Երիկամ
Երիկամները (kidney) կ'ըլլան զոյգ իւրաքաչիւր անձի մէջ, որոնք կը գտնուին ողնաշարի (vertebral column) երկու կողմերը, որովայնի խոռոչին ետեւի պատին վրայ եւ ստոծանիին (diaphragm) տակը: Երիկամները որովայնին մաս չեն կազմեր: Աջ երիկամը կը գտնուի լեարդին ետեւը, իսկ ձախը՝ փայծաղին (spleen) ետեւը: Երիկամները կարմիր սրճագոյն լուբիայի նման, սահուն օրկաններ են: Իւրաքանչիւր երիկամ ունի 10-12 սմ. երկարութիւն, 5 սմ. լայնք, 3 սմ. խորութիւն եւ 120-140 կրամ ծանրութիւն: Անոնք կը շարժին վեր վար ստոծանիի շարժումներուն հետ, շնչառութեան ընթացքին: Երիկամներու վերին պատին փակած են մակերիկամները (adrenal glands):
Իւրաքանչիւր երիկամ պաշտպանուած է պատեանով մը (capsule) եւ կազմուած է երկու շերտերէ՝
- Արտաքին շերտ (cortex).
- Ներքին շերտ (medulla).
- Արտագին շերտին մէջ կը գտնուին երիկամի արտաթորումի գործօն միաւորները՝ nephron-ները, որոնք կազմուած են կծիկներէ (glomeruli): Արեան զտումը եւ մէզի կազմութիւնը տեղի կ'ունենայ nephron-ներու կծիկներուն մէջ: Երիկամները կազմուած են 2-2.5 միլիոն nephron-ներէ:
- Ներքին շերտը ունի 8 կոնաձեւ բաժիններ, որոնք կը կոչուին երիկամային բուրքեր (renal pyramids), որոնք կ'ընդունին nephron-ներուն մէջ կազմուած մէզը եւ կ'ուղղեն զայն դէպի երիկամային պզտիկ սկահակներ (calyces): Երկու-երեք պզտիկ սկահակներ միանալով կը կազմեն երիկամային երկու մեծ սկահակները, որոնք կը բացուին երիկամի աւազանին (renal pelvis) մէջ: Մէզը երիկամի աւազան հասնելէ ետք , կ'ուղղուի դէպի միզափող (ureter):
Երիկամները արտաթորութեան կարեւոր օրկաններ են: Անոնց արտազտիչ գործունէութիւնը մէզի գոյացումն է:
Երիկամները՝ երկուքը միասին, կ'ընդունին օրական մօտաւորապէս 200 լիթր արիւն, որ կը ձերբազատուի իր մէջ կուտակուած թունաւոր արգասիքներէն (waist products), աղերէն եւ ջուրի աւելցուքներէն: Շատ մը արգասիքներ, որոնք կը գոյանան մարմինի ընդհանուր նիւթափոխանակութեան (metabolism) ընթացքին կ'արտաթորուին երիկամներուն մէջ: Անոնք կը պարունակեն բորոկածնային-ազոթային (nitrogenous) արգասիքներ, օրինակ՝ միզանիւթ (urea), որ կը յառաջանայ սպիտակուցներու նիւթափոխանակումէն: Զտուած արիւնը ձգելով երիկամները կը վերադառնայ սիրտ: Իսկ 200 լիթր Արիւնէն գոյացած 2-2.5 լիթր մէզը կը մղուի դէպի միզափող, այնտեղէն միզապարկ (urinary bladder) եւ ապա՝ միզուկ (urethra):
Միզափողի երկարութիւնը 12-13 սմ. է: Կիներուն միզուկը 3.5-4 սմ. է, որ կը բացուի հեշտոցի (vagina) յառաջամասը: Իսկ տղամարդոց մօտ անիկա ունի 20 սմ. երկարութիւն, որուն վերջին բաժինը կը գտնուի առնանդամին (penis) մէջ: Տղամարդոց միզուկը կը կրէ մէզին հետ նաեւ սերմնահեղուկը (semen) շագանագեղձի (prostate gland), սերմնաբշտիկի (seminle vesicle), ամորձիքներու (testicles) եւ սերմնածորանի (vas deferens) հեղուկները:
Երիկամներուն մէջ արտադրուած «Ռենին» (Renin) ներազդակը (hormone) առնչուած է երիկամներու ներզտիչ գործունէութեամբ: Երիկամները ինքնագործ օրկաններ են: Ջուրի եւ աղերու արտածորումը (excretion) կախեալ է արեան աղային բաղադրութենէն:
Երիկամներուն դերըԽմբագրել
Երիկամները վերոյիշեալ շատ կարեւոր երկու դերակատարութիւններէն բացի ունին նաեւ այլ կարեւոր դերակատարութիւններ եւ ներգործութիւններ.
- Կը պահեն արեան նատրիումը (Na) եւ կալլիումը (K) ինչպէս նաեւ մարմինի հեղուկներու հաւասարակշռութիւնը.
- Կը հսկեն մարմինի զարկերակային ճնշումին վրայ.
- Կը ներծծեն արեան ճամբով իրեն հասած ջուրը եւ շաքարը.
- Կը նպաստեն D կենսանիւթի արտադրութեան.
- Կ'արտադրեն ներազդակ մը, որ կը գրգռէ ոսկրածուծը արտադրելու համար արեան կարմիր գնդիկներ.
- Կ'արտադրեն ներազդակ Renin-ը որ կ'առնչուի արեան ճնշումի կանոնաւորման հետ.
- Կը հսկեն արտաբջիջային եւ ներբջիջային նիւթերու փոխանակումին ինչպէս նաեւ արտաբջիջային հեղուկի ծաւալին եւ բաղադրութեան վրայ:
Երիկամներու վերոյիշեալ աշխատանքներու եւ դերակատարութիւններու իրականացումը կախեալ է անոնց առողջական վիճակէն: Ոեւէ անհատ մէկ երիկամով կրնայ ապրիլ բնական ձեւով եւ առանց որեւէ մէկ դժուարութեան: Երիկամներն ալ մարմինի այլ օրկաններուն նման կրնան վատառողջ վիճակ ունենալ եւ չկարենալ գործել բնական ձեւով:
Երիկամներուն հիւանդութիւններըԽմբագրել
Երիկամներու անբնական երեւոյթները եւ հիւանդութիւնները ունին երկու խմբաւորումներ՝
- Ժառանգական-ընդոծին
- Ընկալուած (acquired)
Ժառանգական եւ ընդոծին (congenital) հիւանդութիւններԽմբագրել
- Երիկամի երակա-զարկերակային անբնական հանգուցաւորում (a-v aneurism): Այս անբնական կապակցութիւններով, զարկերակները, ճնշումի տակ կը վնասուին եւ կը բացուին ու տեղի կ'ունենայ արիւնահոսում,
- Ընդոծին երիկամի ջրակալում (hydronephrosis), ուր երիկամը կը ծաւալի եւ կը կ'որսնցնէ իր բնական աշխատանքին թափը,
- Զոյգ երիկամներ (double kidney), ուր երիկամները կրնան գործել բնական կամ անբնական ձեւով,
- Պայտանման երիկամ (horseshoe kidney). այս պարագային երիկամը ընդհանրապէս կը գործէ բնական ձեւով,
- Բազմապարկ երիկամ (polycystic kidney)՝ երիկամային աշխատանքը կրնայ անբնական ըլլալ:
Ընկալուած հիւանդութիւններԽմբագրել
- Կծիկա-երիկամաբորբ (glomerulonephritis).
Անիկա յաճախակիօրէն տեսնուած հիւանդութիւն մըն է եւ ընդհանրապէս կը պատահի կոկորդի ցպկային բորբոքումներէ ետք: Երկու երիկամները միաժամանակ կ'ախտահարուին այս հիւանդութեամբ: Կծիկա-երիկամաբորբի ախտածնունդը հիմնուած է դիմադրողականութեան խանգարումներով եւ հակամարմիններու յառաջացումով որոշ մանրէներու դէմ: Այս բոլորը կը գործեն երիկամներու կծիկներուն վրայ եւ տեղի կ'ունենայ երիկամներու ամբողջական բորբոքում:
Կծիկա-երիկամաբորբը կը յատկանշուի մէզի մէջ յայտնուած արեան կարմիր գնդիկներով եւ սպիտակուցներով: Անիկա ընդհանրապէս անակնկալ եւ սուր բորբոքում մըն է, որ կ'ունենայ արագ զարգացումի ընթացք:
Երիկամներու այս բորբոքումը կրնայ մնայուն բորբոքումի վերածուիլ: Այս պարագային բորբոքումը կ'ըլլայ դանդաղ եւ յառաջընթաց: Մնայուն բորբոքումով տեղի կ'ունենայ երիկամային անբաւարարութիւն (renal failure), երբ մարմինին մէջ կը կուտակուին թունաւոր նիւթեր: Երիկամի անբաւարարութեան պարագային հիւանդը կը կարօտի արհեստական երիկամի դարմանամիջոցին՝ արեան տրամալուծումին (hemodialysis): Իսկ այս դարմանամիջոցի ձախողութեան պարագային միակ փրկութիւնը այլ անձի մը երիկամի փոխպատուաստումն է (kidney transplant):
- Երիկամի աւազանի բորբոքում (pyelonephritis).
Անիկա ընդհանրապէս ցպկային բորբոքում մըն է եւ կը պատահի առաւելաբար չափահասներու մօտ: Բորբոքումը հետեւանքն է ընդհանրապէս միզապարկի երկարատեւ եւ կամ չդարմանուած բորբոքումին: Անոր ախտանշաններն են՝ ջերմ, դող, քրտինք, գլխացաւ, թարախոտ մէզ, որ կը պարունակէ նաեւ արեան կարմիր գնդիկներ եւ սպիտակուց.
- Երիկամի երակին արիւնախիցքաւորում (renal vein thrombosis): Արիւնախիցերու ճնշումով երակը կը վնասուի, կը բացուի եւ արիւնահոսում տեղի կ'ունենայ .
- Երիկամի զարկերակի խցում, որ կը յառաջացնէ երիկամի քայքայում եւ նոյնիսկ երիկամի մահ:
Երիկամային քարերԽմբագրել
Երիկամի մէջ կազմուած քարերը կ'ունենան զանազան բաղադրութիւններ եւ տարբեր-տարբեր չափեր ու ձեւաւորումներ: Երիկամային քարերը կրնան մնալ առանց որեւէ մէկ ախտանշանի երկար տարիներ: Անոնք կրնան երկար ժամանակ մնալ անշարժ եւ կամ շարժիլ ու ուղղուիլ դէպի միզափող եւ յառաջացնել միզափողի զանազան աստիճանի խցում, որ պայմանաւորուած է քարերու չափէն: Պզտիկ քարերը անցնելով միզափողէն կը հասնին միզապարկ, իսկ մեծ քարերը կը մնան նստակեաց միզափողին մէջ եւ կը խցեն զայն՝ մասնակի կամ ամբողջովին:
Երիկամային քարերու հիւանդութիւններԽմբագրել
Երիկամային քարերը կը յառաջացնեն զանազան ախտանշաններ եւ հիւանդութիւններ, օրինակ.
- Միզային համակարգի բորբոքում՝ միզափողի, միզապարկի եւ միզուկի բորբոքումներ,
- Երիկամներու ծաւալում (hypertrophy),
- Երիկամաջրակալում,
- Կողի եւ փորի ցաւ,
- Միզարգելութիւն եւ միզելու դժուարութիւն,
- Արիւնամիզութիւն (hematuria):
Nephrotic syndromeԽմբագրել
Nephrotic syndrome, երբ տեղի կ'ունենայ երիկամային բնասպիտի (protein) առատ արտաթորում: Անոր ախտանշաններն են՝ սպիտակուցներու առատ ներկայութիւն մէզին մէջ, սրունքներու չրակուտակում եւ երիկամներու մնայուն վնաս:
Երիկամի աշխատանքի սուր եւ անակնկալ ձախողութիւն (acute renal failure)Խմբագրել
Այս մէկը կը յառաջանայ երիկամներու անակնկալ-սուր բորբոքումներէ եւ վնասէ ետք, շագանակագեղձի ծաւալումով, միզափողի քարային խցումով, մարմնական ընդհանուր սուր ջրանուազումով, սրտանօթային հիւանդութիւններով. շաքարախտի եւ զարկերակային բարձր ճնշումով: Սուր եւ անակնկալ ձախողութիւնը կ'ունենայ շատ արագ զարգացում, որ կանխելի է շտապ դարմանումով:
Երիկամի մնայուն ձախողութիւնԽմբագրել
Անիկա հետեւանքն է երկարատեւ մնայուն շաքարախտի եւ զարկերակային բարձր ճնշումի ինչպէս նաեւ երիկամներու ընդհանուր բջիջային բորբոքումի: Անիկա կը յատկանշուի երիկամներու մնայուն մասնակի կորուստով եւ փճացումով: Մնայուն ձախողութիւնը կ'ունենայ երկար ընթացք, որ կը տեւէ ամիսներ եւ տարիներ:
Շաքարախտային երիկամատապ (diabetic nephropathy)Խմբագրել
Անիկա կը յատկանշուի երիկամներու ախտաբանական մնայուն փոփոխութիւններով, առատ շաքարի ներկայութեամբ մէզին մէջ եւ երիկամներու մնայուն ձախողութեամբ:
Զարկերակային գերճնշումի երիկամատապ (hypertensive neuropathy)Խմբագրել
Անիկա շաքարախտի նման կը յատկանշուի երիկամային ախտաբանական մնայուն փոփոխութիւններով, սպիտակուցներու առատ ներկայութեամբ մէզին մէջ եւ երիկամային մնայուն ձախողութեամբ: Շաքարախտի եւ զարկերակային մնայուն գերճնշումի ախտաբանական վնասները վերջնական են եւ անդարմանելի:
ԱրիւնամիզութիւնԽմբագրել
Այս մէկը կը յայտնուի երեք ձեւերով.
- Տեսանելի մեծ տարողութեամբ արիւնամիզութիւն, երբ մէզը կազմուած կ'ըլլայ մեծամասնութեամբ արիւնով,
- Տեսանելի քիչ տարողութեամբ արիւնամիզութիւն, երբ մէզը կ'ըլլայ վարդագոյն-կարմրագոյն,
- Անտեսանելի արիւնամիզութիւն, երբ մէզը գրեթէ կ'ունենայ բնական գունաւորում, բայց արիւնահոսումը կը փաստուի մէզի մանրադիտակի (microscopic) քննութեամբ:
Արիւանամիզութեան պատճառներըԽմբագրել
Արիւնամիզութիւն տեղի կ'ունենայ հետեւեալ հիւանդութիւններուն պատճառով.
Երիկամային քարեր, երիկամի ընդոծին առատներ, կծիկա-երիկամաբորբ, բազմապարկային երիկամ, շագանակագեղձի ծաւալում եւ բորբոքում, երիկամային, միզափողային եւ միզապարկային խլիրդ եւ երիկամի անօթային անբնական երեւոյթներ: