Լեարդը մարմնի կարեւոր օրկաններէն մէկն է։ Ան ամենամեծ գեղձն է մարմնին մէջ եւ ունի մօտաւորապէս 1500-1750 կրամ ծանրութիւն։ Չափահասներու մօտ անիկա մարմնի ծանրութեան 2.5 տոկոսը կը կազմէ։ Տղամարդոց լեարդը աւելի մեծ է քան կիներունը, իսկ մանուկներու մօտ լեարդը աւելի մեծ կ’ըլլայ՝ անոնց մարմնի չափին համեմատ[1]:

Լեարդը.
Ոչխարի լեարդ

Յաւելեալ

Խմբագրել

Լեարդը ունի սրճագոյն-կարմիր գունաւորում։ Անիկա կակուղ է եւ առաձգական։ Կը գտնուի որովայնին վերի աջ կողմը, ստոծանիին (diaphragm) յատակը եւ կրծոսկրի (sternum) վարի բաժինին ետեւը ու պաշտպանուած է կրծքավանդակի կողոսկրներով[2]: Կը նմանի 4 երեսներով բուրգի մը, որուն գագաթը ուղղուած է դէպի ձախ կողմ եւ յատակը դէպի աջ կողմ։ Գագաթը կը գտնուի ստոծանիին եւ ստամոքսին միջեւ։ Յառաջամասի, վերին, եւ յետսամասի մակերեսները կը դպչին ստոծանիին։

 
Մարդն ու իր լեարդը

Լեարդի դիրքը կախեալ է ստոծանիի շարժումներէն, շնչառութեան կշռոյթէն, մարմնի դիրքէն, հորիզոնական-ոտքի կամ ուղղահայեաց-պառկած մարմնի վիճակէն, իր շուրջը գտնուող օրկաններու իրավիճակէն եւ ձեւէն, ինչպէս նաեւ ստամոքսի լեցուն կամ պարապ ըլլալէն։

Լեարդը կազմուած է չորս անհաւասար բլթակներէ (lobes): Երկու մեծ՝ աջ եւ ձախ բլթակներէ եւ երկու պզտիկ բլթակներէ, որոնք կը կոչուին quadate եւ quadrate բլթակներ։ Իւրաքանչիւր բլթակ կը ներկայացնէ հազարաւոր պզտիկ բլթակներու (lobules) ամբողջութիւն մը, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կազմուած է լեարդային բջիջներէ։ Իւրաքանչիւր բլթակ ունի իր ծորանը՝ մաղձուղին (bile duct): Այս ծորանները միանալով կը կազմեն լեարդի միացեալ մաղձուղին (common Hepatic duct), որ ունի 2.5 սմ. երկարութիւն։ Ան, կ’ուղղուի դէպի վար եւ կը միանայ լեղուցածորանին (cystic duct) հետ ու կը կազմէ մաղձածորանը (bile duct), որ իր կարգին զուգահերաբար կը քալէ յետսաստամոքսային գեղձի (pancrease) ծորանին հետ։ Այս երկու ծորանները միանալէ ետք կը բացուին տասներկումատնեայ աղիքին (duodenum) մէջ։

Լեարդը հարուստ է արիւնով: Ան կը պարունակէ մարմնի արեան 10 տոկոսը։ Ամէն վայրկեան լեարդէն դուրս կը մղուի մօտաւորապէս 1.5 լիթր արիւն։ Սաղմային կեանքի ընթացքին լեարդը ունի արիւնաշինութեան դերակատարութիւն։ Ծնունդէն ետք անոր հիմնական դերակատարութիւնն է՝ մասնակցիլ մարմնի ընդհանուր նիւթափոխանակութեան (metabolism) գործընթացին։ Լեարդի բջիջները ունին կարեւոր յատկութիւն մը։ Անոնք դիւրաւ կը վերանորոգուին, այսինքն՝ կ’աճին եւ կը բազմանան։ Այս մէկը կը տեսնուի, երբ լեարդը վիրաւորուի, հիւանդանայ, անկէ մաս մը վիրահատուի եւ կամ փոխպատուաստումի գործածուի։ Լեարդի մնացեալ առողջ մասը քանի մը ամիսներու ընթացքին կը վերագտնէ իր նախկին բնական չափը եւ ծաւալը։

Տեսնուած է, որ լեարդի 70 տոկոսի հատումով, մնացեալ լեարդի բաժինը բաւարար է բնական աշխատանքի համար[3]:

 
Մարդու հիմնական ներքին օրկանները, տեսքը առջեւէն լեարդի.

Լեարդի Պարտականութիւնները

Խմբագրել

Լեարդը շարունակ կը գործէ եւ ունի շատ կարեւոր պարտականութիւններ։ Այս պարտականութիւններուն կարեւորագոյններն են՝

  1. Կ’արտադրէ օրական 500-600 մլ. մաղձ (bile), որ կանաչ-դեղին հեղուկ մըն է, որ կը պարունակէ ջուր, մաղձային աղեր (bile salts), մաղձային ներկեր (bile pigments), քոլեսթերոլ, bilirubin եւ բնասպիտներ (proteins): Մաղձը հասնելով տասներկումատնեայ աղիք՝ կ’օժանդակէ’ մարսողութեան, մասնաւորապէս՝ կազմալուծելու համար ճարպերը[4][5]:
  2. Մարսողութեան ընթացքին ածխաջրատներու (carbohydrates) եւ բնասպիտներու մարսողութեան արտադրութիւնները (end products) կը հասնին լեարդ։ Ածխաջրատ glucose-ը կը փոխուի glycogen-ի, որ կ’ամբարուի’ լեարդին մէջ՝ յետագային գործածուելու համար ըստ պահանջի[6]:
  3. Կ’արտադրէ’ զանազան տեսակի խմորիչներ (enzymes) եւ բնասպիտներ, որոնք մեծ դերակատարութիւն ունին մարմնի ընդհանուր նիւթափոխանակումի գործընթացին մէջ եւ արեան մակարդումին (clotting) համար[7]:
  4. Կը հակակշռէ արեան ճարպի, բնասպիտի եւ ածխաջրատներու քանակը։
  5. Կ’արտադրէ heparin-ը, որ հակամակարդիչ (anticoagulent) մըն է։
  6. Ան կը գործէ արեան կարմիր գնդիկներու ներկանիւթին (hemoglobin) վրայ։
  7. Կ’արտադրէ բնասպիտներու նախանիւթերը։
  8. Կը մաքրագործէ արիւնը կարգ մը մանրէներէ եւ նիւթերէ, օրինակ՝ ալքոլէ։
  9. Կ’ամբարէ կենսանիւթեր եւ մետաղներ, օրինակ՝ A, D, K, B12 կենսանիւթերը եւ երկաթը[8]:
  10. Կ’արտադրէ քոլեսթերոլ. մարմնին ընդհանուր քոլեսթերոլին 80 տոկոսը կ’արտադրուի լեարդին մէջ։
  11. Մարմնին մէջ արտադրուած կարգ մը թափօններ (waist products), որոնք երիկամներէ չեն արտաթորուին, կը հասնին լեարդ եւ մաղձի միջոցաւ կը հասնին տասներկումատնեայ աղիք, ուրկէ կ’ուղղուի’ն դէպի հաստ աղիք[9]:
  12. Կը հակազդէ մարմնին մէջ յառաջացած բորբոքումներուն։
  13. Կը հակակշռէ որոշ թոյներ եւ դեղեր։
  14. Կ’արտադրէ կարգ մը ներազդակներ եւ կը կ’անոնաւորէ անոնց աշխատանքը, օրինակ՝ առական ներազդակը (hormone)[10]:
  15. Կը կանոնաւորէ շատ ներազդակներու գործունէութիւնը, օրինակ՝ վահանագեղձի (thyroid gland) եւ մակերիկանի (adrenal gland) ներազդակներու գործունէութիւնը։
 

Լեարդաթորշումի կարեւորագոյն ախտապատճառները

Խմբագրել

1. Լեարդի ժահրային հիւանդութիւններ, մասնաւորապէս` լեարդաբորբի A, B, C խմբաւորումները: Լեարդաթորշումի հիմնական պատճառը լեարդաբորբի C խմբաւորումն է:

2. Ալքոլամոլութիւն. չափազանց ալքոլի գործածութիւնը լեարդը կը մատնէ դժուարութեան եւ ան չի կրնար բնական ձեւով կատարել իր դերակատարութիւնը: Լեարդի բջիջները կը փճանան կամ կ՛այլափոխուին եւ տեղի կ՛ունենայ ճարպի կուտակում եւ մնայուն լեարդաբորբ, որ պատճառ կը դառնայ կանխահաս սպիացումի եւ ապա` լեարդաթորշումի:

3. Ծինային հիւանդութիւններ. անբնական ծիներու ներգործութեամբ կը յառաջանան լեարդի կարգ մը հիւանդութիւններ, ինչպէս` երկաթագունախտ (hemochromatosis) եւ Ուիլսըն-ի հիւանդութիւն, որոնք ընդհանրապէս կը յայտնուին շատ կանուխ` մանկութեան շրջանին եւ կամ տարիներ ետք:

4. Վարակամերժութեան (Immunity) համակարգի խախտում, որուն պատճառով լեարդը կ՛ենթարկուի կրկնովի բորբոքումներու եւ սպիացումի:

5. Որոշ դեղերու եւ ճարտարարուեստական թոյներու ենթակայութիւն: 6. Լեարդի խլիրդներ, որոնք ընդհանրապէս մարմնի այլ օրկաններէ լեարդ փոխակայուած (metastasized) կ՛ըլլան:

7. Գիրութիւն:

8. Շաքարախտ:

9. Մաղձածորանի (bile duct) խցում, որուն պատճառով մաղձ չի հասնիր բարակ աղիքներուն:

10. Սիրտի աշխատանքի կրկնովի կաթուած (heart failure):

11. Լեարդի պարկային բնաթելացում (cystic fibrosis):

Լեարդի Յաճախակի Հիւանդութիւններ

Խմբագրել

Լեարդի կենսական դերակատարութիւնները կը դանդաղին եւ կամ կը դադրին, երբ լեարդը ախտահարուի զանազան տեսակի հիւանդութիւններով։

Լեարդի յաճախակի հիւանդութիւններն են.

Ժահրային Սուր Լեարդաբորբ (acute viral hepatitis)[11]

Խմբագրել

Ժահրային սուր լեարդաբորբը կը զարգանայ հինգ տեսակ ժահրերու միջոցաւ.

Hepatitis A (HAV)

Խմբագրել

Լեարդի այս բորբոքումը ամէնէն յաճախկին է եւ անիկա առաւելաբար կը պատահի երեխախներու եւ անչափահասներու մօտ։ Անոր թխսաւորումը (incubation) կը տեւէ 15-45 օր, իսկ փոխանցումը կ’ըլլայ բերանի հեղուկներու եւ կղկղանքի միջոցաւ։ Այս լեարդաբորբը առաւելաբար կը տեսնուի այն խմբաւորումներուն մօտ, որոնք.

  1. Վատ առողջապահական վայրերու մէջ կ’ապրին.
  2. Ոչ-առողջապահական ջուր եւ սննդանիւթեր կը սպառեն.
  3. Համաճարակներու մէջ կ’ապրին.
  4. Ոչ-զարգացած երկիրներու մէջ կը գտնուին։

Այս տեսակ լեարդաբորբը մնայուն-երկարատեւ լեարդաբորբի չի վերածուիր։

 
Առնետի լեարդ.

Hepatitis B (HBV)

Խմբագրել

Անիկա լեարդաբորբի ամէնէն վատը, դժուարագոյնը եւ խրթինն է։ Անիկա լեարդաբորբերու երկրորդ ամէնէն շատ պատահած տեսակն է։ Թխսաւորումը կը տեւէ 40-180 օրեր։ Լեարդաբորբը ուրիշին կը փոխանցուի առաւելաբար արեան ճամբով՝ վարակուած արեան փոխներարկումով եւ թմրեցուցիչ գործածողներու սրսկումի ասեղներով։ Փոխանցումը կրնայ ըլլալ նաեւ սեռային յարաբերութեամբ, ինչպէս նաեւ մօրմէն իր զաւակին յղութեան շրջանին։ HBV լեարդաբորբը աւելի շատ կը պատահի հիւանդանոցներու անձնակազմերուն մօտ եւ այն հիւանդներուն, որոնք ասեղներով յաճախակի սրսկում կը ստանան։ Անիկա կրնայ վերածուիլ մնայուն-երկարատեւ լեարդաբորբի եւ ենթակաները կը նկատուին կրողներ (carriers), որոնք պատճառ կը դառնան հիւանդութեան տարածման։

Hepatitis C (HCV)

Խմբագրել

Այս լեարդաբորբի թխսաւորումը կը տեւէ 20-120 օր։ Անոր փոխանցումը տեղի կ’ունենայ արեան ճամբով՝ վարակուած արեան փոխներարկումով եւ թմրեցուցիչ գործածողներու սրսկումի ասեղներով, դաջուածքի (tattoo) միջոցաւ եւ շատ քիչ պարագաներուն սեռային յարաբերութեամբ։

Hepatitis D (HDV)

Խմբագրել

Այս լեարդաբորբը կը պատահի շատ քիչ եւ ընդհանրապէս HBV բորբոքումով միասին։ Անոր փոխանցումը կ’ըլլայ արեան ճամբով. իսկ թխսաւորումը կը տեւէ 30-180 օր։

Hepatitis E (HEV)

Խմբագրել

HEV լեարդաբորբի փոխանցումը տեղի կ’ունենայ կղկղանքի միջոցաւ։ Իսկ անոր թխսաւորումը կը տեւէ 15-60 օր։ HBV սուր լեարդաբորբի պարագաներուն 10 տոկոսը եւ HCV-ի պարագաներուն 75 տոկոսը կը վերածուին մնայուն-երկարատեւ լեարդաբորբի։ HAV եւ HEV սուր լեարդաբորբերը մնայուն լեարդաբորբի չեն վերածուիր։ բազմաթիւ պարագաներու երկարատեւ լեարդաբորբի պատճառը կը մնայ անյայտ։

Սուր լեարդաբորբի ախտանշանները կը զարգանան երեք հանգրուաններով.

  1. Թխսաւորումի ընթացքին ժահրը կը բազմապատկուի եւ կը տարածուի առանց ախտանշանի.
  2. Սուր բորբոքումը կը յայտնուի հետեւեալ ախտանշաններով՝ ախորժակի նուազում, յոգնածութիւն, նողկանք, փսխունք, մեղմ ջերմ, լեարդի ցաւ, երբեմն քերուըտուք եւ յօդացաւ մանաւանդ՝ HBV պարագային.
  3. Դեղնութիւնը (jaundice) կը յայտնուի ախտանշաններու սկսելէն 3-10 օրեր ետք։ Մէզը կը դառնայ թուխ դեղին։

Դեղնութիւնը կը տեւէ 1-2 շաբաթներ եւ կամաց կամաց կը մեղմանայ։ Վերոյիշեալ ախտանշանները յաճախ կը բարելաւուին հակառակ անոր, որ դեղնութիւնը կը սաստկանայ։ Ապա լեարդը կը ծաւալի ցաւով։ Լեարդին հետ երբեմն կը ծաւալի նաեւ փայծաղը (spleen): 2-4 շաբաթներ ետք հիւանդին ախորժակը կը բարելաւուի եւ 4-8 շաբաթներ ետք ընդհանուր վիճակը կը դառնայ բնականոն։

Կարեւոր կէտեր
Խմբագրել
  • HAV լեարդաբորբի պարագային յաճախ դեղնութիւն չի զարգանար։
  • HCV լեարդաբորբը ամէնէն շատ մնայունի վերածուող լեարդաբորբն է։
  • Սուր լեարդաբորբի ախտաճանաչումը սկզբնաւորութեան կը դժուարանայ, որովհետեւ անոր ախտանշանները կը նմանին բազմաթիւ ուրիշ ժահրային բորբոքումներու։ Արեան յատուկ քննութիւններ եւ վերոյիշեալ հինգ տեսակ ժահրերու քննութիւնները պարտաւորիչ են հասնելու համար ախտաճանաչումին։
  • Սուր լեարդաբորբը մասնայատուկ դարմանամիջոց չունի. սակայն հետեւեալ միջոցառումները խիստ կարեւոր են բարելաւելու համար ենթակային հիւանդագին վիճակը՝ չաշխատիլ, հանգիստ ընել տան մէջ, սննդարար կերակուր ուտել, առատ հեղուկ խմել, ալքոլ չգործածել եւ ախտանշանները դարմանել, այսինքն՝ հակաջերմ եւ ցաւաբեկ դեղեր գործածել։
  • Դեղնութիւնը անյայտանալէ ետք անհատը կրնայ աշխատիլ եւ գործի սկսիլ։
  • Սուր լեարդաբորբը կարելի է կանխարգիլել ուշադրութիւն դարձնելով՝ անձնական մաքրութեան, առողջապահական միջոցառումներու, արեան փոխներարկումներու եւ ասեղնասրսկումներու։
  • HAV լեարդաբորբը ունի յատուկ պատուաստ մը, որ ապահով է եւ օգտաշատ։ Անիկա կը սկսի գործելու սրսկումէն 4 շաբաթներ ետք եւ անոր ազդեցութիւնը կը տեւէ երկար տարիներ։ Մարդիկ, որոնք կ’ուզեն այցելել այնպիսի երկիրներ, ուր HAV լեարդաբորբը տեղաճարակայինի (endemic) վերածուած է պէտք է ստանան այս պատուաստը։
  • HBV-ի պատուաստը մանուկներուն կը տրուի ծնունդէն անմիջապէս ետք։

Մնայուն-Երկարատեւ Լեարդաբորբ (chronic viral hepatitis)

Խմբագրել

Այն լեարդաբորբը, որ 6 ամիսէ աւելի կը տեւէ կը կոչուի մնայուն-երկարատեւ լեարդաբորբ։ Անոր ախտապատճառներն են.

  1. HBV եւ HCV լեարդաբորբեր.
  2. Կարգ մը դեղերու գործածութիւն.
  3. Ալքոլի երկարատեւ սպառում.
  4. Անյայտ պատճառներ։

Մնայուն լեարդաբորբի ախտանշանները սուր լեարդաբորբի նման են, ինչպէս՝ յոգնածութիւն, ախորժակի նուազում, փորի ցաւ, մեղմ ջերմ, փայծաղի ծաւալում եւ ափերու կարմրութիւն։ Ընդհանրապէս դեղնութիւնը բացակայ է։ Պարագաներուն մէկ երրորդը կը սկսի սուր լեարդաբորբով։ Մեծամասնութիւնը կը սկսի գաղտնօրէն եւ ծածուկ։

Մնայուն լեարդաբորբի ախտաճանաչումը կ’ըլլայ.

  1. Լեարդէն կտոր մը վերցնելով (biopsy) եւ ախտաբանական քննութիւն կատարելով.
  2. Կատարելով վերոյիշեալ հինգ ժահրերու արեան յատուկ քննութիւններ.
  3. Փաստելով լեարդի թորշոմումը-փճացումը (cirrhosis).
  4. Կատարելով լեարդի յատուկ քննութիւններ արեան ճամբով։

Մնայուն լեարդաբորբը դարձեալ յատուկ դարմանամիջոց մը չունի։ Սակայն պէտք է դարմանել անոր ախտանշանները։ Լեարդի ամբողջական փճացումի պարագային լեարդի փոխպատուաստումը (liver transplantation) կը մնայ միակ փրկութեան ճամբան, որ բաւական բարդ եւ ծախսալից միջոցառում մըն է։

HBV եւ HCV կրնան զարգանալ եւ յառաջացնել լեարդի խլիրդ. հետեւաբար այս հիւանդութեններէն տառապող անձեր ամէն տարի պէտք է ենթարկուին որոշ քննութիւններու՝ ստուգելու համար լեարդի խլիրդի գոյութիւնը կամ չգոյութիւնը։

Լեարդային Ուռեր

Խմբագրել

Լեարդային պզտիկ բուշտ-տոպրակ (cyst)[12]

Խմբագրել

Այս տոպրակները ընդհանրապէս ախտանշան չեն ունենար եւ անոնք կը տեսնուին փորի «Ք» ճառագայթային նկարահանումներու միջոցաւ։ Միակ ախտանշանը լեարդի ծաւալումն է։

 

Ժապաւէնաձեւ որդի բուշտէ (hydatid cyst)

