Մարսողութիւնը սննդանիւթերու մշակման, տարրալուծման եւ ներծծման բարդ բնախօսական (physiologic) գործընթացն է: Անիկա կ'իրականանայ մարսողական համակարգին օրկաններուն մէջ[1]:

Մարսողական Համակարգը

Խմբագրել

Մարսողական համակարգը կ'ընդգրկէ բերանը, ըմբանը (pharynx), որկորը-կերակրափողը (eso-phagus), ստամոքսը եւ բարակ ու հաստ աղիքները: Լեարդը, լեղուցը եւ շարոյրը (pancrease) մարսողական համակարգին յարակից օրկաններ են, որոնք իրենց յատուկ հիւթերով կ'ամբողջացնեն մարսողութեան գործընթացը:

Մարսողութիւնը կը ղեկավարուի ուղեղով: Անիկա մարսողական համակարգը գործի կը լծէ, երբ որոշ տեղեկութիւններ հասնին իրեն: Այդ տեղեկութիւններն են՝ կերակուրի մը հոտը, տեսքը եւ համը՝ լեղի, կծու եւ թթու: Նոյնիսկ կերակուրի մասին մտածելը ահազանգի կը մատնէ ուղեղը: Ուղեղը այս տեղեկութիւնները ընկալելէ ետք կը հրահանգէ բերնի լորձնաբեր գեղձերուն, ստամոքսին, տասներկումատնեայ աղիքին (duodenum),  բարակ աղիքներուն, շարոյրին, լեարդին եւ լեղուցին (gallbladder), որպէսզի արտադրեն իրենց հիւթերը, խմորիչները (enzymes) եւ լեղին-մաղձը (bile) ու մասնակից դառնան սննդանիւթերու մարսողութեան:

Մարսողութեան Առաջին Հանգրուան
Խմբագրել

Մարսողական համակարգը կը սկսի բերանի խոռոչէն եւ կը հասնի մինչեւ յետանցք: Ակռաները, լեզուն եւ բերանի որոշ գեղձային հիւթեր իրենց բաժինը կը բերեն մարսողութեան առաջին հանգրուանին: Բերանին մէջ սննդանիւթերը ֆիզիքական եւ քիմիական  փոփոխութեան կ'ենթարկուին ծամուելով եւ լորձունքի ներգործութեամբ:

Ակռաներու առողջութիւնը մեծապէս կը նպաստէ ծամելու գործողութեան, իսկ լորձունքի բնական հոսքը բերնին մէջ կը նպաստէ մարսողութեան առաջին հանգրուանին:

Այս բոլորին կ'օժանդակեն լեզուն, լինտերը, ծնօտները, որպէսզի ծամուելու գործողութիւնը լաւապէս կատարուի եւ սննդանիւթերը առաւելագոյն ձեւով շաղախուին լորձունքին հետ:

Լորձունքը մաքուր, թափանցիկ հեղուկ մըն է, որ շարունակ կ'արտադրուի բերնին մէջ գտնուող լորձնաբեր գեղձերու (salivary glands) կողմէ:

Մարսողութեան Երկրորդ Հանգրուան
Խմբագրել

Ամէն մարդ 10-15 անգամ ծամելէ ետք կուլ կու տայ սնունդը, որ կ'իջնէ ստամոքս: Անիկա 3-4 ժամ մնալէ ետք կը փոխանցուի բարակ աղիքներ: Բարակ աղիքներու երկարութիւնը մօտաւորապէս 6 մեթր է: 6 ժամ մնալէ ետք հիմնական սնունդը կը ներծծուի եւ կը փոխադրուի մարմին: Ապա մնացեալ սնունդը կը փոխադրուի հաստ աղիք եւ կը կոչուի կղկղանք[2]:

Բնական պայմաններու մէջ մեր կերած սննդանիւթերը ստամոքսին կողմէ արտադրուած ջրահեղուկներուն հետ խառնուելով` կը վերածուին կակուղ եւ հեղուկային խառնուրդի մը, ապա ստամոքսի եւ բարակ աղիքներու մէջ տեղի կ'ունենայ մարսողութիւնը: Չմարսուած նիւթերը ջուրով միասին եւ հեղուկ վիճակի մէջ կը հասնին հաստ աղիք. հոս ջուրը մեծամասնութեամբ կը ներծծուի աղեպատէն, իսկ մնացեալ աւելորդ թափօնները կը վերածուին թանձր կղկղանքի[3]:

Մարսողութեան Վերաբերեալ Հետաքրքրական Տեղեկութիւններ
Խմբագրել
  • Խնդալը թուլութիւն կը յառաջացնէ: Եւ ինչպէս ամէն ինչ իրարու կապուած է մարմնին մէջ, փորին մէջ խնդուքին յառաջացուցած շարժումը մարսողութիւնը կը դիւրացնէ եւ կ'արագացնէ: Ասիկա կ'աւելցնէ ստամոքսային հիւթերը, կը մարձէ եւ կը հանգստացնէ մարսողական խողովակը[4]:
  • Մարսողութիւնը կ'արագանայ տաքութիւն յառաջացնող անհրաժեշտ ածխաջրերը (կլուսիտ), սպիտակուցները (փրոթէին) եւ իւղերը հաւաքելու համար[5]:
  • Մանանեխը (Մութարտ) կը գրգռէ ախորժակը, կը նպաստէ մարսողութեան` աւելցնելով ստամոքսահիւթի արտադրութիւնը:
  • Սեւ եւ սպիտակ պղպեղը կ'օգտագործուի աղացած եւ հատիկներու ձեւով: Կը պարունակէ եթերաիւղեր, ալքալոիտներ, որոնք կը խթանեն մարսողութիւնը[6]:
  • Խնձորի քացախը կը համարուի օրկանիզմի թթուային հակազդեցութիւնը համակարգող միջոց: Անիկա կը կանոնաւորէ մարսողութիւնը:
  • Կանկառը կը պարունակէ կենսանիւթեր, յատկապէս` ՔԱ. կենսանիւթը եւ հանքայիններ` փոթասիոմ, մակնեզիում եւ կիր, որ կը դարմանէ պնդութիւնը, կ'ապահովէ աղիքներուն առողջ գործունէութիւնը եւ կ'աշխուժացնէ մարսողութիւնը:
  • Սննդագէտները խորհուրդ կու տան պանիրը ճաշէն ետք ուտել: Անիկա կը բարելաւէ մարսողութիւնը[7]:
  • Ջուրը կը նպաստէ մարմնի ընդհանուր նիւթափոխարկումին (metabolism), մարսողութեան եւ սննդանիւթերու ներծծումին (absorption) աղիքներու պատերէն, բջիջներու վերանորոգման եւ անոնց թթուածինով եւ սննդանիւթերով մատակարարման[8]:
  • Աւոքատօն կը կարգաւորէ մարսողութիւնը եւ կը դարմանէ պնդութիւնը:
  • Շաքարախտը կրնայ մարսողութեան դժուարութիւն յառաջացնել:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել