Ուղեղ (լատիներէն՝ cerebrum, հին յունարէն՝ ἐγκέφαλος), կեդրոնական նեարդային համակարգի անդամ։

Շէմփանզէի ուղեղ

Տեղադրուած է գանկի խոռոչին մէջ, անոր զանգուածը կը տատանի 1300-1400 կ․ սահմաններուն մէջ[1]։

Յատուկ պարագաներու անիկա կրնայ ունենալ 1100-2000 կ․ զանգուած։

Ուղեղին կապուած են 12 զոյգ գանկուղեղային նեարդեր, որոնցմէ է ներքին անդամներու աշխատանքը կարգաւորող թափառող նեարդը։

1.' Ուղեղ' 2. ԿՆՀ 3. Ողնուղեղ

Մարդու գլխուղեղը՝ սաղմնային շրջանին ու կեանքին մէջ, առաջին տարիներուն ուժգնօրէն կ'աճի եւ 20 տարեկան հասակին կը հասնի իր վերջնական մեծութեան։

Ուղեղին մէջ ջղաբջիջներու մարմինները կը յառաջացնեն գորշ նիւթ մը, որ կը գտնուի՝ ինչպէս գլխուղեղի մակերեսին, ձեւաւորելով կեղեւ մը, այնպէս ալ գլխուղեղին ներսը՝ սպիտակ նիւթի մէջ, կորիզներու ձեւով։

Սպիտակ նիւթը կազմուած է ջղաբջիջներու երկար ելուստներէն։

Կազմութիւն
Խմբագրել

Գլխուղեղը կազմուած է հետեւեալ բաժիններէն՝

  • երկարաւուն ուղեղ,
  • կամուրջ,
  • միջին ուղեղ,
  • միջանկեալ ուղեղ,
  • ուղեղիկ
  • մեծ կիսագունդեր (ծայրային ուղեղ)։

Ասոնք կը կազմեն ուղեղաբունը։

Ուղեղը

Խմբագրել

Ուղեղը մարմինին մնացած բաժիններուն կապուած է ջիղերուն միջոցով. երկար թելերու նման ջիղերն են, որոնք կարելիութիւնը կու տան տեղեկութիւններուն` հասնելու մինչեւ ուղեղ[2]:

Ուղեղը կը ստանայ եւ կը վերլուծէ այն տեղեկութիւնները, որոնք կու գան մարմինին գործարաններէն, ինչպէս` աչքերէն, մորթէն, քիթէն, ականջներէն, եւ այլն: Ապա ան որոշումներ կու տայ եւ մարմինին կը հրահանգէ շարժումներ կատարել:

Ուղեղը նոյնիսկ կ'աշխատցնէ կարգ մը գործարաններ` առանց մարդուն մտածելուն. այս ձեւով է, որ ան սիրտը կ'աշխատցնէ եւ թոքերուն շնչել կու տայ:

Անասուններուն ուղեղը

Խմբագրել

Կարգ մը անասուններ, ինչպէս` ծովամայրերը եւ ծովաստղերը, ուղեղ չունին: Անոր փոխարէն` անոնք ունին յատուկ բջիջներ, որոնք անոնց մարմինին մէջ սփռուած են: Սակայն, անասուններուն մեծ մասը ունի գլուխ մը, որ ուղեղը կը պարունակէ: Այդ ուղեղին մեծութիւնը կը տարբերի` ըստ անասուններուն: Օրինակի համար, միջատները մանր ուղեղ մը ունին:

Հետաքրքրական տեղեկութիւններ

Խմբագրել
  • Ուղեղը կ'արտադրէ լամբ մը վառելու կարող բաւարար ելեկտրականութիւն:
  • Ամէն վայրկեան մօտաւորապէս 750 միլիլիթր (կամ կազային խմիչքի 2 թիթեղէ շիշ) արիւն կ'անցնի ուղեղին մէջէն:
  • Տուրմ ուտելը ուղեղին մէջ կ'արձակէ յատուկ քիմիական նիւթեր, որոնք ուրախութեան զգացում կը հայթայթեն:
  • Մարզանք ընելը ուղեղը աւելի գործօն կը դարձնէ:
  • Ուղեղին մէջի բջիջները հաշուելը կը կարօտի մօտաւորապէս 3000 տարուան[3]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել