Վահանագեղձը, կը գտնուի վիզին յառաջամասը։ Անիկա կազմուած է երկու բաժիններէ՝ աջ եւ ձախ, որոնք միացած են իրարու վահանագեղձային վզիկով մը (isthmus), որոնք կը շրջապատեն խռչափողը առջեւէն եւ երկու կողմերէն[1][2]:

Վահանագեղձը

Վահանագեղձը կ'արտադրէ երկու կարեւոր ներազդակներ (Հորմոններ, hormones)՝ thyroxine-T4 եւ triiodothyronine-T3, որոնք կը գործեն մարմինի բոլոր հիւսկէններուն բջիջներուն վրայ: T3 եւ T4 ներազդակները մեծ դերակատարութիւն ունին սաղմի եւ նորածինի աճման եւ զարգացման գործընթացին մէջ, ի մասնաւորի ուղեղային եւ մարմնական (somatic) հիւսկէններու պարագային: Անոնք մարդու կեանքին ամբողջ տեւողութեան կը կանոնաւորեն բնասպիտի, ածխաջրատներու եւ ճարպերու նիւթափոխանակումը (metabolism): T3 ներազդակը ամէնէն աւելի գործողն է: T4 ներազդակը երկարակեաց է եւ կրնայ փոխուիլ T3 ներազդակի գրեթէ բոլոր հիւսկէններուն մէջ՝ ըստ պահանջի: Հետեւաբար T4-ը կարելի է նկատել իբրեւ T3 ներազդակի շտեմարան: Վահանագեղձը կ'արտադրէ նաեւ calcitonin ներազդակը, որ կը կանոնաւորէ մարմինին կիրին համաչափութիւնը, այսինքն՝ գերարիւնակրութեան (hypercalcemia) պարագային անիկա կը նուազեցնէ արեան կիրին քանակը[3]:

T3 եւ T4 ներազդակներուն արտադրութիւնը տեղի կ'ունենայ վահանագեղձին մէջ, շնորհիւ մանիշի (iodine) գոյութեան եւ ներգործութեան: Սննդանիւթերու մէջ գտնուած մանիշը կը ներծծուի աղիքներու պատերուն կողմէ եւ կը հասնի վահանագեղձ՝ արեան շրջանառութեան միջոցաւ: Վահանագեղձին մէջ մանիշը որոշ փոխանակումներու ենթարկուելէ ետք՝ կ'արտադրուին T4 եւ T3 ներազդակները, որոնք շուտով կը մտնեն արեան շրջանառութեան մէջ: Անոնց մեծ տոկոսը կը միանայ արեան մէջ գտնուող յատուկ բնասպիտներու հետ եւ կը փոխադրուի մարմինին զանազան հիւսկէններուն, իսկ պզտիկ մէկ տոկոսը՝ առանց միանալու բնասպիտներուն՝ դարձեալ կը հասնի մարմինին զանազան հիւսկէններուն: T4 եւ T3 ներազդակներուն արտադրութիւնը վահանագեղձին մէջ կը ղեկավարուի մակուղեղին (pituitary gland) յատուկ մէկ ներազդակով մը, որ կը կոչուի՝ TSH ներազդակ[4]: Արեան մէջ T4 եւ T3 ներազդակներուն նուազումով՝ TSH ներազդակը առատօրէն կ'արտադրուի մակուղեղին մէջ։ Մեծ քանակութեամբ արտադրուած այս TSH ներազդակը վահանագեղձը կը մղէ յաւելեալ աշխատանքի, որպէսզի պահանջուած T3 եւ T4 ներազդակները արտադրուին: Արեան T3 ներազդակին 3/4-ը կը յառաջանայ գեղձէն դուրս, իսկ մնացեալ 1/4-ը կ'արտադրուի ուղղակի գեղձին մէջ:

Վահանագեղձին T3 եւ T4 ներազդակներուն նուազումը ընդհանրապէս տեղի կ'ունենայ վահանագեղձին զանազան հիւանդութիւններուն հետեւանքով, սակայն անոնք կրնան նուազիլ նաեւ ոչ վահանագեղձային կարգ մը սուր եւ մնայուն հիւանդութիւններու հետ միատեղ, օրինակ՝ սուր ծոմապահութիւն (starvation), յոռի սննդառութիւն (malnutrition), մարմնական մեծ արկածներ, սիրտի կաթուած (myocardial infarction) եւ երիկամունքի ու լեարդի ձախողանք:

Վահանագեղձին յայտնուիլը

Խմբագրել

Վահանագեղձը կը յայտնուի հետեւեալ հիւանդագին վիճակներով.

  • Վահանագեղձի գերարտաթորում, կամ գերվահանագեղձութիւն (hyperthyroidism), ուր T3 եւ T4 ներազդակներուն արտաթորումը բնականէն շատ աւելի կ'ըլլայ։
  • Վահանագեղձի ենթա-արտաթորում, կամ ենթավահանագեղձութիւն (hypothyroidism), ուր T3 եւ T4 ներազդակներուն արտաթորումը բնականէն շատ աւելի նուազ կ'ըլլայ։
  • Վահանագեղձատապ – բորբոքում (thyroiditis)։
  • Հաշիմոթոյի հիւանդութիւն։
  • Յետ ծննդաբերութեան վահանագեղձաբորբ։
  • Վահանագեղձի պարզ ծաւալում (simple goiter)։
  • Վահանագեղձի հանգուցաւոր ծաւալում (nodular goiter)։
  • Վահանագեղձի լաւորակ ուռեր (benign tumors)։
  • Վահանագեղձի չարորակ ուռեր (malignant tumor)։

Գերվահանագեղձութեան ախտապատճառները

Խմբագրել
 
  1. Գերվահանագեղձութիւնը կը յառաջանայ հետեւեալ ախտապատճառներով եւ հիւանդութիւններու պարագային.
  • Վահանագեղձի T3 եւ T4 ներազդակներու առատ արտադրութիւն,
  • Վահանագեղձի ընդհանուր համահաւասար ծաւալում,
  • Վահանագեղձի հանգուցաւոր ծաւալում,
  • Վահանագեղձատապ – բորբոքում,
  • Մակուղեղի TSH ներազդակի առատ արտադրութիւն,
  • Յղութիւն,
  • Որոշ դեղերու գործածութիւն։

Գերվահանագեղձութան ախտանշաններն են՝

  • վահանագեղձի ծաւալում (goiter) եւ հանգուցաւորում (nodulatory),
  • ջղագրգռութիւն,
  • սիրտի արագ զարկ եւ բաբախում,
  • արագաշարժութիւն,
  • առատ քրտինք եւ արցունք,
  • տաքի անհանդուրժողականութիւն,
  • յոգնածութիւն,
  • շատակերութիւն,
  • կշիռքի կորուստ,
  • անքնութիւն,
  • փորհարութիւն,
  • մարմնական տկարութիւն,
  • աչքերու սեւեռում (stare),
  • կոպերու թուլութիւն եւ կախուածութիւն,
  • ակնազօդի (conjunctiva) կարմրութիւն,
  • ցցուն ակնագունդեր (exophthalmia),
  • երկտեսողութիւն:

Գերվահանագեղձութեան ախտաճանաչումը կը կատարուի արեան T3 եւ T4 ներազդակներու բարձրացումով եւ վահանագեղձի գերարտաթորումի ախտանշաններու գոյութեամբ: Տեսնուած է, որ T3 ներազդակը ընդհանրապէս աւելի կը բարձրանայ քան T4 ներազդակը: Գերվահանագեղձութեան դարմանումը կ'ըլլայ հակավահանագեղձային դեղերու, եւ շողագործօն մանիշի կիրարկումով:

Յաճախ վահանագեղձին գերաշխատանքը եւ T3 եւ T4 ներազդակներուն գերարտաթորումը չափազանցօրէն անընդունելի սահմաններու կը հասնին եւ կը ստեղծուի վտանգաւոր հիւանդագին կացութիւն մը, ուր հիւանդը կ'ունենայ՝

  • շատ բարձր ջերմութիւն,
  • գերյոգնութիւն,
  • մկանային կորուստ,
  • զգացական խանգարում,
  • չափազանց անհանդարտութիւն,
  • շփոթ,
  • հոգեկան վերիվայրումներ,
  • նողկանք,
  • փսխուք,
  • փորհարութիւն,
  • դեղնութիւն եւ մահաքունակ վիճակ:

Այս պարագային հիւանդը կը կարօտի շտապ օգնութեան եւ հիւանդանոցային խնամքի:

2.Ենթավահանագեղձութիւնը կը յառաջանայ երկու ձեւերով.

Հիմնական (primary), որ կը յառաջանայ.

  • Վահանագեղձի բորբոքումով,
  • Հաշիմոթօ հիւանդութեամբ,
  • Գերվահանագեղձութեան դարմանումի ընթացքին, որ կը պատահի շողագործօն մանիշի եւ այլ դեղերու գործածութեամբ, եւ կամ վահանագեղձի վիրահատումով։

Երկրորդական (secondary), որ կը յառաջանայ.

  • մակուղեղի TSH-ի անբաւարար արտադրութեամբ: TSH ներազդակը կը գործէ վահանագեղձին վրայ եւ կը յառաջացնէ անոր ծաւալումը: Երկրորդական ենթավահանագեղձութիւնը հազուագիւտ երեւոյթ մըն է, ուր կը տեսնուին մորթի եւ մազի չորութիւն, մորթի տժգունութիւն, կրծքագեղձի հիւծում եւ արեան ճնշումի նուազում:

Վահանագեղձին ենթա-արտաթորումը կը պատահի որեւէ մէկ տարիքի եւ առանց սեռի խտրութեան, սակայն ան աւելի կը պատահի տարեցներու եւ իգական սեռին մօտ:

 

Անոր ախտանշաններն են՝

  • պաղի անհանդուրժողականութիւն,
  • պնդութիւն,
  • մոռացկոտութիւն,
  • շատակերութիւն,
  • ճարպակալում,
  • ոտքերու թմրութիւն եւ զգացողականութեան նուազում,
  • դէմքի տափակ-մելամաղձոտ արտայայտութիւն (dull face),
  • ձայնի խռպոտութիւն,
  • կոպերու յոգնածութիւն-կախուածութիւն (drooping),
  • մորթի չորութիւն,
  • սիրտի զարկի նուազում եւ արեան գերքարօթինութիւն (hypercarotenemia):

Ախտաճանաչումը կը փաստարկուի արեան քոլեսթերոլի եւ TSH-ի բարձրացումով, ինչպէս նաեւ վահանագեղձի ներազդակներու նուազումով:

Ենթավահանագեղձութեան դարմանումը կը կատարուի T4 եւ T3 ներազդակներու գործածութեամբ:

Վահանագեղձատապ-բորբոքում (thyroiditis)

Խմբագրել

Անիկա ժահրային ժամանակաւոր բորբոքում մըն է, ուր հիւանդը կ'ունենայ՝

  • բարձր ջերմութիւն,
  • ցաւ,
  • վահանագեղձի գերաշխատանքային ժամանակաւոր ախտանշաններ,
  • երբեմն, վահանագեղձի ծաւալում:

Այս պարագային դարմանումը կ'ըլլայ ցաւաբեկ դեղերով եւ քորթիզոնի գործածութեամբ[5]: Ընդհանրապէս հիւանդը քանի մը շաբաթ ետք կը վերադառնայ իր առողջ վիճակին:

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. editor-in-chief, Susan Standring ; section editors, Neil R. Borley եւ այլք (2008)։ Gray's anatomy : the anatomical basis of clinical practice (40th հրտրկթն․)։ London: Churchill Livingstone։ էջեր 462–464։ ISBN 978-0-8089-2371-8 
  2. «Thyroid, Parathyroid, Adrenal, Endocrine Surgery, Anatomy of the Thyroid Gland»։ www.endocrinesurgeon.co.uk 
  3. Hall John (2011)։ Guyton and Hall textbook of medical physiology (12th հրտրկթն․)։ Philadelphia, Pa.: Saunders/Elsevier։ էջ 907։ ISBN 978-1-4160-4574-8 
  4. Page 493 (Table 33-3) in: Eugster, Erica A., Pescovitz, Ora Hirsch (2004)։ Pediatric endocrinology: mechanisms, manifestations and management։ Hagerstwon, MD: Lippincott Williams & Wilkins։ ISBN 0-7817-4059-2 
  5. "Hashimoto's Thryoiditis." ECureMe.Com. 2003. 15 Mar. 2008 <http://www.google.com/imgres?imgurl=http://www.ecureme.com>[յղումը չկայ].

Աղբիւրներ

Խմբագրել