Թուրքիա (Թուրքիոյ Հանրապետութիւն, թրք.՝ Türkiye Cumhuriyeti), երկիր Եւրասիոյ մէջ, Ասիոյ հարաւ-արեւմուտքին մէջ տեղակայուած պետութիւն, որոշ մասը՝ հարաւային Եւրոպային մէջ։ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը կազմաւորուած է 1920-ական թուականներու սկիզբը՝ Օսմանեան կայսրութեան փլուզման իբրեւ արդիւնք։[8]

Թուրքիա
Թուրքիոյ Դրօշ Զինանշանը


Կը ներառնէ Ատանա, Ադըյամանի մարզ?, Աֆյոնքարահիսարի մարզ?, Աղրըի մարզ?, Ամասիայի մարզ?, Անգարա, Անթալիայի մարզ?, Արդուին, Այդընի մարզ?, Պալըքէսիր, Բիլեջիքի մարզ?, Պինկէօլ նահանգ, Բիթլիսի մարզ?, Բոլուի մարզ?, Բուրդուրի մարզ?, Բուրսայի մարզ?, Չանքըրըի մարզ?, Չանաքքալեի մարզ?, Չորումի մարզ?, Դենիզլիի մարզ?, Դիարբեքիրի մարզ?, Դյուզջեի մարզ?, Էդիրնեի մարզ?, Էլազըղի մարզ?, Էրզինճան, Էրզրումի մարզ?, Էսքիշեհիր, Անթէպ, Կիրեսուն, Գյումյուշհանեի մարզ?, Հաքյարիի մարզ?, Հաթայ, Ըսփարթայի մարզ?, Մերսինի մարզ?, Պոլիս, Իզմիրի մարզ?, Կարսի մարզ (Թուրքիա)?, Գասթամոնու, Կեսարիա, Քըրքլարելիի մարզ?, Քըրշեհիրի մարզ?, Քոճաէլի, Քոնյայի մարզ?, Քյութահյայի մարզ?, Մալաթիոյ Մարզ, Մանիսայի մարզ?, Քահրամանմարաշի մարզ?, Մարդինի մարզ?, Մուղլայի մարզ?, Մուշի մարզ?, Նևշեհիրի մարզ?, Նիղդեի մարզ?, Օրդուի մարզ?, Ռիզեի մարզ?, Սաքարյայի մարզ?, Սամսունի մարզ?, Սղերթ, Սինոփի մարզ?, Սեբաստիոյ նահանգ, Թեքիրտաղ, Թոքաթի մարզ?, Տրապիզոնի մարզ?, Թունջելիի մարզ?, Շանլըուրֆայի մարզ?, Ուշաքի մարզ?, Վան, Եոզկաթ, Զոնգուլդաքի մարզ?, Աքսարայի մարզ?, Բայբուրթի մարզ?, Քարամանի մարզ?, Քըրըքքալեի մարզ?, Բաթմանի մարզ?, Շըրնաքի մարզ?, Բարթընի մարզ?, Արդահանի մարզ?, Իգդիրի մարզ?, Եալովա, Քարաբյուքի մարզ?, Քիլիսի մարզ? եւ Օսմանիեի մարզ?
Պետական լեզու թրքերէն[1]
Մայրաքաղաք Անգարա[2]
Օրէնսդիր մարմին Թուրքիայի Ազգային մեծ ժողով?[3]
Երկրի ղեկավար Ռեջեփ Թայիփ Էրդողան?
Կառավարութեան ղեկավար Ռեջեփ Թայիփ Էրդողան?
Ազգաբնակչութիւն 85 372 377 մարդ (31 Դեկտեմբեր 2023)[4]
Օրհներգ Անկախության երթ?
Կարգախօս Yurtta sulh, cihanda sulh եւ Heddwch gartref, heddwch yn y byd
Հիմնադրուած է 29 Հոկտեմբեր 1923 թ.
Արժոյթ Թուրքական լիրա?
Ժամային համակարգ UTC+3։00, Europe/Istanbul?[5] եւ Asia/Istanbul?[5]
Հեռաձայնային համակարգ +90[6] եւ +36[6]
Համացանցի յղում .tr?
Մարդկային ներուժի զարգացման թիւ 0,838[7]
turkiye.gov.tr(թուրք.)


Թուրքիա Արեւելքէն սահմանակից է Վրաստանի, Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Իրանի, Հարաւէն՝ Իրաքի եւ Սուրիոյ, Արեւմուտքէն՝ Յունաստանի եւ Պուլկարիոյ։ Թուրքիոյ ափերը կ'ողողեն չորս ծովեր՝ Սեւ, Միջերկրական, Եգէական եւ Մարմարա։

Անուանում

Խմբագրել

Անուանումը բառացի կը նշանակէ «թուրքերու երկիր»։ Թուրքերու պետութիւնը Փոքր Ասիոյ մէջ յառաջացած է ԺԳ. դարու վերջը ԺԴ.դարու սկիզբը։ Այդ պետութիւնը Օսման բէկի (1299-1326) անունով կոչուած է Օսմանի բէկութիւն, հետագային՝ Օսմանեան կայսրութիւն։

ԺԳ.-ԺԴ. դարերուն, թուրքերը դեռ չունէին միասնական ցեղանուն, անոր կը փոխարինէր դաւանական՝ իսլամ անունը։ Հայերը զանոնք կ'անուանէին տաճիկ։ Երբ քրիստոնեաներու հալածանքը կը սաստկանայ, հայերը երբ «տաճիկ» կ'ըսէին, նկատի կ'ունենային ընդհանրապէս ճնշող, դաժան անձ կամ ժողովուրդ (մինչեւ օրս ալ հայերէնին մէջ պահպանուած է տաճիկ կտրել դարձուածքը, որ կը նշանակէ «սաստիկ կատղիլ, դաժանանալ»)։

