Ձայն
Ձայն, ֆիզիկական երեւոյթ, որ ալիքներու մեքենական տատանումներու տեսքով տարածուած է պինդ, հեղուկ կամ կազային միջավայրի մէջ[1]։ Օդի տատանումները տարածուելով կը հասնին որեւէ խոչընդոտի, կը զարնուին անոր, ապա կ'անդրադարնան ու կը տարածուին հակառակ ուղղութեամբ։ Այսպէս կ'առաջանայ արձագանք։
Այն վայրին մէջ, ուր օդ չկայ չեն կրնար տարածուիլ ձայնային ալիքներ, օրինակ՝ Լուսնի վրան։ Օդի ձայնի արագութիւնը մէկ վայրկյանին մէջ 330 մեթր է։ Սակայն ձայնային ալիքները կը տարածուին ոչ միայն օդին մէջ, այլ նաեւ ջրին մէջ, ընդ որուն, գրեթէ հինգ անգամ աւելի արագ։ Ձայնային ալիքներն ալ աւելի արագ կը տարածուին պինդ մարմիններուն, օրինակ պողպատէ ձողուն։ Հակառակ անոր որ Լուսնի վրայ ալ կայ պինդ մարմին՝ լուսնակեղեւը։ Այդ պատճառով ալ, եթէ անոր մակերեւոյթին ականջ տանք կամ զգայոյն որեւէ սարք, պայթիւնն, այնուամենայնիւ, կարել է «լսել»։
Ինչպէս միւս ալիքները, ձայնային ալիքները նոյնպէս ունին որոշակի երկարութիւն։ Որքան կարճ են ալիքները, այնքան աւելի յաճախ կը հաջորդեն միմեանց։ Այդ յաճախութիւնէն կախուած է ձայնի դոնը։ Մատներով բռնելով «երգող» լահասկանալի էրը, փորձեք կարճացնել այն։ Դուք կ'ըսէք, որ լարի հնչողութիւնը աւելի կը բարձրանայ։ Այժմ հասկանալի՞ է, թէ ինչո՞ւ մարդիկ տարբեր ձայներ ունին։
Օդի ոչ բոլոր տատանումներն է, որ մենք կրնանք լսել։ Մեր ականջի ընկալած ամենափոքր յաճախութիւնը կը կազմէ մէկ վայրկեանին մէջ 16 տատանում, ամենամէծ՝ մէկ վայրկեանին մէջ 20 հզ․ տատանում։ Եթէ տատանումներու յաճախութիւնը մէկ վայրկեանին 15-20 տատանումէն փոքր է, այդ ժամանակ ձայնը կը կոչուի ինֆրաձայն, իսկ եթէ մէկ վայրկեանի մէջ 15-20 հզ. տատանումէն մէծ է, ապա այդ ուլթրաձայն է։ Ուլտրաձայներն ու ինֆրաձայները որսալու համար հարկաւոր են հատուկ սարքեր։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ ANSI S1.1-1994. American National Standard: Acoustic Terminology. Sec 3.03.