Ներազդակներ (Հորմոններ)
Հորմոնները (հին յուն․՝ ὁρμή, ազդակ բառէն) կարգաւորիչ կենսաքիմիական բաղադրութիւններու տեսակներ են, որոնք կ'արտադրուին իւրայատուկ բջիջներու, գեղձերու եւ/կամ հիւսուածքներու կողմէ, որոնք կը կազմեն օրկանիզմի ներզատական համակարգը։ Համադրումէն ետք այս նիւթերը կը ներզատուին արեան մէջ եւ կը տարածուին ամբողջ օրկանիզմին, յառաջացնելով շարք մը բնախօսական եւ վարքային փոփոխութիւններ (մարսողութիւն, նիւթափոխանակութիւն, աճ, բազմացում, տրամադրութեան փոփոխութիւն եւ այլն)[1]։
Հորմոնի միայն շատ չնչին քանակ անհրաժեշտ է բջիջի նիւթափոխանակութեան փոփոխութեան համար։ Ըստ էութեան, հորմոնները քիմիական ազդանիւթեր են, որոնք ազդակը մէկ բջիջէն կը տեղափոխեն դէպի միւսը[2]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Perspectives in Biology and Medicine (անգլերէն)
- ↑ «Hormones»