«Թուրք ազգ» անուանումը ձեւաւորուած է Ի. դարու սկիզբը։ Ա. համաշխարհային պատերազմին, Օսմանեան կայսրութեան կրած պարտութենէն ետք։ Այդ պայմաններուն մէջ, երկրին մէջ կը ծաւալի ազգային պատերազմ՝ Մուսթաֆա Քեմալի (Աթաթուրքի) գլխաւորութեամբ, որուն անունով ալ շարժումը կը կոչուի քեմալական։

Ազգային պատերազմը կ'աւարտի քեմալականներու յաղթանակով, եւ 1923-ին երկիրը կը հռչակուի Թրքական Հանրապետութիւն[9]։

Պատմութիւն

Խմբագրել

1075-ին, Իկոնիայէն ի յայտ եկած է սելճուք-թրքական պետութիւնը, որ աստիճանաբար ընդլայնած է իր սահմանները ամբողջ Փոքր Ասիոյ տարածքին մէջ։

1318-ին, Հուլաուեան խաները թագազերծ կ'ընեն վերջին սելճուք սուլթանին եւ կը քանդեն այդ պետութիւնը։

1299-ին, Օսման Ա.-ը՝ Էրտողրուլի որդին եւ ժառանգորդը, իրեն կու տայ «սուլթան» տիտղոսը եւ կը հրաժարին ենթարկուիլ Իկոնիայի իշխանութիւններէն։ Անոր անունով թուրքերը սկսան կոչուիլ օսմանական թուրքեր, կամ օսմանցիներ։ Անոնց իշխանութիւնը սկսաւ տարածուիլ Փոքր Ասիոյ մէջ, եւ Իկոնիայի սուլթանները չէին կրնար խոչընդոտել ատոր։

 
Ս.Սոֆիա տաճարը Կոստանդնուպոլսոյ մէջ

1326-ին բիւզանդացիներէն գրաւուած տարածքներուն մէջ, կը ստեղծուի թրքական սուլթանատ՝ իր Պրուսա մայրաքաղաքով։ Թուրքական սուլթաններու իշխանութեան հիմքը կը հանդիսանային ենիչերիները։

1362-ին, թուրքերը տարածքներ կը նուաճեն Եւրոպայի մէջ, մայրաքաղաքը կը տեղափոխուի Ատրիանապոլիս (Էտիրնէ)։ Թուրքիոյ եւրոպական հատուածը կը ստանայ Ռումելի անունը։

1510-ին թուրքերը կը գրաւեն Կիլիկիան։

Պետական Կարգ

Խմբագրել

Թուրքիա հանրապետութիւն է։ Օրէնսդիր իշխանութիւնը կը ներկայացնէ միապալատ խորհրդարանը՝ Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովը։ Ան կազմուած է 550 պատգամաւորներէ, որոնք կ'ընտրուին 4 տարի ժամկէտով (մինչեւ 2007՝ 5 տարի ժամկէտով) համամասնական քուէարկութեամբ։ 21 Հոկտեմբեր 2007-ին, անցած քուէարկութիւնը փոփոխութիւններ կը մտցնէ սահմանադրութեան մէջ։ Ատոնք կը վերաբերին նախագահական ընտրութիւններուն եւ ժամկէտին, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի գործունէութեան ժամկէտին։ Համաձայն 1982-ի սահմանադրութեան, խորհրդարանը կ'ընտրէր նախագահը 7 տարի ժամկէտով, ընդ որուն առանց վերընտրման իրաւունքի։ 2007-ի փոփոխութիւնները նախագահի ընտրութեան նոր կարգ սահմանած են։ Նախագահը կ'ընտրուի համազգային քուէարկութեամբ, 5 տարի ժամկէտով եւ իրաւունք ունի եւս մէկ անգամ վերընտրուելու։ Փոփոխութիւնները կը վերաբերէին խորհրդարանին՝ անոր գործունէութեան ժամկէտը նախկին 5 տարուան փոխարէն կը սահմանուի 4 տարի։

Վարչական Բաժանում

Խմբագրել

Թուրքիա ունի 81 նահանգ, որոնց թրքերէն անուանումն է՝ iller /իլլեր/ (յոգնակի il /իլ/՝ նահանգ, բառէն)։

Աշխարհագրութիւն

Խմբագրել

Թուրքիան աշխարհի այն փոքրաթիւ երկիրներէն է, որուն տարածքը միաժամանակ կը գտնուի երկու աշխարհամասերուն մէջ՝ Ասիոյ եւ Եւրոպայի մէջ։ Անոր հիմնական մասը՝ երկիրի տարածքին 97 %-ը, կը գտնուի Ասիոյ մէջ, այդ պատճառով ալ Թուրքիան կը համարուի ասիական երկիր։ Եւրոպական մասը (պատմական անունը՝ Արեւելեան Թրակիա) Պալքանեան թերակղզիին ծայրագոյն հարաւ-արեւելքն է։ Թուրքիա առաւելապէս լեռնային երկիր է. հիմնականին մէջ կը գտնուի Փոքրասիական բարձրավանդակին եւ Հայկական լեռնաշխարհի սահմաններուն մէջ։ Հիւսիսային եւ հարաւային ափերը բարձրադիր են եւ թոյլ կտրտուած։

 
Թուրքիոյ բնապատկերային քարտէսը

Հարաւային ափին կը հարեն Անթալիա եւ Չուքուրօվա ցածրադիր հարթավայրերը։ Արեւմտեան ծովափը խիստ կտրտուած է։ Փոքրասիական բարձրավանդակը եւ մասամբ Հայկական լեռնաշխարհը հիւսիսէն եզերուած են Պոնտական լեռներով (բարձրութիւնը՝ մինչեւ 3931 մ), հարաւէն՝ Տաւրոսի լեռներով (մինչեւ 3726 մ), որոնք արեւելքին մէջ, կը ձուլուին Հաքյարի լեռներուն (մինչեւ 4168 մ) Փոքրասիական բարձրավանդակի արեւմտեան մասը բաղկացած է մինչեւ 2500 մ բարձրութեան լայնակի երկարող զուգահեռ լեռնաշղթաներէն, կեդրոնական մասը կը զբաղեցնէ Անատոլիական սարահարթը։ Հայկական լեռնաշխարհի՝ Թուրքիոյ պատկանող մասին մէջ, կ'առանձնանան շարք մը գոգաւորութիւններ եւ սարահարթեր։ Սարահարթերը կազմուած են հնագոյն լաւային ծածկոյթներէն, անոնց վրայ վեր կը խոյանեն բազմաթիւ հզօր հանգած հրաբուխներ՝ Արարատը (5165 մ, Թուրքիոյ ամենաբարձր կէտը), Սիփանը (4434 մ), Նեմրութը (3050 մ) եւ ուրիշներ։ Հայկական Տաւրոսէն հարաւ կը գտնուի Զեզիրէ սարաւանդի (500-1000 մ) հիւսիային մասը։ Եւրոպական Թուրքիոյ Սեւ ծովեան ափի երկայնքով, կ'երկարի Իսթրանջա լեռնաշղթան (մինչեւ 1030 մ) Թուրքիոյ տարածքը կը գտնուի Միջերկրածովեան ծալքաւոր գեոսինկլինալային գօտիի սահմաններուն մէջ։ Այստեղ կ'առանձնանան Պոնտոսի եւ Տաւրոսի ալպեան ծալքաւոր համակարգերը, որոնց միջեւ կը գտնուի մինչքեմբրի եւ մասամբ պալեոզոյի բիւրեղային ապարներէն կազմուած Կեդրոնա-Անատոլական ծալքաւոր միջակայ զոնան։ Հարաւ-արեւելքին մէջ, կ'անցնի հնագոյն Ափրիկէ-Արաբական պլատֆորմի եզրային կքուածքը։

Օգտակար Հանածոներ

Խմբագրել

Թուրքիան հարուստ է քրոմիտներու, բորատների, բոքսիտներու, վոլֆրամի, սնդիկի, ծարիրու, պղնձի, քարածխի պաշարներով։ Կան նաեւ նաֆթի, մանգանի, երկաթի, կապարու, ցինկի, գորշածխի, մագնեզիտի, բարիտի, կորունդի, ասբեստի, ֆլիւորիտի, ծծմբի, ֆոսֆատների, քարաղի եւ այլ հանածոներու արդիւնաբերական նշանակութիւն ունեցող հանքավայրեր։

Կլիմայ

Խմբագրել

Կլիման մերձարեւադարձային է, առափնեայ շրջաններուն մէջ՝ միջերկրածովեան։ Լեռնային ռելիեֆը կը ստեղծէ կլիմայական շրջաններու մեծ բազմազանութիւն։ Յունուարի միջին ջերմաստիճանը դաշտավայրերուն մէջ 5 °C է, սարահարթերուն մէջ՝ 0 °C-ից, -5 °C, Յուլիսի միջին ջերմաստիճանը Սեւ եւ Մարմարա ծովերու ափերուն 22 °C-էն մինչեւ 24 °C է, Եգէեան եւ Միջերկրական ծովերու ափերուն՝ 25 °C-էն 32 °C, ներքին սարահարթերուն մէջ՝ 15 °C-էն 22 °C: Տարեկան տեղումները 1000-2000 մմ-էն՝ ափամերձ լեռներուն մէջ, մինչեւ 3000 մմ Պոնտական լեռներիու արեւելեան մասին մէջ, Անատոլական սարահարթի ներքին շրջաններուն մէջ՝ 200-350 մմ, Հայկական լեռնաշխարհի լեռներուն մէջ՝ 300-600 մմ։

Ներքին Ջուրեր

Խմբագրել

Գետերը լեռնային են, որպէս կանոն, սակավաջուր։ Մեծ գետերու (Տիգրիս, Եփրատ, ջուր, Արաքս, Եշիլ-Ըրմաք, Քըզըլ-Ըրմաք, Ճորոխ) մեծ մասը սկիզբ կ'առնեն Հայկական լեռնաշխարհէն, Մաքարիա գետը՝ Անատոլական սարահարթէն։ Եւրոպական Թուրքիոյ մէջ, կը գտնուի Մարիցա գետի ստորին հոսանքը։ Կան շատ լիճեր (Վանայ, Թուզ եւ այլն)։

Ներքին սարահարթերուն մէջ, կը գերիշխեն կիսաանապատային բաց գորշ եւ մոխրագոյն հողերը, իջուածքներուն մէջ՝ աղուտները, Հայկական լեռնաշխարհի տափաստանային շրջաններուն մէջ՝ սեւահողերը, ծովափնեայ շրջաններուն մէջ՝ շագանակագոյն, հիւսիս-արեւելքի խոնաւ մերձարեւադարձերուն մէջ՝ կարմրահողերը եւ լեռնաանտառային գորշ հողերը, իսկ 2000-2100 մ բարձրութենէն սկսած՝ լեռնամարգագետնային հողերը։

Բուսականութիւն

Խմբագրել

Եզրային լեռներու ծովահայաց լանջերուն, կը գերակշռէ միջերկրածովային բուսականութիւնը (կոշտատերեւ անտառներ եւ թփուտներ), Տաւրոսի լեռներուն մէջ՝ մաքուիսը (տեղ-տեղ Փշատերեւ անտառներ), Արեւելա-Պոնտական լեռներուն մէջ՝ տերեւաթափ անտառները (մշտադալար ենթանտառով), ներքին շրջաններուն մէջ՝ կիսաանապատային եւ տափաստանային բուսականութիւնը, շիբլյակի եւ ֆրիգանայի խմբակցութիւնները։ Հայկական լեռնաշխարհին մէջ տարածուած են բարձրալեռնային մարգագետինները եւ լեռնային չոր տափաստանները։

Կենդանական Աշխարհ

Խմբագրել

Բնորոշ են լեռնային ֆաունայի ներկայացուցիչները՝ մուֆլոն, բեզուարեան այծ։ Անտառներուն մէջ կը հանդիպին ազնիւ եղջերու, այծյամ, վարազ, չախկալ, գայլ, շերտաւոր բորենի, արջ, Զեզիրէ սարավանդին մէջ՝ ցիռ (վայրի էշ), աֆրիկական ֆաունայի ներկայացուցիչներ՝ վիթ, փարաւոնային մէջ եւ այլն։

Բնակչութիւն

Խմբագրել

Բնակչութեան 70-75%-ը թուրքերն են[10], 18%-ը կը կազմեն քրդերը[10], իսկ մնացեալ ազգերը 7-12%[10]: 2015-ին բնակչութեան տարեկան միջին աճը կազմած է 1,26%*[11]: Բնակչութեան միջին խտութիւնը 1 քմ2 վրայ £2 մարդ է։ Քաղաքային բնակչութիւնը կը կազմէ 73,4%[12] (2015)։ Մեծ քաղաքներ են Իստանպուլը, Անգարան, Իզմիրը, Պրուսան, Ատանան, Ղազիանթեպը, էսկիշեհիրը, Քոնիան։ 2014-ին Թուրքիոյ մէջ, գործազրկութեան մակարդակը կը կազմէ 9,9%[13]:

Տնտեսութիւն

Խմբագրել

Թուրքիան հետարդիւնաբերական երկիր է։ Արեւմտեան Եւրոպայի եւ ԱՄՆ-ի մոնոպոլիաներէն տնտեսապէս կախուածութեան պարզորոշ գիծերով։ Պետութեան կը պատկանին երկաթուղային փոխադրութիւնը, կապի միջոցները, ծովային փոխադրութեան 1/2-ը, վարկա-բանկային համակարգի միջոցներու 3/4-ը, մշակող արդիւնաբերութեան համարեայ 1/2-ը, արդիւնահանող արդիւնաբերութեան 3/4-ը եւ երկրի համարեայ ամբողջ ելեկտրաէներգետիկան։ Բնակչութեան մէկ շունչին իյնկող ՀՆԱ-ն կը կազմէ 19,600 ԱՄՆ տոլլար[14] (2014)։ Համախառն ներքին արդիւնքի մէջ արդիւնաբերութեան բաժինը 2015-ին կազմել է 26,9%[14], գիւղատնտեսութեան՝ 8,2[14], իսկ ծառայութիւններուն 64,9%[14]:

Փոխադրութիւն

Խմբագրել

Երկաթուղիներու երկարութիւնը 12.008 քմ[15] է (2014)։ Աւտոճանապարհներու երկարութիւնը 385.754 կմ[15] է, որոնցմէ ասֆալտապատ է 352.268 քմ-ը[15]: Առաւել մեծ նաւահանգիստները՝ Ստամբուլ, Մերսին, Իզմիր, Իսքենդերուն, Սամսուն: Նաւագնացութիւն կայ նաեւ Վանայ լիճին մէջ։ Դատուանի եւ Վանի միջեւ կ'երթեւեկէ երկաթուղային լաստանաւ։ Մեծ օդակայանները՝ էսենբոգա (Անկարա), Եշիլքյոյ (Ստամբուլ), Չիգլի (Իզմիր), Ադանա:

Արտաքին Տնտեսական Կապեր

Խմբագրել

Թուրքիոյ արտաքին առեւտուրի հաշուեկշիռը բացասական է։ 2014-ին արտահանութիւնը կազմած է 176,6 մլր տոլլար[16], ներմուծումը՝ 240,4 մլր տոլլար[16]: Կ'արտահանէ գիւղատնտեսական մթերքներ (բամբակ, ծխախոտ, կաղին, չամիչ) եւ արդիւնաբերական հումք (սեւ եւ գունաւոր մետաղներու հանքանիւթ)։ Կը ներմուծէ մեքենաներ ու սարքաւորում, փոխադրութեան միջոցներ, մասամբ՝ սպառման ապրանքներ։ Արտաքին առնտրում կարեւոր դեր կը փաղան Գերմանիան, Իտալիան, ԱՄՆՌուսիան, Չինաստանը[16]: Դրամական միաւորը թրքական լիրան է։

Առողջապահութիւն

Խմբագրել

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տուեալներով Թուրքիոյ մէջ, ծնունդը 1000 բնակչին կազմած է 16,33[17], մահացութիւնը՝ 5,88[17] (2015)։ Մահացութեան հիմնական պատճառները՝ սիրտ-անոթային համակարգի հիւանդութիւնները եւ չարորակ նորագոյացութիւնները եւ այլն։

Կրթական Համակարգ

Խմբագրել

Ժամանակակէն կրթական համակարգը ձեւաւորուած է հանրապետութիւն հռչակուելէն ետք։ 1924-ից մտած է համընդհանուր անուճար, պարտադիր, տարրական կրթութիւն, 1927-էն՝ համատեղ ուսուցում բոլոր աստիճաններուն մէջ։ 1973-ին օրէնքով մտած է համընդհանուր պարտադիր 8-ամյա կրթութիւն։ Ունի տարրական (5-ամյա, կ'ընդունուին 7 տարեկանէն) եւ 5-7-ամեայ միջնակարգ դպրոցներ։ Տարրական եւ ոչ լրիւ միջնակարգ դպրոցի ուսուցիչներ կը պատրաստեն մանկավարժական հիմնարկը եւ լիցեյները։ Ունի տեխնիկամանկավարժական եւ առեւտրա-մանկավարժական բարձրագոյն դպրոցներ։ Բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններն են. Ստամբուլի, Անկարայի (1946), Եգէյան (Իզմիրի մէջ, 1955), Աթաթյուրքի անուան (էրզրում, 1957) համալսարանները, տնտեսագիտութեան եւ առեւտուրի ակադեմիաները Անկարայի, Ստամբուլի, էսկիշեհիրի, կոնսերվատորիաները՝ Անկարայի, Ստամբուլի, Իզմիրի մէջ, ինժեներական-տեխնիկական եւ նրբագեղ արուեստի ակադեմիաները՝ Ստամբուլի մէջ։ Մեծագոյն թանգարաններն են. Հնագիտութեան (հիմնադրուած է 1923-ին), Ազգագրութեան (1927) Անկարայի մէջ, Սուրբ Սոֆիայի տաճարի (1934), Ստամբուլի հնագիտութեան (1846)։

Գիտական Հիմնարկներ

Խմբագրել

Միասնական համակարգ չունի։ Որոշ կոորդյաացնոդ դեր կը կատարեն Պետական պլանային կազմակերպութիւնը, գիտատեխնիկական հետազոտական ընկերութիւնը (հիմնուած է 1963-ին) եւ շարք մը նախարարութիւններ։ Գիտահետազոտական աշխատանքներ կը տարուին համալսարաններուն մէջ։ Ունի մօտ 25 հազար գիտաշխատող։

Մշակոյթ

Խմբագրել

Թրքական մշակոյթը խիստ հակասական է եւ իր մերօրեայ ամբողջականութեամբ սկսած է հանդէս գալ Օսմանեան կայսրութեան արեւմտականացումէն ի վեր, երբ սկսան համադրուիլ օղուզական, անատոլիական, օսմանական եւ եւրոպական մշակոյթները։ Թուրքիոյ մշակոյթի վրայ մեծ ազդեցութիւն գործած է արաբական, իրանական, բիւզանդական, հայկական եւ թուրքական գեղարուեստական ժառանգութիւնը։ Թուրքական ճարտարապետութեան բնորոշ են դամբարանները,

 
Թուրքական սուրճ

մզկիթները, գմբեթածածկ բաղնիքները, շքեղ ձեւաւորուած շատրուանները։ Կառոյցներուն բնորոշ են բարձր գմբեթաւոր դահլիճները, գունազարդ ապակեպատ լուսամուտները։ Զարգացած է կիրառական արուեստը (խեցեգործութիւն, կերպասագործութիւն, պղնձագործութիւն, ոսկերչութիւն), որուն զարգացման նպաստած են բազմաթիւ հայ արհեստաւորներ։

Գրականութիւն

Խմբագրել

Գրաւոր գրականութեան առաջին գործերը ստեղծուած են ԺԳ. դարուն՝ արաբերէնով եւ պարսկերէնով: Թրքերէնով առաջին բանաստեղծութիւնները կը վերաբերին ԺԴ. դարուն: Ժողովրդական բանաւոր գրականութեան զուգընթաց մինչեւ ԺԹ. դարուն գոյութիւն ունեցած է արաբա-պարսկական «արուզ» տաղաչափութեամբ պալատական պոեզիա։ «Նոր գրականութեան հայրը» եւ երքական առաջին կատակերգության («Բանաստեղծի ամուսնութիւնը», 1860) հեղինակը Իբրահիմ Շինասին (1826-1871) Է, նորավէպի ժանրի հիմնադիրը՝ Ահմեդ Միդհատը (1844-1913)։ Գրականութեան զարգացման գործին մէջ, նշանակալի դեր խաղացած է «Սերվեթի ֆիւնուն» (1891-1944) ամսագիրը՝ բանաստեղծ Թեւֆիկ Ֆիքրեթի (1867-1915) գլխաւորութեամբ։ 20-րդ դարում երեւան եկած է տարբեր ուղղութիւններու պատկանող գրողներու նոր խումբ մը՝ Մեհմեդ Լմին (1869-1944), Ահմեդ Հաշիմ (1884-1933), Օմեր Սեյֆեդդին (1884-1920)։ Գրականութիւնը վերելք ապրած է հանրապետութեան հռչակումէն (1923) ետք։ Հետպատերազմեան տարիներուն դեմոկրատական պոեզիայի զարգացման գործին մէջ մեծ դեր խաղացած են «Եռոտանի» խմբակի բանաստեղծները՝ Օրհան Վելիի (1914-1950) գլխաւորութեամբ։

Ճարտարապետութիւն

Խմբագրել
 
Օսմանեան ժամանակաշրջանի կառոյց Իսթանպուլի մէջ

Թուրքիոյ արուեստը զարգացած է Բիւզանդիայի, Հայաստանի, Իրանի, Վրաստանի, Միջին Ասիոյ եւ արաբական երկրներու ժողովուրդներու, ինչպէս եւ սելճուքներու գեղարուեստական ժառանգութեան հիման վրայ։ ԺԲ.-ԺԳ. դարերուն եւ վաղ օսմանեան շրջանին մէջ (ԺԴ.-ԺԵ դարերուն) ազդեցութիւնները նկատելի են շինարարական տեխնիկայի մէջ, ճարտարապետական ձեւերուն եւ դեկորին մէջ, ընդհանուր հատակագծման մէջ։ Այնուհետեւ կազմավորուած է թրքական ազգային ոճը, որուն զարգացումը եւ գագաթնակէտը նշանաւորուեցաւ հայազգի ճարտարապետ Խոջա Մինանի (1489-1588) գործունէութեամբ։ ԺԵ.-ԺԶ. դարերուն Քաղաքներուն մէջ կառուցուած են մզկիթներ, մեդրեսեներ, հիւանդանոցներ, դամբարաններ, ամրոցներու յօրինուածքներուն եւ արտաքին կերպարներուն բնորոշ են մեծաչափ ու բարձր գմբէթաւոր դահլիճներու եւ սրահներով կամ հուջրաներով (խուցեր) կազմուած բակերու զուգակցումը, մարմարով երեսպատուած ճակատները, բազմաստիճան ծաւալային յօրինուածքի դահլիճներու ինտերիերին՝ սիւներուն դրուած գմբէթը, գունազարդ ապակեպատ լուսամուտներու հարկաշարքերը, մուգ եւ բաց երանգի քարի, մայոլիկայի զուգորդումը։

Կերպարուեստ

Խմբագրել

ԺԶ.. կազմաւորուած է Թուրքիոյ մանրանկարչութիւնը (Լենի, Նիգյարի, Օսման), հաստոցային նկարչութիւնը (Սինան Պէյ, Մանասեներ), բուռն զարգացած է կիրառական արուեստը, խեցեգործութիւնը (Քյոթահիա, Իզնիկ), դաջագործութիւնն ու կերպասագործութիւնը (Մալաթիա, Պուրսա), պղնձագործութիւնը (Թոքատ), գորգագործութիւնը (Ուշաք), ոսկերչութիւնը (Գոնիա, Պոլիս), որուն հաղորդակից եղած են բազմաթիւ հայ արհեստաւորներ։ Յատկապէս մեծ համարում ունէր Տիւզեան ոսկերիչներու ընտանիքը։ Կիրառական արուեստը, կորսնցելով իր կեդրոնները, կը շարունակէ ստեղծուած աւանդները նաեւ այսօր։ ԺԹ. դարու կէսերէն մասնագէտներ պատրաստուած են Ֆրանսայի մէջ կամ Գերմանիոյ մէջ։

Երաժշտութիւն

Խմբագրել

Թրքական ժողովրդական երաժշտութիւնը ազգակից է թրքական միւս ժողովուրդներու բարքերուն եւ կրած է հարեւաններու երաժշտութեան նկատելի ազդեցութիւնը։ Միաձայն է, տարածուած ժանրերն են՝ մանի, ղոշմաթիւրքիւ։ Մասնագիտացած ժողովրդական («աւանդական») վոկալ, գործիքային եւ վոկալ-գործիքային երաժշտութիւնը արաբա-իրանական դասական մշակոյթի ճիւղն մըն է՝ ֆասիլ կոչուող իմպրովիզացիոն բնոյթի բազմամաս կտորներ, որոնք կ'ընթանան բազմազան մակամներուն մէջ, կ'օգտագործեն մինչեւ 20 տեողական միաւորներէն կազմուած բազմաթիւ որոշակի ռիթմեր՝ ուսուլներ։ Ընդունուած նուագարաններ են՝ քամանչան, ռեբաբը, ուդը, թամբուրը, զուռնան, դսռին ու դհոլը։ Թրքական երաժշտութեան զարգացման մէջ մեծ աւանդ ունին՝ հանրագիտակ Դ. Կանտեմիրը (XVII-XVIII դդ.), որուն աւանդական ոճով հորինուած ստեղծագործութիւնները մինչեւ XIX դ. վերջը լայն ժողովրդականութիւն վայելած են, հայ երաժիշտ-տեսաբան, կոմպոզիտոր եւ մանկավարժ Յամբարձում Լիմոնճեանը, որուն նոտագրական համակարգը լայնօրէն օգտագործած են թուրք երաժիշտները, որուն թուրք աշակերտները դարձած են նշանաւոր երաժիշտներ, Տիգրան Չուխաճեանը, որ կը համարուի նաեւ թրքական օպերետի հիմնադիրը, եւ Կոմիտասը, որուն ստեղծագործութիւնները թրքական երաժշտութեան մէջ ժողովրդական հիմքով պրոֆեսիոնալ երաժշտական արուեստի գոյացման օրինակ հանդիսացած են։

Թուրքիոյ մէջ, առաջին կինոնկարահանումը կատարած է Ֆ. Ուզկինայը 1914-ին։ 1919-ին Ստամբուլի մէջ, կազմակերպուած է կինեմատոգրաֆիայի մասնաւոր ֆիրմա (1922-ից՝ «Քեմալ ֆիլմ» կինոստուդիա, գլխաւոր ռեժիսոր՝ Մուխսին էրտուգրուլ)։ Սակայն ազգային կինոարդիւնաբերութեան ստեղծումը կը համընկնէ 1940-1960-ական թթ.: Այդ ժամանակ հանդէս եկած են ռեժիսորներ Լութֆի Ակադը, Այդին Արակոնը, Մեդին էրկսանը, Իսալիդ Ռեֆիդը, որոնք ֆիլմերուն մէջ արծարծած են թուրք, իրականութեան հուզող խնդիրները։ Կինոստուդիաները մասնաւոր են։ 1960-էն Անթալիայի, Ադանայի եւ Իզմիրի մէջ կը կազմակերպուին ազգային կինոփառատոներ։ Թրքական կինոնկարները ցուցադրուած են միջազգային փառատոներու մէջ։

Հայերը Թուրքիոյ Մէջ

Խմբագրել

Հայերը ժամանակակէն Թուրքիոյ տարածքին մէջ ապրած են շատ աւելի վաղ ժամանակներէն, քան այնտեղ հաստատուած է թրքական տարրը։ Իսկ Փոքր Ասիոյ մէջ, թուրքերու հաստատուելէն ետք, հայերը Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին մէջ կազմակերած են ազգային կեանքը, տնօրինել իրենց սեփական եւ հասարակական ունեցուածքը։ Թուրք-հայկական մշակութային եւ հասարակական յարաբերութիւններու ընթացին տեղի ունեցած են մշակոյթներու զգալի ներթափանցումներ, մշակուած համակեցութեան որոշակի պայմաններ։ Սակայն Օսմանեան կայսրութեան ստեղծումէն ետք, Թուրքիոյ մէջ, արեւմտահայութեան վիճակը խիստ ծանրացաւ։ 16-17րդ դարերու ընթացքին, երկարատեւ պատերազմներ տեղի ունեցան Թուրքիոյ եւ Պարսկաստանի միջեւ։ Արեւմտեան Հայաստանը յաճախ կը դառնար ռազմական գործողութիւններու թատերաբեմ, որուն հետեւանքով քայքայուած էր անոր տնտեսութիւնը, մեծ զոհեր կու տար հայ խաղաղ բնակչութիւնը։ 18րդ եւ յատկապէս 19րդ

 
Վանայ լիճի Աղթամար թերակղզիի Սբ.Խաչ հայկական եկեղեցին

դարերուն թրքական բռնապետութիւնը զորացաւ ճնշումը հայերու նկատմամբ, սաստկացան ազգային եւ կրոնական հալածանքները։ Եւ սկսաւ հայ ժողովուրդի պայքարը թուրք նուաճողներու դէմ, որ յատկապէս նոր թափ առաւ 19-րդ դարու վերջին եւ 20-րդ դարու սկզբին, երբ Արեւմտեան Հայաստանին մէջ, ծաւալեցաւ ֆիդայական շարժումը։ Այս բոլորին հետեւանքը եղաւ ան, որ Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն (1914-1918) տեղահանուեցաւ ամբողջ արեւմտահայութիւնը, 1915 թ-ին իրականացուեցաւ 20-րդ դարու մեծագոյն ոճրագործութիւններէն մէկը՝ Մեծ եղեռնը. ոչնչացան 1,5 միլիոն հայեր, փրկուածները տարագիր դարձան՝ ցրուելով աշխարհով մէկ։ Օսմանեան կայսրութեան յաջողեցաւ իրականացնել իր քաղաքական ծրագիրը՝ Արեւմտեան Հայաստանը «մաքրել» հայերէն՝ հայ ժողովուրդին զրկելով իր դարաւոր բնօրրանում ապրելու կենսական իրաւունքէն։ Եւ այսօր Թուրքիոյ իշխանութիւններէն պահանջելով ճանաչել Հայոց Մեծ եղեռնը՝ հայերս առաջին հերթին խնդիր ունինք վերականգնելու տեղահանուած ու ցեղասպանուած հայութեան ժառանգներու՝ իրենց պատմական բնօրրանում ապրելու եւ գույքային իրաւունքները։

Ներկայ վիճակ Ներկայիս, Թուրքիոյ մէջ կը բնակի շուրջ 80 հզ. հայ[1], (համշենահայերու հետ միասին 480 հզ.) որմէ 70 հզ-ը՝ Ստամբուլում[1], ուր եւ կեդրոնացած է հայ կեանքը։ Թուրքիոյ մէջ, հայ հասարակական կեանքը կազմակերպած են ազգային, մշակութային, գրական միութիւնները, բարեգործական ընկերութիւնները, որոնցմէ նշանաւոր են՝ Համազգեաց, Մեսրոպեան, Արարատեան, Կիլիկեան, Ազգանուեր հայուհյաց[18] ընկերութիւնները։ Հայկական եկեղեցիներուն կից կը գործեն դպրոցներ։ Առաջին կանոնաւոր դպրոցը հիմնուած է 1715 թ-ին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ։ Ներկայիս, կը գործեն 17 հայկական վարժարաններ, ուր կը դասաւանդուին հայոց լեզու, կրոնի պատմութիւն (հայ ժողովուրդի պատմութեան դասաւանդումը արգիլուած է)։ Թրքերէնի, Թուրքիոյ պատմութեան եւ աշխարհագրութեան ուսուցիչները պարտադիր թուրքեր են։

Արուեստ եւ Մամուլ

Խմբագրել

Թուրքիոյ մէջ, ապրող հայերը մեծ աւանդ ներդրած են ոչ միայն հայ ազգային արուեստի, այլեւ թրքական մշակոյթի տարբեր բնագաւառներու զարգացման գործին մէջ։ Թուրքիոյ մէջ, առաջին թատրոնի հիմնադիրը՝ Յակոբ Վարդովեանն է, օպերայի եւ օպերետի ստեղծողը՝ Տիգրան Չուխաճեանը, առաջին նուագախումբի ղեկավարը՝ Գրիգոր Սինանեանը։ Երկար տարիներ արքունի ճարտարապետութեան գլխաւոր դեմքերէն եղած են Պալեան ընտանիքի ներկայացուցիչները, Գ. եւ Կ. Օտեանները, Հ. Սերվերեանը, սուլթաններու պալատական նկարիչները՝ Մանասե ընտանիքի անդամները (թուրքական արուեստին մէջ առաջին դիմանկարիչները), լուսանկարչութեան սկզբնաւորողն էր Աբդուլլահներու հայ ընտանիքը։ Քանդակագործ Երբուանդ Ոսկանը կը համարուի Թուրքիոյ մէջ քանդակագործութեան արուեստի հիմնադիրը։ Թուրքիոյ մէջ ապրած են եւ ստեղծագործած են հայ գրականութեան բազմաթիւ նշանաւոր դէմքեր՝ Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանը, Պետրոս Դուրեանը, Միսաք Մեծարենցը, Յակոբ Պարոնեանը, Երուանդ Օտեանը, Գրիգոր Զոհրապը, Սիամանթոն, Դանիել Վարուժանը, Ռուբէն Սեւակը եւ ուրիշներ. անոնցմէ շատերը Մեծ եղեռնի զոհ դարձան։ Թուրքիոյ մէջ, առաջին հայերէն պարբերականը՝ «Լրո գիրը», լոյս տեսած է 1832 թ-ին։ Նեէկայիս, կը հրատարակուին «Ժամանակ», «Մարմարա» օրաթերթերը, «Սուրբ Փրկիչ», «Լրաբեր», «Ակոս» եւ այլ պարբերականներ։ Թուրքիան կը մերժէ հայերու ցեղասպանութեան փաստը, սակայն արդեն այն ճանաչցուած եւ դատապարտւոած է աշխարհի բազմաթիւ պետութիւններու ու միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէն։

Բնակչութիւն

Խմբագրել

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 3 // Թուրքիայի սահմանադրություն — 1982.
  2. Բրոքհաուզի հանրագիտարան
  3. https://global.tbmm.gov.tr/index.php/EN/yd/
  4. 4,0 4,1 https://data.tuik.gov.tr/Bulten/Index?p=Adrese-Dayali-Nufus-Kayit-Sistemi-Sonuclari-2023-49684&dil=1
  5. 5,0 5,1 https://data.iana.org/time-zones/tzdb-2021e/europe
  6. 6,0 6,1 https://www.mistikalem.com/bilim/teknoloji/turkiyenin-uluslararasi-telefon-kodu-neden-36-iken-90-oldu-haberi-16868
  7. Human Development ReportՄիավորված ազգերի կազմակերպության զարգացման ծրագիր, 2022.
  8. Կ. Գույումճեան Մեսրոպ (1981)։ Ընդարձակ Բառարան Անգլիերէնէ Հայերէն։ Կ. Տօնիկեան եւ Եղբայրք։ էջ 1310 
  9. Հ. Ղ. Գրգեարեան, Ն. Մ. Յարութիւնեան (1987)։ Աշխարհագրական անուններու բառարան։ Երեւան: «Լոյս» 
  10. 10,0 10,1 10,2 «Թուրքիոյ Բնակչութեան ազգային կազմ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-09-20-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-28 
  11. «Թուրքիոյ Բնակչութեան աճի տեմպեր»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-09-20-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-28 
  12. «Թուրքիոյ Բնակչութեան Ուրբանիզացման մակարդակ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-09-20-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-28 
  13. «Թուրքիոյ գործազրկութեան մակարդակ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-09-20-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-28 
  14. 14,0 14,1 14,2 14,3 «Թուրքիոյ Տնտեսութիւն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-09-20-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-28 
  15. 15,0 15,1 15,2 «Թուրքիոյ Փոխադրութեան համակարգ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-09-20-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-28 
  16. 16,0 16,1 16,2 «Թուրքիոյ Առեւտրաշրջանառութիւն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-09-20-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-28 
  17. 17,0 17,1 «Թուրքիոյ Առողջապահութիւն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-09-20-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-28 
  18. Ադանալեան Մ. Լ., «Ազգանուեր հայուհյաց ընկերութիւնը» (Ստեղծման 100-ամեակի առթիւ).- Պատմա-բանասիրական հանդէս, 1979, № 4, էջ 255-259։
  19. 19,00 19,01 19,02 19,03 19,04 19,05 19,06 19,07 19,08 19,09 19,10 19,11 19,12 19,13 19,14 19,15 19,16 19,17 19,18 19,19 19,20 19,21 19,22 19,23 19,24 19,25 19,26 19,27 19,28 19,29 19,30 19,31 19,32 19,33 19,34 19,35 19,36 19,37 19,38 19,39 19,40 19,41 19,42 19,43 19,44 19,45 19,46 19,47 19,48 19,49 19,50 19,51 19,52 19,53 19,54 19,55 Համաշխարհային բանկի տվյալների բազաՀամաշխարհային Դրամատուն.
  20. http://www.worldometers.info/world-population/turkey-population/
  21. http://www.tuik.gov.tr/PreHaberBultenleri.do?id=30709
  22. https://data.tuik.gov.tr/Bulten/Index?p=Adrese-Dayali-Nufus-Kayit-Sistemi-Sonuclari-2020-37210
  23. https://data.tuik.gov.tr/Bulten/Index?p=Adrese-Dayal%C4%B1-N%C3%BCfus-Kay%C4%B1t-Sistemi-Sonu%C3%A7lar%C4%B1-2021-45500&dil=1
  24. https://data.tuik.gov.tr/Bulten/Index?p=Adrese-Dayali-Nufus-Kayit-Sistemi-Sonuclari-2022-49685