Գլխապտոյտ ըսելով՝ կը հասկնանք մարմինի հաւասարակշռութեան խանգարում եւ մարմնական անբնական թաւալումի զգացում, ինչպէս նաեւ՝ շրջապատի թաւալում ու տեղաշարժ։ Գլխապտոյտը շարժումի եւ թաւալումի խաբկանք է[1]:

Գլխապտոյտ
ՀՄԴ-9 438.85, 780.4
ՀՄԴ-10 H81, R42
eMedicine 1159385
MeSHID D014717
Disease Ontology 29286

Յաւելեալ

Խմբագրել

Մեր մարմինի ֆիզիքական հաւասարակշռութիւնը կը պահուի շնորհիւ մեր մարմինի երեք հիմնական կեդրոններու բնական գործունէութեամբ։ Այս կեդրոնները հետեւեալներն են.

  1. Ներքին ականջները
  2. Աչքերը-տեսողութիւնը
  3. Մարմինի մկաններու եւ յօդերու զգացողականութիւնը (sensation)

Լաւապէս հասկնալու համար գլխապտոյտը ընդհանրապէս եւ «ԳԴՆ գլխապտոյտ»-ը՝ մասնաւորապէս, վերոնշեալ երեք կեդրոններու կազմախօսութեան (anatomy) եւ գործունէութեան ձեւերով։

Ներքին ականջ՝

Խմբագրել

Անիկա կազմուած է՝

  • Երեք կիսաբոլոր խողովակներէ (semicircular canals), որոնց մէջ զետեղուած են հաւասարակշռութեան ջիղի սկզբնական մազմզուքները։ Ասոնք շրջապատուած են իւրայատուկ հեղուկով մը, որ կը կոչուի ներաւիշ (endolymph): Մազմզուքներուն միացումով կը կազմուի հաւասարակշռութեան ջիղը, որ լսողութեան ջիղին հետ կ'ուղղուի դէպի ուղեղ։ Կիսաբոլոր խողովակները ուղեղին կը հայթայթեն որոշ տեղեկութիւններ՝ մարմինի դիրքին, կացութեան եւ գլխու շարժումներուն մասին. հետեւաբար ուղեղը կ'որոշէ համադրել մարմինին յարմարագոյն ձեւը եւ դիրքաւորումը.
  • Խխունջէ (cochlea), որուն մէջ զետեղուած են լսողութեան ջիղին սկզբնական մազմզուքները։ Լսողութեան ջիղը կը կազմուի այս սկզբնական մազմզուքներով.
  • Անդաստակէ (vestibule), ուր կը գտնուին երկու պզտիկ տոպրակներ՝
  1. Պարկիկ (saccule)
  2. Արգանդիկ (utricle)

Կիսաբոլոր խողովակները անմիջական հաղորդակցութեան մէջ են պարկիկի եւ արգանդիկի հետ։ Պարկիկին եւ արգանդիկին մէջ կը գտնուին ականջակրաքարեր (otoliths), որոնք ուղեղին հաղորդումներ կը ղրկեն մարմինի ուղղաձիգ (vertical) դիրքին մասին։

Ականջակրաքարերը բնական պայմաններու մէջ կը մնան անշարժ, սակայն գլխու որոշ շարժումներով անոնք կրնան տեղափոխուիլ եւ ուղղուիլ դէպի կիսաբոլոր խողովակներ ու խանգարել անոնց գործունէութիւնը եւ յառաջացնել նոպայական գլխապտոյտ։

Աչքեր եւ տեսողութիւն`

Խմբագրել

Ուղեղին հասած տեղեկութիւնները կը համադրուին աչքերուն եւ տեսողութեան հայթաթած տեղեկութիւններով։

Մկաններու եւ յօդերու զգացողականութիւն (sensation)`

Խմբագրել

Սրունքներու, բազուկներու եւ վիզի մկաններէն ու յօդերէն որոշ զգացողական հաղորդումներ կ'ուղղուին դէպի ուղեղ։ Այս հաղորդումները կը նպաստեն մարմինի հաւասարակշռութեան պահպանման։

Այս երեք կեդրոններու ներդաշնակ գործելակերպը կը նպաստէ մեր ամէնօրեայ շարժուձեւերուն եւ մեր շրջապատին հետ ունեցած կապակցութեան։ Վերոյիշեալ կեդրոնները կը գործեն անկախ, սակայն միասնաբար անհատը կը պահեն ոտքի եւ արթուն։ Որեւէ խանգարում այս երեքէն մէկուն մէջ՝ կը պատճառէ անհաւասարակշռութիւն եւ թաւալումի խաբկանք։ «ԳԴՆ գլխապտոյտ»-ը ամէնէն յաճախակի գլխապտոյտն է։ Անիկա կը սկսի գլխու անակնկալ շարժումով եւ մանաւանդ անկողինին մէջ ուժգնօրէն մէկ կողմէն միւսը դառնալու ընթացքին։ Անիկա նոպայական, ժամանակաւոր եւ անցողակի գլխապտոյտ է։ Անիկա մտահոգիչ չէ, սակայն ահազանգի կը մատնէ ենթական։ Գլխապտոյտը կը տեւէ քանի մը երկվայրկեանէն մինչեւ քանի մը վայրկեան։

Ե՞րբ կը Պատահի

Խմբագրել

Գլխապտոյտը կը վերադառնայ ամէն անգամ, երբ գլուխը շարժի եւ կամ որոշ դիրքի մը վրայ պահուի։ «ԳԴՆ գլխապտոյտ»-ը կը պատահի ընդհանրապէս տարեցներու մօտ, սակայն անիկա կրնայ պատահիլ որեւէ տարիքի[2][3]:

«ԳԴՆ գլխապտոյտ»-ը բնախօսականօրէն (physiologically) կը զարգանայ հետեւեալ ձեւով.

Ներքին ականջի կեդրոնի պարկիկին եւ արգանդիկին մէջ գտնուող շատ մանր ականջակրաքարերը գլխու արագ շարժումով մը կը ձգեն իրենց նստավայրը եւ կը տեղափոխուին կիսաբոլոր խողովակներուն մէջ, ուր ազատօրէն կը շարժին վեր-վար եւ կամ աջ-ձախ, կը կը գրգռեն կիսաբոլոր խողովակներու հաւասարակշռութեան սկզբնական մազմզուքները եւ կը յառաջացնեն անակնկալ, նոպայական, ուժգին, ժամանակաւոր եւ անցողակի գլխապտոյտ։

«ԳԴՆ գլխապտոյտ» ունեցող անձերէն մէկը կը նկարագրէ իր գլխապտոյտը հետեւեալ ձեւով. «Անկողնին մէջ պառկած էի, մարմինով եւ գլուխով կողմնակի դարձայ ու պատահեցաւ անսպասելի, անակնկալ եւ անբնական վիճակ մը: Զգացի, որ առանցքիս վրայ կը թաւալէի եւ զօրաւոր ուժ մը զիս կը քաշէր եւ կամ կը հրէր դէպի անդունդ: Այս զգացումը տեւեց մօտաւորապէս 30 երկվայրկեան, ապա նողկանք ունեցայ եւ փսխեցի»:

Իսկ ուրիշ մը կը նկարագրէ հետեւեալ ձեւով. «Ոտքի կեցած էի, անակնկալ գլուխս ծռեցի դէպի վար եւ փորձեցի գետնէն առարկայ մը վերցնել, անակնկալ գլուխս դարձաւ, հաւասարակշռութիւնս կորսնցուցի եւ անգիտակից ինկայ գետին»:

«ԳԴՆ գլխապտոյտ»-ին[4][5] կ'ուղեկցին՝ նողկանք, փսխունք, ուժասպառութիւն եւ քրտինք, բայց՝ ոչ լսողական տկարութիւն կամ ականջաբզզիւն։

Անոր պատճառով ենթական կրնայ գետին իյնալ եւ ունենալ մարմնական զանազան տեսակի վնասուածքներ, մասնաւորապէս՝ ոսկրային կոտրուածք։

Յաճախ «ԳԴՆ գլխապտոյտ»-ը կը կրկնուի քանի մը անգամներ մէկ օրուան ընթացքին եւ կրնայ տեւել օրեր եւ շաբաթներ։

«ԳԴՆ գլխապտոյտ»-ի ախտաճանաչումը կը կատարուի լսելով հիւանդը եւ իմանալով գլխապտոյտին նկարագրութիւնը։

«ԳԴՆ գլխապտոյտ»-ին դարմանումը տեղի կ'ունենայ հետեւեալ միջոցառումներով.

  1. Գլխու յատուկ մարզանքներ, որոնք կը կիրարկուին մասնագէտ բժիշկներու կողմէ։ Այս մարզանքներէն յատկանշական է Epley գլխամարզանքը։ Ենթական պառկած կ'ըլլայ կռնակին վրայ եւ բժիշկը կը կիրարկէ գլխու յատուկ շարժումներ, որպէսզի ականջակրաքարերը վերադառնան եւ հանգչին պարկիկին եւ արգանդիկին մէջ։
  2. Յատուկ ջղահանգստացուցիչ դեղեր,
  3. Գլուխը անշարժ պահել եւ նստած քնանալ,
  4. Արագ շարժող առարկաներու չնայիլ,
  5. Հեռատեսիլ չդիտել եւ գիրք չկարդալ։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Post RE, Dickerson LM (2010)։ «Dizziness: a diagnostic approach»։ American Family Physician 82 (4): 361–369։ PMID 20704166 
  2. Falvo Donna R. (2014)։ Medical and psychosocial aspects of chronic illness and disability (5 հրտրկթն․)։ Burlington, MA: Jones & Bartlett Learning։ էջ 273։ ISBN 9781449694425 
  3. Wardlaw Joanna M. (2008)։ Clinical neurology։ London: Manson։ էջ 107։ ISBN 9781840765182 
  4. Alvarenga GA, Barbosa MA, Porto CC (2011)։ «Benign paroxysmal positional vertigo without nystagmus: diagnosis and treatment»։ Brazilian journal of otorhinolaryngology 77 (6): 799–804։ PMID 22183288։ doi:10.1590/S1808-86942011000600018 
  5. Prim-Espada MP, De Diego-Sastre JI, Pérez-Fernández E (June 2010)։ «[Meta-analysis on the efficacy of Epley's manoeuvre in benign paroxysmal positional vertigo]»։ Neurologia 25 (5): 295–299։ PMID 20643039։ doi:10.1016/j.nrl.2010.01.004 

Աղբիւրներ

Խմբագրել