներ կ'ընդունի: Զաքինթոսի տարածութիւնն է՝ 406 ք․քմ․ եւ բնակչութեան թիւը՝ 40 758 է, ըստ 2011-ի մարդահամարին։ Հեռաւորութիւնը Պեղեպոնեզի Քիլլինի նաւահանգիստէն 9,5 ծովային մղոն է, իսկ Քեֆալոնիա կղզիէն՝ 8,5 ծ․ մղոն։ Բնակիչները կ'անուանուին Զաքինթյի կամ՝ Զաքինթինի Ζακύνθιοι – Ζακυνθινοί․․․ Աւելին⇒Արդեօք Գիտէ՞ք
Նախագիծեր |
Ի՞նչ է ՈւիքիփետիանՈւիքիփետիան ազատ բովանդակութիւն ունեցող, անվճար եւ բազմալեզու առցանց հանրագիտարանային նախագիծ է, որ կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Հիմնադրամին կողմէ։
Ուիքիփետիա անունը կազմուած է «Ուիքի» բառէն (համագործակցաբար կայքէջեր ստեղծելու յատկացուած գործիքի անուն, ինչպէս նաեւ՝ հաուայեան լեզուով «արագ» բառը) եւ յունարէն «էկիքլոփետիա» (հանրագիտարան) բառին «փետիա» (յունարէն լեզուով՝ կրթութիւն) մասէն։ Ուիքիփետիա նախագիծը ստեղծուած է 2001-ի Յունուարին, Ճիմմի Ուէյլզի եւ Լէրի Սէնկըրի կողմէ։ Հանրագիտարանը կը պատկանի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին, որ նուիրատուութիւններէ գոյացած հասոյթը կը յատկացնէ Ուիքիփետիայի եւ այլ քոյր նախագիծերու զարգացման։ Հանրագիտարանին երեսուն միլիոնէ աւելի յօդուածները, որոնց շարքին՝ 7800-է աւելի արեւմտահայերէնով յօդուածները ստեղծուած են կամաւոր խմբագիրներու կողմէ։ 1 Ապրիլ 2019-էն սկսեալ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ունի իր առանձին հարթակը։Ամսուան Իրադարձութիւնները
Օրուան Պատկերը[[Պատկեր:Կաղապար:Potd/2021-04-21|center|400x400px|Կաղապար:Potd/2021-21-21 (hyw)]] |
Ուիքիփետիա Քոյր Նախագիծեր
Ուիքիփետիան կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին կողմէ, որ կը հովանաւորէ նաեւ հետեւեալ քոյր նախագիծերը.
Ուիքիփետիան Տարբեր Լեզուներով
Ա՛յս Ուիքիփետիան գրուած է արեւմտահայերէնով եւ ունի 8817 յօդուած։ Անիկա ստեղծուած է 1 Ապրիլ 2019-ին։ Գոյութիւն ունին բազմաթիւ այլ Ուիքիփետիաներ, որոնցմէ ամէնէն մեծերէն են՝
- 1,000,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 250,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 50,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