Գայլեր
Գայլ
Սովորական գայլ
Գիտական դասակարգութիւն
Թագաւորութիւն Կենդանիներ
Ենթատիպ Ողնաշարաւորներ
Դաս Կաթնասուններ
Կարգ Գիշատիչներ
Ընտանիք Շնազգիներ
Ցեղ Գայլեր
Լատիներէն անուանում
Canis Linnaeus, 1758
Տեսակներ


Դասակարգումը
Ուիքիցեղերու մէջ


Պատկերներ
Ուիքիպահեստի մէջ

ITIS 180595
NCBI 9611

Գայլեր (լատ.՝ Canis), կաթնասուններու դասի շնազգիներու (Canidae) ընտանիքի ցեղ։ Գայլին էգը կը կոչուի ճիւռ։ Գայլերը կ'ապրին վոհմակներով։ Կ'ապրին տափաստաններու մէջ, յատկապէս անասուններու արօտատեղերուն եւ անապատներու մէջ։

Կը սնանի վայրի եւ ընտանի սմբակաւորներով, շուներով, նապաստակներով եւ մանր կրծողներով։ Գայլերը կ'ապրին զոյգերով, ուշ աշնան եւ ձմրան սկզիզբին երբեմն կը շրջին վոհմակներով։

Յղութիւնը կը տեւէ 62-65 օր։ Գայլերուն ձագերը միշտ կը ծնին կոյր, խուլ եւ կապոյտ աչքերով։ Կ'ունենան 3-13 ձագ։ Սկիզբնական շրջանին կը կերակրէ կաթով[1], ստամոքսէն ետ բերած ծամած միսով, աւելի ուշ՝ որսով։ Գայլերը կրնան լողալ, 13 քմ։ Տափաստանային եւ անապատային գայլերը կ'ապրին փորուած բոյներու, անտառայինները՝ որջերու, եղէգնուտներու եւ լեռնայինները՝ քարանձաւներու մէջ։

Հայաստանի մէջ տարածուած է գայլերու Canis lupus hajas tanicus Dahl ենթատեսակը, որ մեծ է, ունի երկար եւ խիտ, բաց գոյնի մազ։

Գայլը շատ զգուշ անասուն է։ Երբեմն ամէնէն փորձառու բնախոյզն անգամ չի կրնար գտնել մայր գայլին որջը, ուր կը մեծնայ 3-13 ձագ։ Սպառնացող վտանգը զգալով՝ մայր գայլը կրնայ ձագերը տեղափոխել այլ տեղ ու ապահով պահել։ Մայր գայլը ձագերը 4-6 շաբաթ կը կերակրէ կաթով, որմէ ետք ձագերը կ'անցնին մսակերութեան։ Ուշ աշնան անոնք ընտանեօք կը ձգեն որջը եւ դուրս կու գան ձմեռնային արշաւներու՝ երբեմն կտրելով 100 քմ-էն աւելի տարածութիւն։

Սովորաբար գայլերը կ'ապրին զոյգերով, սակայն ուշ աշնան եւ ձմրան կը շրջին վոհմակներով։ Վոհմակին բոլոր անդամները կը կերակրեն եւ կը խնամեն ձագերը։ Վոհմակը շատ արագաշարժ է եւ զգուշ, ուստի զայն գտնելը շատ դժուար է։ Ձմրան գայլերը դիւրին խոյս կու տան մարդոցմէ, կը շրջանցեն թակարդներն ու վտանգաւոր տեղերը։ Անոնք կը յայտնուին անսպասելի կերպով եւ անակնկալի կը բերեն մարդիկը, գոմերէն ոչխարներ կը փախցնեն, իսկ շուները կը ճանկեն տուներու լուսամուտերուն տակ։ Կը պատահի նաեւ մարդոց վրայ կը յարձակին։

Գայլերուն կեանքին տեւողութիւնը 15-20 տարի է։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։