Սնդիկ (լատ.՝ Hydrargyrum[1]), նշանը՝ քիմիական տարր է, որուն նշանն է Hg, կարգահամարը՝ 80, հիւլէական զանգուածը՝ 200.59։

Պատմութիւն

Խմբագրել
 
Մերկուրի մոլորակի աստղագիտական խորհրդանիշը

Բնածին սնդիկը յայտնի է շատ վաղ ժամանակներէն (Ք.Ա. 2-րդ հազարամեակ, Հնդկաստան, Միջագետք, Չինաստան, Եգիպտոս)։ Ք.Ա. 15-րդ դարուն սնդիկը կը ստանային քինապարը (բնածին HgS) տաքցնելով։ Մեզի հասած է սնդիկ պարունակող անաւթ, որ կը վերագրուի Ք․Ա․ 16-15-րդ դարերուն։

Արաբ ալքիմիկոս Զապիր իպն Տայանը (Ը.-Թ. դարեր) մշակեց մետաղներու առաջացման ծծումբ-սնդիկային «տեսութիւնը», ըստ որու սնդիկը մետաղներուն կը հաղորդէ փայլ, կռելիութիւն, պնդութիւն եւ հալելու ունակութիւն[2]։ Սնդիկը՝ ոսկին հաստատուն դարձնելու կարեւոր պայմանը կը համարուէր։

Անուան Ծագում

Խմբագրել

Նախկինին սնդիկը կը համարուէր հեղուկ արծաթ, (հին յուն․՝ ὕδωρ «ջուր» եւ հին յուն․՝ ἄργυρος «արծաթ»), ուրկէ կու գայ անոր լատիներէն անուանումը։ Սնդիկ բառին ծագումը հայերէնին մէջ ապացուցուած չէ, հաւանօրէն առաջացած է «ցնդիլ» բառէն, որուն առանձին չգործածուող «ցունդ» արմատը կը նշանակէ «սփռուիլ»։

Բնութեան Մէջ

Խմբագրել

Սնդիկը չափազանց հազուագիւտ եւ ցրուած տարր է, կը կազմէ երկրակեղեւի զանգուածի 4.5•10−6 %-ը (տարածուածութեամբ 66-րդն է)։ Սնդիկի հանքերուն մէջ կուտակուած է երկրակեղեւին պարունակած սնդիկին միայն 0.02%-ը։ Արդիւնաբերական նշանակութիւն ունին 0.02-1% սնդիկ պարունակող հանքանիւթերը։

Կը գտնուի հրաբխային լեռնային ապարներուն մէջ։ Յայտնի են անոր 35 միներալները, որոնցմէ կարեւորը քինովարն է։ Սնդիկը խիստ ցրուած է նաեւ կենսոլորտին մէջ՝ կը կուտակուի կաւերու, տիղմերու (մօտ 4•10−5 % ) եւ ծովաջուրին մէջ (3•10−9 %)։

Մարդու օրկանիզմին մէջ սնդիկի պարունակութիւնը մօտ 10−6 % է, արեան մէջ՝ 0.023 մք.կ./մլ, մէզին մէջ՝ 0.1–0.2 մք.կ./մլ։ Սնունդի հետ օրական կը ներմուծուի 0.02–0.05 մկ.։

Հանքավայրեր

Խմբագրել

Սնդիկը կը համարուի հազուագիւտ մետաղ։

Ամէնախոշոր հանքավայրերը կը գտնուին Սպանիա (Ալմատեն)։ Սնդիկի հանքավայրեր կան նաեւ Կովկասի մէջ (Տաղստան, Հայաստան), Տաճիկիստան, Սլովաքիա, Խրխըզստան, Ուքրանիա[3]:

Ռուսիոյ դաշնութեան մէջ կը գտնուի սնդիկի 23 հանքավայր: Արդիւնաբերական պաշարները կը կազմեն 15.6 հազար թոն (2002 թուականին

Շրջակայ Միջավայրին Մէջ

Խմբագրել

Սնդիկը եւ ատոր օրկանական միացութիւնները թունաւոր են եւ լուրջ վնաս կը հանդիսանան մարդու առողջութեան, վայրի բնութեան եւ էքոհամակարգերուն համար։ Շրջակայ միջավայր իյնալով, ան կը փոխանցուի օդային հոսանքներով, այնուհետեւ կրկին կը նստի հողին վրայ։ Սնդիկը հողէն կ'անցնի գետերու, լիճերու եւ ովկիանոսներու։ Կը տեղափոխուի նաեւ ովկիանոսի հոսանքներու եւ թափառող անասուններու միջոցով։

Սնդիկի մարդու օրկանիզմ ներթափանցումը յաճախ տեղի կ'ունենայ ատոր շոգիներու ներշնչման ժամանակ, որոնք հոտ չունին։ Սնդիկի նոյնիսկ փոքր քանակներու ազդեցութեան հետեւանքով, կրնան յառաջանալ առողջական խնդիրներ եւ ծանր թունաւորումներ։ Սնդիկը թունաւոր ազդեցութիւն կը թողու նեարդային, մարսողական եւ դիմադրողական համակարգերու, թոքերու, երիկամներու, մաշկի եւ աչքերու վրայ։

Բնագիտական Յատկութիւններ

Խմբագրել
 
~7.6 կ/սմ3 խտութիւնով մետաղադրամը սնդիկէն աւելի թեթեւ է

Սնդիկը ծանր, արծաթափայլ, սովորական պայմաններուն մէջ հեղուկ մետաղ է։

Սառելու ջերմաստիճանն է −38.83°C, եռալու՝ 356.73°C,[4] երկուքն ալ ամէնացածն են բոլոր մետաղներուն համար:[5] Սառելու ատեն սնդիկի ծաւալը կը նուազի 3.59%-ով եւ հեղուկ վիճակի մէջ 13.69 կ/սմ3 խտութիւնը կ'աճի մինչեւ 14.184 կ/սմ3: Պինդ վիճակին սնդիկը փափուկ է եւ կարելի է կտրել դանակով[6]:

Քիմիական Յատկութիւններ

Խմբագրել

Տարրերու պարբերական համակարգի 6-րդ պարբերութեան, 2-րդ խումբի քիմիական տարր, d տարր է, կը պատկանի անցումային տարրերու շարքին, հիւլէի ելեկտրոնային թաղանթներու կառուցուածքն է 5s2 5p6 5d10 6s2, К, Լ, М, N թաղանթները լրացած են։

Կիրառութիւն

Խմբագրել
 
Սնդիկը ջերմաչափին մէջ

Սնդիկը կ'օգտագործեն գիտական եւ չափող սարքեր (ջերմաչափ, ծանրաչափ, ճնշաչափ, վաքումային պոմպեր եւ այլն), սնդիկային լամբեր, ելեկտրական հոսանքի ուղղիչներ, անջատիչներ պատրաստելու, ոսկին եւ արծաթը ամալկամացնելու, պայթուցիկ նիւթեր, ալքալիներ եւ քղոր (որպէս ելեկտրոտ), քացախաթթու (որպէս քաթալիզատոր) ստանալու համար։

Միացութիւնները կ'օգտագործուին բժշկութեան եւ գիւղատնտեսութեան (սերմերը ախտահանելու համար որպէս բուսասպաններ) մէջ, նաեւ որպէս յաւելանիւթեր նաւերու իրանը ներկելու համար։

Սնդիկի ֆուլմինաթը՝ Hg(ONC) կ'օգտագործուի տեթոնացնող եւ բռնկող պատիճներուն մէջ։ Աստիճանաբար դուրս կը մղուի կապարի ազիտով եւ այլ աւելի արդիւնաւէտ պայթուցիկ նիւթերով։

Կենսաբանական Դեր

Խմբագրել

Սնդիկի կենսաբանական դերը վնասակար ուսումնասիրուած է։ Սնդիկը եւ անոր միացութիւնները թունաւոր են։ Սնդիկը օրկանիզմին մէջ կը կապուի ֆերմենթներու եւ հիւսուածքային սպիտակուցներու սուլֆհիտրիլային խումբերուն եւ կ'իջեցնէ անոնց աշխուժութիւնը, կ'ազդէ միքրոտարրերու (Cu, Zn, Cd, Se) իւրացման եւ փոխանակութեան գործընթացներուն վրայ։

Յատկապէս վտանգաւոր են սնդիկի շոգիները, որոնք ներշնչելով կ'անցնին արեան մէջ եւ օրկանիզմին մէջ շրջանառելով, մասամբ կը կուտակուին երիկամներուն, լեարդին, փայծաղին եւ ուղեղային հիւսուածքներուն մէջ, խախտելով գլխուղեղի (յատկապէս հիփոթալամուսի) բնականոն աշխատանքը։

Տեւական թունաւորումը կ'իջեցնէ աշխատունակութիւնը, կը թուլցնէ հոտառութիւնը, կը յառաջացնէ գլխացաւ, ձեռքերու եւ գլխու դող եւլն։ Թունաւորման բնորոշ ախտանշաններն են՝ լնտեզրերու կապտասեւ գունաւորումը, լինտերու փխրունութիւնը եւ արնահոսումը։ Սնդիկի օրկանական միացութիւններով թունաւորումը կ'ախտահարէ կեդրոնական նեարդային եւ սիրտանօթային համակարգերը, ստամոքսը, լեարդը, երիկամները։

Վնասակարութիւն

Խմբագրել

Սնդիկի շոգին չափազանց թունաւոր է[7]։

Պատահարներ

Խմբագրել

Պատմութեան մէջ սնդիկային ամէնածանր աղտոտումը պատահած է 1956 թուականին ճափոնական Մինամաթա քաղաքին մէջ, որու արդիւնքով տուժած է աւելի քան երեք հազար մարդ, որոնք կա՛մ մահացած են, կա՛մ տուժած են Մինամաթայի հիւանդութենէն։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. "hydrargyrum". Random House Webster's Unabridged Dictionary.
  2. Stillman, J. M. (2003)։ Story of Alchemy and Early Chemistry։ Kessinger Publishing։ էջեր 7–9։ ISBN 978-0-7661-3230-6 
  3. Вольфсон Ф. И., Дружинин А. В. Главнейшие типы рудных месторождений. М., «Недра», 1975, 392 с.
  4. Senese, F։ «Why is mercury a liquid at STP?»։ General Chemistry Online at Frostburg State University։ արտագրուած է՝ 1 May 2007 
  5. «Dynamic Periodic Table»։ www.ptable.com։ արտագրուած է՝ 22 November 2016 
  6. Simons, E. N. (1968)։ Guide to Uncommon Metals։ Frederick Muller։ էջ 111 
  7. Սնդիկի վնասակարության մասին