Սիրտ (լատ.` cor, յուն.` καρδιά, kardia), մկանային գործարան, որուն հիմնական ձերնառկութիւն մարմինին բոլոր գործառութիւնները եւ հիւսուածքները մատակարարել արիւնով:Սիրտ-անօթային համակարգին կեդրոնական գործարանւ կը հանդիսանայ: Առիւնատար անօթներուն ռիթմիկ կծկումները կը նպաստեն արեան հոսքին։

Սիրտի զարկերու պատկերացում

Անօթներուն փակ համակարգի արեան անընդհատ շարժումը կը կոչուի արեան շրջանառութիւն։ Վերջինւ կազմուած է սիրտէն եւ արիւնատար անօթներէն։ Անոր հիմնական դերն է մարմնին մէջ արեան մատակարարման եւ աշխատանքի իրականացման։

Սիրտը արեան շրջանառութեան կեդրոնական գործարանն է, որ արիւնը կը մղէ անօթներուն, կ’ապահովէ անոր շարժումը եւ վերադարձը դէպի սիրտ։ Սիրտը երբ դադրի աշխատիլ ,մարդը պիտի մեռնի, որովհետեւ կ’ընդհատուի դէպի գործարաններն ու հիւսուածքները թթուածինի ունսննունդի մատակարարումը եւ անպէտ նիւթերու հեռացումը:[1],[2] [3]

Սիրտին կառոյցըԽմբագրել

Սիրտը կը գտնուի մարմնին կուրծքին մէջ։ Ան կոնաձեւ, մկանային գործարան է, որուն մեծ մասը կը գտնուի կրծքավանդակի ձախ կողմը։ Սրտի մեծութիւնը մօտաւորապէս տուեալ անձին բռունցքին չափ է։ Չափահաս մարդու սրտի ծանրութիւնը 250-300 քիլօ է։ Ան կը պարունակէ քիչ քանակով հեղուկ, որ կը խոնաւցնէ սրտին մակերեսը եւ կծկման ժամանակ կը փոքրացնէ շփումը:

 
Մարդուն սիրտը

Մարդու սիրտը քառախորշ է։ Ան միջամատի չաբով բաժնուած է իրարու հետ չհաղորդակցող աջ եւ ձախ կէսերու։ Իւրաքանչիւր կէս իր հերթին կազմուած է իրարու հետ հաղորդակցող 2 խոռոչներով՝ նախասրտէն եւ փորոքէն։ Փորոքներու մկանային պատը նախասրտերու համեմատութեամբ զգալիօրէն հաստ է, հատկապէս ձախ փորոքի մկանապատը, քանի որ ան մեծ աշխատանք կը կատարէ։ Նախասրտերուն եւ փողոքներուն միջեւ կան անցքեր, որոնց եզրերուն կը գտնուին փեղկաւոր փականներ։ Ատոնք ջլային թելերով ամրացուած են փորոքներու պատերուն պտկաձեւ մկաններուն։ Սրտի աջ նախասիրտին եւ աջ փորոքի սահմաններուն կը գտնուին եռափեղկ փականներ (կազմուած 3 փեղկերէ), իսկ ձախ նախասիրտին ու ձախ փորոքի բացուածքի սահմաններուն՝ երկփեղկ փականները։ Սրտէն դուրս եկող թոքային զարկերակին կան կիսալուսնաձեւ փականներ։ Իւրաքանչիւր կիսալուսնաձեւ փական կազմուած է երեք թերթերէ, որոնք գրպաններու տեսք ունին։ Գրպաններու ազատ եզրերն ուղղուած են դէպի անօթներու լուսանցքը։ Եռափեղկ եւ երկփեղկ փականները կը խոչընդոտեն արեան ետդարձ շարժումը ՝փորոքներէն նախասիրտ։ Առոտային կիսալուսնաձեւ փականներէն վեր դուրս կու գան սիրտին սնունդ տուող պսակաձեւ 2 զարկերակներ։[3]

Սրտի գործունէութեան ուսումնասիրական ձեւերԽմբագրել

 
Սիրտին մակերեսի մաշկերը

Սրտամկանի թրթռումը ու կծկումը կ’ուղղեկցեն ձայնով, մեքենական եւ ելեկտրական երեւոյթներով, որոնց արձանագրումը կ’օգտագործուի դարմանատան մէջ։ Ան ախտորոշիչ նշանակութիւն ունի եւ հնարաւորութիւն կու տայ սրտի գործունէութեան խանգարումներու արանձնայատկութիւններում։

Կծկուած սրտին դիրքը որոշակիորէն կախեալ է կրծքավանդակէն։ Ան կը դառնայ ամուր, կարծր եւ որոշ չափով կը թէքի իր շուրջը՝ ձախէն աջ եւ կը հարուածէ կրծքավանդակին։ Հինգերորդ միջկողային տարածութեան մէջ , 1 սմ ձախ ան կը շոշափոխուի եւ կը կոչուի սրտային հրոց: Անոր արձանագրումը կը կոչուի գագաթնասրտագրութիւն:

Սրտի կծկման իւրաքանչիւր փուլը կ’ուղղեկցուի նաեւ հնչիւններով։ Անոնց առաջացումը կապուած է փեղկաւոր փականներու եւ միաժամանակ անոնց ամրացուած ջլային թելերու թրթռացումներու, կիսալուսնաձեւ փականներու փակման եւ արոտայի ու թոքային զարկերակի պատերուն տատանումներուն հետ։ Փականներու ախտահարումներու՝ սրտի արատներուն դէպքին կը յառաջանան աղմուկներ, որոնք կարելի է արձանագրել յատուկ ձայնասրտագրիչներու միջոցով :

Սրտի գործունէութեան հետեւանքով կը յառաջանան թոյլ կենսաելեքտրական ազդակներ։ Քանի որ մարմինը օժտուած է բարձր ելեքտրահաղորթելիութեամբ ։[1][2]

ԾանօթագրութիւններԽմբագրել