Հեշտոցային Արիւնահոսութիւն
Հեշտոցային արիւնահոսութիւն (vaginal bleeding) ըսելով, կը հասկնանք այն արիւնահոսութիւնը, որ կը յայտնուի հեշտոցին մէջ եւ ապա հեշտոցէն դուրս:
Հեշտոցային Արիւնահոսութիւն | |
---|---|
ՀՄԴ-10 | N92-N93, N93.8 |
MedlinePlus | 007496 |
Հեշտոցային արիւնահոսութիւնը կը յայտնուի հետեւեալ ձեւերով.
- Բնախօսական (physiologic) դաշտանաարիւնահոսութիւն (menorrhea).
- Անբնական եւ անկանոն դաշտանաարիւնահոսութիւն (menorrhagia).
- Դաշտանադադարային (menopause) արիւնահոսութիւն.
- Յղութեան արիւնահոսութիւն.
- Ծննդաբերութեան արիւնահոսութիւն.
- Ախտային արիւնահոսութիւն (pathologic bleeding):
Բնախօսական դաշտանաարիւնահոսութիւն
ԽմբագրելԻգական սեռին մօտ սովորական դաշտանի (menstruation) օրերուն պատահած բնական քանակութեամբ արիւնահոսութիւնը բնական երեւոյթ է: Բնական դաշտանաարիւնահոսութեան ընթացքին կորսուած արիւնը մօտաւորապէս 70-80 մլ. կ՛ըլլայ:
Բնախօսական դաշտանաարիւնահոսութիւնը տեղի կ՛ունենայ հետեւեալ պայմաններու գործընթացով.
Ամէն իգական սեռի պատկանող անձ իր երկու ձուարաններէն (ovary) ամիսը մէյ մը կ՛արտադրէ մէկ հասուն ձուաբջիջ (ovum), որ ձուարանէն դուրս ելլելէ ետք, կ՛ուղղուի դէպի արգանդափող (ovarian tube) եւ հոնկէ արգանդ (uterus):
Ձուարանները բնական պայմաններու մէջ կը սկսին ձուաբջիջներ արտադրել արբունքի (puberty) շրջանին եւ ասիկա կը շարունակուի ամսական դրութեամբ մինչեւ դաշտանադադար: Ձուարանները եւ անոնց աշխատանքը ուղղակիօրէն ենթակայ են մակուղեղի (pituitary gland) հսկողութեան: Արբունքը անհատի մը սեռային հասունութեան շրջանն է, որ ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենայ 12-16 տարիքին մէջ: Ձուաբջիջի մը կազմութեան եւ արտադրութեան ընթացքին ձուարանները կ՛արտադրեն իգական estrogen ներծորոյթը (hormone), որ արեան շրջագայութեան մէջ մտնելով՝ կը հասնի արգանդ եւ կը յառաջացնէ արգանդի մակերեսի հիւսկէններու՝ ներարգանդենիի (endometrium) ծաւալում, որ տեղի կ՛ունենայ երակային ընդլայնումով եւ արեան խուժումով:
Յղութեան բացակայութեան, երբ ձուաբջիջը չէ բեղմնաւորուած հասուն սերմնաբջիջով (sperm) մը, ձուարաններուն մէջ կ՛արտադրուի իգական փրոճեսթերոն (progesterone) ներծորոյթը, որ կը գրգռէ արգանդի ծաւալած եւ արիւնով լեցուն մակերեսային հիւսկէնները: Ներարգանդենին կը կեղտոտի (slough) եւ տեղի կ՛ունենայ 3-5 օր շարունակական եւ մեղմ արգանդային մակերեսային արիւնահոսութիւն: Յղութեան պարագային դաշտան տեղի չ'ունենար ամբողջ 9 ամիսներ:
Հեշտոցային անբնական եւ անկանոն դաշտանարիւնահոսութիւն
ԽմբագրելՀեշտոցային անբնական եւ անկանոն դաշտանաարիւնահոսութիւնը կը յայտնուի զանազան ազդակներով եւ ձեւերով: Անիկա կը յառաջանայ ձուարանային խանգարումներով եւ անբնական արտադրութեամբ իգական սեռային ներծորոյթներով, որոնք ենթակայ են ուղեղի ենթատեսաթումբի (hypothalamus) եւ մակուղեղի (pituitary gland) ներգործութեան: Այս բոլորին որպէս արդիւնք տեղի կ՛ունենայ.
- Երկարատեւ դաշտանաարիւնահոսութիւն.
- Գերդաշտանաարիւնահոսութիւն (hypermenorrhagia).
- Դաշտանամիջոցին յաճախակի դաշտանանման արիւնահոսութիւն (metrorrhagia).
Դաշտանադադարային բնախօսական արիւնահոսութիւն
ԽմբագրելԴաշտանադադարէն ետք կրնայ տեղի ունենալ անկանոն դրութեամբ արիւնահոսութիւն, որ կը յառաջանայ իգական [[Սեռ (կենսաբանութիւն)|սեռ]]ական ներծորոյթներու խանգարումներով:
Յղութեան արիւնահոսութիւն
ԽմբագրելՅղութեան 9 ամիսներուն ընթացքին կրնայ պատահիլ արիւնահոսութիւն, մասնաւորապէս առաջին եւ վերջին երեք ամիսներուն:
Յղութեան առաջին երեք ամիսներուն ընթացքին պատահած արիւնահոսութիւնը հետեւանքն է յղութեան վիժումին (miscarriage)[1], որ կը յառաջանայ սաղմի տկարութեամբ, իգական ներծորոյթներու անբաւարարութեամբ եւ ծինային (genetic) թերութիւններով ու ժառանգական ազդակներով: Արգանդը դուրս կը մղէ իր մէջ ձեւաւորուող սաղմը (fetus) եւ կը յառաջացնէ արգանդային արիւնահոսութիւն:
Յղութեան վերջին ամիսներուն արիւնահոսութիւն տեղի կ՛ունենայ երկու կարեւոր ախտաբանական երեւոյթներով.
- Ընկերքի-փառի առաջադրում (placenta previa).
Այս պարագային փառը կը տեղադրուի արգանդավիզին (cervix) ներքին օղակին շուրջը, ուր ճնշումի պատճառով տեղի կ՛ունենայ անցաւ արիւնահոսութիւն: Յղութեան 36-րդ շաբաթէն առաջ փառի առաջադրումով պատահած արիւնահոսութեան պարագային յղի կինը կը պահուի կատարեալ հանգիստի մէջ՝ մինչեւ ծննդաբերութիւն: Իսկ 36րդ ամիսէն ետք պատահած արիւնահոսութեան պարագային, ընդհանրապէս կը կատարուի կանուխ եւ անմիջական ծննդաբերութիւն:
- Ընկերքի կանխահաս անջատում (abruptio placenta).
Հոս ընկերքը (placenta) կանխահասօրէն կը բաժնուի ներարգանդենիէն, եւ տեղի կ՛ունենայ արգանդային արիւնահսութիւն: Այս պարագան կը պարտադրէ շուտափոյթ եւ կանխահաս ծննդաբերութիւն՝ փրկելու համար թէ՛ յղին եւ թէ հասուն սաղմը:
Վերոյիշեալ երկու պարագաներուն ալ յղի կինը կրնայ ունենալ առողջական ծանրակշիռ բարդութիւններ, նոյնիսկ՝ մարմնական ընդհանուր փլուզում (shock):
Ծննդաբերութեան արիւնահոսութիւն
ԽմբագրելԾննդաբերութեան արիւնահոսութիւն, որ կը պատահի երկու ձեւերով.
- Հեշտոցային բնական ծննդաբերութեան ընթացքին կրնայ պատահիլ ընդունելի քանակութեամբ արիւնահոսութիւն, որ ժամանակաւոր է եւ կը դադրի ծննդաբերութենէն ետք: Արիւնահոսութիւն կրնայ պատահիլ ծննդաբերութենէն քանի մը օրեր ետք, որ ընդհանրապէս մտահոգիչ չ'ըլլար եւ կարելի է դիւրաւ զսպել:
- Որովայնային-կայսերեան ծննդաբերութենէ (Ceasarian section) քանի մը օրեր ետք կրնայ յայտնուիլ հեշտոցային մակարդուած արիւնահոսութիւն, որ հետեւանքն է կայսերեան ծննդաբերութեան ընթացքին արգանդին մէջ կուտակուած արեան:
Ախտային արիւնահոսութիւն
ԽմբագրելԱխտային արիւնահոսութիւն կը յառաջանայ զանազան ախտային ազդակներով եւ հիւանդութիւններով.
- Արտա-արգանդային յղութիւն (ectopic pregnancy).
Յղութիւն կրնայ գոյանալ արգանդէն դուրս, որ պատճառ կը դառնայ վիժումի, ներարգանդենիի բորբոքումի (endometritis) եւ ուժգին արիւնահոսութեան.
- Հիւծիչ հեշտոցաբորբ (atrophic vaginitis)[2], հեշտոցի վիրաւորանք եւ լաւորակ ուռեր ու խլիրդ.
- Արգանդավիզի վիրաւորում, բորբոքում (cervicitis), խլիրդ, լաւորակ ուռ (polyp) եւ բնաթելային ուռուցք (fibroid).
- Ներարգանդենիի հիւանդագին գերաճում (endometriosis), բորբոքում.
- Արգանդի ուռ (polyp) եւ խլիրդ:
- Ձուարանային պարկ (ovarian cyst) եւ ձուարանային խլիրդ
- Սեռային արտաքին օրկաններու լաւորակ վիրաւորում եւ ուռեր.
- Մարմնական ընդհանուր արիւնահոսումային հիւանդութիւններ, օրինակ՝ սպիտակարիւնութիւն (leukemia), կարգ մը ժառանգական արիւնահոսումային հիւանդութիւններ՝ արիւնահոսկանութիւն (hemophelia) եւ ծովարիւնութիւն (thalassemia).
- Արեան հակամակարդիչ դեղերու (anticoagulants) անկանոն գործածութիւն.
- Սեռային յարաբերութիւն (sexual intercourse), ուր տեղի կրնայ ունենալ զանազան աստիճանի վիրաւորանք.
- Հակայղութեան դեղերու սխալ եւ անկանոն գործածութիւն.
- Վահանագեղձի եւ մակերիկամի անբնական գործունէութիւն:
Հեշտոցային մեղմ արիւնահոսութիւնը անցողակի կացութիւն մըն է եւ ոչ մտահոգիչ: Իսկ երկարատեւ եւ զօրաւոր հեշտոցային արիւնահոսութեամբ կը զարգանան.
- Սակաւարիւնութիւն (anemia), որուն ախտանշաններն են.
- Տժգունութիւն.
- Յոգնածութիւն, ուժաթափութիւն, մարմնական տկարութիւն, առատ քրտինք.
- Գլխապտոյտ եւ գլխացաւ.
- Սիրտի արագ տրոփում եւ արագ շնչառութիւն.
- Նուաղում եւ ուշաթափութիւն (syncopy).
- Մարմինի երկաթի նուազում, որ ինքնին կը վատթարացնէ սակաւարիւնութիւնը ու կրնայ զարգացնել ոսկրափխրութիւն.
- Մարմնական ընդհանուր փլուզում:
Հեշտոցային արիւնահոսութիւնը բացայայտ է, սակայն ճշգրիտ ախտաճանաչումը կը կատարուի հետեւեալ գործընթացով.
- Լսել հիւանդին պատմականը.
- Կատարել հետեւեալ քննութիւնները.
- Բժշկական քննութիւն, մասնաւորապէս՝ հեշտոցի, արգանդավիզի, արգանդի եւ ձուարաններու.
- Արեան զանազան տեսակի քննութիւներ, ներառեալ՝ յղութեան եւ արեան խցաբջիջներու (platelets) քննութիւն.
- Որովայնի անդրձայնային (ultrasound) նկարահանում.
- Արգանդի, արգանդավիզի եւ հեշտոցի ուռերու ախտաբանական քննութիւն:
Հեշտոցային մեղմ արիւնահոսութիւնը ընդհանրապէս յատուկ դարմանումի չի կարօտիր: Իսկ մեծածաւալ արիւնահոսութիւնը կը դարմանուի հետեւեալ միջոցներով.
- Անմիջական դարմանամիջոցներ՝ հեղուկներու երակային ներարկում եւ արեան փոխներարկում.
- Հիմնական ախտապատճառի դարմանում.
- Ներծորոյթներու, երկաթի եւ կենսանիւթերու կիրարկում.
- Առողջ սննդականոն:
Տե՛ս նաեւ
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Snell BJ (Nov–Dec 2009)։ «Assessment and management of bleeding in the first trimester of pregnancy.»։ Journal of midwifery & women's health 54 (6): 483–91։ PMID 19879521։ doi:10.1016/j.jmwh.2009.08.007
- ↑ http://emedicine.medscape.com/article/257141-overview