Միջագետք
Միջագետք, բնամարզ Արեւմտեան Ասիոյ մէջ, Տիգրիս եւ Եփրատ գետերու աւազանին մէջ, Հին Արեւելքի խոշոր մշակութային կեդրոններէն է։ Կ'ընդգրկէ Միջագետքի հարթավայրը եւ կղզի սարաւանդը։ Կլիման հիւսիսին մէջ մերձարեւադարձային է, հարաւին մէջ՝ արեւադարձային, անապատային։ Յունուարի միջին ջերմաստիճանը բաղդատելով՝ մօտ 10 աստիճան է, Յուլիսինը՝ 34 աստիճան։ Տարեկան տեղումները՝ 163 մմ. են։ Հիմնական գետերն են Տիգրիսն ու Եփրատը։ Տարածուած են մերձարեւադարձային եւ արեւադարձային անապատները, ծայրամասերուն մէջ՝ կիսաանապատները, գետերու երկարութեամբ՝ տեղ-տեղ սրահային անտառները։ Հիւսիսը կան նաֆթի հարուստ հանքավայրեր։ Բնակիչները կը զբաղին թափառական անասնապահութեամբ, ոռոգովի հողագործութեամբ, փիւնիկեան արմաւենիի մշակութեամբ։
Միջագետքի Մասիոս լեռնապարէն հիւսիս գտնուող երկրամասը մատենագրութեան մեջ կոչուած է Միջագետք Հայոց. Եփրատի եւ անոր վտակ Խաբուրի միջեւ գտնուող Միջագետքի մասը՝ Միջագետք Ասորվոց։ Միջագետքի տարածքին մէջ Ք.Ա. 4րդ - 5րդ հազարամեակներուն ձեւաւորուած են վաղ դասակարգային պետութիւններ, Ք.Ա. 3րդ հազարամեակի վերջին՝ Աքքատը, Ուրը։ Ք.Ա. 2րդ հազարամեակի սկիզբին Միջագետքի հարաւին մէջ կազմաւորուած է Բաբելոն պետութիւնը։ Հետագային Միջագետքը գտնուած է Ասորեստանի, Նոր Բաբելոնական թագաւորութեան, Աքեմենեաններու, Ալեքսանտր Մակեդոնացիի, Սելեւկեաններու, Պարթեւական պետութեան կազմին մէջ։ Ք.Ե 114-117-ին նուաճած է Հռոմի կայսր Տրայանոսը։ Յուստինիանոս Ա.ի ժամանակ Միջագետքի զգալի մասը գտնուած է Բիւզանդիոյ տիրապետութեան տակ, Է. դարէն՝ Արաբական խալիֆայութեան կազմին մէջ։
Ժ.րդ դարուն Եփրատի վերին հոսանքին մէջ, անոր ձախ ափին կազմուած է բիւզանդական Միջագետքի բանակադէմը, որուն մեջ մտած են Բարձր Հայքի, Ծոփքի արեւմտեան գաւառները, Կամախը եւ Երզնկան։ ԺԲ.րդ դարուն Միջագետք նուաճած են Սելճուքները, ԺԳ.րդ՝ Մոնկոլները, ԺԶ.րդ դարու սկզբին Սեֆեաններու գերիշխանութեան տակ էր, ԺԷ.րդ դարու եւ 1918-ին՝ Օսմանեան կայսրութեան կազմին մէջ։ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք Միջագետքի մեծ մասը կը գտնուի Իրաքի կազմի մեջ, մնացածը՝ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ։
Ք.Ա. 1-ին դարուն Միջագետքի զգալի մասը գտնուած է հայկական պետութեան կազմին մէջ։ Միջագետքի նուաճած մասը Տիգրան Բ. Մեծը դարձուցած է նահանգի եւ կառավարիչ նշանակած իր եղբայր Գուրասին։ Ք.Ա. 66-ի հայ-հռոմէական հաշտութեամբ Տիգրան Բ. Մեծը կորսունցուցած է Միջագետքի հողերը, բացառութեամբ Մեծ Հայքի մաս կազմող Հայկական Միջագետքը։ Ժ.-ԺԱ.րդ դարերուն Միջագետքի մէկ մասը մտած է Կիլիկիոյ արեւելքի եւ Ասորիքի մէջ յառաջացած հայկական իշխանութիւններէն ներս։ Միջագետքին մէջ ընդարձակ տիրոյթներ ունէին Պահլաւունիները։ 1046-ին Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունին նշանակուած է Միջագետքի բիւզանդական կառավարիչ։ Հայկական պետականութեան եւ ԺԲ.րդ դարու կիսուն Միջագետքի մէջ հայկական իշխանութիւններու անկումէն ետք՝ Միջագետքը շարունակած է մնալ հայերու տնտեսական եւ մշակութային կեդրոններէն մէկը։
Ք.Ա. 20րդ դարէն մինչեւ 17րդ դարերուն աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններու հիմնական թատերաբեմը Առաջաւոր Ասիան էր՝ Միջագետքը, Իրանական բարձրաւանդակը՝ Հայկական լեռնաշխարհը։
Միջագետքի հիւսիսը Հին Ասորեստանի մայրաքաղաք Աշուրի ազդեցութեան տակ էր, որուն արքա Շամշի-Ատատ Ա., գրաւելով հսկայական տարածքներ, հասած էր մինչեւ Հայկական լեռնաշխարհի հարաւային սահմանը կազմող Կուտիի մէջ ու Սուբուր-Արման երկիրները։ Այս թագաւորը չէր համարձակեր յառաջանալ ու պատերազմիլ հայոց արքաներու հետ, որովհետեւ կը նշանակէր պարտութիւն։ Նոյն իրավիճակն էր նաեւ Հին Բաբելոնի ամենայայտնի արքայ Համմուրապիի (Ք.Ա. 1792-1750) օրով։ Ան, ի տարբերութիւն նախորդներուն, իր գահակալութեան վերջին տասնամեակին հայոց երկրի վրայ պարբերաբար կ'արշաւէ, բայց յաջողութեան այդպէս ալ չէր հասներ։ Աւելին, անոր որդի Սամսուիլունայի իշխանութեան ութերորդ տարուան ընթացքին տեղի ունեցած է հայերու արշաւանքը դէպի Բաբելոն։ Հայ ըսելով, տուեալ դէպքին մէջ, նկատի ունինք պատմութեան յայտնի քասեցիները։ Քասու երկիրը Հայկական լեռնաշխարհի հարաւ-արեւմուտքին մէջ գտնուող Քաշիար լեռներուն մէջ էր, որոնք հին յունական ու հայկական աղբիւրներուն մէջ կը նշուին Մասիուս եւ Մասիոն անուններով։ Աւելի պարզ՝ քասեցին ոչ թէ ազգի, այլ բնակավայրակերտ անուանում է, ինչպէս հիմա՝ երեւանցի, ղարաբաղցի, լոռեցի եւ այլն։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Յովհաննէս Բարսեղեան (2006)։ "Աշխարհագրական անուններու հայերէն տառադարձութեան մասին որոշում", Տերմինաբանական եւ ուղղագրական տեղեկատու։ Երեւան։ 9-րդ հրաշալիք, 52։ ISBN 99941-56-03-9։