Խմբագրել

Այս բուշտի ախտապատճառը որդ մըն է, որ կ’ապրի ոչխարի եւ ձիու մարմինին մէջ։ Սակայն անիկա կու գայ շուներէն եւ գայլերէն։ Մարդ արարածը կը վարակուի այս հիւանդութեամբ, երբ ուտէ բան մը, որ կը պարունակէ վարակուած շունին կղկղանքին մէջ գտնուած որդին հաւկիթները։ Կլլելէ ետք այս հաւկիթները, անոնք կը հասնին բարակ աղիքներ եւ հոնկէ ներծծուելով կը մտնեն արեան շրջագայութեան մէջ ու կը հասնին լեարդ եւ երբեմն ալ թոքերը, ոսկորներուն մէջ եւ ուղեղ, ուր տեղի կ’ունենայ բուշտի կազմութիւնը։ Բուշտը կը ծաւալի ժամանակի ընթացքին եւ կը լեցուի հեղուկով ու մանր բուշտիկներով (small cysts): Լեարդի բուշտը, որ կրնայ ունենալ մէկ լիթրի ծաւալ, կրնայ պայթիլ եւ անոր բուշտիկները կրնան տարածուիլ թոքերուն, աւշագեղձերուն մէջ եւ այլ տեղեր։ Պայթումի պարագային անհատը կ’ունենայ ցաւ, ջերմ եւ քերուըտուք։

Ժապաւէնաձեւ որդի բուշտը ինքնին կը յառաջացնէ թեթեւ ջերմ եւ փորի ցաւ։ Դեղնութիւն կը յառաջանայ երբ բուշտը խցէ մաղձի ծորանը։ Որոշ ախտանշաններ կը յայտնուին երբ անիկա կը տարածուի մարմինին մէջ՝ այլ տեղեր։ Թոքերուն մէջ տարածուելով կը յառաջանայ հազ, կրծքացաւ եւ արիւնախարն խուխ։

Այս բուշտերուն ախտաճանաչումը կը կատարուի փորի համակարգչային նկարահանումով (CT Scan) եւ անդրձայնային նկարահանումով (ultrasound): Իսկ անոնց դարմանումը կը կատարուի դեղերով եւ բուշտերու վիրահատումով։

Քաղցկեղ[1]

Խմբագրել

Լեարդի քաղցկեղը ընդհանրապէս կը պատահի տղամարդոց մօտ, աւելի գերերու, լեարդի երկարատեւ բորբոքում, լեարդի փճացում, շաքարախտ, HBV եւ HCV լեարդաբորբ ունեցողներու ինչպէս նաեւ՝ ալքոլամոլներու։

Լեարդի քաղցկեղի ախտանշաններն են՝ ախորժակի կորուստ, նողկանք, սիրտ խառնուք, փսխունք, յոգնածութիւն, փորի վերի բաժինի ցաւ, փորի ուռեցք, կղկղանքի գոյնի փոփոխութիւն՝ դէպի ճերմակ, դեղնախտ, մորթի եւ աչքերու դեղնութիւն, կշիռքի նուազում եւ նիհարնալ։ Ուռը կրնայ բացուիլ-պայթիլ որովայնին մէջ եւ յառաջացնել փորի ջրակուտակում (ascitis):

Անոր ախտաճանաչումին համար կը կատարուին արեան յատուկ քննութիւններ, պարզ «Ք» ճառագայթային նկարահանում, համակարգչային նկարահանում (CT Scan), անդրձայնային նկարահանում (ultrasound) եւ մաքնիսարձագանգային նկարահանում (MRI):

Լեարդի գաղցկեղի հետեւանքները ընդհանրապէս վատ են։ Լեարդի քաղցկեղի դարմանումը կախեալ է անոր մեծութենէն եւ դասակարգումէն։ Վիրահատում կը կատարուի երբ ուռը պզտիկ է եւ չէ տարածուած հեռակայ տեղեր մարմինին մէջ։ Վիրահատումէն ետք կը կիրարկուի նաեւ քիմիադեղային դարմանում (chemotherapy) եւ «Ք» ճառագայդային դարմանում (radio-xray the-rapy): Այս բոլորին օգտակարութեան տարողութիւնը ընդհանրապէս անորոշ է։ Անհատը մի քանի տարիներ ետք կը մահանայ։

