Ոչխար
Ոչխար (լատ.՝ Ovis aries), կաթնասուն կենդանի։ Ոչխարը հնագոյն ժամանակներուն ընտելացուած է մարդուն կողմէ։ Մարդիկ կ'օգտագործեն ոչխարի բուրդն ու միսը։ Ներկայիս ոչխարի բուրդը՝ աշխարհի տարածքին, ամէնաշատ օգտագործուող բուրդն է։ Ոչխարի միսը շատ երկիրներու մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ մարդոց ճաշացանկին մէջ։ Երբեմն կ'օգտագործուի նաեւ ոչխարի կաթը։ Վերջերս, ոչխարները գիտահետազօտական ուսումնասիրութիւններուն մէջ եւս կ'օգտագործուին։
Ոչխարաբուծութիւնը՝ կենդանաբուծութեան այն ճիւղն է, որ կը զբաղի ոչխարներու բուծմամբ։ Ներկայիս ոչխարաբուծութեամբ յայտնի են Չինաստանը, Աւստրալիան, Մեծ Բրիտանիան եւ Նոր Զելանտան։
Ծագում
ԽմբագրելՈչխարը մարդուն կողմէ ընտելացուած է հնագոյն ժամանակներուն, աւելի քան 8 հազար տարի առաջ, ժամանակակից Թուրքիոյ, Սուրիոյ եւ հիւսիսային Միջագետքի տարածքին։ Կ'ենթադրուի, որ ոչխարը մուֆլոնի եւ ուրիալի սերունդն է[1]։
Ծանoթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Reavill Chris։ «Ovis aries (mouflon)»։ Animal Diversity Web (անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2022-02-09