Մարմինի այլ տեղերէ եւ օրկաններէ վատորակ ուռերու տեղաշարժ (metastatic) դէպի լեարդ

Խմբագրել

Այս ուռերը լեարդ կը հասնին ընդհանրապէս ստամոքսաաղիքային համակարգէն, կրծքագեղձէն, թոքերէն եւ շարոյրէն։ Այս ուռերուն ախտանշանները, ախտաճանաչումը եւ դարմանումը նոյնանման են լեարդի քաղցկեղին։

Դեղնութիւն (jaundice)[13][14]

Խմբագրել

Դեղնութիւնը ինքնին հիւանդութիւն մը չէ, այլ ախտանիշ մը, որ կը յառաջանայ լեարդալեղուցային հիւանդութիւններով։

Դեղնութեան պիտի անդրադառնանք առանձին յօդուածով մը։

Ինչպէ՞ս կանխարգիլել Լեարդաթորշումը

Խմբագրել

Լեարդաթորշումը կարելի է կանխարգիլել` հետեւելով հետեւեալ ցուցմունքներուն.

1. Ալքոլ բնաւ չգործածել

2. Լեարդի բորբոքումներ չունենալ

3. Ենթակայ չըլլալ ձեռքբերովի ախտամերժութեան անբաւարարութեան համախտանիշի (AIDS) եւ մարդկային ախտամերժողականութեան անբաւարարութեան ժահրին (HIV)

4. Չունենալ անպաշտպան սեռային յարաբերութիւն` կասկածելի անձերու հետ

5. Հեռու մնալ քիմիական նիւթերէ, թոյներէ եւ միջատասպան դեղերէ

6. Պատուաստուիլ լեարդաբորբ A եւ B խմբաւորումներու դէմ

7. Հետեւիլ առողջապահական սննդականոնի. ուտել առատ պտուղ եւ բանջարեղէն, ճարպ շատ չսպառել

8. Չգիրնալ

9. Օրինաւոր մարզանքի հետեւիլ

Լեարդաբորբի A եւ B խմբաւորումները կանխարգիլելի են յատուկ պատուաստներով: Լեարդաբորբի C խմբաւորումը պատուաստ չունի:

Ուրիշ Նկարներ

Խմբագրել

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 «Anatomy and physiology of the liver - Canadian Cancer Society»։ Cancer.ca։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2015-06-26 
  2. Maton Anthea, Jean Hopkins, Charles William McLaughlin, Susan Johnson, Maryanna Quon Warner, David LaHart, Jill D. Wright (1993)։ Human Biology and Health։ Englewood Cliffs, New Jersey, USA: Prentice Hall։ ISBN 0-13-981176-1։ OCLC 32308337 
  3. Կաղապար:EMedicine
  4. «The Radiology Assistant : Anatomy of the liver segments»։ Radiologyassistant.nl։ 2006-05-07։ արտագրուած է՝ 2015-06-26 
  5. «Hepatic segments (Couinaud classification) / Radiological classifications commonly used on medical imaging / Radiology / Channels / e-Cases /»։ IMAIOS.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-06-26-ին։ արտագրուած է՝ 2015-06-26 
  6. Marieb, Hoehn, էջ 939
  7. Jelkmann Wolfgang (2001)։ «The role of the liver in the production of thrombopoietin compared with erythropoietin»։ European Journal of Gastroenterology & Hepatology 13 (7): 791–801։ PMID 11474308։ doi:10.1097/00042737-200107000-00006 [permanent dead link]
  8. Extraintestinal Complications: Liver Disease Archived 2010-11-21 at the Wayback Machine. Crohn's & Colitis Foundation of America. Retrieved 2010-01-22
  9. Marieb, Hoehn
  10. Guo Bin, Zhang Shicui, Wang Shaohui, Liang Yujun (2009)։ «Expression, mitogenic activity and regulation by growth hormone of growth hormone/insulin-like growth factor in Branchiostoma belcheri»։ Cell and Tissue Research 338 (1): 67–77։ ISSN 0302-766X։ doi:10.1007/s00441-009-0824-8 
  11. http://www.webmd.com/hepatitis/
  12. Marieb, Hoehn, էջ 881
  13. http://www.medicinenet.com/jaundice_in_adults/article.htm
  14. http://www.mayoclinic.org/diseases-conditions/infant-jaundice/basics/definition/con-20019637

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • «Asbarez» օրաթերթ, Յօդուածներ, դտկ. Կարպիս Հարպոյեան, 8 Փետրուար 2013: